Jump to content

Խոսրով Ներսէսեան

Խոսրով Ներսէսեան
Ծնած է 1 Մայիս 1917(1917-05-01) (108 տարեկան)
Ծննդավայր Դիդիմոտիկա

Խոսրով Ներսէսեան (1 Մայիս 1917(1917-05-01), Դիդիմոտիկա - 1989), գրագէտ եւ հրապարակագիր, գրական անունով՝ Գիսաւոր։


Ներսէսեան ծնած է Թրակիոյ մայրաքաղաք Ադրիանապոլսոյ Օրեսթիաս կոչուած արուարձանին մէջ: Հայրը՝ Ներսէս Ներսէսեան, եղած է բնիկ պարտիզակցի ու մեծցած Պոլիս: Մայրը՝ Վերգինէ, բնիկ պոլսեցի:

Բ. Աշխարհամարտէն ետք, ընտանիքը կը հաստատուի Թրակիոյ Տիտիմօթիքա քաղաքը եւ Խոսրով կը սկսի յաճախել Արամեան Ազգային Վարժարանը: Յետագային Ֆրանսայի մէջ կը հետեւի տնտեսագիտութեան դասընթացքի:

Ուսանողութեան օրերէն աշխատակցած է հայերէն զանազան հրատարակութեանց: Շրջան մը Լիոնի մէջ եղած է հայերէն լեզուի ուսուցիչ:

Խոսրով Ներսէսեան ծառայած է հայ խմբագիրի մը յատուկ անսակարկ եւ ամբողջական նուիրումով: Իր խմբագրական աշխատանքներու ծիրին մէջ ազգային մտահոգութիւններէ թելադրուած, նիւթեր ընտրած էր դէմքեր ու դէպքեր, ու անոնց շուրջ հիւսած իր այնքան փնտռուած «Տոմսեր»ը:

Տարիներու ընթացքին Խոսրով Ներսէսեան գործած է «Հայրենիք»-ի աւագ խմբագիրներ Ռուբէն Դարբինեանի, Գուրգէն Մխիթարեանի, Երուանդ Խաթանասեանի, Մերուժան Օզանեանի եւ Մինաս Թէօլէօլեանի հետ ու բերած իր մասնակցութիւնը թերթի հրատարակութեան[1]:

Մահացած է 1989-ին։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Խմբագիրներ»։ Hairenik Weekly Newspaper (en-US)։ 2009-02-03։ արտագրուած է՝ 2022-02-14