Սիամանթօ
Սիամանթօ | |
---|---|
| |
Ծննդեան անուն | Ատոմ Եարճանեան |
Ծնած է | 15 Օգոստոս 1878 |
Ծննդավայր | Ակն, Խարբերդի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 1915[1][2][3] |
Մահուան վայր | Անգարա, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Ազգութիւն | Հայ[4] |
Ուսումնավայր |
Պէրպէրեան Վարժարան Փարիզի Համալսարան |
Մասնագիտութիւն | բանաստեղծ, գրագէտ, լրագրող, քաղաքական գործիչ |
Վարած պաշտօններ | գլխաւոր խմբագիր[5] |
Կուսակցութիւն | Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն |
Ստորագրութիւն |
Սիամանթօ (Ատոմ Եարճանեան), (1878 - 1915), նշանաւոր բանաստեղծ եւ դիւցազներգակ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Ակն:
Նահապետական ու բաւական բարեկեցիկ ընտանիք մը եղած են Եարճանեանները, մանաւանդ որ տան հայրը` Յովհաննէս, լումայափոխ էր: Կողակիցը` Նազենի (ծնեալ` Բարունակեան), ազնիւ ու տոհմասէր տանտիկին մըն էր: Ատոմ Եարճանեան, որ ապագայ Սիամանթոն պիտի դառնար, ունէր մէկ եղբայր (Վահան) եւ երեք քոյր (Արմենուհի, Զապէլ եւ Արշալոյս)[6]:
Աւարտած է ծննդավայրին նախակրթարանը՝ աշակերտելով Գարեգին Եպիսկոպոս Սրուանձտեանցի։ Սրուանձտեանց շրջան մը հոգեւոր առաջնորդն էր Ակնայ ու տեղւոյն դպրոցին տեսուչը:Ան մշակած էր իր «Սիամանթօ եւ Խչեզարէ» հայ-քրտական սիրավէպ-աւանդազրոյցը եւ դպրոցին մէջ պատանի Ատոմը «մկրտեր» էր այս անունով:
Ընտանեօք կը տեղափոխուին Պոլիս, ուր նախ երկու տարեշրջան կը յաճախէ Գումգաբուի Միրիճանեան վարժարանը, որ անհատական կրթօճախ մըն էր, եւ ուր մասնաւորաբար ուժ կը տրուէր օտար լեզուի դասերուն (ֆրանսերէն, անգլերէն, յունարէն): Ապա կը յաճախէ տեղւոյն նշանաւոր Պէրպէրեան վարժարանը, ուր տնօրէն-ուսուցչապետ Ռեթէոս Պէրպէրեանի ու հմուտ դաստիարակներու շունչին տակ կը կազմաւորուէր ապագայ մտաւորականը:
Սեպտեմբեր 1896-ին, Համիտեան ջարդերուն պատճառով, հօրեղբօր հետ, շոգենաւով, խուճապահար կ'անցնի Եգիպտոս, ուր կը մնայ հազիւ քանի մը ամիս:
Կը նախընտրէ մեկնիլ Եւրոպա` ուսումը շարունակելու համար: Ուստի 1897-ին կը հասնի Ժընեւ, Զուիցերիա: Ատոմ Եարճանեան նախ կ'արձանագրուի ժընեւեան քոլէճի մը ծաղկամշակութեան բաժինը, սակայն շուտով կը հրաժարի հոնկէ, որովհետեւ այցելութեամբ մը Ժընեւ գտնուող Արշակ Չօպանեան կը թելադրէ իրեն Փարիզ գալ ու հետեւիլ գրականութեան:
Ապա կ'անցնի Փարիզ, ուր կը հետեւի Սորպոնի գրական դասընթացքներուն (1898-1901): Ուսանողական այս տարիներուն կ'ապրի նիւթապէս անձուկ կեանք մը: Կապեր կը մշակէ իրեն տարեկից հայ թէ օտար ուսանողներու հետ, կը սկսի ընթերցել եւրոպական գրականութեան դասական գործերը:
Կը վարակուի թոքախտով եւ կը դարմանուի Զուիցերիոյ բուժարաններէն մէկուն մէջ։ Շնորհիւ՝ զօրաւոր կամքին եւ ապրելու բուռն փափաքին, կ'ապաքինի 1908-ին։
Այդ տարիներուն, իբրեւ բժշկականի ուսանող, Լոզան կը գտնուէր նաեւ բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակ (Չիլինկիրեան), որ մօտէն ծանօթ էր Սիամանթոյի հիւանդութեան: Ան կը գրէ այս մասին.
Երբ կը հաստատուի Օսմանեան սահմանադրութիւնը, բազմաթիւ մտաւորականներու հետ, կը վերադառնայ Պոլիս։
1909-ին տեղի կ'ունենեայ Ատանայի կոտորածը, որուն ազդեցութեան տակ կը գրէ «Կարմիր Լուրեր Բարեկամէս» հատորը։
Սիամանթոյի կեանքին մէջ փակագիծ մըն է Ամերիկան, Միացեալ Նահանգներու մէջ իր կեցութիւնը: Այս կեցութիւնը կ'երկարի 1909-ի վերջին շաբաթներէն մինչեւ 1911-ի Յունիսը: Ընդամէնը` մէկուկէս տարի: Հոն, Եարճանեանի ժամանակաւոր կայքը կը հանդիսանայ Արեւելեան ափի Պոսթըն քաղաքը, ուր ան իբրեւ խմբագիր կը գործակցի տեղւոյն «Հայրենիք» շաբաթաթերթին[7]: Ամերիկայի մէջ ան կը ձեռնարկէ իր ամբողջական գործերուն հրատարակութեան եւ «Հայրենիք»ի տպարանէն լոյս կը բերէ 240 էջանի հատոր մը, 1910-ին: Հոն ի մի կը բերուին իր բոլոր գործերը բացի «Հայորդիները» շարքէն, այն ակնկալութեամբ, որ բանաստեղծը ի մօտոյ կ'ամբողջացնէ այդ շարքը ու ատիկա կը տպուի անջատաբար` իբրեւ ամբողջական գործերու Բ. հատոր: Այդ ծրագիրը, սակայն չ'իրականանար:
1913-ին՝ հայ գիրերու գիւտի 1500 ամեակին առիթով, կը գրէ «Սուրբ Մեսրոպը»։
1915-ին, Անգարայէն ոչ հեռու ձորի մը մէջ, թուրք խուժանները կը տանջեն զինք վայրենաբար`զէնքով, բրիչներով, քարերով եւ կացիններով։ Կը պատմեն, որ յաջորդ օրը վայրենի թուրքերը Անգարայի փողոցներուն մէջ կը շրջէին հայ մտաւորականներուն եւրոպական տարազներով։
Սիրոյ մը պատմութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հերոսուհին կը կոչուէր Սաթենիկ Ջաղէթեան: Թիֆլիսեցի էր ու հանրայայտ ընտանիքի մը դուստրը: Անոր եղբայրը` Գրիգոր Ջաղէթեան, տնտեսագէտ էր ու հետագային, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տարիներուն (1919-1920), պիտի վարէր ելեւմտից նախարարի պաշտօն (իր ստորագրութիւնը կ'երեւի հանրապետութեան թղթադրամներուն վրայ):
Սաթենիկ Թիֆլիսէն Լոզան եկած էր` տեղւոյն համալսարանը բժշկութիւն ուսանելու համար:
Երբ Սիամանթօ 1904-ին Փարիզէն Զուիցերիա կու գայ բուժուելու, նախ կը հանդիպի Լոզան, ուր հայ ուսանողները գուրգուրանքով կը շրջապատեն զինք: Անոնցմէ մէկն ալ Սաթենիկն էր, սակաւախօս ու աւանդապահ հայուհի մը:
Յաջորդող շաբաթներուն կամ ամիսներուն Սիամանթոյի հերթական հաւաքական հանդիպումները զուիցերաբնակ հայ ուսանողութեան հետ դէմ յանդիման կը բերեն զինք Սաթենիկին: Սիրոյ կայծ մը կը բռնկի երկուքին միջեւ:
Սիամանթօ, զուսպ, թէեւ զգալի կը դարձնէ, որ անտարբեր չէր աղջկան նկատմամբ, սակայն մօտաւորապէս մէկուկէս տարի ետք իր սէրը բացայայտօրէն կը յայտնէ օրիորդին:
Յարաբերութիւնը կը շարունակուի նոյն կշռոյթով: Անոնք կ'ունենան բազմաթիւ տեսակցութիւններ: Նամակներ ու բացիկներ կը փոխանակեն իրարու հետ (պատահած են օրեր, երբ Սիամանթօ օրական 2-3 բացիկ ղրկած է Սաթենիկին, նամակներ գրած է վարդագոյն թուղթի վրայ…):
Հայ-թաթարական կռիւներու բերումով`1905-ի վերջերը, շատ մտահոգիչ լուրեր կը սկսին հասնիլ Կովկասէն: Ամէն կողմ` ցոյցեր, գործադուլ, սպանութիւններ: Նոյն օրերուն Պոլիսէն կը հասնի նաեւ Սիամանթոյի հօր անձնասպանութեան լուրը:
Սաթենիկ, Սիամանթոյի կարծիքն ալ առնելէ ետք, Մարտ 1906-ին կ'որոշէ Թիֆլիս վերադառնալ` պահ մը ընտանիքին միանալու, ապա Սեպտեմբերին համալսարանական վերամուտին կրկին գալու մտադրութեամբ: Բայց այս երթը ճակատագրական կ'ըլլայ իրեն համար… Զայն ճամբու դրած ատեն Սիամանթօ կ'ըսէ. «Ժամանակը եւ տարածութիւնը զիս կը սարսափեցնեն»:
Սիամանթօ եւ օրդ. Ջաղէթեան, այնուամենայնիւ, կը շարունակեն իրենց նամակագրական գաղտնի կապը Լէյզենէն Թիֆլիս եւ հակառակ ուղութեամբ:
Նամակագրական այս կապին իրազեկ կը դառնան Սաթենիկին ծնողքը: Անոնք կը մերժեն, որ իրենց դուստրը իր կեանքը կապէ սանաթորիումներու մէջ դարմանուող հիւանդի մը հետ:
Սաթենիկ, որուն առջեւ այլեւս կը փակուէին Լոզան վերադառնալու յոյսերն ու կարելիութիւնը, իբրեւ հակազդեցութիւն այս բոլորին` կ'որոշէ Թաւրիզ (Պարսկաստան) անցնիլ ու նուիրուիլ ուսուցչութեան: Հո՛նկէ եւս նամակներ ու նուէրներ կը փոխանակեն երկուստեք, բայց կարճ միջոցէ մը ետք, վերջնականապէս կը խզեն իրենց կապերը:
Սաթենիկ Ջաղէթեան աւելի ուշ կ'ամուսնանայ Նիկոլ Սարգսեան անունով մանկավարժի մը հետ ու կ'ապրի Խորհրդային Հայաստանի մէջ: Ամուսինը զոհ կ'երթայ 1938-ի ստալինեան մաքրագործումներուն, իսկ իրենց միակ զաւակը կը զոհուի Բ. Համաշխարհային պատերազմ ճակատներուն վրայ:
Դժբախտ Սաթենիկ հետագային կը գրէ իր յուշերը ու 60-ական թուականներուն զանոնք կը յանձնէ Երեւանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի արխիւին (գրականագէտ Գուրգէն Գասպարեան աւելի ուշ զանոնք կը հրատարակէ «Գրականագիտական հանդէս»ին մէջ): Հոն, ի միջի այլոց, երկարօրէն կը խօսի նաեւ Սիամանթոյի հետ ունեցած իր զգացական կապերուն մասին:
Գործերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Դիւցազնօրէն», «Հայորդիներ», «Կարմիր Լուրեր Բարեկամէս», «Հայրենի Հրաւէր» եւ «Սուրբ Մեսրոպ»։ Սիամանթօ երգած է հայուն տառապանքը, նկարագրած է ջարդի արիւնոտ տեսարաններ, այդ վիթխարի վիշտէն կը ծնի ըմբոստութեան երգը։
Սիամանթօ իր բանաստեղծութիւնները գրած է ազատ չափով, որովհետեւ իր հզօր երեւակայութիւնը, փոթորկալի զգացումներն ու միտքի թռիչքները, չէին կրնար կաշկանդուիլ բանաստեղծական օրէնքներուն նեղ սահմաններուն մէջ։
Երկեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Հայորդիները», շարք Ա., Ժընեւ, 1905, 48 էջ:
- «Հայորդիները», շարք Բ., Ժընեւ, 1906, 32 էջ:
- «Հոգեւարքի եւ յոյսի ջահեր», Փարիզ, 1907, 64 էջ:
- «Հայորդիները», շարք Ա. եւ Բ., Կ. Պոլիս, 1908, 68 էջ:
- «Հայորդիները», շարք Գ., Փարիզ, 1908, 52 էջ:
- «Կարմիր լուրեր բարեկամէս», Կ. Պոլիս, 1909, 56 էջ:
- «Ամբողջական գործեր», հատ. Ա. Դիւցազնօրէն, «Հոգեւարքի եւ յոյսի ջահեր», «Կարմիր լուրեր բարեկամէս», «Հայրենի հրաւէր», Պոսթըն, 1910, 248 էջ:
- «Հոգեւարքի եւ յոյսի ջահեր», «Կարմիր լուրեր բարեկամէս», Պէյրութ, 1951, 84 էջ:
- «Ամբողջական գործեր», Պէյրութ, 1954, 504 էջ:
- «Հոգեւարքի եւ յոյսի ջահեր», Պէյրութ, 1955, 184 էջ:
- «Ընտիր երկեր», Երեւան, 1957, 252 էջ:
- «Ամբողջական գործեր» («Դիւզազնօրէն», «Հայորդիներ», «Հոգեւարքի եւ յոյսի ջահեր», Գահիրէ, 1960, 504 էջ:
- «Ամբողջական երկեր», Պէյրութ, 1974, 464 էջ:
- Սիամանթօ, Վարուժան Դանիէլ, Երկեր, Երեւան, 1979, էջ 21–196:
- «Ընտիր երկեր», Թեհրան, 1983, 232 էջ:
- «Ամբողջական երկեր» («Դիւզազնօրէն», «Հայորդիներ»,« Հոգեւարքի եւ յոյսի ջահեր», Անթիլիաս, 1989, 232 էջ:
- «Բանաստեղծութիւններ», Վենետիկ, 1993, 124 էջ:
- «Անտիպ երկերի ժողովածու», Երեւան, 2002, 520 էջ:
- «Հայրենի հրաւէր» (բանաստեղծութիւններ), Երեւան, 2003, 108 էջ:
- «Ընտրանի», Երեւան, 2003, 112 էջ:
- «Ստեղծագործութիւնների ժողովածու», Երեւան, 2012, 152 էջ:
- «Սուրբ Մեսրոպ պոեմ եւ այլ բանաստեղծութիւններ», Երեւան, 2012, 80 էջ:
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ատոմ Եարճանեան (Սիամանթօ), Գրական ասուլիսներ, գիրք 6, ԿՊ, 1913։
- Թամրազեան Հ., Սիամանթօ, Ե․, 1964։
- Ռշտունի, Սիամանթօ, 1970։
Աղբիւր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 144:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Միջազգային տիպօրինակ անունների նույնացուցիչ — 2012.
- ↑ Faceted Application of Subject Terminology
- ↑ Հայաստանի գրադարանների համահավաք գրացուցակ
- ↑ Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'hui — Maisons-Alfort: 2021. — P. 516. — ISBN 978-2-905686-93-0
- ↑ https://armenianweekly.com/history/
- ↑ Սիամանթոյին հետ
- ↑ Սիամանթոյի հետ
|