Jump to content

Իւան Թուրկենեւ

Իւան Թուրկենեւ (Ivan Sergeyevich Turgenev) (ռուս.՝ Иван Сергеевич Тургенев, 9 Նոյեմբեր 1818, Օրէօլ, Ռուսական կայսրութիւն – 3 Սեպտեմբեր 1883, Պուժիվալ (Bougival), Ֆրանսա), ռուս իրապաշտ գրող, բանաստեղծ, հրապարակախօս, թատերագիր, թարգմանիչ։ Ռուս գրականութեան դասականներէն մէկը։ Փեթերսպուրկի գիտութիւններու կայսերական ակադեմիայի ռուսերէնի գիծով թղթակից անդամ, Օքսֆորտ համալսարանի պատուաւոր դոկտոր (1879)։ Հեղինակ է վէպերու, վիպակներու եւ պատմուածքներու, որոնցմէ ամէնէն շատ Ճանչցուած են եւ բազմաթիւ լեզուներով (այդ կ՛ընդգրկէ նաեւ հայերէն) թարգմանուած են հետեւեալները. «Նախօրէին» (անգլ.՝ On the Eve)(ռուս.՝ Накануне, 1860), «Ծուխը» (անգլ.՝ Smoke) (ռուս.՝ Дым, 1867), «Հայրեր եւ որդիներ» (անգլ.՝ Fathers and Sons)(ռուս.՝ Отцы и дети, 1862) վէպերը, «Որսորդի Յիշատակարանը» (անգլ.՝ A Sportsman's Sketches)(ռուս.՝ Записки охотника, 1852) պատմուածքներու ժողովածուն, «Մումու» (ռուս.՝ Муму, 1852), «Գարնանային Ջուրեր» (ռուս.՝ Вешние воды, 1872), «Յաղթական Սիրոյ Երգը» (ռուս.՝ Песнь торжествующей любви, 1881) վիպակները։

Թուրկենեւի ստեղծած գեղարուեստական համակարգը մեծ ազդեցութիւն ձգած է 19-րդ դարու երկրորդ կէսին՝ ո՛չ միայն ռուս, այլեւ՝ արեւմտաեւրոպական վէպի բանաստեղծական արուեստի վրայ։ Իւան Թուրկենեւը առաջինն էր ռուս գրականութեան մէջ, որ սկսաւ ուսումնասիրել «նոր մարդուն»` վաթսունականի անձը, անոր բարոյական յատկանիշները եւ հոգեբանական առանձնայատկութիւնները: Իրեն շնորհիւ ռուսաց լեզուին մէջ սկսաւ լայնօրէն կիրառուիլ «նիհիլիզմ»ի (ոչնչապաշտութեան) եզրը[1]։ Ան արեւմուտքի մէջ գրականութեան եւ թատերգութեան քարոզիչն էր։

Իւան Թուրկենեւի ստեղծագործութեան ուսումնասիրութիւնը պարտադիր մաս կը կազմէ Ռուսաստանի հանրակրթական դպրոցական ծրագիրներուն մէջ:

Ծագում եւ Կեանքի Վաղ Տարիներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Սերկէյ Նիքոլաեւիչ Թուրկենեւի ՝ գրողին հայրը

Իւան Թուրկենեւ արմատներով Թուլայի Թուրկենեւներու հին ազնուական տոհմէն էր։ Իր յուշագիրքին մէջ ապագայ գրողին մայրը արձանագրած է.

«1818 թուականի Հոկտեմբեր 28-ին՝ երկուշաբթի՝ առաւօտեան ժամը 12-ին, Օրիոլի (Oryol) տան մէջ, ծնաւ որդիս՝ Իւանը, հասակը՝ 12 վերշոկ այսինքն 52,80 սանթիմեթր,(մէկ վերշոկը = 4,4 cm չափ)։ Կնքեցին Նոյեմբեր 4-ին՝ Ֆեոտոր Սեմէոնովիչ Ուվարովը քրոջ՝ Ֆետոսիա Նիքոլաեւնա Թեբլովայի հետ։»

Իւանի հայրը՝ Սերկէյ Նիքոլայի Թուրկենեւը (1793 - 1834), այն ժամանակ կը ծառայէր որպէս պահակ զինուոր հեծելազօրային գունդին մէջ։ Գեղեցկադէմ՝ այրուձիի պահակ, զինուորին վարած անհոգ կեանքը քայքայեց իր նիւթական վիճակը, եւ զայն կարգաւորելուն համար 1816 թուականին շահադիտական նպատակներով ամուսնացաւ ո՛չ երիտասարդ եւ անհրապոյր, սակայն բաւականաչափ հարուստ Վառվառա Փեթրովնա Լութովինովայի (1787-1850) հետ։ 1821 թուականին, Քիրասիրեան գունդի գնդապետի կոչումով, հայրն անցաւ թոշակի։ Իւանը ընտանիքի երկրորդ զաւակն էր։

Ապագայ գրողի մայրը՝ Վառվառա Փեթրովնայի արմատները եղած են հարուստ ազնուական ընտանիքէն։ Անոր ամուսնութիւնը Սերկէյի հետ անյաջող էր։ Վերջինս 1834 թուականին մահացաւ՝ իր ետին ձգելով երեք որդիներ՝ Նիքոլան, Իւանը եւ Սերկէյը։ Սերկէյ վաղաժամ մեռաւ լուսնոտութենէ (epilepsy)։ Մայրը էութեամբ իշխող եւ բռնակալ կին մըն էր։ Ան նոյնպէս վաղաժամ զրկուած էր իր հօրմէն, տառապած էր իր մօր (որ յետագային թոռը պատկերացուց իր «Մահը» ակնարկով՝ պառաւի կերպարի մէջ) դաժան վերաբերմունէն եւ վայրագ, հարբեցող հօրմէն, որ յաճախակի կը ծեծէր զինք։ Մշտական ծեծի ու նուաստացումներու պատճառով ան յետագային փախած էր իր հօրեղբօր մօտ, որուն մահէն ետք դարձած էր հոյակապ կալուածի եւ 500 ճորտերու տիրուհի։

Վառվառա Փեթրովնա Լութովինովան՝ գրողի մայրը

Վառվառա Փեթրովնան յատուկ խառնուածքի տէր կին մըն էր։ Ան օժտուած էր ճորտատիրական հակումներով, սակայն միաժամանակ բաւականին կիրթ եւ կարդացած անձնաւորութիւն մըն էր։ Ան իր երեխաներուն դաստիարակութիւնը կը զուգորդէր ընտանեկան բռնութեան հետ։ Մայրական ծեծի կ՝ ենթարկուէր նաեւ Իւանը, հակառակ անոր, որ՝ ան կը համարուէր մօր ամենասիրելի որդին։ Տղուն գրագիտութեամբ զբաղած են, յաճախակիօրէն, փոփոխուող ֆրանսացի եւ գերմանացի տնային դաստիարակները։ Վառվառա Փեթրովնայի ընտանիքին մէջ խօսակցութիւնը, նոյնիսկ աղօթքները կ՝ արտասանուէր ֆրանսերէն։ Վառվառան շատ կը ճամբորդէր եւ ան պայծառ եւ կրթեալ կին էր, կը կարդար շատ, դարձեալ՝ առաւելապէս ֆրանսերէն։ Սակայն հարազատ լեզուն ու գրականութիւնը նոյնպէս խորթ չէին իրեն համար։ Ան հրաշալի կը տիրապետէր պատկերաւոր ռուսերէն խօսքին, իսկ Սերկէյ Նիքոլաեւիչը կը պահանջէր երեխաներէն, որ անոնք իր բացակայութեան ժամանակ, ռուսերէն նամակներ գրեն իրեն։ Թուրկենեւներու ընտանիքը կապ կը պահէր Վ. Ժուկովսկիի եւ Մ. Զագոնսկիի հետ։ Վառվառա Փեթրովնան կը հետեւէր գրականութեան նորոյթներուն, լաւ տեղեկացուած էր Ն. Քարամզինի, Վ. Ժուկովսկիի, Ա. Պուշկինի, Մ. Լերմոնտովի եւ Ն. Կոկոլի ստեղծագործութիւններէն, որոնցմէ հաճոյքով մէջբերումներ կը բերէր որդւոյն գրած նամակներուն մէջ։

Ռուսական գրականութեան հանդէպ սէրը պատանի Թուրկենեւի մեջ սերմանած է նաեւ ճորտ սպասաւորներէն մէկը, որ յետագային դարձաւ Փունինի նախատիպը «Փունինը եւ Պապուրինը» պատմուածքին մէջ։ Մինչեւ 9 տարեկան Թուրկենեւը ապրած է մայրական ժառանգական կալուածքին մէջ՝ Սպասքոյէ-Լութովինովօ՝ Օրիոլի նահանգ՝ Մցենսքէն 10 քմ հեռաւորութեան վրայ։ 1827 թուականին Թուրկենեւները երեխաներուն կրթութեան տալու նպատակով հաստատուեցան Մոսկուայի՝ Սամոթեօք թաղամասը։ Ապագայ գրողը սկիզբը սորված է Վէյտենհամըրի գիշերօթիկ դպրոցին մէջ, ապա ան եղած է Լազարեան ճեմարանի տնօրէն՝ Ի. Քրաուզէին սանը։

Կրթութիւն, Գրական Գործունեութեան Սկիզբ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Երիտասարդ Իւան Թուրկենեւը

1833 թուականին 15 տարեկան հասակին Թուրկենեւը կ՝ ընդունուի Մոսկուայի համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը։ Այդ նոյն ժամանակ այստեղ կ՝ ուսանէին Ալեքսանտր Կերցենը եւ Վիսարիոն Պելինսքին։ Մէկ տարի ետք, երբ Իւանի աւագ եղբայրը կ՝ ընդունուի պահակազօրք հրետանային գունդ, ընտանիքը կը տեղափոխուի Ս․ Փեթերսպուրկ, ուր Իւան Թուրկենեւը կը փոխադրուի Փեթերսպուրկի համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժանմունքը։ Անոր համալսարանական ընկերն էր ապագայ յայտնի գիտնական-պատմաբան Թիմոֆէյ Կրանովսքին[2]։

Սկիզբը Թուրկենեւը կ՛ուզէր բանաստեղծ դառնալ։ 1834 թուականին, երբ ան երրորդ կարգի ուսանող էր, գրեց «Պատը» ութոտանի «եամպ»ով մեծավերջ տղչ. թատերական բանաստեղծութիւնը[Ն 1]։ Երիտասարդ հեղինակը իր գրիչի փորձը ցոյց տուաւ իր ուսուցիչին՝ ռուս բանասիրութեան փրոֆէսօր Փիոթըր Փլեթնիովին։ Դասախօսութիւններէն մէկուն ժամանակ Փլեթնիովը բաւականին խիստ վերլուծեց այդ բանաստեղծութիւնը, հեղինակին չբացայայտելով, սակայն միաժամանակ խոստովանեցաւ, որ այդ ստեղծագործողին մէջ «ինչ-որ բան կայ»։ Այդ խօսքերէն ոգեշնչուած՝ երիտասարդ գրողը ստեղծեց նաեւ քանի մը բանաստեղծութիւն, որոնցմէ երկուքը 1838 թուականին «…..въ» ստորագրութեամբ Փլեթնիովը տպագրեց «Սովրեմեննիք» ամսագիրին մէջ, որուն խմբագիրը նոյնն ինքն էր։ Անոնք էին «Երեկոյ» եւ «Վեներա Մետիցէյսքայայի մօտ» բանաստեղծութիւնները[3][4]։

Տուրկենեւի առաջին հրապարակումը լոյս տեսած է 1836 թուականին։ «Ժողովրդական կրթութեան նախարարութեան ամսագիրով» ան հրապարակեց Անտրէյ Մուրավիովի «Ճանապարհորդութիւն Դէպի Սուրբ Վայրեր» ստեղծագործութեան ամբողջ տեսութիւնը[5]։ Մինչեւ 1837 թուականը ան գրած էր արդէն մօտ հարիւր փոքր բանաստեղծութիւն եւ քանի մը բանաստեղծութիւն (անաւարտ «Ծերունիի Պատմութիւնը», «Խաղաղութիւն Ծովու վրայ», «Լուսնային Գիշերուայ Ցնորքներ», «Երազ»)։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. , НигилизмФилософия: Энциклопедический словарь, М. էջ 1072։
  2. Лебедев Ю. В.։ «Тургенев»։ Поэты и поэзия։ Библиотека русской поэзии։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-10-02-ին։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ նոյեմբերի 11–ին 
  3. , ТургеневЛитературная энциклопедия, հ. 11, М.։
  4. , Тургенев Иван СергеевичБольшая советская энциклопедия, հ. 26, М.։
  5. Тургенев, Иван Сергеевич в ЭСБЕ

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]


Մէջբերման սխալ՝ <ref> tags exist for a group named "Ն", but no corresponding <references group="Ն"/> tag was found