Jump to content

Արշակ Վռամեան

Արշակ Վռամեան
Ծննդեան անուն Օննիկ Դերձակեան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Արշակ Վռամեան
Ծնած է 1871[1]
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 17 Ապրիլ 1915(1915-04-17)
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն Յեղափոխական, քաղաքական գործիչ
Աշխատավայր Դրօշակ
Հայրենիք
Վարած պաշտօններ գլխաւոր խմբագիր[2] եւ Օսմանեան կայսրութեան պատգամաւորներու պալատի անդամ.
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Արշակ Վռամեան (բուն անունով՝ Օննիկ Դերձակեան, 1871[1], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 17 Ապրիլ 1915(1915-04-17)), հայ ազգային-ազատագրական շարժումի գործիչ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ։

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Սուրէնեան վարժարանին մէջ, ապա 1889-ին Լեւոն Շանթին հետ մեկնած է Էջմիածին, ուր աւարտած է Գէորգեան Ճեմարանը։ Պոլիս վերադարձին, ռուսական նամակատան մը մէջ նպաստած է շոգենաւերու ուժանակի փոխադրութեան գործին։ Օկիմտա ծածկանունով աշխատակցած է Յովհաննէս Շահնազարի հրատարակած «Հայրենիք»-ին։

10 Օգոստոս 1896-ին մասնակցած է Պանք Օթոմանի գրաւման աշխատանքներուն։ Հետապնդման ենթարկուած է եւ, ամիս մը ռուսական հիւպատոսարանին մէջ պահուըտելէ ետք, ապահոված է պուլկարական անցագիր մը եւ անցած՝ Ֆիլիպէ, ուր զբաղած է հրապարակագրութեամբ։ 1898-ին մեկնած է Ժընեւ, ուր ստանձնած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան Արեւմտեան Բիւրոյի գործավարութիւնը եւ միաժամանակ աշխատակցած՝ «Դրօշակ»-ին։ Անցնելով Ամերիկա, գործօն կերպով մասնակցած է շրջանին մէջ Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցի ստեղծման աշխատանքներուն, խմբագրելով Պոսթըն«Հայրենիք»-ը։

1907-ին վերադարձած է Կովկաս եւ Սահմանադրութեան հռչակման ատեն, հանրային գործերու պատասխանատուութեամբ կ՛երթայ Վան ու ապա կը վերադառնայ Պոլիս, աշխատակցելով «Ազատամարտ»-ին։ 1908-ին, երիտթուրքերու յեղաշրջումէն ետք, ընտրուած է Օսմանեան Խորհրդարանի երեսփոխան։ 4 Ապրիլ 1915-ին զոհ գացած է դաւադրութեան մը Վանի մէջ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 Հայաստանի գրադարանների համահավաք գրացուցակ
  2. https://armenianweekly.com/history/