Հրանդ Տինքի Սպանութիւն
Հրանդ Տինքի սպանութիւն (թրք.՝ Hrant Dink suikastı), թրքահայ յայտնի լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութիւնը, որ տեղի ունեցած է 19 Յունուար 2007-ին Սթամպուլի մէջ՝ «Ակօս» թերթի խմբագրութեան շէնքի դիմաց: Հրանդ Տինքը եղած է «Ակօս» երկլեզու (հայերէն եւ թրքերէն) շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիրը, որ Թուրքիոյ մէջ բացայայտ խօսած է Հայոց ցեղասպանութեան եղելութեան փաստի վերաբերեալ: Հրանդ Տինքը մշտապէս հանդէս եկած է հայ եւ թուրք ժողովուրդներու երկխօսութեան կոչերով՝ նշելով, որ երկու ժողովուրդներու երկխօսութիւնը կը հանգեցնի երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Հրանդ Տինքը քննադատած է թրքական կառավարութեան գործողութիւնները էթնիկ փոքրամասնութիւններու ճնշման եւ մարդու իրաւունքներու ոտնայարման համար: Սպանութենէն առաջ ան դատապարտուած է Թուրքիոյ ՔՕ 301 յօդուածով՝ «թուրք ազգին վիրաւորելու համար»: Անոր սպանութենէն ետք Թուրքիոյ ողջ տարածքին տեղի ունեցած են բազմահազարանոց ցոյցեր: Սպանութիւնը խորապէս քննադատած են նաեւ միջազգային հանրութիւնը եւ օտարերկրեայ պետութիւններու ղեկավարները:
Մահուան սպառնալիքներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հրանդ Տինքը մշտապէս սպառնալիքներ ստացած է թուրք ազգայնականներէ՝ իր հայկական ծագման եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բացայայտ խօսելուն համար[1]: Ան միշտ ստացած է սպառնալիք պարունակող ելեկտրոնային նամակներ: Իր վերջին յօդուածին մէջ Տինքը իրեն համեմատած է աղաւնիի հետ՝ նշելով, որ ինչպէս աղաւնին՝ ինքը նոյնպէս իր հայեացքը կ՚ուղղէ աջ, ձախ, յետ ու առաջ: Իր գլուխը աղաւնիի գլուխի նման անընդհատ շարժման մէջ է, իսկ շարժումները՝ նոյնքան արագ[2]: Ան մշտապէս բողոքած է թրքական կառավարութեան անուշադրութենէն, երբ երկրի տարածքին տեղի կ՚ունենան այդպիսի ահաբեկչական գործողութիւններ: Իր յօդուածներէն մէկուն մէջ ան գրած է՝ արդեօք թուրք նախարարները գիտեն ինչ որ մէկուն աղաւնիի նման վախցնելու գինը:
«Ակօս» շաբաթերթին մէջ գրուած իր վերջին յօդուածին մէջ, որ տպագրուած է 10 Յունուար 2007-ին, Տինքը գրած է, որ թրքական քարոզչութիւնը կը փորձէ իրեն թշնամի դարձնել թուրք հասարակութեան աչքին.
«Ցաւալի էր, որ նպատակին հըսած էին անոնք, որոնք ինձ մէկուսացնելու, տկար եւ անպաշտպան դարձնելու համար ջանք չէին խնայեր: Աւելին, հասարակութեան կեղծիքներով ապակողմնորոշելու եւ սխալ տեղեկութիւններ հաղորդելու միջոցով, անոնց յաջողուած էր ձեւաւորել մարդոց զգալի մէկ շրջանակ, որ Հրանդ Տինքին կը դիտէր իբրեւ «թուրքերուն նսեմացնող» անձ»[3]
Ան նշած է նաեւ, որ թրքական կառավարութիւնը անտարբեր է իր անվտանգութիւնը ապահովելու հարցով.
«Իմ համակարգիչի յիշողութիւնը լի է այս շրջանակէն տարբեր քաղաքացիներու ուղարկած հարիւրաւոր նամակներով, որոնք զայրոյթ եւ սպառնալիք կը պարունակեն: (Պետք է ըսել, որ համացանցային այդ նամակներէն մէկը ուղարկուած է Պուրսայէն, որու բովանդակութեան վտանգաւորութեան մտահոգութեամբ այն յանձնած եմ Շիշլիի դատախազութիւն, սակայն առ այսօր որեւէ պատասխան չեմ ստացած, որու մասին հարկ կը համարեն տեղեկացնել):»[3]
Չնայած բողոքներուն, Տինքը երբեք չէ դիմած թրքական իշխանութիւններուն իր անվտանգութիւնը ապահովելու համար, քանի որ չէ ցանկացած ունենալ «ապաստարանային» կեանք: Անոր իրաւաբան Էրտալ Տողանը հաստատած է Տինքի մտաւախութիւնները[3][4]: Սպանութենէն մէկ շաբաթ առաջ Տինքը գրած է, որ կը զգայ «ջղային եւ վախցած», քանի որ ստացած էր ատելութեան սպառնալիք պարունակող ելեկտրոնային նամակ. «Ես ինծի կը զգամ, ինչպէս վախցած աղաւնի, բայց գիտեմ, որ այս երկրի մարդիկ երբեք չեն վնասէր աղաւնիին»[5][6]:
Սպանութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հրանդ Տինքը սպանուած է 19 Յունուար 2007-ին ժամը 15:00-ին Սթամպուլի մէջ՝ Ակօս շաբաթաթերթի խմբագրութեան մուտքի մօտ[4]։ Մարդասպանը յայտարարած էր, որ ինքը Անգարայի համալսարանի ուսանող էր, որ ցանկացած է հանդիպիլ պրն. Տինքի հետ: Երբ անոր խնդրանքը մերժուած է, ան անոր սպըսած է հարեւան դրամատան մուտքի մօտ[7][8]: Համաձայն վկաներու՝ Տինքին սպանած է 25-30 տարեկան տղայ մը, որ ետեւէն երեք անգամ կրակած է Տինքի գլուխին: Ըստ ոստիկանութեան տուեալներու՝ մարդասպանը եղած է 18-19 տարեկան երիտասարդ: Ոստիկանութիւնը հետաքննութեան առաջին քանի մը ժամերու ընթացքին ձերբակալած է երկու քաղաքաց, որոնք յետագային ազատ արձակուած են[9]։ «Ակօսի» խմբագրութեան մօտ գտնուող ճաշարնի սեփականատէրը, որ գործով հանդէս եկած է իբրեւ վկայ, ըսած է, որ մարդասպանը եղած է մօտ 20 տարեկան, հագած է ճինզէ տաբատ, իսկ գլուխին եղած է գլխարկ: Մարդասպանը բղաւած է. «Ես սպանեցի անհաւատին (կէաւուրին)», երբ ձգած է սպանութեան վայրը[10]: Տինքի ընկեր Օրհան Ալքայան կը կարծէ, որ երեք կրակոցով սպանութիւնը Քրտական հեզպոլահի ձեռագիրն է[11]: Երբ իմացած են նորութեան մասին, Տինքի կինը՝ Ռաքէլ Տինքը, եւ դուստրը կորսնցուցած են գիտակցութիւնները: Անոնց տեղափոխած են Սթամպուլի իտալական բուժարան:
Մարդասպանի ձերբակալութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սպանութենէն մէկ օր ետք ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ մարդասպանը ճանչցուած է տեսաձայնագրութեամբ՝ «Istanbul MOBESE» ելեկտրոնային ծառայութեան ցանցի եւ անվտանգութեան տեսախցիկներու միջոցով: «Istanbul MOBESE» ծառայութեան միջոցով առցանց կարելի է հետեւիլ Սթամպուլի մէջ տեղադրուած շուրջ 4000-էն աւելի տեսախցիկներու տեսաձայնագրութիւններուն: Աւելի ուշ, ոստիկանութիւնը հրապարակած է լուսանկարներ՝ կոչ ընելով քաղաքացիներուն համագործակցիլ յետաքննչական մարմիններուն հետ: Նոյն երեկոյեան Սթամպուլի քաղաքապետ Մուամէր Կիւլերը յայտնած է մամուլին, որ յատուկ քննչական կոմիտէի շուրջ 24 խումբեր կը յետախուզեն յարակից թաղամասերը: Կոմիտէն նաեւ կ՚ուսումնասիրէ սպանութեան վայրի յարակից տարածքներու շուրջ 10 000 հեռախօսային զանգեր[12]:
Շաբաթ օրը Սթամպուլի ժամանակով ժամը 18:22-ին լրատուական գործակալութիւնները հաղորդած են, որ մարդասպանի ինքնութիւնը պարզուած է: Անոր անունն է Օկիւն Սամաստ՝ երիտասարդ տղայ, որ ծնած է 1990-ին եւ գրանցուած է Տրապիզոն՝ այն նոյն քաղաքին մէջ, ուր Տինքի սպանութենէն մէկ տարի առաջ 16 տարեկան երեխայի կողմէ սպանուած է կաթողիկէ վանական Անտրիա Սանտորոն` Տրապիզոնի Սանթայ Մարիա եկեղեցւոյ դիմաց: Վերջին տարիներուն Տրապիզոնը դարձած էր ազգայնական ծայրայեղական շարժման ներկայացուցիչներու կեդրոնատեղի[13]: Սամաստի հայրը ճանչցած է որդուն՝ ոստիկանութեան հրապարակած լուսանկարներէն եւ տեղեկացուցած տեղական իշխանութիւններուն: Վեց մարդ, ներառեալ Սամաստի ընկեր Եասին Հայալը, որ ներառուած եղած է 2004 -ին Տրապիզոնի մէջ «McDonald's» ճաշարանի պայթեցման գործով, ձերբակալուած եւ տեղափոխուած է Սթամպուլ[14]: Նոյն օրը՝ երեկոյեան ժամը 19:55-ին, յայտարարուած է, որ Օկիւն Սամաստը ձերբակալուած է Սամսունի մէջ։ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը հաստատած է, որ ենթադրեալ մարդասպան Օկիւն Սամաստը ձերբակալուած է, առգրաւուած է նաեւ սպանութիւն իրականացուցած զէնքը[15]:
Յուղարկաւորութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տինքի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած է 23 Յունուար 2007-ին Սթամպուլի Գում Գաբու թաղամասի Սուրբ Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Թաղման արարողութեան թափօրին հետեւած են հարիւր հազարաւոր մարդիկ, որոնք բողոքի ցոյցով անցած են Սթամպուլի փողոցներով՝ վանկարկելով «Մենք բոլորս Հրանդ ենք, մենք բոլորս հայ ենք» (թրք.՝ Hepimiz Hrant'ız, hepimiz Ermeniyiz)[16]:
Թաղման արարողութեան մասնակցած են Թուրքիոյ կառավարութեան անդամներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ կրօնական առաջնորդներ: Չնայած որ Թուրքիան չունի դիւանագիտական յարաբերութիւններ Հայաստանի հետ՝ երկրի արտաքին գործերու նախարար Ապտուլա Կիւլի հրաւէրով թաղման արարողութեան մասնակցած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախկին նախարար Արման Կիրակոսեան[17]: Վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը չէ մասնակցած թաղման արարողութեան, քանի որ ներկայ եղած է Պոլու լեռան թունելի բացման[18]:
Հրաժեշտի կրօնական արարողակարգէն ետք Տինքի մարմինը տեղափոխող մեքենան պտոյտ կատարած է Յենիքափըում հաւաքուած հազարաւոր ցուցարարներու մօտով եւ շարժած է Զէյթինպուրնու շրջանի Պալըքլը թաղամասի հայկական գերեզմանատուն, ուր Տինքի մարմինը հողին յանձնուած է: Գերեզմանատանը Կետիքփաշայի հայկական աւետարանչական եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւոր դոկտոր Գրիգոր Աղաբալօղլուն եւ Հայկական աւետարանչական եկեղեցւոյ համաշխարհային խորհուրդի ներկայացուցիչ դոկտոր Ռընէ Լեւոնեանը թրքերէն եւ հայերէն մահախօսութիւններ կարդացած են:
Թաղման արարողութիւնը որոշակիօրէն փոխած է սփիւռքահայերու վերաբերմունքը Թուրքիոյ նկատմամբ: Օրինակ, Իզապէլ Կորտեանը, որ ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներէն մէկն է, մասնակցած է Տինքի թաղման արարողութեան: 25 Յունուար 2007-ին ան յօդուած գրած է թրքական «Zaman» (հայ․՝ Ժամանակ) օրաթերթի համար՝ նշելով, որ թուրքերու այդպիսի ներգրաւուածութիւնը թաղման արարողութեան եւ բողոքի ցոյցերուն երկրաշարժի պէս ցնցած է իրենց[19]:
Հետաքննութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սթամպուլի յատուկ քննչական ծառայութիւնը յայտարարած է, որ դատարկ պարկուճներէ կարելի է յստակ ըսել, որ սպանութիւնը կատարուած է 7,65 մմ տրամագիծ ունեցող ատրճանակէ եւ երբեւիցէ չէ օգտագործուած՝ այլ յանցանքներու կատարման ժամանակ[20]:
Սամսունի դատախազ Ահմէտ Չօքչընարը «Anadolu» լրատուական գործակալութեան պատմած է, որ Սամաստը ծրագրած էր սպանել Հրանդ Տինքին[7]: Համաձայն նախնական տուեալներու՝ Սամաստը ըսած է, որ սպանութիւնը կատարած է անձնական դրդապատճառով եւ որեւէ կազմակերպութիւն կապ չունի սպանութեան իրականացման հետ[21]: Սամաստի հօրեղբայր Ֆայիք Սամաստը NTV հեռուստաընկերութեան ըսած է, որ չի կարծեր՝ իր զարմիկը ունակ էր մինակ կատարել սպանութիւնը: Հօրեղբօր խօսքերով, Սամաստը անգամ չէ իմացած Սթամպուլը: Անոր կարծիքով «երեխային» օգտագործած են[22]: Սամաստը ըսած է, որ Տինքին սպանած է՝ «թուրքերուն ահաբեկելու եւ ապակողմնորոշելու համար» եւ չի ժխտեր իր հանցանքը[23]: Համաձայն ԶԼՄ-ներու հաղորդագրութիւններու՝ Սամաստը դուրս մնացած է աւագ դպրոցէ եւ, հաւանաբար, թմրանիւթէ կախուածութիւն ունեցած է[22]: Աւելի ուշ, ԶԼՄ-ները հաղորդած են, որ Սամաստը չէ հասկցած իր յանցանքի լրջութիւնը, քանի դեռ հեռուստացոյցով չէ տեսած բողոքի ցոյցերը եւ զղջացած իր կատարած յանցանքին համար[24]:
Սպանութեան իրականացման մեղադրանքով ձերբակալուած են երեք անձեր[6]: Սպանութեան ետեւը ծայրայեղական ուժերու կանգնած ըլլալու փաստի մասին կը խօսին ձերբակալուածներու կենսագրութիւնները: Անոնցմէ մէկը եղած է Սամաստի ընկեր Եասին Հայալը, որ նախապէս դատապարտուած էր 11 ամիս ազատազրկման՝ Տրապիզոնի մէջ «McDonald's» ճաշարնի պայթիւններուն մասնակից ըլլալու համար: Միւսը եղած է Քարատէնիզի տեխնիկական համալսարանի ուսանող Էրհան Թունջէլը, որ եղած է «Ալփերէն» կազմակերպութեան անդամ: Վերջինս սերտ կապեր ունեցած է իսլամիստական ծայրայեղական Մեծ միասնութեան կուսակցութեան հետ, որ ալ ստեղծուած էր Ազգայնական շարժման կուսակցութեան նախկին անդամներու կողմէ[13]: Եասին Հայալը խոստովանած է, որ ըսած է Սամաստին սպանել Տինքին եւ տրամադրած է ատրճանակ: Մինչդեռ Էրհան Թունջէլը կը հանդիսանայ սպանութեան հիմնական կազմակերպիչը, որ ուղղորդած է Հայալին եւ Սամաստին[25]: ՄՄԿ-ն հերքած է իր մասնակցութիւնը սպանութեան[24]: Հրանդ Տինքը աջ ծայրայեղական ուժերու կողմէ բնորոշուած է իբրեւ «դաւաճան» եւ միայն անոնց կողմէ ստացած աւելի քան 2600 սպառնալիք[14]: Համաձայն թրքական լրատուամիոցներու՝ Էրհան Թունջէլը աշխատած է նաեւ Տրապիզոնի ոստիկանութեան յետախուզութեան բաժնին մէջ։ Ըստ որոշ աղբիւրներու՝ ան նախօրօք տեղեկացուցած է Տրապիզոնի ոստիկանութեան սպասուող սպանութեան մասին, սակայն անոր խօսքերուն ոստիկանութիւնը լուրջ չեն վերաբերած[26]:
Հետաքննութեան ժամանակ դիտարկուած է նաեւ այն փաստը, որ Էրգենեկոն կազմակերպութիւնը, հնարաւոր է, որ կապ ունի սպանութեան կազմակերպման գործընթացին[27]: Էրգենեկոնի գործով 441-րդ թղթապանակին մէջ կան փաստեր, ուր կ՚երեւի, որ Տինքի ողջ ընտանիքը եղած է Էրգենեկոնի թիրախը: Այսպէս գնդապետ Ֆերհատ Օզսոյը ստիպած է աւագ սէրժանտ Մուրատ Շահանին կատարել սպանութիւնը՝ իբրեւ պարգեւ խոստանալով 300 000 թրքական լիրա: Շահանը, որ ունեցած է հոգեկան խանգարումներ՝ 70 000 թրքական լիրա պարտք ունենալու համար, ընդդիմացած է եւ զինուորական հիւանդանոցէն բողոք ուղարկած նախարարութիւն, ուր ստիպուած էր բուժման դասընթացք անցնիլ[28]:
Մտահոգութիւններ հնարաւոր կոծկումներու վերաբերեալ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]3 Հոկտեմբեր 2007-ին թրքական NTV հեռուստաընկերութիւնը հաղորդած է, որ ոստիկանութեան մօտ Էրհան Թունջէլի թղթապանակը վնասուած է՝ իյնալով գետնին: Թղթապանակը եղած է «պետական գաղտնիք» գրիֆի տակ[29]:
Տինքի ընտանիքի իրաւաբան Էրտալ Տողանը կը կարծէ, որ թղթապանակի վնասուիլը կը վկայէ այն մասին, որ եթէ այդ մնար, կրնար բացայայտուիլ կասկածեալներու եւ ուժային կառոյցներու ներկայացուցիչներու միջեւ եղած կապերը: Այնտեղ եղած է նաեւ Տինքի սպանութեան վայրի մօտ տեղադրուած անվտանգութեան տեսախցիկի տեսաժապաւէնը[30]: Տողանը նշած է, որ ոստիկանութեան հետաքննչական ծառայութեան ղեկավար (թրք.՝ Emniyet Genel Müdürlüğü İstihbarat Daire Başkanı) Ռամազան Աքիւրէքը հրահանգած է քննութենէն հանել կասկածեալի 48 էջանոց վկայութիւնը[31]։
Երբ Տինքի ընտանիքի իրաւաբանները ուսումնասիրած են սպանութեան վայրի մօտ տեղադրուած անվտանգութեան տեսախցիկի տեսաժապաւէնը, անոնք նկատած են չորս կասկածեալներու, որոնք բջջային հեռախօսով խօսելու ժամանակ եղած են: Իրաւաբանները կը դիմեն ուղարկել Շիշլիի Turkcell-ի ղեկավարութեան՝ տրամադրելու իրենց սպանութենէն մէկ ժամ առաջ տեղի ունեցած բոլոր հեռախօսազանգերու տուեալները: Թրքական հեռախօսային երկու խոշոր գործառկուները յայտարարած են, որ այդ շրջանին իրենք չունին GSM ցանցի կայան, այդ իսկ պատճառով անոնք որեւէ տեղեկատուութիւն չեն կրնար տրամադրել: Թուրքիոյ միւս խոշոր գործառկուն ալ յայտարարած է, որ այդ ժամանակահատուածին մէջ տարածքէն ցանցային զանգ չէ կատարուած։ Իրաւաբանները յայտարարած են, որ այդ անհնարին է[32][33], քանի որ տեսած են, թէ ինչպէս կասկածեալները կը խօսին բջջային հեռախօսով: Բացի այդ Շիշլին Սթամպուլի ամենաբանուկ եւ ամենահարուստ թաղամասերէն մէկն է, եւ բջջային ցանցի բացակայութիւնը անհնար է: Բացի այդ, տեսաժապաւէնէն կ՚երեւի, որ այդ ժամանակ Շիշլիի մէջ արդէն իսկ եղած է GSM ցանց:
2013 -ին գաղտնի վկաներէն մէկը յայտնած է, որ Ժանտարմերու (թրքական ոստիկանութիւնը) եւ ժանտարմերներու հետաքննչական ծառայութիւնը ներգրաւուած եղած են Տինքի սպանութեան կազմակերպման եւ իրականացման[34][35][36]:
12 Յունուար 2015-ին Սթամպուլի դատարանը թոյլտուութիւն տուած է ձերբակալելու երկու ոստիկաններու, որոնք դարձած են առաջին պետական ծառայողները, որոնք ձերբակալուած են Տինքի գործով[37]:
Արձագանքներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սպանութեան լուրի տարածման զուգընթաց՝ Թուրքիոյ խոշոր քաղաքական կուսակցութիւնները, պետական պաշտօնեաները եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները դատապարտած են սպանութիւնը: Սպանութիւնը դատապարտած են նաեւ օտարերկրեայ պետութիւններու շարք մը ղեկավարներ:
Թուրքիա
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դատապարտութիւններ եւ քննադատութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քանի մը պաստառներ թաղման արարողութենէն ետք տեղադրուած են այգիներու մէջ
- Հարիւր հազարաւոր մարդիկ բողոքի ցոյցով անցած են Սթամպուլի փողոցներով: Երթը սկսած է «Ակօս» թերթի խմբագրութեան մօտէն եւ աւարտած Թաքսիմ հրապարակը: Ցոյցի նպատակը եղած է դատապարտել Հրանդ Տինքի սպանութունը: Համաձայն BBC-ի տուեալներու՝ ցուցարները բղաւած են «Մենք բոլորս հայ ենք, մենք բոլորս Հրանդ ենք»[38]: Նմանատիպ ցոյցեր եղած են նաեւ Անգարայի, Անթալիայի, Պուրսայի, Իզմիրի, Թունջէլիի մէջ եւ Տրապիզոնի: Անոնք նաեւ դատապարտած են պետութեան՝ բղաւելով «Մարդասպան պետութիւնը պատասխան կու տայ»[39]:
- թրքական առաջատար լրատուամիջոցներու վերնագրերը նոյնպէս դատապարտած են Տինքի սպանութիւնը. «Մարդասպանը դաւաճան է» (Hürriyet), «Նոյն արիւնոտ սցենարը» (օրաթերթը ի նկատի ունի լրագրողներու սպանութեան նախկին դէպքերը) (Akşam), «Թուրքիան էր, որ սպանուեցաւ» (Milliyet), «Ոչինչ չի կարող վնասել Թուրքիոյն, որքան այս դէպքը» (Vatan) եւ «անոնք սպանեցին մեր եղբօրը» (BirGün): Որոշ ԶԼՄ-ներ մեղադրեցին թրքական մետիային Տինքի դատավարութիւնը կողմանակալ կերպով լուսաբանելու համար: Օրինակ, Radikal թերթի, որ ներկայիս փակուած է, յօդուածներէն մէկուն վերնագիրը եղած է «Մենք հպարտ ենք քո գործով»՝ նկատի ունենալով Օկիւն Սամաստի կողմէ կատարուած ոճրագործութիւնը:
- թրքական ԶԼՄ-ները իրենց յօդուածներունկամ անոնց վերնագրերուն մէջ կիրառած են նաեւ հայերէն բառեր եւ բառակապակցութիւններ: Այսպէս, Hürriyet-ի մէջ Հատի Ուլվենգինը իր յօդուածը վերնագրած է Ahparik, Ahparik! (հայ․՝ Եղբայր, եղբայր), իսկ Milliyet-ի սիւնակագիր Ջան Տիւնտարը իր յօդուածը վերնագրած է Tsidesutyun Paregamis! (հայ․՝ Ցտեսութիւն բարեկամիս):
- Թուրքիոյ նախագահ Ահմեդ Նետճեթ Սեզերը ըսած է. «Ես խորապէս ցնցուած եմ «Ակօս» թերթի խմբագրութեան առջեւ Հրանդ Տինքի սպանութեան փաստով: Ես խորապէս կը դատապարտեմ այս ահաւոր եւ ամօթալի արարքը»[40]:
- Վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը յայտարարած է՚ «Կեղտոտ ձեռքերը, որոնք սպանած են անոր, կը գտնուին եւ կը պատժուին»[40][41]:
- Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Մեսրոպ Բ Մութաֆեանը Թուրքիոյ հայ համայնքում յայտարարած է 15 օր սուգ[10]:
- Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի խօսնակ Պիւլէնթ Արընչը յայտարարած է, որ Տինքի սպանութիւնը մեծ աղէտ է Թուրքիոյ համար[40]:
- Թուրքիոյ գլխաւոր շտապի նախկին պետ Եաշար Պվիւքանըթը նոյնպէս դատապարտած է սպանութիւնը[42]:
- Կոստանդնուպոլսի յունաց պատրիարք Բարդուղիմէոս Ա.-ը յայտարարած է. «Մենք խորապէս ցնցուած ենք Հրանդ Տինքի սպանութեան փաստով, որ երկրի առաջատար լրագրողներէն մէկն էր»[43]:
- Մօտ 100.000 մարդ մասնակցած է թաղման յաջորդած բողոքի երթին: Անոնք հայերէն, թրքերէն եւ քրտերէն ցուցանակներով դատապարտած են Տինքի սպանութիւնը՝ վանկարկելով դարձեալ «Մենք բոլորս հայ ենք» եզրոյթը: Աւելի ուշ, այս պաստառները եւ վանկարկումները դատապարտած են աջ ծայրայեղական Ազգայնական շարժման կուսակցութեան առաջնորդները: Ընդդիմադիր Ազգային հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչներէն մէկը ըսած է. «Այս արարքէն ետք, ես կ՚ամաչնամ, որ թուրք եմ: Այո՛, ես թուրք եմ, եւ ես կը քննադատեմ սպանութիւնը: Բայց միգուցէ մենք պէտք է ուրիշ գրուածքներով պաստառներ վերցնէինք: «Մենք բոլորս հայ ենք» պաստառի փոխարէն, մենք պէտք է վերցնէինք «Մենք բոլորս մարդ ենք» պաստառները: Սխալ է դատապարտել 301 յօդուածը: Քանի դեռ մենք կը պաշտպանենք թրքական արժէքները, մենք չենք կրնար դիտարկել 301 յօդուածը իբրեւ մարդասպանի»[44]:
- Գրականութեան Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր, թուրք գրող Օրհան Փամուկը 21 Յունուարին Սթամպուլի մէջ այցելած է Տինքի ընտանիքին: Ան ըսած է, որ բոլորը ատասխանատու են Տինքի սպանութեան համար: Ան նշած է, որ քիչ չեն այն մարդիկ, որոնք կը դատապարտեն 301 յօդուածը: «Անոնք, որոնք կը պաշտպանեն այդ յօդուածը, անոնք, որոնք կը դիտարկեն մեզ իբրեւ Թուրքիոյ թշնամի, անոնք, որոնք կը դիտարկեն Տինքին իբրեւ դաւաճանի, ամենամեծ մեղաւորներն են: Եւ վերջը, մենք բոլորս պատասխանատու ենք»[45]:
- Sabah-ի սիւնակագիր Մուրատ Պարտաքչըն[46] եւ «Journal of Turkish Weekly»-ի սիւնակագիր Սետաթ Լաչիները Հրանդ Տինքի սպանութիւնը համեմատած են Պերլինի մէջ Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ Թալէաթ փաշայի սպանութեան հետ[47]:
Յետագայ գործողութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Տրապիզոնի քաղաքապետ Հուսէյին Եաւուզդէմիրը եւ Տրապիզոնի ոստիկանութեան պետ Ռեշատ Ալթայը հեռացուած են աշխատանքէ: Բացի այդ, յատուկ խումբ Անգարայէն ուղարկուած է Տրապիզոն՝ տեղը ուսումնասիրելու քաղաքին մէջ առկայ իրավիճակը[48]:
- Գելիպոլուէն Լափսէքի մեկնող նաւը առեւանգուած էր Նիհատ Աջարի կողմէ: Վերջինս դէմ հանդէս կու գար «Մենք բոլորս հայ ենք» պաստառներու կիրառման: Առեւանգիչը նաւը ետ վերադարձուցած է Գելիբոլիի, ուր ուղեւորներուն թոյլատրուած է իջնել ափ: Առեւանգիչը, որ աշխատած է քաղաքի խանութներէն մէկուն, ձերբակալուած է[49]:
- Տինքի սպանութենէն 7 օր ետք, Սթամպուլի պարային խումբերէն մէկը ցոյց կազմակերպած է Ակօս թերթի խմբագրութեան դիմաց: Անոնք խնդրած են անցորդներուն պարկիլ նոյն վայրին մէջ եւ նոյն դիրքով, ինչպէս եօթ օր առաջ սպանուած էր Տինքը[50]: Մօտ 50 մարդ մասնակցած է գործողութեան, չնայած տեղացող յորդառատ անձրեւին: Կազմակերպիչները ըսած են, որ իրենք խնդրած են անցորդներուն 10 վայրկեան պարկիլ գետնին եւ «ձեւանալ» մահացած՝ անով արտայայտելով Տինքի յաւերժութիւնը:
- «Ակօս» թերթը, որ նախապէս տպագրուած է 6000 օրինակով, թերթի տպաքանակը հասցուած է 30000-ի՝ ընթերցողներու մեծ հոսքի պատճառով: Թուրք շարք մը մտաւորականներ եւ լրագրողներ Յունուար 2007-ի եւ Փետրուար ամիսներուն փողոցներուն մէջ վաճառած են «Ակօս» թերթը[51]:
- Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Ապտուլա Կիւլը Տաւոսի մէջ յայտարարած է, որ 301 յօդուածը մակաբոյծի պէս կը խանգարէ Թուրքիոյ՝ ժողովրդավարացման ճանապարհին[52]:
- 1 Փետրուար 2007-ին թրքական մասնաւոր TRGT հեռուստաընկերութիւնը, որ գնուած էր Ռուպերտ Մերտոքի կողմէ, ցուցադրած է Տինքին սպանած Սամաստի տեսաձայնագրութիւնը, ուր Սամաստը Թուրքիոյ դրօշը ձեռքին հպարտ կանգնած է՝ երկու կողմում թուրք ոստիկաններ: Տեսաձայնագրութիւնը նկարահանուած է Սամսունի ոստիկանութիւնում, ուր Սամաստը տեղափոխուած էր ձերբակալութենէն անմիջապէս ետք: Ձայնագրութիւնը մեծ ցնցում առաջացուցած է եւ շատերը նշած են, որ աս նոր զարգացող ծայրայեղ ազգայնականութեան արդիւնք է: Radikal-ի խմբագիր Իսմէտ Պերկանը գրած է, որ ձայնագրութեան հրապարակման միջոցով, ազգայնականները փորձած են երկրորդ անգամ սպանել Տինքին: Ան նշած է, որ մարդասպանը եւ անոր հանցակիցները մինակ չեն գործած: Անոնց հովանաւորները կ՚աշխատին պետական տարբեր պաշտօններու մէջ։ Դատաջարութեան ժամանակ ուսումնասիրուած է նաեւ տեսաձայնագրութիւնը[53]: Թրքական ժանդարմերու հերքած է Radikal-ի խմբագրի խօսքերը՝ որակելով անոնք իբրեւ զրպարտութիւն: Բացի այդ, տեսաձայնագրութեան ցուցադրումէն ետք TRGT-ի ղեկավար կազմը հրաժարական տուած է[54]:
- 4 Փետրուար 2007-ին, 100 թուրք ազգայնականներ բողոքի ցոյց անցուցած են Սթամպուլի մէջ[55]։ Անոնց բողոքը ուղղուած եղած է այն հարիւր հազարաւոր թուրքերուն, որոնք «Բոլորս հայ ենք» պաստառներով շրջած են Սթամպուլով: Ցուցարարները քալած են Թուրքիոյ դրօշով, Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի պատկերներով եւ բղաւել «Մենք բոլորս Մուսթաֆա Քեմալ ենք, մենք բոլորս թուրք են»: Ցուցարարներու շարքերունեղած են նաեւ երեխաներ, որոնք բղաւած են ազգայնական կարգախօսներ[55]:
Հայաստան եւ հայկական սփիւռք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վանաձորի մէջ կազմակերպուած բողոքի ցոյցը կը ղեկավարէ Գուգարքի թեմ առաջնորդ Սեպուհ Չուլճեանը
- ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերտ Քոչարեանը ըսած է. «Թուրքիոյ մէջ հայազգի յայտնի լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութիւնը առաջ քաշած է շարք մը հարցեր եւ պէտք է խստագոյնս դատապարտուի: Մենք յոյս ունինք, որ թրքական իշխանութիւնները կ՚ընեն հնարաւոր ամէն ինչ՝ օրէնքի սահմաններուն մէջ գտնելու եւ պատժելու յանցագործներուն»[56]:
- Արտաքին գործերու նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանը նշած է. «Մենք խորապէս ցնցուած ենք թրքահայ լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութեան փաստի վերաբերեալ: Ան մարդ մըն էր, որ իր կեանքը ապրած է՝ մտածելով, որ երկու ազգերու միջեւ կրնայ ըլլալ փոխըմբռնում, երկխօսութիւն եւ խաղաղութիւն: Մենք խորապէս կը քննադատենք կատարուած յանցագործութիւնը եւ կոչ կ՚ընենք թրքական իշխանութիւններուն ընել ամէն ինչ՝ գտնելու մեղաւորներուն»[56]:
- Տարբեր երկրներու հայկական եկեղեցիներու մէջ մատուցուած է պատարագ՝ ի յիշատակ Հրանդ Տինքի[57]:
- Սպանութեան լուրի տարածումէն ետք, Հայաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած ենբողոքի ցոյցեր, ներառեալ նաեւ Երեւանի: Վանաձորի մէջ տեղի ունեցած բողոքի երթի ժամանակ, ներկաները խոստացած են շարունակել Հրանդ Տինքի գործը[58]: Բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած են նաեւ Սփիւռքի հայկական գաղթօջախներուն մէջ:
- Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութիւնը տարածած է հաղորդագրութիւն, ուր նշուած է. «Սպանութիւնը եւս մէկ անգամ կը վկայէ Թուրքիոյ մէջ հանդուրժողականութեան բացակայութեան փաստի մասին, անգամ պետութեան շահերու պաշտպանութեան բնագիրին մէջ»[59]:
- Ամերեկայի հայկական համագումար. «Ամերիկայի հայկական համագումարը խորապէս մտահոգուած է այն փաստով, որ պաշտօնական Անգարան ուշադրութիւն չի դարձնգր միջազգային հանրութեան կոչերուն՝ չեղարկելու 301 յօդուածը, որ կը խոչընդոտէ խօսքի ազատութեան եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը բացայայտ քննադատողներուն կը սպառնայ ազատազրկման: Հրանդ Տինքը մշտապէս բացայայտ խօսած է ցեղասպանութեան փաստի մասին, իսկ 2006 -ին դատապարտուած է, իբր թէ, թուրք ազգին «վիրաւորելու» համար: Ան դատապարտուած է 6 ամիս ազատազրկման՝ 2007 -ին նորէն յայտնուելով դատարանին մէջ, քանի որ 1915-ի իրադարձութիւնները որակած էր իբրեւ ցեղասպանութիւն»:
Միջազգային քննադատութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պետութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Եւրոպական Միութիւն՝ ԵՄ Ընդլայնման յանձնաժողովի նախագահ Օլլի Ռէյն. «Ես ցնցուած եւ մտահոգուած եմ բռնութեան այս դէպքով: Հրանդ Տինքը եղած է յարգուած մտաւորական, որ պաշտպանած է իր հայեացքները եւ մշտապէս պատրաստակամ եղած հանրային բաց բանավէճերու: Ան եղած է Թուրքիոյ խօսքի ազատութեան առաջնամարտիկը»[40]:
- Բառոզուի յանձնաժողովի փոխնախագահ Կիւնտէր Վերհոյգէնը Պուրսա կատարած այցի ժամանակ յայտարարած է. «Ես խորապէս կը քննադատեմ այս գործողութիւնը: Ես շնորհակալ եմ թրքական կառավարութեան՝ այս հարցին անոնց դիրքորոշման համար, քանի որ հաւատացած եմ, որ Թուրքիոյ դէմ ուղղուած ցանկացած բացասական քայլ կը ձախողի: Ես յուսով եմ, որ Ձեր կառավարութիւնը կ՚ընէ ամէն ինչ՝ պարզելու Տինքի սպանութեան մանրամասները եւ պատժելու մեղաւորներուն»[60]:Մոմավառութիւն Նիւ Եորքի Եունիոն հրապարակին մէջ
- ԱՄՆ՝ Անգարայի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը իր ցաւակցութիւնըուղղած է Տինքի ընտանիքին, նշելով, որ ԱՄՆ կառավարութիւնը խորապէս ցնցուած է Սթամպուլի մէջ հայազգի յայտնի լրագրող Հրանդ Տինքի մահուան փաստի վերաբերեալ[61]:
- Ֆրանսա՝ Նախագահ Ժագ Շիրաքը ցաւակցական նամակ ուղարկած է Տինքի այրիին՝ Ռաքել Տինքին. «Ես չեմ կրնար բառերով արտայայտել, թէ ինչպէս կը դատապարտեմ այս սպանութիւնը, որ սպանեց Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան առաջնամարտիկին»[62]:
- Գերմանիա՝ Գերմանիոյ ղեկավարութիւնը, որ 2007-ին ըլլալով ԵՄ ղեկավար պետութիւն, յայտարարած է. «Գերմանիան խորապէս ցնցուած է տեղի ունեցած իրադարձութեամբ եւ կը ցանկայ իր ցաւակցութիւնները յղել զոհուածի ընտանիքին եւ ընկերներուն: Մենք կոչ կ՚ընենք թրքական իշխանութիւններուն որքան հնարաւոր է շուտ պարզել դէպքի մանրամասները: Մենք յուսով ենք, որ դէպքը չի խոչընդոտեր Թուրքիոյ՝ խօսքի ազատութեան ապահովման գործընթացը շարունակելու համար»:
- Իտալիա՝ Վարչապետ Ռոմանօ Փրոտին 22 Յունուարին դատապարտած է Սթամպուլի մէջ տեղի ունեցած սպանութիւնը, երբ հանդիպած է Թուրքիոյ իր գործընկեր Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ. «Այս լուրջ յանցագործութիւն է, որ յոյս ունիմ կը բացայայտուի»-, ըսած է Փրոտին թրքական «Sabah»-ին տուած հարցազրոյցին[63]։
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղուող կազմակերպութիւններ[խմբագրել | խմբագրել կոդը]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Amnesty International (ԱՄՆ): «Այս սարսափելի սպանութիւնը լռեցուց Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու ամենախիզախ պաշտպաններէն մէկուն: [...] գաղափարներու մասին օրինական բանավէճերը պէտք է պաշտպանուին: Թրքական կառավարութիւնը պէտք է ջանք չխնայէ՝ պաշտպանելու մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն եւ ստեղծէ քաղաքական մթնոլորտ՝ տեսակէտներու բազմազանութիւնը ապահովելու համար: Թրքական օրէնսդրութիւնը պէտք է բխի մարդու իրաւուքներու պաշտպանութեան հռչակագրէն եւ միջազգային այլ օրէնսդրութիւններէն, սակայն առկայ սահմանափակումները, ինչպէս օրինակ 301 յօդուածը, պէտք է չեղարկուին»:
- Amnesty International (Մեծ Բրիտանիա): «Amnesty International-ը կոչ կ՚ընէ թրքական կառավարութեան դատապարտել հանդուրժողականութեան բացակայութեան հետ կապուած ցանկացած դէպք, պաշտպանել Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիներու իրաւունքները եւ մանրակրկիտ ձեւով հետաքննել Հրանդ Տինքի սպանութիւնը՝ հետաքննութիւնը պահելով բաց, ինչպէս նաեւ մեղաւորներուն դատապարտել միջազգային իրաւունքի նորմերուն համապատասխան»:
- Human Rights Watch: «Մենք խորապէս ցնցուած ենք Հրանդ Տինքի սպանութեան փաստով: Տինքի սպանութիւնը կը վկայէ այն մասին, որ Թուրքիան դեռ խնդիրներ ունի իր պատմութեան հետ»: Այս մասին յայտարարած է Human Rights Watch-ի Եւրոպայի եւ կեդրոնական Ասիոյ տնօրէն Հոլլի Քարթները:
- ARTICLE 19: «Թրքական իշխանութիւնները պէտք է մեծ ուշադրութիւն դարձնեն երկրին մէջ իրենց դերին վրայ։ 301 յօդուածի առկայութիւնը, անոր յետագայ կիրառումը, ինչպէս նաեւ գրողներուն, լրագրողներուն եւ սրբազան թեմաներու մասին խօսողներուն սպառնալը կը վկայէ թրքական կառավարութեան ձախողման վերաբերեալ: Բոլոր գործողութիւնները, առաւել եւս եթէ անոնք ունին բռնի բնոյթ եւ կրնան վնաս հասցնել խօսքի ազատութեան պաշտպաններուն, պէտք դատապարտուին օրէնքի ողջ խստութեամբ»: Այդ մասին յայտարարած է կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Ակնէս Քալամարդը:
Լրագրողական կազմակերպութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Լրագրողներ առանց սահմաններու. «Այս սպանութիւնը սթրեսի կ՚ենթարկէ եւ կը սպառնայ բոլոր այն անձերուն, որոնք Թուրքիոյ մէջ կը զբաղուին խօսքի ազատութեան պաշտպանութեամբ: Թրքական կառավարութիւնը պէտք է գիտակցի այս յանցանքի լրջութիւնը եւ երաշխաւորէ, որ հետաքննութիւնը տեղի կ՚ունենայ առանց խոչընդոտներու եւ կեղծիքներու, իսկ յանցագործները կը պատժուին որքան հնարաւոր է շուտ»: Այս մասին յայտարարած է կազմակերպութեան ներկայացուցիչը:
- Լրագրողներու միջազգային դաշնութիւն. «Այս մարդը եղած է յարձակումներու եւ սպառնալիքներու թիրախ, այն պահէն սկսած, երբ համարձակութիւն ունեցաւ արտայայտել կարծիք, որ մարտահրաւէր կը նետէ առկայ ուղղափառ մտածելակերպին: Ցաւալի է, որ ան դարձած հանդուրժողականութեան բացակայութեան զոհ, որ խոր արմատներ ձգած է թրքական հասարակութեան մէջ»: Այս մասին յայտարարած է կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Այտան Ուայթը:
- Մամուլի միջազգային ուսումնարան. «Աս Թուրքիոյ մամուլի ազատութեան համար սարսափելի իրադարձութիւն է: Այն ազդակ կ՚ուղարկէ ողջ թրքական մետիայի աշխատակիցներուն, որ եթէ դուք նոյնպէս խօսիք Հայոց ցեղասպանութեան մասին, դուք կ՚արժանանաք ոչ միայն կառավարութեան սպառնալիքներուն, այլ հաւանաբար նաեւ կը սպանուիք: [...] Կը կարծեմ, որ ժամանակն է, որ կառավարութիւնը հասկնայ, որ այդպիսի օրէնքները տեղ չունին ժամանակակից հասարակութեան մէջ։ Ես նաեւ յոյս ունիմ, որ Տինքի սպանութենէն ետք Թուրքիոյ մէջ տեղի կ՚ունենան բաց քննարկումներ, որոնց արդիւնքով համաձայնութեան կու գան երկու կողմերն ալ», յայտարարած է կազմակերպութեան տնօրէն Եոհան Ֆրիցը:
- Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէ: «Իր լրագրողական գործունէութեան միջոցով Հրանդ Տինքը փորձեց լոյս վառել Թուրքիոյ պատմական մութ անցեալին եւ փորձած ստեղծել աւելի լաւ ապագայ հայերու եւ թուրքերու համար: Անոր արդիւնքով ան ձեռք բերաւ շատ թշնամիներ, բայց ան երդուեց շարունակել գրել, չնայած, որ կը ստանար բազմաթիւ սպառնալիքներ: Մարդասպանը լռեցուց Թուրքիոյ ամենախիզախ ձայներէն մէկուն: Մենք խորապէս ցնցուած ենք այս յանցագործութեամբ եւ կը յղենք մեր ցաւակցութիւնները Հրանդ Տինքի ընտանիքին, գործընկերներուն եւ ընկերներուն», ըսած է կոմիտէ գործադիր տնօրէն Ճոյէլ Սայմոնը:
- PEN: «Մենք ցնցուած ենք: Հրանդ Տինքը կը համարուի առանց բռնութեան շարժման հերոսներէն մէկը, որոնք Թուրքիոյ մէջ կը պայքարին խօսքի ազատութեան ապահովման համար: Տարբեր գրողներ, խմբագիրներ եւ հրատարակիչներ մարտահրաւէր կը նետեն բոլոր այն օրէնքներուն, որոնք կը սպառնան ճշմարտութեան այդ երկրին մէջ։ Ան մեր ժամանակներու մարդու իրաւունքներու ամենակարկառուն պաշտպաններէն մէկն էր», ըսած է կազմակերպութեան ամերիկեան կեդրոնի ղեկավար Լարրի Սիէմսը:
Դատավարութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատավարութիւնը սկսած է 2 Յուլիս 2007-ին Սթամպուլի մէջ։ 18 մարդու, որոնք կապ ունեցած են Տինքի սպանութեան հետ, մեղադրանք առաջադրուած է ծանր յանցագործութիւններու Սթամպուլի No 14 դատարանին մէջ[64]: Քանի որ գլխաւոր մեղադրեալ Օկիւն Սամաստը 18 տարեկան եղած է, դատաւարութիւնը փակ անցած է։ Մեղադրեալներ Եասին Հայալը եւ Էրհան Թունջէլ կրկնած են նոյն ցուցմունքները, որոնք ըսած էին ոստիկանութեան աշխատակիցներուն եւ դատախազին: Դատարանը որոշած է առանց գրաւի ազատ արձակել մեղադրեալներ Օսման Ալթային, Իրֆան Օզքանին, Սալիհ Հաջիսալիհօղլուին եւ Վեյսէլ Թոփրաքին, եւ դատավարութիւնը յետաձգած մինչեւ 1 Հոկտեմբերը:
Տուժող կողմը պահանջած է ցմահ ազատազրկում Էրհան Թունջէլին եւ Եասին Հայալին՝ «Հրանդ Տինքի սպանութիւնը կազմակերպելու համար»: Քանի որ մարդասպան Օկիւն Սամաստը սպանութեան պահին եղած է 18 տարեկան, տուժող կողմը պահանջած է 18-24 տարի ազատազրկում: Եասին Հայալի համար՝ իբրեւ սպանութեան հանցակցի, տուժող կողմը պահանջած է 22,5-35 տարի ազատազրկում: Մնացածները մեղադրուած են «ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցելու համար»[65]:
Յունուար 2009-ին տեղի ունեցած է դատավարութեան 8-րդ լսումը: Ձերբակալուած 8 մեղադրեալներէ 7-ը մասնակցած են դատավարութեան: Լսման արդիւնքով երեք մեղադրեալ ազատ արձակուած է, իսկ դատավարութիւնը յետաձգուած է մինչեւ 20 Ապրիլ 2009-ը[66]: Համաձայն Human Rights Watch-ի, Տինքի դատավարութիւնը «փորձութիւն հանդիսանալու է թրքական արդարադատութեան անկախութեան ստուգման համար»[64]:
Դատավճիռ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]25 Յուլիս 2011-ին Անչափահասներու կողմէ իրականացուած ծանր յանցագործութիւններու Սթամպուլի դատարանը Օկիւն Սամաստին մեղադրած է սպանութեան եւ ապօրինի զէնք պահելու: Ան դատապարտուած է 22 տարի եւ 10 ամիս ազատազրկման[67][68], որ փոխարինուած է ցմահ ազատազրկմամբ՝ համաձայն անչափահասներու մասին թրքական օրէնսդրութեան: Կրելով պատժաչափի երկու երրորդը՝ Սամաստի պատիժը կրնայ փոխարինուիլ պայմանական ազատազրկմամբ 2021 կամ 2022 թուականներուն:
16 Յունուար 2012-ին ծանր յանցագործութիւններու Սթամպուլի No 14 դատարանը հրապարակած է միւս մեղադրեալներու դատավճիռը: Դատարանի դատավճիռին մէջ նշուած է, որ այս դէպքը, բացի սպանութենէն, այլ ենթատեքստեր չի պարունակեր եւ եղած է սովորական սպանութիւն: Եասին Հայալը մեղաւոր ճանչցուած եւ դատապարտուած է ցմահ ազատազրկման: Երկու անձ մեղադրուած են Հայալին հանցակից ըլլալու համար եւ դատապարտուած են 12 տարի եւ 6 ամիս ազատազրկման: Էրհան Թունջէլը մեղաւոր չէ ճանչցուած Տինքի սպանութեան գործին մէջ, սակայն դատապարտուած է Տրապիզոնի մէջ «McDonald's» ռեստորանի պայթիւններու համար: Ան դատապարտուած է 10 տարի եւ վեց ամիս ազատազրկման: Անոր ազատազրկումը կրնար փոխարինուիլ պայմանական ազատազրկմամբ միայն 5 տարի 6 ամիս ետք: Մնացած բոլոր մեղադրեալները արդարացուած են:
ՄԻԵԴ դատավարութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սեպտեմբեր 2010 -ին Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը որոշած է, որ թրքական իշխանութիւնները չեն ապահովել Տինքի ապրելու իրաւունքը (Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական համաժողով, յօդուած 2)՝ չկանխելով սպանութիւնը եւ անգործութեան համար չպատժելով թրքական ոստիկանութեան[69]:
Գրքեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Նեդիմ Շեներ (2009) Տինքի սպանութիւնը եւ հետաքննութեան ստէրը (թուրք.՝ Dink Cinayeti ve İstihbarat Yalanları)
- Նեդիմ Շեներ (2011) Կարմիր ուրբաթ (թուրք.՝ Kırmızı Cuma)
Ծանօթագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Three arrested in Turkey for murder of outspoken journalist Hrant Dink»։ FoxNews.com։ 19 January 2007։ արտագրուած է՝ 9 February 2007
- ↑ «Hrant Dink's final article»։ BBC News։ 20 January 2007։ արխիւացուած բնօրինակէն 14 February 2007-ին։ արտագրուած է՝ 9 February 2007
- ↑ 3,0 3,1 3,2 «Hrant Dink's final article»
- ↑ 4,0 4,1 Morris Chris (19 January 2007)։ «Turkish-Armenian writer shunned silence»։ BBC News։ արխիւացուած բնօրինակէն 22 January 2007-ին։ արտագրուած է՝ 24 February 2007
- ↑ Turgut Pelin (19 January 2007)։ «An Assassination Shocks Istanbul»։ TIME։ արխիւացուած բնօրինակէն 21 January 2007-ին։ արտագրուած է՝ 19 January 2007
- ↑ 6,0 6,1 «Istanbul governor says 3 arrested in connection with murder of journalist Hrant Dink»։ International Herald Tribune։ 19 January 2007։ արտագրուած է՝ 19 January 2007
- ↑ 7,0 7,1 «Katil zanlısı Samsun'da yakalandı»։ CNN Turk (Turkish)։ 20 January 2007։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 22 January 2007-ին։ արտագրուած է՝ 20 January 2007
- ↑ «Hrant Dink murder suspect caught»։ BBC News։ 20 January 2007։ արխիւացուած բնօրինակէն 23 January 2007-ին։ արտագրուած է՝ 20 January 2007
- ↑ «Gazeteci Hrant Dink silahlı saldırıda öldü»։ Hürriyet (Turkish)։ 19 January 2007։ արխիւացուած բնօրինակէն 26 January 2007-ին։ արտագրուած է՝ 19 January 2007
- ↑ 10,0 10,1 de Bendern Paul, Grove, Thomas (19 January 2007)։ «Turkish-Armenian editor shot dead in Istanbul»։ Reuters։ արտագրուած է՝ 1 May 2007
- ↑ «Hrant Dink, Agos Gazetesi önünde silahlı saldırıda öldürüldü»։ Milliyet (Turkish)։ 19 January 2007։ արխիւացուած բնօրինակէն 22 January 2007-ին։ արտագրուած է՝ 19 January 2007
- ↑ «SABAH - 19/01/2007 - Hrant Dink öldürüldü»։ arsiv.sabah.com.tr։ արտագրուած է՝ 2017-07-20
- ↑ 13,0 13,1 Semo Marc (21 January 2007)։ «Affaire Hrant Dink : un assassin dans la mouvance nationaliste»։ Libération (French)։ արտագրուած է՝ 22 January 2007
- ↑ 14,0 14,1 «Dink killing suspect 'confesses'»։ BBC News։ 21 January 2007։ արխիւացուած բնօրինակէն 23 January 2007-ին։ արտագրուած է՝ 21 January 2007
- ↑ «SON DAKİKA!.. RECEP TAYYİP ERDOĞAN, HRANT DINK’IN KATİLİ OGÜN SAMAST’IN YAKALANDIĞINI AÇIKLADI!.. KATİL NEREDE, NASIL YAKALANDI?»։ ucankus։ արտագրուած է՝ 2017-07-20
- ↑ «Turkey embraces the memory of Hrant Dink; hundreds of thousands march»։ Hürriyet։ 24 January 2007։ արտագրուած է՝ 30 January 2007
- ↑ «Mourners reconcile at Dink funeral»։ Today's Zaman։ 24 January 2007։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 22 February 2007-ին։ արտագրուած է՝ 30 January 2007
- ↑ «Erdogan says suspect was caught with the gun he allegedly used in murder»։ Turkish Press։ 22 January 2007։ արտագրուած է՝ 24 February 2007
- ↑ «Türklerin Dink'i kucaklaması bizde 'deprem etkisi' yaptı»։ Zaman։ 25 January 2007
- ↑ Ünlü Ünsal (21 January 2007)։ «Katil zanlısı yakalandı»։ NTV-MSNBC (Turkish)։ արտագրուած է՝ 21 January 2007
- ↑ «Dink'in katil zanlısı Samsun'da yakalandı»։ HaberTürk (Turkish)։ 20 January 2007։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 27 September 2007-ին։ արտագրուած է՝ 20 January 2007
- ↑ 22,0 22,1 «Report: Teen admits killing journalist»։ CNN։ 21 January 2007։ արխիւացուած բնօրինակէն 25 January 2007-ին։ արտագրուած է՝ 24 February 2007
- ↑ de Bendern Paul (21 January 2007)։ «Teenager shot editor for insulting Turks – report»։ Reuters։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 1 May 2007-ին։ արտագրուած է՝ 21 January 2007
- ↑ 24,0 24,1 «Trabzon circle of suspects widens; Ogun Samast says "I am sorry I killed him"»։ Hürriyet։ 24 January 2007։ արխիւացուած բնօրինակէն 28 January 2007-ին։ արտագրուած է՝ 24 January 2007
- ↑ «A "Trabzon Legend" gave the orders to kill Hrant Dink»։ Hürriyet։ 22 January 2007։ արտագրուած է՝ 22 January 2007
- ↑ Öztürk Saygı (29 January 2007)։ «O, duruşma salonuna hiç girmedi»։ Hürriyet (Turkish)։ արտագրուած է՝ 30 January 2007
- ↑ Ergenekon indictment to be included in Malatya murders case, Today's Zaman, 22 August 2008
- ↑ Demir Sedef Senkal (2 August 2008)։ «Astsubaya Dinkleri öldürmesi için 300 bin YTL teklif»։ Yargı / GÜNCEL։ Gazeteport (Turkish)։ արխիւացուած բնօրինակէն 29 September 2008-ին։ արտագրուած է՝ 13 September 2008
- ↑ «Police destroy file on Dink murder suspect»։ Today's Zaman։ 4 October 2007։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 6 October 2007-ին։ արտագրուած է՝ 7 October 2007
- ↑ «Turkish police accused of cover-up in journalist's murder»։ Turkish Press։ 7 October 2007։ արխիւացուած բնօրինակէն 2 October 2007-ին։ արտագրուած է՝ 7 October 2007
- ↑ Kilic Ecevit (18 August 2008)։ «'Akyürek görevdeyken çözülmez'»։ Sabah (Turkish)։ արտագրուած է՝ 25 December 2008։ «Hrant Dink cinayetinden terör örgütü yöneticisi olarak yargılanan bir sanığın basında gündeme gelmesinden dolayı üzüntülerini belirten, yine bu sanık ile ilgili tutulan 48 sayfalık raporun imha edilmesi için savcılara adeta talimat veren, yine bu davadaki sanıkları arkadaş grubu olarak niteleyen, bu grubun cinayeti Hrant Dink'in 'Türklüğü aşağıladığı' nedeniyle gerçekleştirdiği yönünde mahkemeye görüş ve rapor sunan Emniyet Genel Müdürlüğü İstihbarat Daire Başkanı Ramazan Akyürek var.»
- ↑ "GSM operatorleri" http://www.radikal.com.tr/Radikal.aspx?aType=RadikalDetayV3&ArticleID=1058853&Date=4 August 2011&CategoryID=77
- ↑ "Kapsama Alani Disinda"http://www.ntvmsnbc.com/id/25238632/
- ↑ Today's Zaman, 19 March 2013, Secret witness says gendarmerie was with Dink killer at every step
- ↑ Today's Zaman, 13 February 2013, Secret witness ready to tell all about network that killed Dink
- ↑ Today's Zaman, 15 February 2013, Witness provides new evidence of state collusion in Dink murder
- ↑ Hürriyet Daily News, 12 January 2015, Arrest order issued for two policemen in Dink murder case
- ↑ «Fury In Turkey At Editor's Murder»։ BBC News։ 19 January 2007։ արխիւացուած բնօրինակէն 22 January 2007-ին։ արտագրուած է՝ 19 January 2007
- ↑ «'Katil Devlet Hesap Ver' Sloganı Atıldı!!!»։ Millet Haber (Turkish)։ 20 January 2007։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 29 September 2007-ին։ արտագրուած է՝ 24 January 2007
- ↑ 40,0 40,1 40,2 40,3 «Dink'in öldürülmesine tepki yağdı»։ Hürriyet (Turkish)։ 19 January 2007։ արտագրուած է՝ 19 January 2007
- ↑ «Turks grieve over journalist's killing»։ CNN։ 19 January 2007։ արխիւացուած բնօրինակէն 21 January 2007-ին։ արտագրուած է՝ 19 January 2007
- ↑ «Büyükanıt: Nefretle kınıyoruz»։ Hürriyet (Turkish)։ 19 January 2007։ արտագրուած է՝ 19 January 2007
- ↑ «Killing of Hrant Dink»։ TNN News։ 20 January 2007։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 26 September 2007-ին։ արտագրուած է՝ 17 February 2007
- ↑ «'Ermeni' sözüne bile tahammül yok»։ Radikal (Turkish)։ 25 January 2007։ արտագրուած է՝ 3 March 2007
- ↑ «Orhan Pamuk: We are all responsible for Dink's death»։ Hürriyet։ 21 January 2007։ արտագրուած է՝ 22 January 2007
- ↑ Murat Bardakçı (21 January 2007)։ «Talat Paşa cinayeti gibi» [Like the Talat Pasha murder]։ Sabah (Turkish)։ արտագրուած է՝ 10 March 2010
- ↑ Sedat Laçiner (30 January 2007)։ «Turk and Armenian: Hrant Dink and Talat Pasha Murders»։ Journal of Turkish Weekly։ արտագրուած է՝ 10 March 2010
- ↑ Gürel Soner (27 January 2007)։ «Fatura onlara»։ Hürriyet (Turkish)։ արտագրուած է՝ 28 January 2007
- ↑ Zelova Doğan (28 January 2007)։ «Vapur Eylemcisi Adliye'de»։ Hürriyet (Turkish)։ արտագրուած է՝ 28 January 2007
- ↑ «Çıplak Ayaklar Kumpanyası» (Turkish)։ արխիւացուած բնօրինակէն 28 January 2007-ին։ արտագրուած է՝ 28 January 2007
- ↑ Korkut Tolga (26 January 2007)։ «Agos'un Yeni Sayısı Bütün Türkiye'de»։ BİA (Turkish)։ արխիւացուած բնօրինակէն 14 February 2007-ին։ արտագրուած է՝ 28 January 2007
- ↑ «301 değişikliği an meselesi» (Turkish)։ Radikal։ 28 January 2007։ արխիւացուած բնօրինակէն 7 February 2007-ին։ արտագրուած է՝ 28 January 2007
- ↑ Popham Peter (3 February 2007)։ «Turkish police posed for picture with killer of Armenian journalist»։ The Independent (London)։ արխիւացուած բնօրինակէն 5 February 2007-ին։ արտագրուած է՝ 3 February 2007
- ↑ «TGRT istifa haberine yanıt verdi»։ HaberTürk (Turkish)։ 2 February 2007։ արխիւացուած բնօրինակէն 3 February 2007-ին։ արտագրուած է՝ 3 February 2007
- ↑ 55,0 55,1 «"Hepimiz Ermeniyiz" sloganına protestolar devam ediyor.» (Turkish)։ www.Haberler.com։ 4 February 2007։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 11 May 2017-ին։ արտագրուած է՝ 6 February 2007
- ↑ 56,0 56,1 «Armenian anger at Turkish murder»։ BBC News։ 20 January 2007։ արխիւացուած բնօրինակէն 24 February 2007-ին։ արտագրուած է՝ 13 March 2007
- ↑ «Armenian Evangelical Community Mourns Dink»։ Armenian Weekly (Hairenik Association)։ 27 January 2007։ արտագրուած է՝ 4 February 2007
- ↑ «Residents of Vanadzor promised to continue Dink's work»։ A1+։ 23 January 2007։ արտագրուած է՝ 13 March 2007
- ↑ «ARF Dashnaktsutyun condemns Hrant Dink’s murder»։ PanArmenian.net։ 19 January 2007։ արտագրուած է՝ 15 March 2007
- ↑ «Verheugen: "Olayı kınıyorum, Türkiye devletinin tavrını kutluyorum"»։ TNN.net (Turkish)։ 20 January 2007։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 26 September 2007-ին։ արտագրուած է՝ 15 March 2007
- ↑ «EU, U.S. shocked by assassination of Turkish journalist»։ Xinhua News Agency (People's Daily Online)։ 20 January 2007։ արտագրուած է՝ 15 March 2007
- ↑ «Dink murder suspect identified»։ Ալ-Ջազիրա։ 20 January 2007։ արտագրուած է՝ 24 February 2007
- ↑ Aydemir Bülent (23 January 2007)։ «Prodi'den Dink cinayeti uyarısı»։ Sabah (Turkish)։ արտագրուած է՝ 15 March 2007
- ↑ 64,0 64,1 «Dink Murder Trial Opens in Turkey»։ BBC News։ 2 July 2007։ արտագրուած է՝ 2 July 2007
- ↑ Daily report dated 3 July 2007 of the Human Rights Foundation of Turkey (HRFT)
- ↑ See report of the HRFT of 27 January 2009
- ↑ «Turkey: Sentence in Editor’s Death»։ BBC News։ 25 July 2011։ արտագրուած է՝ 1 October 2011
- ↑ «Hrant Dink murder: Turk Ogun Samast jailed»։ The New York Times։ 25 July 2011։ արտագրուած է՝ 1 October 2011
- ↑ ECtHR 14.09.2010. judgment on applications No. 2668/07, 6102/08, 30079/08, 7072/09 and 7124/09Կաղապար:Fr icon and ECtHR Press release