Jump to content

Լէօ Թոլսթոյ

Լէօ Թոլսթոյ
ռուս.՝ Толсто́й Лев Никола́евич
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Л. Н. Т. եւ Л. Н.[1]
Ծնած է 16 Օգոստոս 1828
Ծննդավայր Յասնայա Պոլյանա, Կրապիվենսկի շրջան, Տուլայի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[2][3][4][…]
Մահացած է 7 Նոյեմբեր 1910
Մահուան վայր Աստապովո, Ռյազանի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[5][6]
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն[7][8]
 Ռուսիա[9]
Ազգութիւն Ռուս
Մայրենի լեզու ռուսերէն
Կրօնք Ուղղափառութիւն, Տոլստոյականություն? եւ քրիստոնէութիւն
Ուսումնավայր Քազանի Կայսերական Համալսարան
Ազդուած է Ալեքսանդր Պուշկին?, Նիկոլայ Գոգոլ?, Փիոթր Տոսթոյեւսքի, Պյոտր Կրոպոտկին?, Աֆրիկան Սպիր?, Հենրի Տէյվիտ Թորօ, Petr Chelčický?, Ստենդալ?, Պուտտա, Պղատոն, Ջորջ Էլիոթ?, Արթուր Շոպենհաուեր?, Արիստոտէլ, Ժան Ժաք Ռուսօ, Չարլզ Տիքընզ, Պիեռ Պրուդոն?, Վիքթոր Հիւկօ, Հենրի Ջորջ?, Լորենս Սթեռն? եւ Հարիեթ Բիչըր Սթոու?
Երկեր/Գլխաւոր գործ Պատերազմ և խաղաղություն?[10], Աննա Քարենինա[10], Խոստովանություն?, Աստծո թագավորությունը մեր մեջ է?, Ի՞նչ է արվեստը?, Պատանեկություն?, Մանկություն?, Հաջի Մուրադ?, Կրեյցերյան սոնատ?, Հարություն?, Ձյունամրրիկ?, Որտեղ սերն է, այնտեղ էլ Աստված է?, Երիտասարդություն?, Հայր Սերգեյ?, Սևաստոպոլյան պատմություններ?, Լուսավորության պտուղները?, Որն է իմ հավատը? եւ Սատանան?
Տեսակ պատմուածք, վիպակ եւ Թատերգական սեռ
Մասնագիտութիւն Վիպասան եւ փիլիսոփայ
Աշխատավայր Փեթերսպուրկի Գիտութիւններու Ակադեմիա
Անդամութիւն Սերպեան գիտութիւններու եւ արուեստներու կաճառ եւ Փեթերսպուրկի Գիտութիւններու Ակադեմիա
Ամուսին Սոֆյա Տոլստայա?[11][9]
Ծնողներ հայր՝ Nikolay Tolstoy?, մայր՝ Mariya Volkonskaya?
Երեխաներ Սերգեյ Տոլստոյ?, Տատյանա Սուխոտինա-Տոլստայա?[9], Իլյա Տոլստոյ?[9], Լև Լվովիչ Տոլստոյ?[12], Մարիա Տոլստայա?, Andrey Tolstoy?, Mikhail Tolstoy?[9] եւ Ալեքսանդրա Տոլստայա?[9]
Կայքէջ tolstoy.ru(ռուս.)
Ստորագրութիւն

Լէօ Նիքոլայ Թոլսթոյ[Ն 1] (ռուս.՝ Лев Никола́евич Толсто́й, Կաղապար:IPA-ru 9 Սեպտեմբեր 1828 - 7 Նոյեմբեր 1910), ռուս եւ համաշխարհային մեծագոյն գրողներէն ու մտածողներէն մէկը, 1854-1855 թուականներու Սեւասթոփոլի, Խրիմի թերակղզիի (անգլ.՝ Sevastopol - The Crimean Peninsula) պաշտպանութեան մասնակից։ Լուսաւորական, հրապարակախօս, կրօնական մտածող, որու հեղինակաւոր կարծիքը յառաջացուցած է կրօնաբարոյական նոր հոսանք մը՝ թոլսթոյականութիւնը։ Կայսերական Գիտութիւններու ակադեմիայի թղթակից-անդամ (1873), «պելեթրիսթ» «belletrist» (գեղարուեստական արձակ գրականութիւն - Ֆրանս.՝ ՝ Belles-lettres . անգլ.՝belletrist) պատուաւոր ակադեմիկոս (1900)[13]։ Ռուսական գրականութեան ռահվիրաներէն համարուող [14], Լէօ Թոլսթոյի արուեստը ռուսական եւ համաշխարհային իրապաշտութեան (անգլ.՝ realism) զարգացման նոր փուլ մը կը բանայ՝ իւրայատուկ կամուրջ մը դառնալով Ժը. դարու դասական վէպի եւ Ի. դարու գրականութեան աւանդոյթներուն միջեւ։ Լէօ Թոլսթոյ մեծ ազդեցութիւն կ'ունենայ եւրոպական մարդասիրական յեղափոխութեան (անգլ.՝European Humanism Evolution), ինչպէս նաեւ՝ համաշխարհային գրականութեան իրապաշտական աւանդոյթներուն զարգացման վրայ։ Լէօ Թոլսթոյի ստեղծագործութիւնները բազմիցս շարժանկարի վերածուելով ցուցադրուած եւ բեմականացուած են ԽՍՀՄ-ի եւ արտասահմանի մէջ, իր թատրերգութիւնները (անգլ.՝ plays) բեմադրուած են աշխարհի բեմերուն վրայ[14]։

Սերած է ազնուական ընտանիքէ մը։ Հօրենական նախնիներէն էր կոմս Պետրոս Անտրէ Թոլսթոյը, որ յայտնի է արքայազուն Ալեքսէյ Պետրոսի հետաքննութեան մէջ իր ունեցած դերով, որու համար ալ ան նշանակուած է «Գաղտնի գրասենեակ»ի ղեկավար:[15]։ Պետրոս Անտրէեւիչի թոռան՝ Իլիա Անտրէեւիչի նկարագրութիւնը տրուած է Թոլսթոյի «Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն» ստեղծագործութեան մէջ, ուր կը մարմնաւորէ բարեհոգի կոմս Ռոսթովը։ Իլիա Անտրէեւիչի տղան՝ Նիքոլայ Անտրէեւիչ Թոլսթոյը (1794-1837) Լէօ Նիքոլաեւիչ Թոլսթոյի հայրն էր։ Լէօ Թոլսթոյի հայրը որոշ կենսագրական եւ բնաւորութեան գիծերով նմանութիւններ ունէր Նիքոլայի հօրը՝ Նիքոլայ Ռոստովի «Մանկութիւն» (Childhood) եւ «Պատանեկութիւն» (Boyhood) ստեղծագործութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ «Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն» (War and Peace) ստեղծագործութեան մէջ։ Բայց իրական կեանքին մէջ ան տարբեր էր Նիքոլայ Ռոսթովէն ոչ միայն լաւ կրթութեամբ, այլեւ համոզումներով, որոնք չէին թոյլատրեր ծառայել Նիքոլայ Առաջինին։ Ան կը մասնակցի Ռուսաստանի կողմէ Նափոլէոնի դէմ կազմակերպուած Ռուսաստանի արտասահմանեան բանակի արշաւանքին, միաժամանակ կը մասնակցի Լէյփզիկի «Ժողովուրդներու Պայքարին», կալանուելով ֆրանսացիներէն, սակայն կը յաջողի փախուստի դիմել եւ հաշտութիւն կնքուելէն ետք կը ձգէ Փաւլոկրատեան գուսարական գունդի (հեծելազօրքի) գնդապետի իր պաշտօնը։ Անմիջապէս պաշտօնէն հեռանալէն ետք կը ստիպուի անցնիլ ծառայողական աշխատանքի, որպէսզի հօր՝ Քազանի (Kazan -Volga region) նահանգապետին, պարտքերուն պատճառով երկար ժամանակով չբանտարկուի, որ մահացած էր պաշտօնի չարաշահման համար կիրառուած հետաքննութեան ընթացքին։ Հօր բացասական կերպարը կ'օգնէ, որ Նիքոլայ Իլյիչը ընտրէ իր կեանքի իտէալը․ անկախ անձնական կեանք՝ ընտանեկան երջանկութեամբ[16]։ Իր գործերը կարգաւորելու համար Նիքոլայ Իլյիչ (ինչպէս Նիքոլայ Ռոստով) կ'ամուսնանայ ո՛չ այնքան երիտասարդ իշխանուհի՝ Մարիա Նիքոլայեւնայի հետ, 1822-ին, վերջինս Վոլքոնսքիներու տոհմէն էր, ուստի ամուսնութիւնը կը յաջողի։ Անոնք կ'ունենան հինգ զաւակներ՝ Նիքոլայ (1823-1860), Սերգէյ (1826-1904), Տմիթրի (1827-1856), Լէօ եւ Մարիա (1830-1912)։

Լէօ Թոլսթոյի մօր մեծ հայրը եքաթերինեան սպայ էր՝ Նիքոլայ Սերգէեւիչ Վոլքոնսքի, որ քանի մը նմանութիւններ ունէր դաժան ծերուկ Փոլկոնսկի իշխանին «Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն» (War and Peace) ստեղծագործութեան մէջ։ Լէօ Թոլսթոյի մայրը որոշ դրուագներու մէջ նման է Իշխանուհի Մարիային՝ կրկին «Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն»-էն, որ հիանալի պատմասաց էր։

Բացի Վոլքոնսքիներէն, Լէօ Թոլսթոյ բարեկամական կապեր ունէր նաեւ այլ ազնուական ընտանիքներու հետ, ինչպէս Կորչաքովները, Թրուպեցքիները եւ այլն։

Մ․ Վոլքոնսքաիայի ուրուապատկերը՝ գրողին մօր միակ նկարը, 1810-ական թուականներուն
Նիքոլայ Իլէիչ Թոլսթոյ՝ գրողին հայրը, 1820-ական թուականներուն

Լէօ Թոլսթոյ ծնած է 28 Օգոստոս 1828-ին, Թուլսքի նահանգի Քրափիվէնյըն գաւառը, մօր ժառանգած կալուածին մէջ՝ Եասնաիա Փոլիանա։ Ընտանիքին չորրորդ զաւակն էր։ 1830-ին, երբ տակաւին երկու տարեկան չէր դարձած, մայրը կը մահանայ՝ դստեր ծնունդէն կէս տարի ետք, այսպէս կոչուած՝ «յետծննդեան տենդէն»[Ն 2]։

Որբացած մանուկներուն դաստիարակութիւնը կը ստանձնէ հեռաւոր ազգական մը՝ Թ. Երկոլսքաիան։ 1837-ին ընտանիքը կը տեղափոխուի Մոսկուա՝ հաստատուելով Փլիւշչիխա, քանի որ անդրանիկ որդին կը պատրաստուէր համալսարան ընդունուելու։ Շուտով յանկարծամահ կ'ըլլայ հայրը՝ Նիքոլայ Իլէիչը, անկատար ձգելով գործերը (նեռարեալ՝ ընտանեկան ունեցուածքին հետ կապուած որոշ դատական խնդիրներ):Երեք կրտսեր երեխաները կրկին կը հաստատուին Եասնաիա Փոլիանա (ուր կը գտնուի Թոլսթոյի թանգարանը): Անոնց կ'ուղեկցին Երկոլսքաիան եւ Թոլսթոյի հօրաքրոջ երեխաներուն խնամակալ նշանակուած կոմսուհի՝ Ա․ Օսթըն Սաքընը։ Հոս Լէօ Նիքոլայեւիչ կը մնայ մինչեւ կոմսուհի Օսթըն Սաքընի մահը՝ 1840: Մանուկները ստիպուած կը տեղափոխուին Քազան՝ իրենց նոր խնամակալին՝ հօրը զարմուհիին, Պ. Ի. Եուշքովային քով։

Քազանի մէջ Եուշքովներու տունը կը համարուէր ամէնէն ուրախ տուներէն մէկը. ընտանիքին բոլոր անդամները բարձր կը գնահատէին արտաքին երեւոյթները։ «Բարի հօրաքոյրս, - կը պատմէր Թոլսթոյ, - մաքուր եւ պարկեշտ էակ մը, միշտ կ՝ըսէր, որ ամէն ինչ կը ցանկար ինծի համար, բացի այն իրողութենէն որ ես կապ ունենայի ամուսնացած կնոջ մը հետ»[17]։

Լէօ Նիքոլայեւիչ կը փափաքէր փայլիլ հասարակութեան մէջ, բայց զինք կը խանգարէին բնածին ամչկոտութիւնն ու անհրապոյր արտաքինը։ Մեր կեանքի կարեւորագոյն գաղափարներուն՝ կեանքի, մահուան, Աստուծոյ, սիրոյ, յաւերժութեան մասին, ինչպէս ինք՝ Թոլսթոյ կը բնորոշէր, որ «տարաբնոյթ խոհերը իրենց դրօշմը ձգած էին իր կեանքին այդ հանգրուանի բնաւորութեան վրայ»։ «Յարութիւն» վէպին, «Մանկութիւն» եւ «Պատանեկութիւն» վիպակներուն մէջ նկարագրուած՝ Իրթենեւի եւ Նեխլիւտովի՝ ինքնակատարելագործման տենչերը վերցուած են գրողին այդ ժամանակուան անձնական ճգնաւորական փորձառութիւններէն։

Այն տունը, ուր ծնած է Լ․ Թոլսթոյ (1898)

Առաջին շրջանին իր կրթութեամբ կը զբաղէր ֆրանսացի տնային դաստիարակ՝ Սեն Թոման («Պատանեկութիւն» վիպակի հերոս St.-Jérôme-ի նախատիպը), որ կը փոխարինէ բարեհոգի գերմանացի Ռեսրլմանը. վերջինս Թոլսթոյ ներկայացուցած է «Մանկութիւն» վիպակի հերոս Քարլ Իվանովիչի դերով։

1843-ին Պ. Ի. Եուշկովան, իր վրայ վերցնելով իր անչափահաս եղբօրորդիներուն խնամակալութեան դերը (չափահաս էր միայն մեծը՝ Նիքոլայը)՝ զանոնք կը բերէ Քազան (Ռուսիա)։ Իր եղբայրներուն՝ Նիքոլայի, Տմիթրիի եւ Սերկէյի օրինակով, Լէօ կ'որոշէ յաճախել Քազանի արքայական համալսարանը, ուր թուաբանութեան բաժանմունքին մէջ կ՝աշխատէր Լոպաչեւսկին, իսկ Արեւելագիտականին մէջ՝ Քովալէօսքին։ 3 Հոկտեմբեր 1844 -ին Լէօ Թոլսթոյ կ'ընդունուի արեւելեան լեզուներու (արաբա-թուրքական) բաժինը՝ որպէս վճարեալ ուսանող[18]։ Ընդունելութեան քննութիւններուն, մասնաւորապէս «թուրք-թաթարերէն»ին, գերազանց արդիւնքով դուրս կու գայ։ Սակայն տարուան ընթացքին տուեալ նիւթերէն կը թերանայ եւ չի յաջողիր յաջորդ ծրագիրին անցնիլ։

Ամբողջ տարուան կրկնութենէն խուսափելով՝ կը տեղափոխուի իրաւագիտական բաժանմունք, ուր որոշ նիւթերու գնահատականներու հետ կապուած խնդիրները կը շարունակուին։ 1846-ի մայիսեան փոխադրական քննութիւնները բաւարար յանձնելով կը տեղափոխուի երկրորդ կարգ[19]։ Իրաւագիտական բաժանմունքին մէջ Լէօ Թոլսթոյ կ'ուսանի ընդամէնը երկու տարի։ «Բարդ էր իրեն համար ամէն պարտադրուած բան։ Այն ամէնը, ինչ որ ան կեանքին մէջ սորված է, սորված է անկախ, արագ, անմիջապէս, յամառ աշխատանքով», - գրած է Ս. Ա. Թոլսթայեան իր «Լ. Ն. Թոլսթոյի կենսագրութեան վերաբերեալ նիւթեր» [20]։ 1904-ին Թոլսթոյ կը յիշէր. «․․․առաջին տարին ես ոչինչ կատարեցի։ Երկրորդ տարին սկսայ վարժուիլ․․․ այնտեղ էր Փրոֆ. Մայըրը, որ ինծի յանձնարարութիւն մը տուաւ. Եքաթերինայի «Խրատի» եւ Մոնթեսքիոյի «Օրէնքի ոգու» համեմատութիւնը․․․ այդ աշխատանքը զիս գրաւեց, եւ ես մեկնեցայ գիւղ, սկսայ կարդալ Մոնթեսքիօ, այդ ընթերցանութիւնը անծայրածիր հորիզոններ բացաւ իմ առջեւս, ես սկսայ կարդալ Ռուսօ եւ ձգեցի համալսարանը՝ նոյն այդ պատճառով է, որ փափաքեցայ վարժուիլ»[21]։

Թոլսթոյ՝ 20 տարեկան

Գրական Գործունէութեան Սկիզբ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Իր օրագիրը Թոլսթոյ վարած է երիտասարդ տարիներէն մինչեւ կեանքին վերջը։ Արձանագրութիւններ 1891-1895 օրագիրէն։

11 Մարտ1847-էն Թոլսթոյ Քազանի հիւանդանոցին մէջ էր։ Մարտ 17-էն կը սկսի օրագիր պահել, ուր Պենճամին Ֆրանքլինի օրինակով, իր առջեւ ինքնակատարելագործման խնդիրներ ու նպատակներ կը դնէ, նշելով այդ խնդիրներու իրագործման հետ կապուած նուաճումներն ու ձախողութիւնները, կը վերլուծէ իր թերութիւններն ու մտածելակերպը, իր գործած արարքներուն շարժառիթները[22]։ Այդ օրագիրը, որոշ ընդմիջումներով, ան կը պահէ ողջ կեանքին ընթացքին։

Դարմանուելէ ետք՝ 1847-ի գարնան, Թոլսթոյ կը ձգէ համալսարանական ուսումը եւ կը մեկնի «Եասնաիա Փոլիանա» ստանալու համար կալուածի բաժանումի ցուցակէն իրեն հասած բաժինը[23]։ Հոն իր գործունէութիւնը կը նկարագրէ յատկապէս «Կալուածատիրոջ Առաւօտը» ստեղծագործութեան մէջ։ Թոլսթոյ կը ձգտէր կրկին յարաբերութիւններ մշակել գիւղացիներուն հետ։ Ժողովուրդին առջեւ երիտասարդ կալուածատիրոջ մեղքի զգացումը ձեւով մը մեղմացնելու իր փորձերը կը վերաբերէին նոյն թուականին, երբ լոյս կը տեսնեն՝ Դ. Վ. Գրիգորովիչի «Անտոն-Քորեմիքան» եւ Իւան Թուրկենեւի «Որսորդի Յիշատակարան»ին սկիզբը։

Իր օրագիրին մէջ Թոլսթոյ ինքն իրեն համար ձեւակերպած էր մեծ թիւով կեանքի կանոններ եւ նպատակներ, սակայն կը յաջողէր անոնց միայն չնչին մասին հետեւիլ։ Յաջողածներու ցանկին մաս կը կազմէին անգլերէնի, երաժշտութեան եւ իրաւագիտութեան լուրջ դասընթացքները կամ վարժութիւնները: Բացի ատկէ, ո՛չ օրագիրին, ո՛չ ալ նամակներուն մէջ արտացոլած է Թոլսթոյի մանկավարժական եւ բարեգործական գործունէութեան սկիզբը, հակառակ, որ 1849-ին անիկա առաջին անգամ գիւղացի երեխաներու համար դպրոց մը կը բանայ, ուր հիմնական մանկավարժը ճորտ գիւղացի Ֆոքա Տեմիտովիչն էր, սակայն յաճախ Լէօ Նիկոլայեւիչը ինք կը վարէր դասընթացքները[16]։

Թոլսթոյ՝ Մայիս 1908-ին, Եասնաիա Փոլիանայի մէջ, իր 80-րդ տարեդարձէն չորս ամիս առաջ

1848-ի Հոկտեմբերի կէսին Թոլսթոյ կը մեկնի Մոսկուա՝ հաստատուելով Արպատի շրջանին մէջ, ուր կ'ապրէին իր բարեկամներէն եւ ընկերներէն շատերը։ Ան կը հաստատուի բնակելով Իվանովայի տունը, որ կը գտնուէր Նիքոլոփեսքովեան նրբանցքը։ Մոսկուայի մէջ ան կ'որոշէ պատրաստուիլ թեկնածուական քննութիւններուն, սակայն դասընթացքներն այդպէս չեն սկսիր։ Անոր փոխարէն զինք կը գրաւէ կեանքի մէկ այլ կողմը՝ աշխարհիկ կեանքը։ Բացի ատկէ, 1848-1849 թուականներու ձմրան Լէօ Նիկոլաեւիչ կը տարուի թղթախաղով եւ, քանի որ անզգոյշ եւ անյոգ խաղցող էր ե՛ւ ոչ միշտ իր քայլերը կը կշռադատէր՝ յաճախ կը պարտուէր[24]։

1849-ի Փետրուարին, մեկնելով Փեթերսպուրկ, ժամանակը կ՝անցընէ իր ապագայ կնոջ քեռիին՝ Կ. Ա. Իսլավինի հետ, մշտական խրախճանքներու ընթացքին: («Իսլավինի հանդէպ ունեցած համակրանքիս պատճառով ես փեթերսպուրկեան կեանքէս ութ ամիս կորսնցուցի»)կ'ըսէ Թոլսթոյ։ Թոլսթոյ Գարնան կը սկսի իրաւունքի թեկնածուի քննութիւններ յանձնել. երկու քննութիւնները՝ քրէական իրաւունքէն եւ քրէական դատավարութենէն, յաջողութեամբ կը յանձնէ, սակայն առանց երրորդ քննութիւնը յանձնելու՝ կը մեկնի գիւղ[25]։

Հետագային ան երբեմն կը մեկնի Մոսկուա, ուր յաճախ ժամանակը կ՝ անցընէ բախտախաղերով, ինչ, որ երբեմն վատ անդրադարձ կ'ունենայ իր նիւթական վիճակին վրայ։ Կեանքին այդ հանգրուանին Թոլսթոյ յատկապէս կը հետաքրքրուէր երաժշտութեամբ (Ան վատ չէր նուագեր դաշնամուր եւ բարձր կը գնահատէր այլոց կատարմամբ իր սիրած ստեղծագործութինները)։ Երաժշտութեամբ տարուիլը հետագային արդիւնք կու տայ «Քրէյցերի սոնաթը»ի ստեղծման[26]։

Թոլսթոյի սիրած երգահաններն էին՝ Պախը, Հենտելը եւ Շոփէնը։ Երաժշտութեան հանդէպ ունեցած հակումներուն զարգացման կը նպաստէ նաեւ այն հանգամանքը, որ 1848-ին Փեթերսպուրկի մէջ, պարի դասի ոչ այնքան յարմար իրավիճակի մը մէջ ան կը հանդիպի գերմանացի տաղանդաւոր, սակայն ճամբէն շեղած երաժիշտի մը հետ, որ հետագային կը դառնայ «Ալպերթ» վիպակին հերոսը։ 1849-ին Լէօ Նիկոլաեւիչ իր տան մէջ՝ Եասնաիա Փոլիանայի մէջ կը բնակեցնէ երաժիշտ Ռուտոլֆը, որու հետ չորս ձեռքով դաշնակ կը նուագէին։ Այդ ընթացքին երաժշտութեամբ տարուելով՝ ան օրական քանի մը ժամ կը նուագէր՝ Շումէնի, Շոփէնի, Մոցարթի, Մենտըլսընի ստեղծագործութիւնները։ 1840-ական թուականներու վերջերը, իր ծանօթներէն մէկուն՝ Զիպինի հետ համահեղինակութեամբ, Թոլսթոյ կը յօրինէ վալս մը, որ 1900-ականներու սկիզբը կը կատարէ երգահան Ս. Ի. Թանէեւի ներկայութեամբ, եւ այդ ստեղծագործութեան ալ իրականացաւ շնորհիւ այդ նոթաներու արձանագրութեամբ (Թոլսթոյի միակ երաժշտական ստեղծագործութիւնը)[27]։ Շատ ժամանակ կը վատնէր նաեւ խրախճանքներու, թղթախաղի եւ որսորդութեան շրջանակներէն ներս։

1850-1851 թուականներու ձմրան Թոլսթոյ կը սկսի գրել «Մանկութիւնը»։ 1851-ի Մարտին կը գրէ «Անցած օրուան պատմութիւնը»։ Թոլսթոյի՝ կամովին, համալսարանէն հեռանալէ չորս տարի ետք Եասնայա Փոլիանա կու գայ Կովկաս ծառայող իր եղբայրը՝ Նիքոլայը, որ կ'առաջարկէ կրտսեր եղբօրը իրեն միանալ՝ զինուորական ծառայութեան անցնելով Կովկասի մէջ։ Լէօը անմիջապէս չի համաձայնիր, սակայն Մոսկուայի մէջ մեծ թիւով ունեցած պարտքերը կ'արագացնեն վերջնական որոշումը։ Գրողին կենսագիրները կը նշեն եղբօր՝ Նիքոլայի զգալի եւ դրական ազդեցութիւնը կենսական հարցերուն անփորձ պատանի Լէօի վրայ։ Ծնողներու բացակայութեան պարագային մեծ եղբայրը իրեն համար եւ՛ ընկեր էր, եւ՛ ուսուցիչ[28]։

Պարտքերը փակելու համար անհրաժեշտ էր կրճատել սեփական ծախսերը, եւ 1851-ի գարնան Թոլսթոյ աճապարանքով, առանց որոշակի նպատակի, Մոսկուայէն կը մեկնի Կովկաս։ Շուտով ան կ'որոշէ անցնիլ զինուորական ծառայութեան, սակայն անոր համար կը պակսէին Մոսկուա ձգած որոշ փաստաթուղթեր, որոնց սպասելով՝ Թոլսթոյ մօտ հինգ ամիս կ'ապրի Փիաթիկորսք՝ հասարակ հիւղակի մը մէջ։ Ժամանակին մեծ մասը կ՝ անցնէ որսորդութեամբ՝ կազակ Եփիշքայի հետ, որ կը դառնայ «Կազակներ» վիպակի հերոսներէն մէկուն՝ Երոշքայի նախատիպը[17]:

Թոլսթոյ եւ իր եղբայր Նիքոլայը Կովկաս մեկնելէն առաջ, 1851

1851-ի աշնան, Թիֆլիսի մէջ քննութիւն յանձնելով, Թոլսթոյ կ՛ընդունուի 20-րդ հրաձգային ջոկատի 4-րդ գումարտակ՝ որպէս ենթասպայ, Թերեքի ափին, Քիզլեարի մօտ գտնուող Սթարոքլատովեան կազակական աւանի մէջ։ Որոշ փոփոխութիւններով այն պատկերուած է «Կազակներ» վիպակին մէջ։ Վիպակը կ՝ արտացոլէ մոսկովեան կեանքէն փախած երիտասարդ ազնուականի մը ներաշխարհը։ Կազակական աւանին մէջ Թոլսթոյ կրկին կը սկսի գրել եւ 1852-ի Յուլիսին «Սովրեմեննիք» ամսագիրի խմբագրատուն կ'ուղարկէ ապագայ ինքնակենսագրական եռագրութեան առաջին՝ «Մանկութիւն» հատուածը՝ ստորագրուած լոկ «Լ. Ն. Տ.» սկզբնատառերով[17]։ Ձեռագիրին հետ ան կ'ուղարկէ նաեւ նամակ մը, որուն մէջ կ՝ ըսուէր. «...ես անհամբերութեամբ կը սպասեմ ձեր գնահատականին, որ կամ կ՝ոգեւորէ զիս՝ սիրած զբաղումս շարունակելու հարցով, կամ ալ կը ստիպէ այրել սկսած գործս»[29]։

Ստանալով «Մանկութեան» ձեռագիրը՝ «Սովրեմեննիքի» խմբագիր Ն. Ա. Նեքրասով կը նկատէ անոր գրական արժէքը եւ սիրալիր նամակ մը կը գրէ հեղինակին, որ վերջինիս վրայ բաւականին ոգեւորիչ ազդեցութիւն կ'ունենայ։ Ի. Ս. Թուրգենեւին ուղղուած նամակին մէջ Նեքրասով կ'ըսէ. «Այս նոր եւ, կը կարծեմ, յուսալի տաղանդ է»[30]։ Տակաւին անյայտ հեղինակին ձեռագիրը կը հրատարակուի Սեպտեմբերին։ Այդ ընթացքին սկսնակ եւ ոգեշնչուած հեղինակը ձեռնամուխ կ'ըլլայ «Զարգացման չորս դարաշրջան» քառագրութեան շարունակութեան, որու վերջը՝ «Երիտասարդութիւն» մասը այդպէս ալ կը մնայ անաւարտ։ Ան (ֆապուլա) առասպելական առակագրութիւն կը մտածէր «Կալուածատիրոջ Առաւօտը» (աւարտուած պատմուածքը զուտ հատուած էր «Ռուս կալուածատիրոջ վէպին»), «Յարձակում» եւ «Կազակներ» ստեղծագործութիւններու համար։ 18 Սեպտեմբեր 1852-ին «Սովրեմեննիք»ի մէջ տպագրուած «Մանկութիւն»-ը բացառիկ յաջողութիւն կը գտնէ. հրապարակումէն ետք հեղինակը կը սկսին դասել ականաւոր երիտասարդ գրական գործիչներու շարքին՝ այն ժամանակ արդէն յայտնի դարձած Ի. Ս. Թուրգենեւի, Կոնչարովի, Դ. Վ. Գրիգորովիչի, Օսթրովսքիի հետ միասին։ Գրաքննադատներ Գրիգորեւը, Աննենքովը, Տրուժինինը եւ Չերնիշեւսքին կը գնահատեն հոգեբանական վերլուծութեան խորութիւնը, հեղինակին մտադրութիւններու լրջութիւնն ու իրատեսական գաղափարներու պայծառութիւնը[17]։

Լէօ Թոլսթոյ

Զինուորական ծառայութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Յուշասիւն Սեւասթոփոլի պաշտպանութեան (1854-1855) մասնակից Լ․ Թոլսթոյի յիշատակին

Լէօ Նիկոլաեւիչ երկու տարի կը մնայ Կովկաս, ուր Շամիլի գլխաւորած լեռնականներուն հետ կը մասնակցի շարք մը ընդհարումներու՝ ենթարկուելով կովկասեան զինուորական կեանքի վտանգներուն։ Ան Գէորգիեւեան խաչ կրելու իրաւունք կը ստանայ, սակայն, իր սկզբունքներուն համաձայն, այդ մէկը «կը զիջի» իր պաշտօնակից ընկերոջը՝ պաշտօնակիցի ծառայողական պայմաններու զգալի բարելաւումը վեր դասելով անձնական փառասիրութենէն։ Հազիւ Ղրիմի պատերազմը կը սկսի, Թոլսթոյ կը տեղափոխուի Դանուբի բանակ՝ մասնակցելով Օլթենիցի ճակատամարտին եւ Սիլիսթրիի շրջափակման, իսկ Նոյեմբեր 1854-էն մինչեւ Օգոստոս 1855-ի վերջը կը մնայ Սեւասթոփոլի մէջ[17]:

Չորնիի ճակատամարտին մարտկոցի հրամանատար էր, ներկայ եղած է Մալախով Կուրգանի գրոհի ատեն տեղի ունեցած ռմբակոծութեան։ Հակառակ կեանքի դժուարութիւններուն եւ պաշարման սարսափներուն՝ Թոլսթոյ այն ատեն կը գրէ «Անտառահատում» պատմուածքը, որու մէջ կ'արտացոլան կովկասեան տպաւորութիւնները, եւ «Սեւասթոփոլեան պատմութիւններուն» առաջինը՝ «Սեւասթոփոլը Դեկտեմբեր 1854-ին» պատմուածքը, զոր կ'ուղարկէ «Սովրեմեննիկին»: Պատմուածքը անմիջապէս կը տպագրուի եւ հետաքրքրութեամբ կ'ընթերցուի ռուս ընթերցողին կողմէ՝ արտակարգ ազդեցութիւն գործելով Սեւասթոփոլի պաշտպաններուն բաժին հասած սարսափներուն նկարագրութեամբ։ Պատմուածքը կը կարդացուի նաեւ ռուս կայսր Ալեքսանտր Բ.-ի կողմէ.[31]վերջինս կը հրամայէ խնայել տաղանդաւոր սպան[17][32][Ն 3][33]:

Նիկոլայ Ա.-ի կենդանութեան օրերուն Թոլսթոյ մտադիր էր հրետանաւոր սպաներուն հետ հրատարակել «Զինուորական թերթիկ» աժան եւ հանրամատչելի ամսագիրը, սակայն ամսագիրին նախագիծին իրականացումը չի յաջողիր։ «Նախագիծիս ի պատասխան՝ ողորմած տէր կայսրը մեծահոգաբար թոյլ կու տայ մեր յօդուածները տպագրել «Ինվալիտ»-ին մէջ, - դառնօրէն կը հեգնէ Թոլսթոյ այդ առիթով։[31]

Լէօ Թոլսթոյի հրապարկման չարժանացած շապիկին նախագիծը, 1854

Սեւասթոփոլի պաշտպանութեան համար Թոլսթոյ կը պարգեւատրուի Ս. Աննայի 4-րդ աստիճանի շքանշանով՝ «Արիութեան համար» մակագրութեամբ, «1854-1855 թուականներուն Սեւասթոփոլի պաշտպանութեան համար» եւ «1853-1856 թուականներու պատերազմի յիշատակին» շքանշաններով։ Իբրեւ արդիւնք զինք կը պարգեւատրեն «Սեւասթոփոլի պաշտպանութեան 50-ամեակին նուիրուած» երկու շքանշանով. արծաթէ՝ որպէս Սեւասթոփոլի պաշտպանութեան մասնակիցի, եւ մետաղէ՝ որպէս «Սեւասթոփոլեան պատմութիւներու» հեղինակին[34]:

Թոլսթոյի երգերէն մէկը նուիրուած էր 4 Օգոստոս 1855-ի ձախողած ռազմական գործողութեան, երբ հրամանատար Ռեատ, սխալ հասկնալով գլխաւոր հրամանատարին հրամանը, կը գրոհէ Ֆետյուխինեան բարձունքը։ «Как четвёртого числа, нас нелёгкая несла горы отбирать» վերնագրով երգը, որ շարք մը ականաւոր հրամանատարներու անուններ կը շօշափէ, մեծ յաջողութիւն կ'ունենայ։ Գրոհէն անմիջապէս ետք, 27 Օգոստոս-ին Թոլսթոյ որպէս սուրհանդակ կ'ուղարկուի Փեթերսպուրկ, ուր ան կ' աւարտէ «Սեւասթոփոլը Մայիս 1855-ին» եւ կը գրէ «Սեւասթոփոլը Օգոստոս1855-ին, որ գրողի ամբողջական ստորագրութեամբ կը տպագրուի «Սովրեմեննիկի» 1856 -ի առաջին թիւին մէջ։ «Սեւասթոփոլեան պատմութիւնները» վերջնականապէս կ'ամրապնդեն անոր հեղինակութիւնը՝ որպէս նոր գրական սերունդի ներկայացուցիչի, եւ Նոյեմբեր 1856-ին գրողը վերջնականապէս կը ձգէ զինուորական ծառայութիւնը[17]:

Թոլսթոյի ստեղծագործութիւններէն են՝ «Պատերազմ Եւ Խաղաղութիւն» «War and Peace», «Աննա Քարենինա» «Anna Karenina», «Յարութիւն» վէպերը, «Մանկութիւն» «Childhood», «Պատանեկութիւն» «Boyhood», «Երիտասարդութիւն» «Youth»[Ն 4] ինքնակենսագրական եռագրութիւնը[17][14] (այսինքն՝ եռամաս թատերախաղ - անգլ.՝ Trilogy), «Քազաքներ» «The Cossacks», «Իվան Իլյիչի մահը» «The Death of Ivan Ilyich», «Քրեյցերեան Սոնաթ» «The Kreutzer Sonata», «Հաճի Մուրատ» «Hadji Murad» վիպակները, «Սեւասթոփոլեան Պատմութիւններ» «Sevastopol Sketches» ակնարկներու շարքը, «Կենդանի Դիակ» եւ «Խաւարի Իշխանութիւն» թատերախաղերը (անգլ.՝ drama), «Խոստովանութիւն» «A Confession», եւ «Ո՞րն Է Իմ Հաւատքը» ինքնակենսագրական կրօնափիլիսոփայական ստեղծագործութիւնները եւայլն։

Թոլսթոյի կինը՝ Սոֆիան եւ իրենց դուստրը՝ Ալեքսանտրան
Թոլսթոյի գերեզմանը Եասնաիա Փոլիանայի մէջ
  1. Տոլստոյը, ստեղծված ժողովրդական արտասանական ավանդույթին համապատասխան, ինքնիրեն անունուն էր «Լյով», այդպես էին նրան անունուն նաեւ կինը, որդին՝ Սերգեյը, եւ Վ. Չերտկովը։ Դրանով հանդերձ, նրա շատ ընկերներ, օրինակ՝ Ն. Ստրախովը, Պ. Բիրյուկովը, Իվան Գորբունով-Պոսադովը, նրան անունուն էին Լեւ Նիկոլաեւիչ, ոչ թե Լյով Նիկոլաեւիչ։
  2. «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» վէպին մէջ նոյն պայմաններով կը մահանայ Լիզա Փոլկոնսկայան՝ Անտրէյ Փոլկոնսկիի կինը, իսկ «Աննա Կարենինա» վեպում գլխավոր հերոսուհին երազում ձայն է լսում, որը կանխագուշակում էր մահ ծննդաբերության ժամանակ։
  3. Թոլսթոյ, համոզուած էր, որ իր պատմուածքը կարդացած է Նիկոլայ Ա.-ը, սակայն վերջինս մահացած է 18 Փետրուար, 1855-ին իսկ պատմուածքը տպագրուած է «Սովրեմեննիկի» 1855-ի յուլիսեան թիւին մէջ։ Բայց Թոլսթոյ հաւանական կը նկատէր, որ Նիկոլայ կրնար պատմուածքը կարդացած ըլլալ ձեռագիր տարբերակով: Գրողին կենսագիր՝ Պ. Բիրյուկով 1905-1906 թուականներուն, խօսքը Թոլսթոյի ուղղելով, կը գրէ. «Պէտք է միանգամընդմիշտ պարզել այն հարցը, թե կարդացա՞ծ է, արդեօք, Նիկոլայ Ա.-ը Ձեր «Սեւաստոպոլեան պատմութիւնները». ես կը կարծեմ, որ ոչ․․․»
  4. Ինքը՝ Տոլստոյը, իր վէպի գաղափարը կտ տեսներ աւելի լայն, քան պարզապէս ինքնակենսագրական ստեղծագործութիւն

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Л. Н. История моего детства // Современник / под ред. А. С. Пушкин, П. А. Плетнёв, А. А. Краевский et al. — СПб.: Иван Иванович Панаев, Николай Алексеевич Некрасов, 1852. — Т. XXXI, вып. 9. — С. 5–104.
  2. С. Венгеров Толстой, Лев Николаевич // Энциклопедический словарьСПб.: Брокгауз — Ефрон, 1901. — Т. XXXIII. — С. 448–457.
  3. Толстой Лев Николаевич // Большая советская энциклопедия: [в 30 т.] / под ред. А. М. Прохорова — 3-е изд. — М.: Советская энциклопедия, 1969.
  4. Лакшин В. Я. Толстой Л. Н. // Краткая литературная энциклопедияМ.: Советская энциклопедия, 1962. — Т. 7.
  5. http://www.biography.com/people/leo-tolstoy-9508518
  6. Archivio Storico Ricordi — 1808.
  7. http://www.tandfonline.com/doi/pdf/10.1080/00905999708408490
  8. http://www.tandfonline.com/doi/pdf/10.1080/13507486.2011.574682
  9. 9,0 9,1 9,2 9,3 9,4 9,5 Գերմանիայի ազգային գրադարանի կատալոգ
  10. 10,0 10,1 https://www.biography.com/people/leo-tolstoy-9508518
  11. Rodovid — 2005.
  12. Pas L. v. Genealogics — 2003.
  13. ։
  14. 14,0 14,1 14,2 БСЭ, 1977
  15. Անատոլի Շիկման «Պատմական գործիչներ․ Կենսագրական տեղեկատու», Մոսկուա, 1997, էջ 896
  16. 16,0 16,1 Նինա Նիկիտինա «Լեւ Տոլստոյի առօրեան Յասնայա Պոլյանայում», Մոսկուա, 2007, էջ 113
  17. 17,0 17,1 17,2 17,3 17,4 17,5 17,6 17,7 , Толстой Лев НиколаевичЭнциклопедический словарь Брокгауза и Ефрона, հ. 33, СПб, էջ 478։ Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; name "ЭСБЕ" defined multiple times with different content
  18. Эйхенбаум Б. М., 1969, էջ 92
  19. Бирюков П. Н., 2000, Глава 6. Юность
  20. ЛМ, 1978, Том 1. Материалы к биографии Л. Н. Толстого и сведения о семействе Толстых и преимущественно гр. Льва Николаевича Толстого, էջ 34
  21. Эйхенбаум Б. М., 1969, էջ 97
  22. Алексеева Г., Пешкова М. (2010-09-19)։ «Լեւ Տոլստոյ: Ամերիկյան երկխոսություններ»։ Эхо Москвы։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-12-03-ին։ արտագրուած է՝ 2013-03-28 
  23. Краткий биографический очерк, написанный со слов графа Л. Н. Толстого его женой гр. С. А. Толстой 25 октября 1878 года. — 1910. — С. 510.
  24. Гусев Н. Н. 1828 — 1855, 1954, Глава шестая. От выхода из университета до отъезда на Кавказ (1847—1851) VII, էջ 251—253
  25. Эйхенбаум Б. М., 1969
  26. «Биографический словарь»։ Толстой Лев Николаевич։ Slovarus.ru։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-04-02-ին։ արտագրուած է՝ 2013-03-29 
  27. Воззрение Толстого на музыку էջ 308։
  28. Толстой С. М., 1990, Глава VIII. Николай Николаевич Толстой, էջ 166—169
  29. Калюжная Л. С.։ «Лев Николаевич Толстой (1828—1910)»։ Великие писатели։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-07-ին։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ մայիսի 3 
  30. Некрасов Н. А. Полн. собр. соч. и писем, т. 10. — М., «Правда», 1952, с. 179
  31. 31,0 31,1 Бурнашева Н. И., 2002
  32. , Комментарии. Севастополь в декабре месяцеТолстой Л. Н. Полное собрание сочинений: В 100 т. - Художественные произведения: В 18 т, հ. II, М., էջ 567։
  33. Бурнашева Н. И., Комментарии. Севастополь в декабре месяце, Толстой Л. Н. Полное собрание сочинений: В 100 т. - Художественные произведения: В 18 т, հ. II, М., էջ 567։
  34. «Historymania. Награды в честь обороны Севастополя в Крымской войне 1854-1856»։ historymania.info։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-08-26-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ նոյեմբերի 9–ին