Կապաղակ
Բնակավայր | |
---|---|
Կապաղակ | |
Երկիր | Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն |
Ժամային գօտի | UTC+4։00 |
Կապաղակ, անցեալի Աղուանքի մայրաքաղաքը, կը գտնուի Մեծ Կովկասի լանջերուն, Տամիրափարանչայ գետի աջ ափին, 900 մ բարձրութեան վրայ եւ աւելի քան չորս հազար մեթր բարձրութեամբ Պազարտոզու, Պազարեուրտ եւ Թուֆանլի ձիւնածածկ գագաթներով շրջապատուած է:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հին Կապաղակի աւերակները կը գտնուին ներկայ Կապաղակ (Կապալա) քաղաքէն քիչ հեռու եւ եղած է պարսպապատ ու ամրոցանման:
Կապաղակ պատմութեան մէջ յիշուած է Ք.Ա. 4-րդ դարէն: Աղուանէն առաջ գահակալները զայն իրենց մայրաքաղաքը ըրած են: Հետագային մայրաքաղաքը Չող կը փոխադրուի, բայց այնուհետեւ Կապաղակ կը շարունակէ մնալ մայրաքաղաք:
Սասանեան Պարսկաստան եւ Բիւզանդիոն 387-ին Հայաստանը կը բաժնեն իրենց միջեւ: Պարսիկներ Արցախը եւ Ուտիքը Աղուանքի կը միացնեն եւ Աղուանից մարզպանութիւնը կը հիմնեն Կապաղակ մայրաքաղաքով:
Հետագային, 462-ին մարզապանութեան կեդրոնը Պարտաւ կը փոխադրուի:
Արաբական տիրապետութեան հաստատումէն ետք, Է. դարուն, Աղուանք խալիֆայութեան Արմինիա երկրամասին կը միացուի: Կապաղակի եւ շրջակայքին մէջ իսլամական համայնքներ կը կազմաւորուին:
Վրաց Դաւիթ Դ. թագաւոր 1120-ին կը գրաւէ Կապաղակը:
Մոնկոլ թաթարական արշաւանքներու պայմաններուն տակ, քրիստոնեաներուն թիւը կը նուազի եւ իսլամութեան տարածումը լայն ծաւալ մը կը ստանայ:
Լենկ-Թիմուր 1386-ին կը գրաւէ եւ կ'աւերէ Կապաղակը:
Սեֆեան Պարսկաստանի շահ Թահմասպ Ա. 1538-ին կը գրաւէ Կապաղակը: Իսկ Նատիր շահ 1734-ին կը նուաճէ շրջանը:
Նատիր շահի սպանութենէն ետք, 1747-ին կը կազմաւորուի Կուտկաշէնի սուլթանութիւնը:
Կուտկաշէնի կամ Կապաղակի սուլթանութեան գահակալներէն յիշուած են Հաճի Սաֆի Սուլթան, Քալպալի Սուլթան եւ Հաճի Նասրուլլահ:
Կապաղակի սուլթանութիւնը 1813-ին Ռուսական կայսրութեան կը միացուի:
Կլիմայ եւ բուսականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կապաղակ ջրառատ քաղաք է: Գրեթէ ամէն տուն ունի իր բակէն վազող ջուրեր, իսկ Եօթը չքնաղ կոչուող ջրվէժը եօթը ուղղութիւններով կը հոսի:
Ամբողջ քաղաքը տանձի, խնձորի, դեղձի, սալորի, զղեարի, թութի, կեռասի, սերկեւիլի, ընկոյզի եւ շագանակի ծառաստաններով եւ անտառներով շրջապատուած է, իսկ Կապաղակի արքայակաղինը անուանի է իր մեծութեամբ եւ բարակ կեղեւով:
Կապաղակէն քիչ հեռու Նոհուր լիճն է:
Կապաղակի բնակիչները քրիստոնէութենէ իսլամացուած եւ թրքախօս դարձած են[1]: