Հայ Երեխաներու Փոխադրումը Օսմանեան Թուրքիայէն

Հայ երեխաներու բռնագաղթը Օսմանեան Թուրքիայէն, 1914-1922-ականներու Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով որբացած երեխաներու բռնագաղթն է Օսմանեան Թուրքիայի տարածքէն՝ հայկական միութիւններու, եկեղեցական կառոյցներու, օտարերկրեայ նպաստամատոյց կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ։

Նախապայմաններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեծ Եղեռնի ժամանակ մօտ 500000 հայ երեխաներ սպաննուեցան՝ ողջակիզուեցան, թունաւորուեցան, խեղդամահ եղան, մահացան սովէն, տարբեր համաճարակային հիւանդութիւններէ։ Ողջ մնացած երեխաներու մէկ մասը իսլամացուեցաւ։ Ողջ մնացածները վերահաս մահէն փրկելու, անոնց ֆիզիկական անվտանգութիւնը, կեցութիւնն ու ազգային դաստիարակութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ էր զանոնք դուրս հանել Օսմանեան Թուրքիոյ տարածքէն։

Գաղթը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը գաղթեն այն որբերը, որոնք ցեղասպանութեան տարիներուն հաւաքագրած էին անմարդաբնակ վայրերէ (անապատներ, անտառներ)[1], փողոցներէ, ուր անոնք կը զբաղէին մուրացկանութեամբ, իսլամադաւան ընտանիքներէ եւ թրքական պետական որբանոցներէ։ Փոխադրուեցան նաեւ ռազմական գործողութիւններու գօտիին մէջ յայտնուած հայ երեխաները, որոնց տարահանումը իրականացաւ ռուս եւ անգլիացի զինուորականներու կողմէ[2]։

Մուսա լեռ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ցեղասպանութեան տարիներուն հայ երեխաներու առաջին լայնածաւալ գաղթը իրականացաւ Մուսա լերան հերոսամարտի ժամանակ։ 1915-ի գարնան երիտթուրքական կառավարութիւնը կը սկսի Արեւմտեան Հայաստանի եւ կայսրութեան միւս շրջաններու հայ բնակչութեան տեղահանութիւնն ու բնաջնջումը։ 30 Յուլիսին նաեւ Սուէտիայի (Հալէպի նահանգ, Անտիոքի գաւառ) վեց հայկական գիւղերու աւելի քան 6000 բնակչութեան գաղթի հրաման կը տրուի։ Հրամանին կ՛ենթարկուի բնակչութեան մէկ փոքր մասը, մնացածը՝ մօտ 5000 սուէտիահայեր բարձրանալով Մուսա լեռը՝ կը դիմեն ինքնապաշտպանութեան, որ կը տեւէ 53 օր։ Ֆրանսական «Գիշէն» ու «Ժաննա տ’Արկ» նաւերը օգնութեան կը հասնին եւ 13-15 Սեպտեմբերին 4058 հոգի Մուսա լեռէն կ՛անցնին Եգիպտոսի Փորթ Սայիտ նաւահանգիստ։ Քանի մը երեխաներ կը ծնին ֆրանսական նաւերուն վրայ եւ կ՛անուանակոչուին խորհրդանշական անուններով՝ Գիշէն, Ազատուհի եւ այլն։[1]

Մուսա լեռէն Փորթ Սայիտ անցան 1563 երեխայ։[1][3]

Այնթապ, Մարաշ, Հաճըն, Մերսին[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փոքր Ասիոյ մէջ քեմալական (ազգայնական) շարժման ծաւալման զուգընթաց՝ 1921-1922-ականներուն Օսմանեան կայսրութեան որբանոցներուն մէջ ապաստանած հայ երեխաներուն համար վտանգաւոր իրավիճակ կը ստեղծուի։ Իրավիճակը աւելի կը սրի Կիլիկիոյ մէջ քեմալականներու կողմէ իրագործուած հայկական կոտորածներէն ետք, որոնց հետեւանքով հազարաւոր կիլիկահայեր Այնթապէն, Մարաշէն, Հաճընէն, Մերսինէն եւ այլ վայրերէն ստիպուած կ՛ըլլան լքել իրենց հայրենի բնակավայրերը։ 1921-ի աւարտին՝ կիլիկահայերու զանգուածային գաղթի ընթացքին, շուրջ 7500 հայ որբ Կիլիկիայէն կը փոխադրուի Հալէպ, Պէյրութ, Դամասկոս եւ Ալեքսանտրէթ։ Անոնց մեծ մասը կը յայտնուի Ազգային խնամատարութեան եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան խնամակալութեան տակ[1]։

Հայ երեխաներու փոխադրումի դրուագներէն է նաեւ Դեկտեմբեր 1921-ին Պասրա նահանգի Նահր էլ Օման աւանի հայկական գաղթակայանէն 816 հայ որբերու նաւով փոխադրումը Երուսաղէմ, ուր զանոնք կը դիմաւորեն Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեան, ազգային գործիչներ եւ մեծ թիւով տեղացի հայեր[1]։

1915-1923 երիտթուրքերու եւ քեմալականներու կողմէ իրագործուած հայկական կոտորածներու հետեւանքով որբացած հազարաւոր հայ երեխաներ յայտնուեցան ֆիզիկական ոչնչացման վտանգին տակ՝ Օսմանեան կայսրութեան ողջ տարածքով մէկ։ Այս մտահոգութեամբ պայմանաւորուած՝ 7 Փետրուար 1922-ին Հալէպի մէջ կը կայանայ Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյցի աշխատակիցներու եւ Կիլիկիոյ Սահակ Բ. Կաթողիկիոսի կողմէ լիազօրուած հայկական պատուիրակութեան ժողովը՝ Առաջնորդական Փոխանորդ Յարութիւն Քահանայ Եսայեանի նախագահութեամբ։ Ժողովը կ՛որոշէ Թուրքիոյ հարաւային եւ հարաւարեւելեան շրջաններու որբանոցներուն մէջ ապաստանած հայ որբերուն տեղափոխել Սուրիա եւ Լիբանան, իսկ հիւսիսային եւ հիւսիսարեւմտեան շրջաններու որբացած հայ երեխաներուն՝ Յունաստան եւ Կովկաս: Թուրքիոյ ներքին՝ կեդրոնական շրջաններու Կեսարիա, Քոնիա, Սեբաստիա, ինչպէս նաեւ հիւսիսային շրջաններու՝ Տրապիզոն, Սամսուն, քրիստոնեայ որբերը՝ հայ եւ յոյն ծնողազուրկ երեխաները, Ամերիկեան նպաստամատոյցի որոշմամբ ցամաքային ճանապարհով կը փոխադրուին Կ.Պոլիս, իսկ այնտեղէն՝ նաւով Յունաստան եւ կը տեղաբաշխուին 13 որբանոցներուն մէջ։ Քայքայուող Օսմանեան կայսրութեան միւս շրջաններէն՝ Թրակիայէն, որբերը կը տեղափոխուին Ռումանիա եւ Պուլկարիա, իսկ Իզմիրէն եւ Պրուսայէն՝ Մարիցա գետով՝ Յունաստան[1]։

Թուրքիոյ հարաւային եւ հարաւարեւելեան շրջաններէն (Ուրֆայի տարածք, Մարտին, Խարբերդ, Ակն եւ Մալաթիա) հայ որբերու փոխադրման պատասխանատուներ նշանակուեցան Յակոբ Կիւնցլերը եւ անոր կինը՝ Էլիզապէթը, որոնք 1922-էն կ՛աշխատէին Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյց կոմիտէի Ուրֆայի մասնաճիւղին մէջ եւ կը զբաղէին այդ կազմակերպութեան կողմէ հաւաքուած հայ որբերու խնամքով։ Անոնց թեկնածութեան ընտրութիւնը պայմանաւորուած էր վերջիններուս՝ տարածքի եւ թրքերէնի փայլուն իմացութեամբ։ Ապրիլ 1922-ին Խարբերդէն եւ յարակից շրջաններէն Կիւնցլերը կը կազմակերպէ համաշխարհային պատմութեան մէջ որբերու ամէնաստուար՝ շուրջ 5000 երեխաներու աննախադէպ տարհանման գործողութիւնը։ Ըստ Կիւնցլերի կազմած վիճակագրութեան, ընդհանուր առմամբ Թուրքիոյ հարաւային եւ հարաւարեւելեան բնակավայրերէն տարբեր խումբերով իր կողմէ կը փոխադրուի շուրջ 8000 հայ երեխայ, որոնք կը տեղաբաշխուին Սուրիոյ եւ Լիբանանի որբանոցներուն մէջ[1]։

Այս ընթացքին հայ երեխաներու փոխադրութեան գործողութիւններ իրականացուեցան Խնուսի, Վանի, Բաղէշի եւ այլ վայրերու մէջ[3]։

Զմիւռնիա[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սեպտեմբեր 1922-ին՝ Զմիւռնիոյ աղէտի ժամանակ, շուրջ 5000 յոյն եւ հայ որբեր կը փոխադրուին քեմալականներու կողմէ հրդեհի մատնուած քաղաքէն՝ Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյցի աշխատակից Սառա Քորնինկի ջանքերով, որոնք ամերիկեան ռազմանաւերով կը տեղափոխեն Յունաստան[1]։

Փոխադրման այս գործողութիւններուն արդիւնքով երիտթուրքերու ու քեմալականներու ցեղասպանական գործողութիւններէն փրկուեցան հազարաւոր հայ որբեր։

Ըստ Ջ. Բարտօնի տուեալներուն, 1922-1923՝ Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյցի աշխոյժ աշխատանքներուն շնորհիւ, մօտաւոր հաշուարկով Թուրքիայէն Սուրիա, Լիբանան եւ Յունաստան փոխադրուեցան մօտ 30000 հայ եւ յոյն որբեր, որոնցմէ 12000 հայ երեխայ՝ կայսրութեան միայն հարաւային եւ հարաւարեւելեան շրջաններէն[1]։

Փոխադրումը իրականացուցած կազմակերպութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան Նպաստամատոյց Կոմիտէ,
  • Լոնտոնի Քաղաքապետարանի Ֆոնտ,
  • Դանիացի Տիկնանց Միութիւն,
  • Ռուսական Կարմիր Խաչ,
  • Ռուսաստանի Քաղաքներու Միութիւն եւ այլն[1]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 Sarkisyan Seiran։ «Armeni in Italia - Հայերն Իտալիայում: See more / Տես ավելին»։ Armeni in Italia - Հայերն Իտալիայում 
  2. www.genocide-museum.am http://www.genocide-museum.am/arm/pdf/ 
  3. 3,0 3,1 asbarez.com/arm/191185/ցեղասպանութիւն-եւ-տարհանում-հայ-երեխ/