Jump to content

Հայրենիք (օրաթերթ)

«Հայրենիք», ազգային, քաղաքական եւ գրական օրաթերթ։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ։ Լոյս կը տեսնէ 1 Մայիս 1899-էն սկսեալ` Նիւ Եորքի մէջ, իսկ 1900-էն՝ Պոսթընի մէջ: Մինչեւ 1913 ՝ շաբաթաթերթ, 1913-1915 երկօրեայ, Դեկտեմբեր 1915-էն՝ օրաթերթ։

Առաջին խմբագիր՝ Թովմաս Չարշաֆճեան, այնուհետեւ, տարբեր տարիներ խմբագրած են՝ Արշակ Վռամեան, Արամ Աշոտ (Ս. Մինասեան), Նշան Թաշճեան, Սիամանթօ, Յարութիւն Չագմաքճեան, Սիմոն Վրացեան, Մանուկ Համբարձումեան, Մերուժան Օզանեան, Սահակ Չթչեան, Նշան Տեստեկիւլ եւ Մինաս Վերածին, Ռուբէն Դարբինեան, Գուրգէն Մխիթարեան, Վալադ Վալադեան, Վարդգէս Ահարոնեան, Խոսրով Ներսէսեան, Մինաս Թէօլէօլեան, Երուանդ Խաթանասեան, Արմէն Պաղտոյեան, Գէորգ Տօնապետեան, Վաչէ Բրուտեան, Վահագն Գարագաշեան, Խաժակ Մկրտիչեան, Զաւէն Թորիկեան։

«Հայրենիք»-ի մէջ կը հրապարակուին նիւթեր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ անոր կազմակերպութիւններուն գործունէութեանց մասին, ինչպէս նաեւ՝ պաշտօնական փաստաթուղթեր։ Օրաթերթը լայնօրէն կը լուսաբանէ Հայկական Հարցը՝ անոր զարգացման բոլոր շրջաններուն, արեւմտահայերու դրութիւնը, հայ ժողովուրդին ազգային-ազատագրական պայքարը թրքական բռնապետութեան դէմ։

«Հայրենիք»ի թիւերուն մէջ լոյս տեսած են բազմաթիւ վաւերաթուղթեր, ականատեսներու վկայութիւններ եւ յուշագրութիւններ 1915-1923 Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ։ Թերթը կը խօսի Հայկական Սփիւռքի, ԱՄՆ-ի հայ համայնքին կեանքին, հայոց ինքնութեան պահպանման, նորաստեղծ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան աջակցելու եւ սատարելու մասին։

«Հայրենիք» շաբաթաթերթ։

Շատ «բաներ» կրնանք ըսել, յիշել, խօսիլ, բացայայտել։ Ինք՝ իբրեւ մեր հայ տարեց մամուլի ներկայացուցիչը, ամէն շաբաթ մեր արարքները շարունակեց գնահատել, առանց խտրականութեան, ու միշտ մեզի հետ ապրեցաւ եւ շնչեց։ Մեզի հետ ուրախացաւ եւ տխրեցաւ, որովհետեւ ինք մեր հայելին դարձած էր։ Մեր պատկերը։ Մեր հայու կամքի գաղտնի խորհուրդը։ Նոյնիսկ իբրեւ մնայուն արժէք, հայրենիքի, եկեղեցւոյ, դպրոցի, մշակոյթի եւ բոլոր ազգին բաղադրիչ մասնիկներով տագնապեցաւ ու այս բոլորին նոր յոյս եւ շունչ տալով, կերտեց մեր ազգային ու հաւաքական կարծիքը։ Վերջապէս՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթ։

Ինծի համար զինուոր մը։ Արթուն պահակ, որ կը շարունակէ ծառայել յանուն գաղափարին եւ իտէալին։ Ան մեր ազգային եւ կուսակցական ձգտումներուն խմորումը իր վաստակին մէջ, միշտ պատնէշի վրայ պայքարեցաւ եւ տակաւին արժանապատիւ գիտակցութեամբ եւ մանաւանդ խիզախութեամբ ու ճշմարիտ խօսքով կը շարունակէ իր ճամբան։


«Հայրենիք»ի Թուայնացում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Գրեթէ աւարտած է «Հայրենիք»ի եւ անգլերէն լեզուով՝ «Արմինիըն Ուիքլի»ի թուայնացման (Digitization) աշխատանքը։ Կը մնան քանի մը թիւեր, վերջնականապէս մեր տրամադրութեան տակ ունենալու այս հրատարակութիւններուն ամբողջութիւնը։ 1899-էն ի վեր է «Հայրենիք» եւ 1934-էն ի վեր «Արմինիըն Ուիքլի» իրենց բովանդակութեամբ, հետեւողական ձեւով ներդրում կ'ունենան ազգային, ընկերային եւ մշակութային բնագաւառներէ ներս[1]։
- ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ, Մասաչուսեց

[1]։

«Հայրենիք»ի խմբագիրներ

Անգլերէն բաժինի խմբագիրներ՝

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]