Jump to content

Աննա Քարենինա

Աննա Քարենինա
Հեղինակ Լէօ Թոլսթոյ
Թարգմանիչ Վ. Առաքելեան
Երկիր Ռուսիա
Լեզու ռուսերէն
Ոճ վէպ
Հրատարակուած 1873
Հրատարակող Русский вестник
Հրատարակչական թուական
1875
Գիրքի տեսակ Վէպ


Աննա Քարենինա, (1873-1877), Լէօ Թոլսթոյի նշանաւոր Վէպը, որ հրատարակուած է առանձին մասերով. անոնցմէ առաջինը տպագրուած է 1875-էն 1877 թուականներուն, «Русский вестник» ամսագիրին մէջ։ Առանձին գիրքով լոյս տեսած է 1878-ին:

Վէպը կը պատմէ ամուսնացած կնոջ մը՝ Աննա Քարենինային եւ սպայ Վռոնսքիին ողբերգական սիրավէպին մասին։

Վէպին մէջ նկարագրուած է ԺԹ. դարուն երկրորդ կէսին Մոսկուայի ու Սեն Փեթերսպուրկի ազնուական միջավայրերու առօրեան ու հոն տիրող բարքերը։

Վէպը կը համարուի գրականութեան պատմութեան գլուխ գործոցներէն մէկը[1]:

Նախապատմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
1908-ին Ռուսիոյ մէջ առաջին գունաւոր նկարը

Թոլսթոյ յղացած է իր ժամանակակիցներուն անձնական կեանքին ու անոնց յարաբերութիւններուն նուիրուած վէպ մը գրելու գաղափարը, զոր իրականացուցած է Փետրուար 1873-ին։

Ժամանակի ընթացքին վէպը վերածուած է ընկերային հիմնարար գլուխ գործոցի մը։

«Русский вестник» ամսագիրին խմբագիրը հրաժարած է վէպին վերջաբանը տպագրելէ, անոր մէջ արծարծուած քննադատութեան պատճառով:

Վէպը աւարտած է 1877-ին։

Թոլսթոյ եօթը անգամ սրբագրած է իր «Աննա Քարենինա» վէպը[2]:

Նիքոլայ Ստրախով խմբագրած է [3] վէպին աւարտը։

Յաջորդ (ամբողջական) հրատարակութիւնը եղած է 1878-ին։

«Աննա Քարենինային հանդիպումը որդիին հետ», Միխայիլ Վրուպէլ, 1878

Եթէ Լէօ Թոլսթոյ իր «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» վէպը կ'անուանէր «գիրք՝ անցեալի մասին», որուն մէջ կը պատկերուի գեղեցիկ ու վեհ «անեղծ աշխարհը», ապա «Աննա Քարենինա» ստեղծագործութիւնը ան կոչած է «վէպ՝ ժամանակակից կեանքէն»։

Լէօ Թոլսթոյ «Աննա Քարենինա» վէպին մէջ կը ներկայացնէ բարոյական միասնութենէն զուրկ «մասնատուած աշխարհ» մը, ուր կը տիրեն բարի ու չարի քաոսները։

Վէպը կը բաղկանայ ութ գլուխներէ:

Աննա Քարենինա, նկարը՝ Գ․ Մանիզերի

Վէպը կը սկսի տեսարանով մը, որ կը ներկայացնէ արքայազն Ստեփան Արքատիեւիչ Օպլոնսքին («Սթիվա»), Մոսկուայի բնակիչ, ազնուական եւ պետական ​​ծառայող մը, որ դաւաճանած է իր կնոջ՝ արքայադուստր Տարիա Ալեքսանդրովնային («Տոլլի»): Սթիվային կը տեղեկացնեն, թէ իր ամուսնացած քոյրը՝ Աննա Արքատիեւիչ Քարենինան, Սեն Փեթերսպուրկէն այցելութեան կու գայ՝ իրավիճակը հանգստացնելու նպատակով։

Երկաթուղային կայարանին մէջ Աննան կը դիմաւորէ եղբայրը, իսկ կոմսուհի Վռոնսքայային կը դիմաւորէ իր որդին՝ երիտասարդ սպայ Վռոնսքին։

Աննան եւ կոմսուհին գնացքին մէջ ծանթացած էին:

Գնացքէն իջնելու ատեն Աննային եւ Վռոնսքիին հայեացքները կը հանդիպին։ Այդ պահուն տեղի կ'ունենայ դժբախտութիւն մը. երկաթուղագիծին պահակը կ'իյնայ գնացքին տակ ու կը մահանայ։

Վրոնսքին հմայուած Աննայով, երկու հարիւր ռուբլի կը նուիրէ մահացողին ընտանիքին, ինչ որ մեծ տպաւորութիւն կը ձգէ Աննային վրայ։ Աննան միաժամանակ անտրամադիր է, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով առանձին ձգած է իր մանուկ որդին՝ Սերկէյը («Սերիոժա»)։

Վրոնսքի կը հետապնդէ Աննան։ Սկիզբը ան կը դիմադրէ: Սթիվան եւ Տոլլին հաշտեցնելէ ետք, Աննա կը փափաքի հեռանալ Մոսկուայէն, սակայն կ'անդրադառնայ, որ ան Վռոնսքիի սիրահարած էր։

Ժամանակ մը ետք, Աննա կը բաժնուի ամուսինէն՝ Ալեքսէյ Ալեքսանդրովիչէն եւ կ'ապրի Վռոնսքիին հետ։

Վրոնսքին եւ Աննան կը պայքարին ընկերներ գտնելու համար, ընկերներ, որոնք կ'ընդունին զիրենք։ Մինչ Վրոնսքի, որ կը կարծէր, թէ Աննային հետ ապրիլը իր երջանկութեան գրաւականն էր, ինքզինք ճնշուած կը զգայ: Անոնք չեն յաջողիր յարաբերութիւններ մշակել իրենց դասակարգի ռուսերու հետ։

Աւելի ուշ, ընկերութիւնը կ'ընդունի Վռոնսքին, սակայն Աննան կը մերժուի, իբրեւ անբարոյ կին: Աննա կը նկատէ, որ Վռոնսքիին սէրը մարած է իրեն հանդէպ:

Ինքզինք թիւրիմացաբար դաւաճանուած ու մերժուած զգալով Վռոնսքիէն, Աննա կը դիմէ խելահեղ քայլի մը... ան կայարանին մէջ կը նետուի գնացքի մը տակ։

Վասիլի Մեշկով, Թոլսթոյ աշխատանքի պահուն:
  • Աննա Քարենինան առաջին իրապաշտ ​​վէպն է: Իրապաշտ վէպերը կը պատմեն հիմնաւորուած պատմութիւններ եւ կը խուսափին «զարդարանք»ներէ: «Աննա Քարենինա»յին իրադարձութիւնները պարզ են. մարդիկ իրապաշտ են, իսկ իրադարձութիւնները՝ միշտ բացայայտ:
  • Թոլսթոյի կերպարները բոլորն ալ կը պայքարին իրենց բարոյականութեան համար: Թոլսթոյ շատ խիստ մեկնաբանութիւններ ըրած է քրիստոնեաներու բռնութեան եւ շնութեան առնչութեամբ[4]:
  • Աննա Քարենինան գրուած է երբ ռուսական հասարակութիւնը անհանգիստ էր եւ արագ փոփոխութեան եզրին կը գտնուէր:
  • Ընկերութիւնը կ'արհամարհէ Աննան եւ Ալեքսէյը: Լարուած վիճակը, առանձնութիւնը եւ ընկերութեան կողմէ աջակցութեան բացակայութիւնը կը բարձրացնեն հերոսուհիին յուզականութիւնը:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Գրականութեան պատմութեան լաւագոյն վէպերէն մէկը:
  2. Աննա Քարենինա»
  3. Ձեռագիրին բնօրինակը պահուած է Ս. Փեթերսպուրկի Սալտիկով-Շչեդրինի անուան գրադարանին մէջ:
  4. Վէպը