Հոգեգալուստ
Հոգեգալուստ, քրիստոնէութեան գլխաւոր տօներէն՝ նուիրուած առաքեալներուն վրայ Ս. Հոգիին «իջնելուն» կրօնական աւանդութեան։ Կը տօնուի Ս. Զատիկէն 50 օր ետք (վերջինիս շարժականութեան համապատասխան՝ կը տատանի 10 Մայիսէն 13 Յունիսի միջեւ)։ Հոգեգալուստը Մովսէս մարգարէին Աստուծոյ տասը պատուիրաններու շնորհման յուդայական տօնին քրիստոնէական վերափոխումն է։ Պահպանելով հին տօնը՝ եկեղեցին անոր տուած է այլ մեկնաբանում մը, այդ օրը առաքեալները իբր թէ Ս. Հոգիէն ստացած են քրիստոնէութիւնը քարոզելու «մարգարէական շնորհ»ը եւ «մովսէսական օրէնքը» փոխարինուած է «աւետարանական օրէնքով»։ Հոգեգալուստը նուիրուած է նաեւ Ս. երրորդութեան (Հայր, Որդի եւ Ս. Հոգիի պաշտամունքին)։ Ներսէս Դ. Կլայեցի (Շնորհալի) կաթողիկոսի (1166 -1973) սահմանած կարգին համաձայն՝ Հայոց եկեղեցին Հոգեգալուստը կը տօնէ մէկ շաբաթ շարունակ։ Հոգեգալուստը կը կոչուի նաեւ՝ Պենտեկոստէի օր.այդ օրը երբ Ս. Հոգին առաքեալներուն վրայ իջաւ, անոնք սկսան տարբեր լեզուներով խօսիլ: Հոգեգալուստը տէրունական տօներուն լրումն է եւ ամբողջութիւնը: Հոգեգալուստը եկեղեցւոյ հիմնադրութիւնն է, ճիշդ է, որ տաղաւար տօն մը չէ, բայց տաղաւար տօներէն նուազ կարեւոր չէ[1]:
Ս. Հոգիին էջքը՝ առաքեալներուն վրայ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նոր Կտակարանի Գործք Առաքելոց գիրքին մէջ գրուած է.
Գործք 2:2
Հոգեգալստեան պահեցողութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ սահմանած՝ տարուա չորս եղանակներու պահքերէն ասիկա ամառնամուտի շաբաթապահքն է: Ինչպէս միւս եղանակներու պահքերը, եղիական պահքը եւս եկեղեցական որեւէ տօնի պատրաստութիւն մը չէ: Ըստ աւանդութեան` եղիական կը կոչուի միայն այն պատճառով, որ կը նախորդէ շաբաթապահքի յաջորդ կիրակիին` Ս. Եղիա մարգարէին յիշատակութեան տօնին: Ամառնային այս պահքը կը սկսի Հոգեգալստեան Կիրակիին յաջորդ օրը (պահքի բարեկենդանը Հոգեգալստեան Կիրակին է):Միւս պահքերուն նման, այս պահքը եւս կը տեւէ 5 օր` Երկուշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ[2]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Տօնին խորհուրդը
- ↑ «Հոգեգալստեան տօն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-04-04-ին։ արտագրուած է՝ 2020-07-31