Jump to content

Գրիգոր Նազիանզացի

(Վերայղուած է Գրիգոր Աստուածաբան-էն)
Գրիգոր Նազիանզացի
Ժամանակաշրջան Հռոմէական Կայսրութիւն
Ծնունդ 329[1][2] կամ 330[3]
Ծննդավայր Արիանզա, Կապադովկիա, Հռոմէական Կայսրութիւն կամ Նազիանզ, Կապադովկիա, Հռոմէական Կայսրութիւն
Վախճան 25 Յունուար 389 կամ 390[3]
Վախճան վայր Արիանզա, Կապադովկիա, Հռոմէական Կայսրութիւն կամ Նազիանզ, Կապադովկիա, Հռոմէական Կայսրութիւն
Թաղման վայր Կոստանդնուպոլիս
Եկեղեցի քրիստոնէութիւն[4]
Սրբացուած կարգ սուրբ?
Յիշատակութեան օր 2 Յունուար[5] եւ 25 Յունուար
Աշխատանք քահանայ, եպիսկոպոս, քարոզիչ, աստուածաբան, բանաստեղծ, Վերտարագիրերու հեղինակ
Պաշտօն Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք եւ Թեմի առաջնորդ
Ապրելաձեւ խորհրդապաշտութիւն
Երկիր Հին Հռոմ
Կրթութիւն Պղատոնական Ակադեմիա
Ուսուցիչ Հիմերիուս, Բարսեղ Կեսարացի, Յոյն Եպիսկոպոս եւ Պարոյր Հայկազն
Ստեղծագործութիւն Հոգին եւ Յարութիւնը
Մայր Նոնա Նազիանզացի[6][7]
Հայր Գրիգոր Նազիանզացի Երէց
Քոյր/եղբայր Նազիանզացի Կեսար եւ Կորկոնիա Նազիանզացի


Գրիգոր Նազիանզացի (յուն․՝ Γρηγόριος Ναζιανζηνός, ծանօթ է նաեւ իբրեւ Գրիգոր Աստուածաբան, 329[1][2] կամ 330[3], Արիանզա, Կապադովկիա, Հռոմէական Կայսրութիւն
Նազիանզ, Կապադովկիա, Հռոմէական Կայսրութիւն - 25 Յունուար 389 կամ 390[3], Արիանզա, Կապադովկիա, Հռոմէական Կայսրութիւն
Նազիանզ, Կապադովկիա, Հռոմէական Կայսրութիւն), քրիստոնեայ աստուածաբան, Եկեղեցւոյ հայրերէն մէկը, Բարսեղ Կեսարացիի ընկերն ու գործակիցը։ Ընդհանրական եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ սուրբ։ Բարսեղ Կեսարացիի եւ Գրիգոր Նիւսացիի հետ «երեք մեծ կապադովկիացիներու» եռեակը կը կազմէ։ Յամառ պայքար մղած է արիոսականներու դէմ։ Հարուստ գրական ժառանգութիւն ձգած է, որուն մեծ մասը հայերէնի թարգմանուած է Ե.-Ը. դարերու ընթացքին։

Ծնած է Կապադովկիոյ Նազիանզ գիւղաքաղաքին մօտակայքը գտնուող Արիանզա գիւղին մէջ: Մանուկ Գրիգորը շատ ուսումնասէր եղած է: Ուսում ստացած է Կեսարիոյ, Պաղեստինի, Աղեքսանդրիոյ եւ Աթէնքի մէջ: Աթէնքի մէջ յատկապէս հմտացած է Աստուածաշունչ մատեանին ուսումնասիրութեամբ, ինչպէս նաեւ փիլիսոփայութիւն եւ հռետորական արուեստ սորված է Սուրբ Բարսեղ Կեսարացիին հետ, որուն հետ մտերիմ ընկեր ու գործակից եղած է:

Ուսումնառութենէն ետք վերադարձած է Նազիանզ եւ ուխտած է միայնակ ապրիլ ու նուիրուիլ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան եւ առաքինի վարքի:

Ժամանակ մը ետք Պոնտոս անցած է եւ ճգնութեամբ ապրած, սակայն իմանալով իր հօր՝ Գրիգոր Եպիսկոպոսին ունեցած դժուարութիւններուն մասին արիոսականութեան դէմ պայքարին մէջ, վերադարձած է իր հօր մօտ օգնելու համար անոր, եւ յամառ պայքար մղած է անոնց դէմ:

361-ին իր հայրը զինք քահանայ ձեռնադրած է: 372-ին, Սուրբ Բարսեղ Կեսարացին զինք եպիսկոպոս օծած է եւ նշանակուած է Սասիմա քաղաքի մէջ ծառայութեան:

381-ին, Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական երկրորդ ժողովի առաջին նիստին, ան Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարք ընտրուած է եւ տասներկու տարի վարած է այդ պաշտօնը[8]:

Գրած է 45 ճառ, 237 նամակ եւ բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ։ Ճառերուն մեծ մասը հակաճառական, դաւանաբանական բնոյթի է, 5-ը՝ ներբողական, 9-ը՝ տօնախօսական։ Աւելի նշանաւոր են անոր աստուածաբանական հինգ ճառերը, որոնք արտասանած է աղանդաւորներու դէմ Կ. Պոլսոյ 380-ի ժողովին։ Այդ ճառերուն համար Գրիգոր Նազիանզացին կոչած են «Աստուածաբան»։

  • Առաջին ճառը, ըստ էութեան, Աստուծոյ եւ Ս. Երրորդութեան վերաբերեալ վարդապետութեան ներածութիւնն է։
  • Երկրորդ անգամ կը խօսի Աստուծոյ գոյութեան եւ բնութեան, անոր ստորոգելիներու մասին։
  • Երրորդ ճառը կը բացատրուի Երրորդութեան երեք աստուածային անձերու միութիւնը եւ Լոգոսի (Բանի) աստուածութիւնն ու համագոյութիւնը Հայր Աստուծոյ հետ։
  • Չորրորդ ճառը հակաճառութիւնն ու հերքումն է արիոսականութեան, հինգերորդը նուիրուած է Ս. Հոգիի աստուածութեան պաշտպանութեան՝ ընդդէմ Մակեդոնի հոգեմարտ վարդապետութեան։ Գրիգոր Նազիանզացին պատուիրած է չքննել Որդիի ծննդեան եւ Սուրբ Հոգւոյն բխման խորհուրդը, քանզի անոնք վեր են մարդկային կարողութենէն։ «Հերոնի մասին» ճառին մէջ սորվեցուցած է եռանձնեայ Աստուածութեան չվերագրել երեք սկիզբ, որպէսզի որեւէ հեթանոսական կամ բազմաստուածութեան գաղափար տեղ չգտնէ ուղղափառ դաւանութեան մէջ։

Գրիգոր Նազիանզացի ներբողական եւ վարքագրական բնոյթի քանի մը ճառեր ունին պաշտամունքային-տօնական քարոզներու նկարագիր եւ նուիրուած են Ս. Ծննդեան, Աստուածայայտնութեան, Նոր Կիրակիի եւ Հոգեգալստեան օրերուն։ Յատկանշական են անոր «Յաւուր պատշաճ»ի արտասանած ճառերը, որոնցմէ ամէնէն նշանաւորը «Փախուստի ջատագովութիւն» կամ հայկական մատենագրութեան մէջ յայտնի «Փախուստ ի Պոնտոս» ճառն է։ Անիկա նուիրուած է քահանայական կոչման վեհութեան եւ լրջութեան, պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեան կոչ է հոգեւոր պաշտօն ստանձնողներուն։

Գրիգոր Նազիանզացիի չափածոյ գրութիւնները (բանաստեղծութիւններ) լի են աստուածապաշտութեամբ լուսաւորուած ճշմարիտ բնական ձգտումով եւ փիլիսոփայական խոր միտքերով։ Անոր դաւանաբանական չափածոյ երկերը նուիրուած են Ս. Երրորդութեան, Արարչագործութեան բացատրութեան, աստուածային նախախնամութեան, մարդու ստեղծման ու անկման, Մարդեղութեան խորհուրդին, Յիսուս Քրիստոսի հրաշագործութիւններուն ու առակներուն եւ Աստուածաշունչի կանոնական գիրքերուն։ Բանաստեղծութիւններուն մեծ մասը պատմական եւ ինքնակենսագրական բնոյթի ստեղծագործութիւններ են։

Գրիգոր Նազիանզացիի աստուածաբանութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրիգոր Նազիանզացիի աստուածաբանութիւնը կը բնորոշուի երեք հիմնական յատկանիշներով.

  1. Երրորդաբանական ուսմունքի բանաձեւով՝ Աստուած մէկ է ըստ էութեան եւ երեք՝ ըստ դէմքերու։ Սուրբ Երրորդութեան դէմքերու միասնութիւնը կ'արտայայտուի՝ մէկ Աստուածութիւն, մէկ էութիւն, մէկ բնութիւն, իսկ դէմքերու երրորդութիւնը՝ երեք դէմք, երեք անձնաւորութիւն, իւրաքանչիւր դէմքի առանձնայատկութիւնը՝ անծնունդութիւն, ծնունդ եւ բխում եզրերով։ Գրիգոր Նազիանզացիի՝ Սուրբ Հոգիի վերաբերեալ ուսմունքն առաւել աւարտուն է, քան Բարսեղ Կեսարացիինը։ Եթէ վերջինս Սուրբ Հոգին Աստուած կ'անուանէ ոչ ուղղակիօրէն, ապա Գրիգոր Նազիանզացին կը զարգացնէ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Հոգիի՝ իբրեւ Աստուածութեան շարունակուող յայտնութեան մասին ուսմունքը։ Ըստ Բարսեղ Կեսարացիի, Սուրբ Հոգւոյ դիմային առանձնայատկութիւնը անոր սրբութիւնն է (Նիկիական դաւանանքին համաձայն, սրբութիւն ունին Աստուածութեան երեք դէմքերն ալ), ըստ Գրիգոր Նազիանզացիի՝ բխման։
  2. Ըստ Գրիգոր Նազիանզացիի՝ Յիսուս Քրիստոսի մարդկային բնութիւնը կազմուած է ոչ միայն մարմինէն եւ հոգիէն, ինչպէս կը պնդէր Ապողինարիոս Լաոդիկեցին, այլեւ՝ միտքէն։ Միայն անմարմին միտքի միջոցով Բանը կրնար միաւորուիլ մարդու մարմնին ու հոգին։ Փրկութիւնը կը կատարուի մարդու բնութեան աստուածացմամբ, որ տեղի կ'ունենայ Աստուածութեան հետ միաւորման շնորհիւ։ Չնայած Յիսուս Քրիստոսի մէջ Աստուածութեան եւ մարդու բնութեան միաւորման, Աստուածամարդու անձը միասնական եւ անբաժանելի է։
  3. Ինչպէս կապադովկեան միւս հայրերը (Բարսեղ Կեսարացի, Գրիգոր Նիւսացի), Գրիգոր Նազիանզացի եւս Որոգինէսի աստուածաբանութեան ազդեցութիւնը կը կրէ։ Երեք մեծ կապադովկիացի հայրապետները շարունակողներն են Աթանաս Աղեքսանդրացիի աստուածաբանութեան։ Անոնց հաստատած աստուածաբանական բանաձեւերը, հասկացութիւնները (յատկապէս Ս. Երրորդութեան ուղղափառ ըմբռնման հարցին մէջ) մեծ նշանակութիւն ունեցած են հետագայ դարերու աստուածաբանական, քրիստոսաբանական միտքի զարգացման համար։

Գրիգոր Նազիանզացին Եւ Հայոց եկեղեցին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրիգոր Նազիանզացիի մատենագրական վաստակին մէկ մասը (նաեւ անոր նշանաւոր «Պատարագամատոյցը») հայերէնի թարգմանուած է Ե. դարուն։ Նշանաւոր է «Քրիստոս ծնեալ» (12 ճառ), «Յաղթեցայ» (8 ճառ), «Առ որս» (15 ճառ), «Որք Եգիպտոսէն են» (11 ճառ) ճառաշարերը։ Միջնադարեան Հայաստանի մէջ Գրիգոր Նազիանզացիի երկերու տեսական աւելի օգտաշատ հատուածներ խմբագրուած եւ օգտագործուած են իբրեւ ասուածաբանական բարձրագոյն ուսումնական ձեռնարկներ («Առ որս» ճառաշարը, «Հարցումն Բարսեղի եւ Ս. Գրիգորի Աստուածաբանին» եւ այլն), գրուած լուծմունքներ։ Անոր աշխատութիւններու աստուածաբանական հայեցակէտէն աւելի կարեւոր հատուածներ վկայաբերուած են հայ դաւանաբանական մատենագրութեան մէջ։ Գրիգոր Նազիանզացիի գործերէն հայերէն թարգմանութեամբ (մէկ ճառ) առաջին անգամ տպագրուած է «Գիրք եւ ճառ հոգեշահ» ժողովածուին մէջ (1722), ճառերէն բազմաթիւ հատուածներ վկայակոչուած են «Կնիք հաւատոյ» ժողովածուին մէջ, Տիմոթէոս Կուզի «Հակաճառութիւն» (1908) երկին մէջ, Անանիա Սանահնեցիի, Վարդան Այգեկցիի երկերուն եւ այլ երկերուն մէջ։

Հայ եկեղեցին Ս. Գրիգոր Նազիանզացիի յիշատակը կը տօնէ տարին երկու անգամ՝ Ս. Ծննդեան երրորդ Կիրակիին նախորդող Շաբաթ օրը եւ Հոկտեմբերի վերջին Շաբաթ օրը՝ «երկոտասան վարդապետաց» հետ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 (unspecified title)
  2. 2,0 2,1 hymnary.orgԿալվինի հոգևոր ճեմարան, Christian Classics Ethereal Library.
  3. 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 BeWeB
  4. Catholic-Hierarchy.orgUSA: 1990.
  5. Calendarium Romanum: Ex decreto Sacrosancti Œcumenici Concilii Vaticani II instauratum auctoritate Pauli PP. VI promulgatum. Editio typicaCivitas Vaticana: Typis Polyglottis Vaticanis, 1969. — է. 23.
  6. Нонна // Нарушевич — Ньютон — 1916. — Т. 28. — С. 826.
  7. Нонна // Энциклопедический словарьСПб.: Брокгауз — Ефрон, 1897. — Т. XXI. — С. 333.
  8. «ժամանակ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-02-03 
  • Զարբհանալեան Գ., Մատենադարան հայկական թարգմանութեանց նախնեաց, Վնտ., 1889, էջ 374–378։
  • Մուրադեան Կ., Գրիգոր Նազիանզացին հայ մատենագրութեան մէջ, Ե., 1983։
  • Վարդան Այգեկցի, Գիրք հաստատութեան եւ Արմատ հաւատոյ, Ե., 1998, էջ 37–39։
  • Քյոսէեան Հ., Անանիա Սանահնեցի, Ս. Էջմիածին, 2000, էջ 193, 272, 367, 369, 370։
  • Migne J. P., PG, t. 35–38, P., 1857–66;
  • Quasten J., Patrology, v. 3, Utrecht, 1966;
  • Geerard M., Clavis Patrum Graecorum, v. 2, Brռpols Turnhout, 1974, p.179–209.
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է « Քրիստոնեա Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։