Ամալ Քլունի

Ամալ Քլունի
արաբերէն՝ أمل علم الدين
Amal Clooney 2022 (cropped).jpg
Ծնած է 3 Փետրուար 1978(1978-02-03)[1] (45 տարեկան)
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան[2]
Քաղաքացիութիւն Flag of the United Kingdom (1-2).svg Միացեալ Թագաւորութիւն
Flag of Lebanon.svg Լիբանան
Ուսումնավայր Dr Challoner's High School?
Նիւ Եորք համալսարանի իրաւաբանական դպրոց
Սան Հիու Քոլէճ
Մասնագիտութիւն Փաստաբան, իրաւապաշտպան, գրագէտ, փաստաբան, international forum participant, իրաւաբան
Աշխատավայր Քոլումպիա Համալսարան
Անդամութիւն Ինըր Թեմփըլ եւ Task Force on Accountability for Crimes Committed in Ukraine?[3]
Ամուսին Ճորճ Քլունի
Ծնողներ հայր՝ Ramzi Alamuddin?
Երեխաներ Alexander Clooney? եւ Ella Clooney?

Ամալ Ռամզի Ալամուտին-Քլունի (անգլերէն՝ Amal Clooney, 3 Փետրուար 1978(1978-02-03)[1], Պէյրութ, Լիբանան[2]), գրող[4], բարձրակարգ փաստաբան, որ մասնագիտացած է իրաւունքի, քրէական իրաւունքի, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ արտայանձնման ոլորտներու մէջ[5]:

Ան ներգրաւուած եղած է շարք մը մեծ դատավարութիւններու մէջ, ինչպէս` Էլկինի մարմարները Մեծն Բրիտանիայէն Յունաստան վերադարձնելու դատը, «Ուիքիլիքս»-ի Ճուլիան Ասանժի պաշտպանութիւնը եւ Ուքրանիոյ նախկին վարչապետ Եուլիա Թիմոշենքօյի դատը[5]: Ան նաեւ աշխատած է ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի հարցերով յատուկ դատարանի դատախազի, ինչպէս նաեւ նախկին Եուկոսլաւիոյ համար Միջազգային քրէական դատարանին հետ:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է 1978 թուականին, Լիբանան, անոր հայրը տիւրզի է[6], իսկ մայրը` սիւննի մահմետական[7]: Երկու տարեկանին ընտանիքը կը տեղափոխուի Մեծն Բրիտանիա:

Ամալ Իրաւաբանական կրթութիւնը ստացած է Նիւ Եորքի համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքին մէջ եւ աշխատած` Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ (Համաշխարհային դատարան):

2010-ին Լոնտոն վերադառնալէն ետք ան դարձած է «Տաութի Սթրիթ Չեմպըրզ» (Doughty Street Chambers) փաստաբան: Եղած է Սուրիոյ հարցերով ՄԱԿ-ի յատուկ յանձնակատար Քոֆի Անանի խորհրդականը։

2013-ին` ՄԱԿ-ի անօդաչու սարքերու քննութեամբ զբաղող խումբին փաստաբանը: Ան գերազանց կը տիրապետէ անգլերէնին, ֆրանսերէնին եւ արաբերէնին[8][9]:

Սեպտեմբեր 2014-ին անոր ամուսնութիւնը Ճորճ Քլունիի հետ լայնօրէն լուսաբանուած է միջազգային մամուլի մէջ:

2015-ին, Ամալ Քլունի Հայաստանը ներկայացուցած է Սթրազպուրկի մէջ` Յունուար 28-ին Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ (ՄԻԵԴ) «Փերինչեքը ընդդէմ Զուիցերիոյ» վերաքննութեան գործին: «Փերինչեք՝ ընդդէմ Զուիցերիա» գործով ՄԻԵԴ-ի վճիռը արձանագրած է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմական անառարկելի իրողութիւն է, ինչ որ հայութեան համար յաղթանակ է: Աղմկայարոյց գործով վճիռի հրապարակումէն ետք, իբրեւ երրորդ կողմ գործին մէջ ներգրաւուած Հայաստանի ներկայացուցիչ Ամալ Քլունի յայտնած է․

Aquote1.png Թուրքիան կրնայ շարունակել այդ իրողութեան ժխտումը, բայց այս որոշումէն ետք անոնք այլեւս չեն կրնար վկայակոչել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի ստորին պալատի վճիռը։
- Ամալ Քլունի
Aquote2.png


Փաստաբանին համաձայն՝ թրքական ժխտողականութիւնը անհեռանկարային էր, կը դանդաղեցնէր այդ երկրի հանրութեան առողջացումը եւ կը բարդացնէր հաշտութիւնը:

Aquote1.png Ինծի համար մեծ պատիւ էր Հայաստանը ներկայացնել այս գործին մէջ։ Համոզուած եմ, որ հայերը հիմնականօրէն չեն մտահոգուիր Փերինչեքի հնչեցուցած արտայայտութիւններով: Հայերուն շատ աւելի սրտամօտ է Հռոմի պապին ուղերձը, որուն մէջ յստակնօրէն կը նշուի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման եւս, մինչեւ երկիրի ղեկի ստանձնումը, կը կիրարկէր Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը: Ես զգացուած եմ, որ դեր ունեցած եմ այս գործին մէջ:[10]
- Ամալ Քլունի
Aquote2.png


Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]