Jump to content

Սիմէոն Երեւանցի

Սիմէոն Երեւանցի
Ծնած է 1710[1][2]
Ծննդավայր Երեւան
Մահացած է 1780[1][2]
Մահուան վայր Վաղարշապատ
Մասնագիտութիւն քահանայ, պատմաբան
Վարած պաշտօններ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս

Սիմէոն Ա. Երեւանցի, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, ԺԸ.դարու հայ ականաւոր աստուածաբան, մատենագիր, մշակութային եւ քաղաքական գործիչ։

Ուսումնառութիւնն ու հոգեւոր ողջ գործունէութիւնը կը կապուին Ս. Էջմիածինի եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետ։

Սիմէոն Ա. Երեւանցի աւանդութեան մը համաձայն Պռոշեան իշխաններու սերունդէն էր: Կրթութիւնը Մայր աթոռի հոգեւոր դպրոցին մէջ ստացած էր իբրեւ ուսուցիչ ունենալով աստուածաբան Յովսէփ վարդապետը եւ ապագայ կաթողիկոս Յակոբ Շամախեցին: Տակաւին դպիր, Յարութիւն Ջուղայեցի եպիսկոպոսին մօտ Պայազիտի նուիրակութեան օգնական, իսկ սարկաւագ եղած ատեն՝ Հնդկաստանի նուիրակութեան օգնական եղած է:

1747-ին Էջմիածին վերադառնալով ձեռնադրուած է վարդապետ:

Այնուհետեւ անցած է Պոլիս, Երուսաղէմ ուխտի գացած է եւ 1752-ին վերադարձած՝ Էջմիածին: Աղեքսանդր Բ. Բիւզանդացի կաթողիկոսին ձեռքով 1754-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած է:

Իբրեւ Էջմիածինի նուիրակ, 1755-ի վերջաւորութեան մեկնած է Պոլիս եւ 1763-ին վերադարձած Էջմիածին:

Սիմէոն Երեւանցի անձը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սիմէոն Ա. Երեւանցի ճանչցուած է իբրեւ հեզ, բարեհամբոյր եւ աղօթասէր հոգեւորական մը: Անոր ընտրութիւնը համահունչ էր երկրին մէջ տիրող ներքաղաքական իրավիճակին:

Մեծ համբաւ ունեցող գործիչ մըն էր եւ սիրուած բոլորին կողմէ:

Անձնական լաւ յարաբերութիւններ մշակած էր թէ՛ օսմանեան եւ թէ՛ Երեւանի պարսկական իշխանութիւններուն եւ թէ վրաց Հերակլ Բ. թագաւորին հետ:

Սիմէոն Ա. Երեւանցիին ընտրութեամբ փոխուած է կաթողիկոսներու ընտրութեան հարցին մէջ Պոլսոյ որոշիչ դերը: Անցեալին, օսմանեան իշխանութիւնները աշխուժօրէն կը միջամտէին կաթողիկոսներու ընտրութեան, եւ այդ ընտրութիւնները առաջին հերթին Պոլսոյ մէջ կը կատարուէին: Այս անգամ, պայմանաւորուած նաեւ քաղաքական փոփոխութեամբ, ընտրութեան հարցին մէջ վճռորոշ դեր կ'ունենան պարսկական իշխանութիւնները եւ վրաց Հերակլ Բ. թագաւորը:

Կաթողիկոսական օծումէն անմիջապէս ետք Սիմէոն Երեւանցի պաշտօնական այցելութիւն տուած է Երեւանի Հիւսէյն Ալի խանին, իսկ հայ հոգեւորականները ուղերձ յղած են Հերակլ Բ. թագաւորին:

Սիմէոն Ա. Երեւանցի համոզուած էր, որ օտար լուծերու տակ տուայտող հայ ազգի փրկութեան միակ տապանը ազգային եկեղեցին է: Այդ համոզումով ան կ'որոշէ բարձր պահել ամենայն հայոց ընդհանրական հայրապետութեան հեղինակութիւնը, ունենալ մէկ գերագահ կաթողիկոս եւ զօրացնել Էջմիածինի տնտեսական եւ քաղաքական նշանակութիւնը: Ան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ նուազեցնելու Պոլսոյ պատրիարքութեան դերը, մասնակցութիւնը եւ ազդեցութիւնը հայ հոգեւոր կեանքին մէջ:

  • Հ. Աբրահամեան, Թղթի գործարան Հայաստանում,- «Գիտական նիւթերի ժողովածու», Երեւան, 1941, թիւ 1, էջ 61-72։
  • Երուանդ Շահազիզ, Մեծագործ Սիմէոն Երեւանցին,- «Հասկ», Բ. տարի, 1949-1950, էջ 209-234։
  • Վարազդատ Յարութիւնեան, Ս. Էջմիածինի շինարար գահակալները, Երեւան, 1996։
  • Լէօ, Հայոց պատմութիւն, հտ. 3, գիրք 2, Երեւան, 1973։
  • Մսեր Մսերեանց, Պատմութիւն կաթողիկոսաց Էջմիածնի ի Սիմէօնէ մինչեւ ցՅովհաննէս Ը, Ամք Տեառն 1763-1831, Մոսկուա, 1876, էջ 1-4։
  • Մաղաքիա Օրմանեան, Ազգապատում, մասն Բ, Կ. Պոլիս, 1914, 2070-2139։
  • Թադէոս Ավդալբեգեան, Սիմէոն կաթողիկոսի «Յիշատակարան»-ի ծածկագիրը, - Ավդալբեգեան Թ., Հայագիտական հետազօտութիւններ, Երեւան, 1969, էջ 361-338։
  • Հրաչեայ Աճառեան, Հայոց անձնանունների բառարան, հտ. Դ., Երեւան, 1948, էջ 518-519։
  • Բաբայեան Լ. Հ., Դրուագներ Հայաստանի ԺԴ.-ԺԸ. դարերի պատմագրութեան, Երեւան, 1984, էջ 201-209։
  • Sebouh Aslanian, Dispersion History and the Policentric Nation։ The Role of Simeon Yerevantsi's Girk or koci Partavcar in the 18th Century Nation Revival, Venise-S. Lazarus, 2004 (Bibliotheque d'Arménologie "Bazmavep" N 39):

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]