Աշուղական Արուեստը 14-18-րդ Դարերուն

Հայ երաժշտական արուեստը 14-18-րդ դարերուն, վառ ձեւով արտայայտուած է գուսան-աշուղական ստեղծագործութիւններու մէջ: Աշուղական արուեստը ձեւաւորուած է 16-17-րդ դարերուն:

Նախապէս հայ աշուղները կը կոչուէին գուսաններ. անոնց մասին ամենահին տեղեկութիւնը 5-րդ դարէն է, եւ անոնց արուեստը գերազանցապէս հայկական էր: Երբ պետականութիւնը կորսնցուցած Հայաստանը ինկաւ պարսկական, արաբական եւ օսմանեան լուծին տակ, հայ գուսաններու արուեստը կրեց այդ երկիրներու աշուղներու արուեստի ազդեցութիւնը, եւ գուսաններն ալ անուանուեցան աշուղներ («աշըղ» արաբերէն կը նշանակէ սիրահար):

Գուսաններուն պէս, աշուղներն ալ երգի կատարումը կը նուագակցէին որեւէ ժողովրդային նուագարանով՝ սազով, քամանչայով, քամանիով, սանթուրով, թառով, նոյնիսկ ջութակով, որ քամանչայի պէս կը զետեղէին ձախ ծունկին վրայ: Աշուղներու երգերը բազմաբովանդակ էին՝ սիրային, բարոյախօսական, հերոսային, երգիծական, կատակային եւ այլն:

Աշուղները իրենց դասակարգային ծագումով եւ աշխատանքի վայրով կը բաժնուէին հետեւեալ կարգերու՝ պալատական, քաղաքային, գիւղական, պատմող, շրջիկ: Շրջիկ աշուղները թափառական կեանք կը վարէին եւ ընդհանրապէս կը կատարէին յայտնի աշուղներու երգերը, իսկ այն աշուղները, որոնք կը տիրապետէին որեւէ արհեստի, մեծ մասամբ կ'ապրէին քաղաքներու մէջ եւ նստակեաց կեանք կը վարէին: Օրինակ՝ աշուղական արուեստի առաջին մեծ ներկայացուցիչը՝ Նաղաշ Յովնաթանը (1661-1722), նկարիչ էր, իսկ Սայեաթ-Նովան (1717-1795), որ կը համարուի աշուղական արուեստի գագաթը եւ իր ժամանակի մեծագոյն երգիչը, ջուլհակ էր:

17-րդ դարուն տարբեր երկիրներու մէջ կը սկսին հիմնուիլ աշուղական դպրոցներ, որոնցմէ առաջինը Նոր-Ջուղայի հայ-պարսկական դպրոցն էր (17-րդ դարու առաջին քառորդին): Երկրորդը հայ-թրքական դպրոցն էր Կ. Պոլսոյ մէջ (1730-1870): Մեծագոյն համբաւ վայելած է Թիֆլիսի դպրոցը Սայեաթ-Նովայի գլխաւորութեամբ, որ կազմակերպուելով 18-րդ դարու 50-ական թուականներուն, գոյատեւած է մինչեւ 19-րդ դարու վերջ:

Աշուղները իրենց երգերը կը գրէին տարբեր բարբառներով եւ լեզուներով: Առաջին անգամ մատչելի գրական հայերէնով երգեր սկսած է գրել Նաղաշ Յովնաթանը: