Jump to content

Հայկ Պոնափարթեան

Հայկ Պոնափարթեան
Ծնած է 18 Հոկտեմբեր 1880(1880-10-18)
Ծննդավայր Մալաթիա, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 10 Յունուար 1955(1955-01-10) (74 տարեկանին)
Մահուան վայր Կլենտէյլ, Լոս Անճելըս շրջան, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն զինուորական, քաղաքական գործիչ

Հայկ խաչատուր Պոնափարթեան (18 Հոկտեմբեր 1880(1880-10-18), Մալաթիա, Օսմանեան Կայսրութիւն - 10 Յունուար 1955(1955-01-10), Կլենտէյլ, Լոս Անճելըս շրջան, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), հայ հրամանատար բժիշկ։

Կեանք եւ գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Մալաթիա: 1895-ին ծննդավայրին մէջ մասնակցած է թուրք խուժանի դէմ մը դէմ բախումի մը եւ յաղթական դուրս եկած է: Բժշկակակ վկայական ստացած է 1908-ին: 1914-15 ծառայած է Օսմանեան բանակին, իբրեւ բժիշկ: 1914-ի կիսուն, ռուս-թրքական ճակատին վրայ ծառայութեան օրերուն, ընկերներու հետ ձիերով փախուստ տուած է թրքական բանակէն, անցած է Ծանծաղ գետը եւ յանձնուած է ռուսական զօրքին: Տեղափոխուած է Կովկաս եւ միացած է զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի կամաւորական բանակին: 1914-1920 եղած է անոր անձնական բժիշկը, թարգմանիչը եւ թիկնապահը: 14 Սեպտեմբեր 1915-ին, Երեւանի մէջ Սիմոն Վրացեանին հետ դիմաւորած է Ամերիկայէն ժամանած հայ կամաւորներու 500 հոգինոց խումբը:

Եղած է Հ․Յ․Դ․-ի անդամ, սակայն որոշ տարակարծութիւններու պատճառով դուրս եկած է Հ․Յ․Դ․-էն եւ միացած է Զօր. Անդրանիկի կամաւորական բանակին՝ վաշտապետ- հարիւրապետ աստիճանով: 1917-ին անցած է Թիֆլիս եւ զորավար Անդրանիկի նախաձեռնութեամբ հրատարակած է արեւմտահայերու «Հայաստան» թերթը:

2-11 Մայիս 1917-ին, Երեւանի մէջ կայացած է արեւմտահայաստանցիներու առաջին համագումարը: Բժիշկ Հայկ Պոնափարթեան եղած է 59 պատգամաւորներէն մէկը: Ընտրուած է Ազգային Խորհուրդի անդամ, մէկը՝ անոր 15 անդամներէն: Յաջորդ տարիներուն եւս վարած է նոյն պաշտօնը: Պոնափարթեան մասնակցած է զորավար Անդրանիկի բոլոր արշաւանքներուն եւ կռիւներուն: Ան եղած է Զանգեզուրի հայկական ինքնապաշտպանական շրջաններէն մէկուն հրամանատարը: Անդրանիկի կողքին եղած է Կարինի պաշտպանութեան օրերուն, Փետրուար 10-27, 1918-ին:

Կարինի անկումէն ետք, մասնակցած է Զանգեզուրի պաշտպանական կռիւներուն: 1919-ին մաս կազմած է հայկական պատուիրակութեան եւ այցելած է Ֆրանսա: Այցին նպատակը եղած է Հայ ազատագրական պայքարի շարունակումը եւ հայկական Կիլիկիոյ ազատագրումը։ Ան Փարիզի մէջ հանդիպած է հայ ականաւոր գործիչներու՝ Պօղոս Նուպա Փաշայի, Գաբրիէլ Նորատունկեանի, Վահան Փափազեանի, Աւետիս Թերզիպաշեանին եւ Ֆրանսայի նախագահին:

Հայաստանի․Հանրապետութեան․ պատուիրակութիւնը 1919-ին պաշտօնական այցելութեամբ ժամանած է ԱՄՆ: Պատուիրակութեան անդամ եղած է զօրավար Անդրանիկ: Բժիշկ Հայկ Պոնափարթեան ընկերացած է զօրավար Անդրանիկի՝ իբրեւ անոր անձնական բժիշկը, թիկնապահը եւ աջակիցը: Բժիշկ Հայկ Պոնափարթեան զօրավար Անդրանիկի ընկերացած է նաեւ անոր Անգլիա եւ Եգիպտոս այցելութիւններուն, 1920-ին:

Ան եղած է անուանի հռետոր: Մահացած է Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա, եւ թաղուած է Կլենտէյլի «Ֆորէսթ Լոն Մեմորըէլ Փարք» գերեզմանատան մէջ[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Բժիշկ Յարութիւն Մինասեան, Հայազգի բժիշկ-գործիչներ, Երեւան, 2020:
  2. Վիքիփետիա, Ազատ հանրագիտարան Հայկ Բոնապարտյան: