Jump to content

Հրանդ Տինք

Հրանդ Տինք
Ծնած է 15 Սեպտեմբեր 1954(1954-09-15)[1]
Ծննդավայր Մալաթիա, Թուրքիա
Մահացած է 19 Յունուար 2007(2007-01-19)[2][3] (52 տարեկանին)
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
Ազգութիւն Հայ[4][5]
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Ուսումնավայր Պոլսոյ Համալսարան
Մասնագիտութիւն սիւնակագիր, ֆութպոլիստ, լրագրող, իրաւապաշտպան, գրագէտ, հրապարակախօս, Խմբագիր, հրատարակիչ
Վարած պաշտօններ գլխաւոր խմբագիր
Ամուսին Ռաքել Տինք[6]
Երեխաներ Առատ Տինք, Տէլալ Տինք եւ Սերա Տինք

Հրանդ Տինք (թրք.՝ Hrant Dink, 15 Սեպտեմբեր 1954(1954-09-15)[1], Մալաթիա, Թուրքիա - 19 Յունուար 2007(2007-01-19)[2][3], Պոլիս, Թուրքիա), պոլսահայ լրագրող, Թուրքիոյ մէջ հայերէն եւ թրքերէն լեզուներով տպագրուող միակ շաբաթաթերթին՝ «Ակօս»ին գլխաւոր խմբագիրը, Թուրքիոյ մտաւորականներէն մէկը, որ յայտնի էր իր անվախ ելոյթներով եւ քաղաքական խառնակ հարցերը մեկնաբանող համարձակ յօդուածներով։

Հրանդ Տինք ծնած է 15 Սեպտեմբեր 1954-ին, Մալաթիա: Եօթ տարեկանին ծնողքին հետ Մալաթիայէն տեղափոխուած է Պոլիս, ուր անոնց ամուսնալուծման պատճառով յանձնուած է Կէտիկփաշայի հայկական մանկատան խնամատարութեան:[7] Ուսումը ստացած է Պէզճեան վարժարանէն, այնուհետեւ՝ Ս. Խաչ դպրեվանքէն ներս։ Աւարտած է Պոլսոյ պետական համալսարանի կենսաբանութեան (1978) եւ փիլիսոփայութեան (1987) կաճառները։ Վկայուելով` կատարած է զինուորական ծառայութիւնը, որմէ ետք նուիրուած է հրապարակագրական ասպարէզին:

Թրքական մամուլին իր աշխատակցութեան կողքին, Հրանդ Տինք 80-ականներուն կանոնաւորաբար աշխատակցած է պոլսահայ մամուլի յառաջապահ «Մարմարա» թերթին` Ջութակ ծածկանունով քննադատական յօդուածներ լոյս ընծայելով հայ ժողովուրդի պատմութեան վերաբերեալ հրատարակուող թրքական խեղաթիւրումներուն մասին:

1996-ին Պոլսոյ մէջ հիմնադրած է «Ակօս» երկլեզու (հայերէն եւ թրքերէն) թերթը՝ նպատակ ունենալով ներկայացնել թրքահայութեան ծայրահեղ մեկուսացումը, դառնալ անոր խօսափողն ու իրաւունքներու պաշտպանը, հաշտարար օղակ ըլլալ հայ եւ թուրք ժողովուրդներու միջեւ։

Ունի երեք զաւակ. որդին՝ Առատ, դուստրերը՝ Տէլալ եւ Սերա:

Ան յաճախակի մահուան սպառնալիքներ ստացած է Հայոց ցեղասպանութեան Թուրքիոյ կողմէ ճանաչումին ի նպաստ բարձրաձայն իր արտայայտած մտածումներուն եւ ստորագրած յանդուգն գրութեանց համար, մինչեւ որ 2005-ին դատապարտուած է 6-ամսեայ պայմանական բանտարկութեան[8]: Իր մտահոգութիւնները յայտնած է թուրքերու եւ հայերու միջեւ լարուած յարաբերութիւններուն վերաբերեալ[9]։ Ելոյթ ունենալով շարք մը ժողովրդավարական հարթակներու վրայ եւ հասարակական կազմակերպութիւններու մէջ, Տինք միշտ ընդգծած է Թուրքիոյ ժողովրդավարացման, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան, փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու, եւ ընդհանուր առմամբ մարդու իրաւունքներու, եւ յատկապէս Թուրքիոյ մէջ ապրող հայ համայնքին իրաւունքներուն հարցը։ Թուրքերու եւ հայերու միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու շատ կարեւոր դեր կատարած է։ Ան հրապարակային ելոյթներով եւ դասախօսութիւններով ուզած է իր ներդրումը բերել հայ-թուրք յարաբերութիւններու յստակացման եւ բարելաւման:

Կան թուրքեր, որոնք չեն ընդունիր, որ իրենց նախնիները ցեղասպանութիւն գործած են։ Սակայն, եթէ նայինք, կը հասկնանք, որ այդ մարդիկ ուղղակի բարի/հաճելի մարդկանց տպաւորութիւն կը ձգեն... Բայց ամէն պարագային ինչո՞ւ անոնք չեն կրնար ընդունիլ «Ցեղասպանութիւնը»։ Որովհետեւ անոնք կը կարծեն, որ ցեղասպանութիւնը վատ բան է, որ անոնք երբեք չէին ցանկար ընել այդ, եւ այդ իսկ պատճառով անոնք չեն կրնար հաւատալ, որ իրենց նախնիները կրնային կատարել նման բան։

Հրանդ Տինք կը հաւատար, որ Հայկական Սփիւռքը հնարաւորութիւն կ'ունենայ ազատ ապրելու՝ չենթարկուելով ճնշումներու, առաջնահերթութիւն համարելով ապրողներու մեծամասնութեան կարծիքը[11]։ Հասկնալով, որ կարեկցանքը չի փոխեր Ցեղասպանութեան հարցը, Տինք երկխօսութեան կոչ կ'ուղղէ .

Հայ-թրքական յարաբերութիւններն անհրաժեշտ է դուրս բերել 1915 մեթր խորութիւն ունեցող ջրհորէն։


Հռետորական խնդիրներու տեսանկիւնէն, որ կը խանգարէր հայ-թրքական երկխօսութիւնը, ան կը հաւատար, որ այդ խոչընդոտները կարելի էր յաղթահարել յօգուտ թրքահայերուն։ Ֆրանսայի մէջ ընդունուած օրէնքին, ըստ որուն յանցագործութիւն կը համարուէր հայերու դէմ իրականացուած Ցեղասպանութեան ժխտումը, Տինք դէմ արտայայտուած է եւ, «Milliyet »թերթին պնդումով, Ֆրանսա գացած՝ ի նշան բողոքի[12]։

Տինքի գործունէութիւնը կրճատուած է, ինչպէս «չորրորդ ճանապարհի հայելին»։ Ան հաւասարապէս կը ցաւէր ինչպէս հայերու, այնպէս ալ Թուրքիոյ ժողովուրդին ու թրքահայերուն համար[11]։

  • Իր ազատախոհ եւ յանդուգն հրապարակումներուն առ ի գնահատանք` Հրանդ Տինք 2005-ին արժանացած է Թուրքիոյ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան կազմակերպութեան «խօսքի եւ խիղճի ազատութեան» տարեկան մրցանակին:
  • 2006-ին` Գերմանիոյ «Շթեռն» ամսաթերթի հիմնադիր Հենրի Նաննենի` «Մամուլի ազատութեան եւ լրագրողական խիզախութեան» մրցանակին: Նաեւ` Նորվեկիոյ «Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան Պիորնըսի անուան մրցանակ»ին:
  • Յետմահու՝ 2007-ին,  կ'արժանանայ ՀՀ նախագահի յատուկ մրցանակին:

19 Յունուար, 2007-ին Պոլսոյ գլխաւոր թաղամասերէն Շիշլիի մէջ գտնուող իր «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ Հրանդ Տինք զոհ գացած է թրքական հայատեացութեան արձակած մոլեգին երեք փամփուշտներու[13]…: Տինքի վրայ մահացու փափուշտը արձակող թուրք երիտասարդ ոճրագործը, տեսախցիկի արձանագրութեան համաձայն, թրքաբարոյ «կեաւո՜ւր» անարգական բացագանչութեամբ մը կնքած է իր արարքը եւ հեռացած է ոճիրի վայրէն:

Տինքի նահատակութենէն հինգ տարի ետք, թրքական արդարադատութիւնը եզրափակելու Տինքի պետական ահաբեկման դատաքննութիւնը` միակ եւ ինքնագլուխ յանցագործի մը վերագրած է կատարուած ոճիրը եւ ցմահ բանտարկութեան դատապարտած է զայն:

17 Յունուար 2012-ին թրքական իշխանութիւնները յայտարարած են, որ Տինքի սպանութիւնը «կազմակերպութեան մը գործը չէ». այսպիսով բուն ոճրագործը կ'արդարացուի եւ զերծ կը մնայ ամէն տեսակի մեղադրանքէ եւ հաշուետուութենէ:

«Ակօս» թերթի խմբագրատան շէնքի մուտքին` գետինը, կայ յիշատակի գրութիւն մը. «Այստեղ սպաննուեցաւ Հրանդ Տինքը»[14]:

  • Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք, 2007-ին,Պոլսոյ մէջ հիմնուած է Հրանդ Տինք Հիմնարկը, որ հասարակական կազմակերպութիւն մըն է։ Կը նպատակադրէ աջակցիլ Թուրքիոյ բազմազգ ու բազմաշերտ հասարակութենէ ներս երկխօսութեան զարգացման, հայ եւ թուրք ժողովուրդներու միջեւ նախապաշարումներու վերացման եւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ Հիմնարկը կը հաւաքէ, կը դասաւորէ, կը թարգմանէ ու կը հրատարակէ նաեւ Հրանդ Տինքի յօդուածները, իրեն վերաբերող գրաւոր, տեսողական եւ այլ նիւթեր[15], կը հրատարակէ գիրքեր[16], կը կազմակերպէ գիտաժողովներ[17], արեւմտահայերէնի դասընթացքներ[18]։ Հիմնարկը ամէն տարի, Հրանդ Տինքի տարեդարձին՝ 15 Սեպտեմբերին, կը շնորհէ «Հրանդ Տինք» միջազգային մրցանակը[19]։
  • Հրանդ Տինքի յիշատակին ստեղծուած է «Հրանդ Տինքի անուան միջազգային հիմնադրամ»-ը` ամէնամեայ մրցանակաբաշխութիւն կատարելու առաջադրանքով: Հիմնադրամը 2009-ին լոյս ընծայած է Տինքի «Երկու մօտ ժողովուրդ, երկու հեռու հարեւան» գիրքը` նուիրուած հայ եւ թուրք յարաբերութեանց:
  • 2010-ին Հրանտ Տինքի անունով կոչուած է Պոլսոյ Գում Գափուի Աւետարանական դպրոցը։
  • 17 Յունիս 2019-ին բացուած է «23,5. Հրանդ Տինքի յիշողութեան վայր» անունով մկրտուած կեդրոնը[20]: Կեդրոնը կը գտնուի «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին գրասենեակին մէջ, որուն շէնքին առջեւ 2007-ին սպաննուած էր Հրանդ Տինք: Այցելուները կրնան տեսանիւթեր կամ լուսանկարներ դիտել, ձայնագրութիւններ ունկնդրել կամ տպագիր նիւթեր կարդալ, աւելի մօտէն ծանօթանալու համար յայտնի լրագրող-հրապարակախօսին կեանքի զանազան դրուագներուն: Հոն կը պահուին նաեւ «Ակօս» թերթին մինչեւ 2007-ի բոլոր թիւերը:

Տինքի Քաղաքական Որոշ Հայեացքներէն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Անշուշտ կարեւոր է, որ տարբեր երկիրներ, եւրոպական երկիրներ ճանչնան Հայոց ցեղասպանութեան փաստը. եթէ ինծի հարցնէք` եւրոպացիները պէտք է այն գիտակցութեան յանգին, որ իրենք պատասխանատու են այս ժողովուրդին նկատմամբ եւ այսօր հատուցում պէտք է վճարեն այս ժողովուրդին:
Կը խորհիմ, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցիլը Հայաստանի համար թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ Ազրպէյճանի այդ պաշարումէն ազատուիլ կը նշանակէ, թէ՛ Ռուսիոյ ձեռքէն ազատուիլ կը նշանակէ եւ թէ՛ զարգանալ կը նշանակէ, ապահովութիւն կը նշանակէ, անվտանգութիւն կը նշանակէ:
«Միաժամանակ Հայաստանի եւ աշխարհատարած սփիւռքի բարոյական մէկ մասնիկն եմ, անոնց ցեղակիցը»:


Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 Deutsche Nationalbibliothek Record #132576562 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  2. 2,0 2,1 2,2 http://news.bbc.co.uk/2/hi/europe/6279241.stm
  3. 3,0 3,1 3,2 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  4. https://www.mfa.gov.tr/sayin-basbakanimizin-hrant-dink_in-olum-yildonumu-vesilesiyle-yaptiklari-aciklama.tr.mfa — 1920.
  5. Հրանտ Դինք հիմնադրամ — 2007.
  6. https://auroraprize.com/fr/stories/detail/premium/9123/rakel-dink
  7. «Հրանդ Տինք » Կենսագրութիւն»։ www.hrantdink.biz։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-04-21-ին։ արտագրուած է՝ 2018-01-19 
  8. Տինքի մահուան սպառնալիքներ
  9. «Թուրքիոյ մէջ Հայ խմբագիրի սպանութիւն»։ BBC։ 2007-01-19 
  10. Hrant Dink (2006)։ Screamers (trailer of documentary) 
  11. 11,0 11,1 11,2 Oran Baskın (2006-12-17)։ «The Reconstruction of Armenian Identity in Turkey and the Weekly Agos (Interview with Hrant Dink)»։ Nouvelles d'Armenie։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-09-28-ին։ արտագրուած է՝ 2007-01-19 
  12. Sazak Derya (2006-10-10)։ «Hrant'ın tepkisi»։ Milliyet (Turkish)։ արտագրուած է՝ 2007-01-22 
  13. Հրանդ Տինքի սպանութիւնը
  14. Յիշատակի գրութիւնը
  15. Հրանդ Տինքի Մասին
  16. Հիմնարկի հրատարակութիւնները
  17. Խորհրդաժողով՝ Իսլամաց(ու)ած Հայերու Մասին
  18. Հրանդ Տինք Հիմնարկի արեւմտահայերէնի դասընթացքներու Աշուն 2016 շրջանը կը սկսի
  19. ««ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿԸ ՊԻՏԻ ՅԱՆՁՆՈՒԻ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԼՐԱԳՐՈՂԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ՕՐԸ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-08-12-ին։ արտագրուած է՝ 2021-01-18 
  20. Հրանդ Տինք Կեդրոն
  21. Տինքի Քաղաքական Հայեացքները

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տեսանիւթեր

Պոլսոյ Հրանդ Տինքի Անուան Հայ Երեխաներու Դպրոց