Jump to content

Գէորգ Պետիկեան

Գէորգ Պետիկեան
Ծննդավայր Հալէպ
Կրօնք Առաքելական
Մասնագիտութիւն Քիմիագիտութիւն, Հայագիտութիւն
Աշխատավայր Մանկավարժ, հրապարակագիր, արձակագիր
Ամուսին Լիզա Պայրամեան Պետիկեան
Ծնողներ Դեղագործ Հրանդ եւ Ազատուհի
Երեխաներ Մեծը՝ Հրանդ - հաշուապահ,Պզտիկ տղան՝ Արամ -Chiropractor

Գէորգ Պետիկեան (ծնած է Հալէպ, Սուրիա 27 Յունուար, 1943-ին), Գրող, մտաւորական, հայ լեզուի ու մտքի հանրածանօթ մշակ, երկարամեայ տնօրէն եւ վաստակաշատ դաստիարակ, գրական բեղուն վաստակ ունեցող ու ազգային գործիչ եւ հայ մամուլի անխոնջ աշխատակից:

Գէորգ Պետիկեան՝ ծնած է 1943-ին Հալէպ, Սուրիա: Նախնական ուսումը ստացած է Հալէպի Ազգ. Հայկազեան վարժարանէն ներս, իսկ երկրորդականը՝ Հալէպի Ազգ. «Քարէն Եփփէ» Ճեմարան, ուր եւ պաշտօնավարած է, ընթացաւարտ ըլլալէ ետք:

1070- ին հաստատուելով Պէյրութ-Լիբանան, աւարտած է Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ Ֆրանսական համալսարանի հայագիտական բաժինը:

Դամասկոսի, Հալէպի, Պէյրութի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ աւելի քան յիսուն տարիներ ուսուցչական ասպարէզին կողքին ունեցած է ազգային, հանրային եւ հասարակական բեղուն գործունէութիւն:

Եթէ կենսագրութիւնը մարդու մը դիմանկարն է», շարունակեց Պետիկեան, «անոր անցած ճամբան, ապա ուրեմն յոբելենական թուականները անկիւնադարձային հետեւանք ունենալով հանդերձ՝ կ'ապահովեն նոյն այդ անհատին գոյութիւնը, յարատեւութիւնը, բարգաւաճումն ու կենսունակութիւնը:[1]
- Գէորգ Պետիկեան


Գէորգ Պետիկեանի մտքի պարտքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գէորգ Պետիկեան պարզօրէն կը բնութագրէ իր տարած աշխատանքը ըսելով՝ «իմս՝ պարզապէս սրտի, խղճի եւ մտքի պարտքս է, որ կը կատարեմ։

Տղոցս միշտ ըսած եմ.- «Եթէ Լիզան կինս է, ապա գիր կամ գրականութիւնը՝ սիրուհիս։»

Հայ Մամուլի հետ աշխատակցութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ան համեստ աշխատակիցն է հայ մամուլին եւ յատկապէս՝ «Ասպարէզ» օրաթերթին, Քանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթին եւ Պէյրութի «Բագին» գրական պարբերաթերթին:

Կրթական պաշտօնավարութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1975-1980 տարիները Տիթրոյիթի Ամէնօրեայ վարժարանի հայերէն լեզուի ուսուցիչ եւ պատասխանատու՝ Տիթրոյիթի Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ վարժարանէն ներս:

1980 մինչեւ 2018. իբրեւ տնօրէն եւ հայերէն լեզուի ուսուցիչ՝ պաշտօնավարած է նախ Հ.Օ.Մ. ի Փասատինայի «Սօսէ», ապա Լա Քրէսէնթա Հովիտի «Թալին» մասնաճիւղերու Շաբաթօրեայ վարժարաններէն ներս:

Երկեր, Պատմուածքներ, Թատերախաղեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գէորգ Պետիկեան Ուսուցչական ասպարէզի կողքին ան միշտ զբաղած է գրականութեամբ: Ցարդ հրատարակած է 9 հատոր- «Մայթերու Անցորդը»(1999), «Անգոյն Տերեւներ» (2001), «Գրադարանս»(2004), «Բարեւ Հալէպ»(2007), «Դիմատետրս»(2011), «Պապիկը Կարդալ Չի Գիտեր»(2015), «Սա Մեր Բոլորին Հալէպն է»(2017), «Ես Տեսայ Անին»(2019) եւ «Տարին, որ Անցաւ»(2021):

Ան նաեւ հեղինակ է նաեւ երկու թատերգութիւններու -«Փոթորիկ Գաւաթ Մը Ջուրին մէջ»(2003) եւ «Հարսանիքէն Առաջ»(2010), որոնք մեծ յաջողութեամբ բեմականացուած են:

Ունի անտիպ երկեր եւ վէպ մը, ինչպէս նաեւ թատերախաղերու շարք մը:

Պատրաստած է նաեւ Միօրեայ-(Ուրբաթօրեայ-Շաբաթօրեայ) վարժարաններու աշակերտութեան յատուկ հայերէն լեզուի, քերականութեան եւ հայոց պատմութեան դասագիրքեր:

Հեղինակ է դպրոցական թատերախաղերու եւ ոտանաւորներու: Սիրայօժար զբաղած է գրականութեամբ եւ միաժամանակ աշխատակցելով հայրենի եւ Սփիւռքահայ գրական պարբերաթերթերու եւ ամէնօրեայ մամուլին:

Գէորգ Պետիկեանի «Բարեւ Հալէպ» նոր երկի գինեձօնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

5 Սեպտեմբեր 2008-ին, Կլէնտէյլի հանրային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Գէորգ Պետիկեանի «Բարեւ Հալէպ» նոր երկի գինեձօնը:

Օրուան բանախօսն էր Հալէպէն այս գինեձօնին համար յատուկ ժամանած հրապարակագիր եւ գրող, մեծարեալին նախկին աշակերտուհի Պերճուհի Աւետեանը: Ան գծեց Գէորգ Պետիկեանի անհատական ուրուագիծը՝ 1968-էն սկսեալ, երբ երիտասարդ հեղինակը ոտք կոխած է ուսուցչական աշխատանքի սեմը. ան պատմեց Պետիկեանի լրջութեան եւ միաժամանակ զուարթ նկարագրի, խորիմաստ թելադրանքներու եւ կատակախօսութիւններու մասին:

Մանրամասնութիւններ պատմելով գինեձօնուած երկին մասին՝ Աւետեան ներկայացուց, թէ գիրքը կ՛ընդգրկէ 21 արձակ եւ 4 չափածոյ կտորներ, (ոչ բոլորը, բայց) մեծ մասամբ նուիրուած 40 տարի բաժանումէ ետք հեղինակին Հալէպ այցելութիւն-ուղեւորութեան՝ վերադարձին դէպի այդ պարզունակ կեանքը եւ պարզունակ, բայց շատ մարդասէր բնակիչները:

Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ ամերիկեան միջավայրէն քաղուած միջադէպեր եւ մտորումներ: Նկարագրութիւններուն յուզականութիւնը խորապէս տպաւորիչ դարձուցած է գիրքին բոլոր կտորները: Աւետեան իր ելոյթը եզրափակեց, ըսելով. ««Բարեւ Հալէպ»ը ջերմացուց Սփիւռքի գրականութեան գորշ երկինքը»:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆԻ »ԴԻՄԱՏԵՏՐՍ« ԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

19 Դեկտեմբեր, 2012-ի, երեկոյեան ժամը 7-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութեան եւ Ազգային Առաջնորդարանի Մշակութային-Դաստիրակչական Յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ ծանօթ հրապարակագիր, ուսուցիչ ու գրող Գէորգ Պետիկեանի նորագոյն գիրքին՝ «Դիմատետրս» հատորին ողջունահանդէսը: Ձեռնարկը կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը: Ներկայ էին Կրօնական Ժողովի ու Ազգային Վարչութեան անդամներ, գրողներ, մշակոյթի գործիչներ եւ մեծ թիւով գրասէր հասարակութիւն։ Հատորին ներկայացման կողքին, կիրարկուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։

Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ Գէորգ Պետիկեանի ծննդավայր Հալէպը կարեւոր տեղ ունի ո՛չ միայն անոր գրականութեան մէջ, այլ նաեւ յետեղեռնեան մեր կեանքին մէջ, եղած է բազմաթիւ այլ հայօճախներու մայրը եւ աւիշի աղբիւրը։

Հալէպ՝ Մեր Հէքեաթային Քաղաքը

Խօսի՛լ Հալէպի մասին, կը նշանակէ, խօսի՛լ Արեւելքի մասին։ Անմեղութեան շքեղութիւն եւ շքեղ անմեղութիւն։ Միլիոնաւոր մարդոց հին ու նոր յիշատակներու խառն բուրում։ Քաղաք մը, որուն պատերն ու ճամբաներն իսկ դեռ չպատմուած հեքիաթներ ունի։ Հոն, կարծես տպաւորիչ ու անզուգական խորհուրդ մըն ալ կայ, որ կապուած է մեր անցեալին հետ, իբրեւ անուշ շարական, իբրեւ՝ աւանդապաշտ ոգիով գրուած պարզ գիրք։[2]
- Գէորգ Պետիկեան


ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆԻ «Ես Տեսայ Անին» ԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հինգշաբթի, 25 Յուլիս 2019-ի կէսօրէ ետք ժամը 3-ին, Երեւանի «Ա. Իսահակեան»ի անուան գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ամերիկաբնակ ծանօթ գրող, մտաւորական եւ կրթական մշակ Գէորգ Պետիկեանի նոր լոյս ընծայած՝ «Ես Տեսայ Անին» հատորի շնորհահանդէսը։ Ձեռնարկին, հեղինակին եւ իր կնոջ կողքին ներկայ էին Պետիկեանի Երեւանաբնակ նախկին աշակերտ-աշակերտուհիներէն շատեր, Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէի ճեմարանականներ, հայրենի մտաւորականներ եւ հալէպցի ու հայրենի մշակութասէրներու հոծ բազմութիւն մը։

Պէտք է նշել, որ երեկոն նախաձեռնած էին Ա. Ի. անուան գրադարանի տնօրէնուհի՝ Յասմիկ Կարապետեանը, Բանասիրական Գիտութիւններու Դոկտոր՝ Մարգարիտա Խաչատրեանն ու ծանօթ մտաւորական Գէորգ Եազըճեան՝ միասնաբար։ Իբրեւ օրուան յայտագիր նախ Այիդա Ասատուրեան ընթերցեց հատորէն «Խոստովանանք» պատմուածքը, յետոյ յաջորդաբար խօսք առին Գէորգ Եազըճեանը, Ջուլիետա Գալստեանը, լրագրողներու միութեան անդամ՝ Մարիամ Ստեփանեանը եւ ապա Դոկտոր Խաչատրեանը։ Բոլոր խօսք առնողներն ալ հատորէն յատուկ պատմուածքներ կարդացին եւ միեւնոյն ժամանակ վեր առին Պետիկեան արեւմտահայ գրողի տաղանդն ու ոճը, անոր սահուն եւ հիւմուրոտ լեզուն, անոր կեանքն ու ցարդ հրատարակած 7 հատորներէն բխող սփիւռքահայ գրողի արժէքը։

Վերջին՝ սրտի իր խօսքով ելոյթ ունեցաւ հեղինակ Գէորգ Պետիկեան՝ մեծապէս տպաւորելով ներկաները, որմէ ետք մակագրեց իր նուիրած բոլոր հատորները։

Գէորգ Պետիկեան՝ Հայաստանի Գրողներու Միութեան Անդամ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2015-էն ի վեր անդամ է «Հայաստանի Գրողների Միութեան»:

Պարգեւ՝ «Մայրենի Դեսպան»ի շքանշան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2015-ին Լոս Անճելըսի մէջ հանդիսաւոր կերպով պարգեւատրուած է Հ.Հ. Սփիւռքի Նախարարութեան «Մայրենի Դեսպան» շքանշանով։

17 Մայիս 2015-ի,նախաձեռնութեամբ Ամերիկայի Խարբերդ մշակութային միութեան, իր յիսնամեայ վաստակին առ ի գնահատանք եւ երախտագիտութիւն, յատուկ հանդիսութեամբ պարգեւատրուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենի Դեսպան»ի շքանշանով:

ՀՀ Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ Վալերի Մկրտումեան իր կարգին, նախ բեմ հրաւիրեց յոբելեար Գէորգ Պետիկեանը եւ ապա իր սրտի խօսքով շեշտեց հայ մշակոյթի արժէքն ու անոր անհրաժեշտութիւնն ու էականութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Մկրտումեան նաեւ մեծապէս գնահատեց հայ մշակոյթի սպասարկու եւ խնկարկու Պետիկեանի խոնջէնքը եւ յատկապէս անոր հայ գրողի, մտաւորականի եւ հայ ուսուցիչի վաստակը, ապա սրահի խանդավառ մթնոլորտին եւ ծափողջոյններու տարափին մէջ, անոր կուրծքը զարդարեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենի Դեսպան»ի շքանշանով՝ ընթերցելէ ետք անոր համապատասխան վկայագիրը:

«Շնորհուած այս շքանշանը մեծարանք ըլլալէ աւելի պատգամ ալ է», ըսաւ Պետիկեան, եւ աւելցուց, թէ «հպարտանք ըլլալէ աւելի, նաեւ միտքին նոր հոսք եւ ներշնչում առաքող մըն ալ է»:[1]
- Գէորգ Պետիկեան


Ձեռնարկին, Վաչէ արք. Յովսէփեանի կողքին, ներկայ էին նաեւ թեմակալ երկու առաջնորդներու ներկայացուցիչները, ՀՀ Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոսի ներկայացուցիչ Վալերի Մկրտումեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեան, հայ մամուլի ներկայացուցիչներ, Մաշտոց քոլեճի հիմնադիր-տնօրէն դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, գաղութիս Համազգայինի ինչպէս նաեւ Մարաշի, Պէյլանի, Այնթապի եւ Հաճընի հայրենակցական, մշակութային միութիւններու, նաեւ ՀՕՄի ներկայացուցիչներ եւ Պետիկեանի ընտանեկան պարագաներն ու ազգականները, Հալէպի ճեմարանական անոր ընկերներն ու աշակերտ-աշակերտուհիները, շրջանէն մտաւորականներ, անոր դասընկերները, վարժարաններու ուսուցիչներն ու ուսուցչուհիները եւ շուրջ 250 հիւրեր եւ մշակութասէրներ:

17 Մայիս, 2015-ի, Գէորգ Պետիկեանի յիսնամեայ վաստակին առ ի գնահատանք եւ երախտագիտութիւն, Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեան անդամ Փօլ Գրիգորեան նախ արտասանեց իր սրտի խօսքը՝ վեր առնելով Խարբերդն ու Պետիկեան խարբերդցիին արժանիքները, ապա անձամբ կարգով յանձնեց հետեւեալ գնահատագիրները՝

  • S.S. House of Representative Adam B. Schiff-էն
  • County of Los Angeles 5 Supervisors-ներու ստորագրութեամբ,
  • Board of Supervisors County of Los Angeles Michael D. Antonovich-էն,
  • City of Los Angeles-Paul Krikorian-էն,
  • California State Senate-Carol Sue-էն,
  • California Legislature, Assembly, Khatchik H. Katcho Achadjian-էն
  • California Legislature, Assembly, Make Gatto-էն
  • Mashdots College Lifetime Achievement Award, Garbis Der Yeghiayan, PhD-էն,
  • City of Glendale, Mayor Ara Najarian-էն։ Այս վերջինը՝ Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեան իր սրտի խօսքէն ետք անձամբ յանձնեց:

Ծան0թագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]