Jump to content

Արցախեան Ազատամարտ

Արցախեան Գոյամարտ

Արցախեան ազատամարտ (նաեւ գոյամարտ, պատերազմ), Արցախի հայ բնակչութեան պայքարը յանուն Հայաստանի հետ միացման եւ ընդդէմ ազրպէյճանական յարձակողականի: Հակամարտութեան երկրորդ կողմն էր Ազրպէյճանը, որ կը ձգտէր նուաճել Արցախը: Չարդախլի հայկական գիւղին մէջ 1987-ին տեղի ունեցած հայ-ազրպէյճանական ընդհարումներէն՝ ազրպէյճանական ԽՍՀ-ի մէջ սկսաւ հայերու բնաջնջումը, որմէ ետք հակամարտութիւնը աստիճանաբար վերածուեցաւ հայ-ազրպէյճանական լայնածաւալ պատերազմի[1][2][3][4]:

Արցախեան գոյամարտը 20-րդ դարասկիզբին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արցախեան գոյամարտը սկիզբ առած է 1918-1920 թուականներուն: Այս շրջանին Արցախը մաս չէր կազմեր որեւէ պետութեան, ընդ որում նաեւ՝ Ազրպէյճանի: Օսմանեան Թուրքիոյ ճնշման տակ ստորագրուած Պաթումի պայմանագիրով, նոր կազմաւորուող Հայաստանի Տեմոկրատական (Ռամկավարական)Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս մնացած էին բազմաթիւ հայաբնակ տարածքներ, որոնց մէջ էր նաեւ՝ Արցախը: Անոնցմէ օգտուեցան նաեւ նորաստեղծ Ազրպէյճան կոչուած պետութեան ղեկավարները՝ Արցախը, Զանգեզուրը, Նախիջեւանը եւ այլ հայկական հողեր իրենց պետութեան մաս յայտարարելով, սակայն տեղի հայ բնակչութիւնը վճռական դիմադրութիւն ցոյց տուաւ յարձակողներուն: Այնուամենայնիւ Գարտմանն ու Նախիջեւանը մնացին Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ:

Իր ինքնորոշման իրաւունքը իրագործելու համար, Արցախի ժողովուրդը կ'ընտրէ ժողովրդական ներկայացուցչութիւն (խորհրդարան)՝ Արցախահայութեան Համագումարը, որ 1918-1920 թուականներուն կը հանդիսանայ Արցախի գերագոյն լիազօր կառավարիչը: Ազրպէյճանական պետութիւնը կը փորձէ Արցախի Հանրապետութիւնը բռնի ուժով իրեն ենթարկել Օսմանեան Թուրքերու օգնութեամբ:[5]

Արցախեան գոյամարտը 20-րդ դարու վերջերուն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1988-ին Ազրպէյճան սանձազերծ կ'ընէ Հայ-Ազրպէյճանական պատերազմը: Լաւ զինուած Ազրպէյճանական բանակը, ջոկատներէն կը սկսի լայնածաւալ յարձակումներ կատարել Հայ-Ազրպէյճանական սահմանի ամբողջ երկայնքով: Պատերազմի յորձանուտին մէջ հայերը միացեալ ուժերով կը ստեղծեն հայոց ազգային բանակ, որ 20-25 հազար հայերէ կը բաղկանար: Ազրպէյճանի բանակը՝ 75-80 հազար: Սակայն հայերը կը յաջողին ետ մղել թշնամիին գրոհը եւ ազատագրել Արցախը: Ազրպէյճանական բանակի հարուածներուն զոհ կ՝ երթան հազարաւոր հայ խաղաղ բնակիչներ: Հայկական կողմը կը կորսնցնէ Արծուաշէնը, Մարտակերտի, Մարտունիի, Շահումեանի շրջաններու մէկ մասը: Հայկական ուժերու վճռական գործողութիւններուն թշնամին չկարենալով դիմադրել եւ վախնալով աւելի ծանր կորուստներ կրելէ, զինադադար կը խնդրէ, որ կը կնքուի 12 Մայիս 1994-ին: Հայերը կ՝ ունենան հինգ հազար զոհ (ինչպէս նաեւ՝ հազարաւոր զոհեր խաղաղ բնակչութեան շրջանէն), իսկ ազրպէյճանցիները՝ քառասուն հազար։ Արցախեան գոյամարտին մէջ հայ ազգը ցոյց տուաւ իր միասնականութեան ուժը, կրցաւ կասեցնել թշնամիին յարձակումները եւ ազատագրել հայկական տարածքներու մէկ մասը:

Արցախեան ազատագրական պատերազմ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արցախեան ազատագրական պատերազմը Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան յարձակողականի հետեւանքով ծագած զինուած հակամարտութիւնն է 1988–1994-ին: Կը կոչուի նաեւ Արցախեան ազատագրական պատերազմ 1988–1994 կամ արցախա-ազրպէյճանական զինուած հակամարտութիւն: 1988-էն մինչեւ 1991Ապրիլ 30 կրած է հիմնականին տեղային բնոյթ եւ դրսեւորուած համապարփակ շրջափակման, պետական ու անհատական ունեցուածքի աւարառութեան, բերքի եւ ցանքատարածքներու փճացման կամ բերքահաւաքին խոչընդոտելու, հայկական բնակավայրերու, մերձակայ օժանդակ տնտեսութիւններու ու արտադրական ձեռնարկութիւններու վրայ աւազակային յարձակումներու եւ հակաօրինական այլ գործողութիւններու տեսքով: Անոնց յաջորդած են կազմակերպուած ու բացահայտ զինուած ներխուժումները եւ տարածքներ գրաւելու, հայ ազգաբնակչութիւնը բռնի տեղահանելու նպատակով իրականացուած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները:

Արցախեան շարժման առաջին օրէն իսկ (1988, Փետրուար) Ազրպէյճանի մէջ սկսած է սանձարձակ հակահայկական քարոզչական պատերազմ: «Հայերը բնաջնջել, հողն արեամբ նուաճել» եւ այլ մոլեռանդ կոչերով հագեցած ազրպէյճանական պետական քարոզչութիւններ գրգռած են ամբոխը, որոնց հետեւանքով Ազրպէյճանի մէջ սկսած են հայերու նկատմամբ բացայայտ բռնարարքներ ու ջարդեր: Թշնամին դիմած է տնտեսական շրջափակման ամենատարբեր ձեւերու՝ արտաքին աշխարհէն, մանաւանդ Հայաստանէն ԼՂԻՄ-ի մեկուսացման, ժողովրդատնտեսական բեռներու, սննդամթերքի, վառելանիւթերու եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ իրերու ներկրման կամ տեղափոխման արգելափակումը: Դադրեցուած է երկաթուղային շարժակազմերու եւ բեռնատար ինքնաշարժներու մուտքը ԼՂԻՄ, արգելափակուած են մարզի ներքին հաղորդակցութեան ճամբաները: Սկսած են Սումկայիթի, Գանձակի, Պաքուի հայ բնակչութեան ջարդերն ու տեղահանութիւնները (տես Սումկայիթ ջարդեր,Պաքուի ջարդեր, Կիրովապատի ինքնապաշտպանութիւն), որոնք պատերազմական գործողութիւններու իւրօրինակ կը դրսեւորէին՝ ուղղուած Արցախի ու արցախցիներու դէմ, քանի որ այդ քաղաքներու հայերուն մեծ մասը արցախեան ծագում ունէին կամ ծնած էին Արցախի մէջ: Ազրպէյճանական յարձակումներուն մէջ առաջին թիրախներ դարձած են Հիւսիսային Արցախի բնակավայրերը: Տակաւին, 1987-ի վերջերուն ազրպէյճանական ԽՍՀ ՆԳՆ ստորաբաժանումները բռնութիւններ իրագործած են մարշալներ Յովհաննէս Բաղրամեանի ու Համազասպ Պապաջանեանի ծննդավայր Չարդախլու գիւղին մէջ եւ զայն հայաթափել: Այս մէկը եւ 12-14 Յունուար 1990Ազատի, Գետաշէնի ու Մանաշիտի վրայ յարձակումները դարձած են Հիւսիսային Արցախի հայութեան բացայայտ բռնի տեղահանութեան սկիզբը, որ իր աւարտին հասած է հակամարտութեան հերթական փուլի ընթացքին: Յարձակողականի մէջ նախապատրաստութիւնները, այդ թուականի՝ 1988-ի Փետրուարէն մինչեւ 1991-ի Ապրիլ ինկած ժամանակամիջոցին, ազրպէյճանցիներու աւազակախումբերու, ազրպէյճանական ԽՍՀ ՆԳՆ ՄՀՆՋ-ի եւ ԽՍՀՄ ներքին զօրքերու ստորաբաժանումներու համատեղ պատժիչ գործողութիւնները, անձնագրային ռեժիմի պահպանման քողին տակ իրականացուած ձերբակալութիւնները, բռնութիւնները եւ սպանութիւնները, արցախահայութիւնն ի վերջոյ դրած են, զինուած ինքնապաշտպանութեան դիմելու անհրաժեշտութեան առջեւ: Մանաւանդ, 30 Ապրիլ 1991-ին Կեդրոնի ձեռնարկած «Օղակ» ռազմական գործողութիւնը, որու ընթացքին հայաթափուած են Հիւսիսային Արցախի Գետաշէն ու Մարտունաշէն բնակավայրերը, Հատրութի շրջանի ծայրամասային գիւղերը եւ Շուշիի շրջանի Բերդաձորի ենթաշրջանը, փաստօրէն հաստատած է հիմնահարցը պատերազմի միջոցով լուծելու Ազրպէյճանի որդեգրած քաղաքական գիծի անշրջելիութիւնը: ՂԱՊ-ը կարելի է բաժնել հինգ հիմնական փուլերու, որոնք ընդմիջուած են ընդհանուր եւ կարճատեւ գործնական զինադադարներով:

Հինգ հիմնական փուլերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Ռմբակոծուած Ստեփանակերտը Առաջին փուլ՝ 22 Փետրուար, 1988 – 19 Յունուար,1990-ին-. սկսած է Ասկերան-Ստեփանակերտ ռազմավարական ուղղութեամբ աղտամցի ազրպէյճանցիներու բազմահազարանոց ամբոխի զինուած յարձակմամբ, աւարտած է Հիւսիսային Արցախի (Ազատ, Գետաշէն եւ Մանաշիտ), Մարտունիի շրջանի (նաեւ շրջակայ հայկական բնակավայրերու) վրայ յարձակումներու կասեցմամբ եւ Պաքուի հայ բնակչութեան ջարդի ու բռնի տեղահանութեան գործողութիւններով:
  • Երկրորդ փուլ՝ 30 Ապրիլ, 1991-ի – 18 Մայիս, 1992-ի. սկսած է «Օղակ» ռազմական գործողութեամբ, աւարտած՝ Լաչին քաղաքի հրաձգութեան կայաններու ճնշմամբ եւ Հայաստանի հետ ցամաքային կապի վերականգնմամբ:
  • Երրորդ փուլ ՝12 Յունիս, 1992 – 20 Յունուար, 1993-. սկսած է Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի, Շահումեանի, Մարտակերտի, Մարտունիի եւ Հատրութի շրջաններու ուղղութիւններով թշնամիին հսկայածաւալ յարձակումներով եւ աւարտած է մարտական գործողութիւններու հիմնական թատերաբեմ՝ Մարտակերտի ռազմաճակատին, թշնամիին յարձակման կասեցմամբ, ինչպէս նաև հակամարտութեան գօտիի մէջ ուժերու ընդհանուր հաւասարակշռութեան ստեղծմամբ:
  • Չորրորդ փուլ՝ 5 Փետրուար, 1993 – 1 Նոյեմբեր սկսած է Մարտակերտի ռազմաճակատին վրայ Արցախի Հանրապետութեան ԻՊՈՒ-ի լայնածաւալ հակայարձակմամբ եւ աւարտած է Հորադիզի, Կուպաթլուի, Ճապրայիլիի, Ֆիզուլի եւ Զանգելանի մէջ, կեդրոնացուած թշնամիին ռազմական խմբաւորումներու ջախջախման ռազմական գործողութեամբ:
  • Հինգերորդ փուլ ՝15 Դեկտեմբեր, 1993– 17 Մայիս, 1994. սկսած է Արցախի Հանրապետութեան սահմանագիծի ամբողջ տարածքով թշնամիին լայնածաւալ յարձակմամբ եւ եզրափակուած է արցախա-ազրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին մէջ զինադադարի հաստատումով (տես Բիշքեկեան արձանագրութիւն):

Օղակ գործողութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Օղակ» ռազմական գործողութեան նախնական յաջողութիւններով ոգեւորուած Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը իր ենթակայութեան տակ դրուած խորհրդային բանակի ստորաբաժանումներու միջոցով, շարունակած է մարտական գործողութիւնները Շահումեանի մէջ: ՀՀ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ, Գետաշէնի ենթաշրջանի եւ Շահումեանի մէջ ինքնապաշտպանական կամաւորական ջոկատներու գործողութիւնները համակարգելու, անհրաժեշտ եզրեր պատրաստելու, նիւթական, ռազմական եւ կազմակերպչական օժանդակութիւն ապահովելու, ազրպէյճանական ՄՀՆՋ-ականներու ճնշման եւ յարձակումները դիմագրաւելու, մարզի պաշտպանութիւնը կազմակերպելու նպատակով 1990-ին ԼՂ Ազգային խորհուրդի («Պաշտպանութիւն») ժամանակաւոր խումբի հիմքի վրայ կազմաւորուած է Ինքնապաշտպանութեան ընդյատակեայ կոմիտէ: Ստեղծուած են նաեւ ինքնապաշտպանական ուժեր, որոնք կազմաւորած եւ զինած են արագ հակազդման ջոկատներ եւ ղեկավարած հայկական բնակավայրերու ինքնապաշտպանութիւնը: 1991-ի Ապրիլին գործած է Համակարգող գաղտնի խորհուրդը (անդամներ՝ Վ. Բալաեան, Ժ. Գալստեան, Գ. Պետրոսեան, Մ. Պետրոսեան, Ս. Սարգսեան եւ Ռ. Քոչարեան): Հետագային, Երեւանի մէջ 4 Մայիս 1991-ին, ստեղծուած է ՀՀ Պաշտպանութեան կոմիտէ, Արցախի մէջ 26 Մարտ 1992-ին՝ Պաշտպանութեան (ինքնապաշտպանութեան) կոմիտէ, 15 Օգոստոս 1992-ին՝ Պաշտպանութեան պետական կոմիտէ (ՊՊԿ): 14 Յուլիս 1991-ին, խորհրդային եւ ազրպէյճանական զօրքերը ներխուժած են Մանաշիտ, Պուզլուխ եւ Էրքեճ: Թշնամիին հետագայ յառաջխաղացքը կասեցուած է Վերինշէնի մատոյցներուն մէջ: Արցախահայութեան համար այդ դժուար օրերուն, 2 Սեպտեմբեր 1991-ին հռչակուած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը, որու հետ պետական հիմքերու վրայ դրուած է ազրպէյճանական յարձակողականը դիմագրաւելու, հայ բնակչութեան անվտանգութիւնն ու կենսագործունէութիւնը ապահովելու խնդիրները: Ընդ որուն, պետական շինարարութեան եւ ԶՈԻ կազմաւորման գործընթացները տեղի ունեցած են զինուած ընդհարումներու եւ տեղաբնոյթ մարտերու, Արցախի բնակավայրերու վրայ մշտական յարձակումներու ու ռմբակոծումներու պայմաններուն մէջ: Խորհրդային զօրքերը Սեպտեմբերին հեռացած են Շահումեանի շրջանէն, որմէ օգտուելով՝ ինքնապաշտպանութեան շրջանային ուժերը 14-18 Սեպտեմբերին կրցած են ազատագրել Պուզլուխ, Մանաշիտ ու Էրքեճ գիւղերը եւ դիրքեր գրաւել Մարտունաշէնէն շուրջ չորս քմ. հեռաւորութեան վրայ: Այս եւ 30 Հոկտեմբեր 1991-ին Հատրութի շրջանի Տող գիւղի ազրպէյճանական թաղամասի ռազմական յենակէտերու անվտանգութիւնը ազատամարտիկներու առաջին նշանակալի յաջողութիւններն էին:

Նոյեմբերին, հիմնականին Հատրութի եւ Մարտունիի շրջաններուն մէջ ծաւալած մարտերու ընթացքին, ճնշուած են Հալիֆշա (6.11.1991), Հախլլու (7.11.1991), Սալաքեաթ (7.11.1991) եւ Խոչաւենդ (19.11.1991) բնակավայրերու հրաձգութեան կեդրոնները, ազատագրուած ենՍարինշէն», Ծամձոր (15.11.1991) ու Քարագլուխ (20.11. 1991) գիւղերը: Այդ մարտերու հիմնական նշանակութիւնը այն էր, որ նախ ազատագրուած են բռնագրաւուած բնակավայրերը, հայ ազատամարտիկները ձեռք բերած են ռազմական գործողութիւններ ծրագրելու եւ վարելու որոշակի փորձ եւ, որ նուազ կարեւոր չէր, հայկական գիւղերուն մէջ արագ թափով վերաբնակեցուող ազրպէյճանցի բռնագրաւողները արժանի հակահարուած ստացած են, որմով խափանած են անոնց Արցախի մէջ արմատաւորելու Ազրպէյճանի իշխանութիւններու ծրագիրները: 10 Դեկտեմբեր 1991-ին Արցախի մէջ գումարուած է համաժողովրդական հանրաքուէ, ընդ որում ազգաբնակչութեան մեծամասնութիւնը քուէարկած է յօգուտ Արցախի անկախութեան: Այդ պատմական իրողութիւնը կարեւոր քաղաքական գործողութիւն էր մինչ այդ՝ 8 Դեկտեմբերին, Մինսկի մերձակայ Պելովէժեան թաւուտին, Ռուսաստանի, Ուքրանիոյ եւ Պելլառուսիոյ մէջ ղեկավարներու՝ ԽՍՀՄ-ի՝ իբրեւ միջազգային գոյացութեան ու աշխարհաքաղաքական իրողութեան գոյութեան դադարեցման համաձայնագիրի ստորագրման բնագիրին մէջ: Շահումեանի շրջանը սահմանակից Կասում Իսմայիլովին միացնելու եւ Գերանպոյի շրջան ստեղծելու (14.1.1991) կամ ԼՂԻՄ-ը լուծարելու (26.11.1991) մասին որոշումները բացայայտած են Ազրպէյճանի բուն նպատակը, այն է՝ ազրպէյճանական բնակավայրերը ռազմական յենակէտերու վերածելէ բացի, դարձնել նաեւ «միջանկեալ օղակներ»՝ արցախեան այս կամ այն հողատարածքը պոկելու եւ Ազրպէյճանի յարակից շրջանին բռնակցելու համար: Հետեւաբար, Արցախի ինքնապաշտպանութեան պատասխանատուներու առաջնահերթ խնդիրներէն եղած են Ազրպէյճանի այդ նկրտումներուն հակազդել ու հաղորդակցութեան կարեւոր ճանապարհները ազրպէյճանցի զինեալներու վերահսկողութիւնէն ազատել: Ստեփանակերտի մերձակայ Ջամիլլիի գիւղը անվտանգ դարձած է 15 Դեկտեմբերին: Յաջորդ օրը Ասկերանի շրջանի Հասանապատ գիւղի մօտ հայ ազատամարտիկներու խումբը բախում ունեցած է ՄՀՆՋ-այիններու ու վարձկան ռուս զինուորներու միացեալ ուժերուն հետ: Քանի մը ժամ տեւած մարտի աւարտին հայ ռազմիկները փախուստի մատնած են թշնամին: Թէեւ օրակարգը Կրկժանի ազատագրումն էր, սակայն Արցախի ինքնապաշտպանական ջոկատները գործողութիւններ ձեռնարկած են Լեսնոյէի ուղղութեամբ՝ նպատակ ունենալով վնասազերծել վտանգաւոր «միջանկեալ օղակներէն» մէկը եւ Կրկժանէն հակառակորդին ուշադրութիւնը շեղել ՝ անոր ուժերը գամելով Լեսնոյէի մէջ: Ան մշտական սպառնալիք էր Պատարա, Աստղաշէն ու Դահրաւ գիւղերու համար եւ Խոչալուի հետ ռազմավարական գիծ ստեղծելու հաւակնութիւն ունեցած է: Ռազմական գործողութիւնը սկսած է 23 Դեկտեմբերի գիշերը: Եօթը ժամ տեւած մարտերը պսակուած են յաղթանակով։ 22-23 Դեկտեմբերին անվտանգ դարձած են նաեւ Մարտակերտի շրջանի ազրպէյճանական Իմերեթ-Քերեվենդ եւ Ումուտլու գիւղերու յենակէտերը: 25 եւ 26 Դեկտեմբերին Արցախէն դուրս բերուած են ԽՍՀՄ ներքին զօրքերու յատուկ զօրաբաժինը, նոյն ատեն անպաշտպան մնացած են Արցախի բազմաթիւ բնակավայրեր եւ ժողովրդատնտեսական կարեւոր նպատակակէտեր, իսկ սահմանագիծի ամբողջ տարածքով աշխուժացուցած են ազրպէյճանական զինուած խմբաւորումներու խժդժութիւնները: Ազրպէյճանցիներու աշխուժացումը պայմանաւորուած է Պաքուէն եւ Աղդամէն 300-ական զինեալներ ընդգրկող 18 գումարտակներու, ինչպէս նաեւ ռազմական արուեստի եւ մէկ ՄԻ–24 ուղղաթիռի Արցախ տեղափոխման հանգամանքով: Տագնապալից իրավիճակի հետեւանքով ՀՀ ՊԿ-էն Արցախ ղրկուած է Արկադի Տէր-Թադէոսեան, որու յանձնարարուած է անյապաղ աւարտել կանոնաւոր զինուած ջոկատներու կազմաւորումը: Տարբեր ժամանակներուն Արցախի զինուած ուժերուն օգնած են բազմաթիւ հայազգի զինուորագրուողներ ինչպէս՝ Ռ. Գզողեան, Ք. Իվանեան, Հ. Հարոյեան, Ռ. Մաղաուզեան, Ն. Յարութիւնեան, Ա. Զինեւիչ եւ ուրիշներ: Հատրութի եւ Մարտունիի շրջաններու զինուած ջոկատներուն մէջ ներգրաւուած են չորս հարիւրական, իսկ Ասկերանի, Մարտակերտի եւ Ստեփանակերտի մէջ՝ հինգ հարիւրական մարտիկներ:

19-20 Յունուար 1992-ին ազատագրուած է Ստեփանակերտի արուարձան Կրկժանը, որմէ ետք հայ մարտիկները դիրքեր գրաւած են տիրապետող բարձունքներու վրայ: Յունուար 25-ի լոյս 26-ի գիշերը Շուշիի սարահարթէն թշնամին յարձակման անցած է Քարինտակի ուղղութեամբ: Սակայն հարեւան գիւղերէն եւ մայրաքաղաքէն օգնութեան հասած ինքնապաշտպանական ջոկատներու ճնշման տակ ան ետ քաշուած է (տես Քարինտակի ինքնապաշտպանութիւն): 9-11 Փետրուար 1992-ի ընթացքին հակառակորդը կորսնցնելովՄալիբեկլուի եւ Ղուշչուլարի ռազմակայանները՝ յարձակման անցած է ռազմաճակատի ամբողջ տարածքով: 14 Փետրուարին, Շուշիէն առաջին անգամ Ստեփանակերտը հրթիռակոծուած է ՄՄ–21 «Կրատ» հրթիռահրետանային համազարկային կայանէն: Մինչ այդ՝ 25 Սեպտեմբեր 1992-ին՝ «Ալազան»-ով: 13 Յունուար 1992-ին Շահումեան աւանը հրթիռակոծուած էր «Կրատ»-ով: Վերջինս միջազգային համաձայնագիրով արգիլուած էր գործածել խաղաղ բնակչութեան դէմ, բայց մշտապէս օգտագործուած է շուրջ 70 հազար բնակչութեամբ Ստեփանակերտի ու շրջակայ հայկական բնակավայրերու դէմ: 17 եւ 22 Փետրուարին Ղարատաղլուի եւ Վերին Վեյսալուի ռազմական գործողութիւնները կարեւոր յաղթանակներ կը տանէին Մարտունիի շրջանին մէջ միասնական ճակատ ու ապահով թիկունք ստեղծելու, ինչպէս նաեւ այդ ուղղութեան ռազմաճակատը ամրացնելու առումով: 24 Փետրուար 1992-ին Արցախի Հանրապետութեան ԳԽ-ի նախագահութիւնը որոշում ընդունած է պետական համապատասխան կարգավիճակ շնորհելու մինչ այդ նոր ձեւաւորուած կամաւորական-ինքնապաշտպանական ջոկատներուն: Հերթական փայլուն յաջողութիւնը Խոչալուի կրակի դիրքերուն ճնշման ռազմագործողութիւնն էր (տես Խոչալուի ազատագրում): Խոչալուի ազատագրումով վերականգնած է հաղորդակցութիւնը Ասկերան աւանի հետ, հակառակորդէն գրաւուած են մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք, շրջափակման մէջ գտնուող արցախահայութեան համար վերականգնած է արտաքին աշխարհի հետ յուսալի օդային կապը, կանխուած թշնամիին՝ Ասկերանի կողմէն Ստեփանակերտ ներխուժելու վաղեմի ծրագիրը, ծանր հարուած հասած՝ Ազրպէյճանի ռազմական գործողութեան, ալ աւելի լարուած՝ Պաքուի իշխանութիւններու եւ ընդդիմութեան ներհակութիւնները:

1992 Մարտ ամիսը նշանաւոր եղած է Ազրպէյճանի զինուած կազմաւորումներու կողմէ Արցախի խաղաղ բնակավայրերու մշտական հրթիռահրետակոծութիւններով եւ սպառազինութեան ու ռազմական ուղղաթիռներու կիրառմամբ լայնածաւալ յարձակումներով: Միաժամանակ չեն դադրած նաեւ օտարերկրեայ միջնորդական առաքելութիւնները, իսկ որոշ տէրութիւններու կողմէն՝ նոյնիսկ բացահայտ սպառնալիքները: 1992-ի գարնանային պատերազմաշրջանի սկիզբներուն հակառակորդը յաջողած է ռազմաճակատի առանձին տեղամասերուն մէջ ժամանակաւոր յաջողութեան հասնիլ: Օր ըստ օրէ սաստկացող մարտական գործողութիւնները հրամայաբար պահանջած են կատարելագործել ոչ միայն ինքնապաշտպանական ուժերու կառուցուածքային ու մարտական որակները, այլեւ կառավարման համակարգը: Այդ խնդիրները մասնագիտական բարձր մակարդակով լուծելու համար անհրաժեշտ էր ունենալ ԻՊՈւ փորձառու հրամանատար եւ պաշտպանութեան խորհուրդ: Հաշուի առնելով Արկադի Տէր-Թադէոսեանի, ռազմական գործողութիւններու ղեկավարման ընթացքին ձեռք բերած հեղինակութիւնը՝ սպայի ու աֆղանական պատերազմի հարուստ փորձառութիւնը եւ մինչ այդ ԻՊՈւ հրամանատարի պարտականութիւններու յաջող կատարումը, Արցախի Հանրապետութեան ԳԽ Նախագահութիւնը 4 Մարտ 1992-ին, զինք նշանակած է Արցախի ԻՊՈւ հրամանատար: Նոյն օրը հաստատուած է նաեւ Արցախի պաշտպանութեան խորհուրդի կազմը, որուն մէջ ընդգրկուած են Վ. Բալաեանը, Օլեգ Եսաեանը, Արկադի Կարապետեանը, Արթուր Մկրտչեանը (նախագահ), Սերժ Սարգսեանը, Արկադի Տեր-Թադեւոսեանը, Ռոբերտ Քոչարեանը:11 Մարտին, Ասկերանի ինքնապաշտպանութեան շրջանային ուժերը ռազմագործողութիւն ձեռնարկած են մինչ այդ զիջած դիրքերը վերադարձնելու նպատակով: Ծաւալած մարտերու արդիւնքին մէջ թշնամիին խմբաւորումը գլխովին ջախջախուած է: Նոյն օրը ԻՊՈւ ռազմագործողութիւն սկսած են նաեւ Սրխաւենդի ռազմավարական կեդրոններուն անվտանգութեան նպատակով: Սրխաւենդի ու շրջակայ գիւղերու ազատագրումով ապահովուած է Արցախը կեդրոնին հետ կապող Խաչենագետի կամուրջի եւ Կիչան գիւղով անցնող ինքնաշարժի ճամբուն անվտանգութիւնը, գրաւուած է զգալի քանակութեամբ ռազմամթերք:

Ապրիլ 1992-ին, առաւել ցայտուն արտայայտուած են Ազրպէյճանի որդեգրած «բնաջնջողական պատերազմի» քաղաքականութեան տարրերը: Ուժեր ու միջոցներ կեդրոնացնելով Արցախի սահմանագիծի ամբողջ տարածքին՝ առանձին տեղամասերուն մէջ թշնամին փորձած է բացայայտել ԻՊՈւ պաշտպանութեան համեմատաբար թոյլ օղակները, մշտական ռմբակոծումներու միջոցով աւերել խաղաղ բնակավայրերը եւ հոգեբանօրէն ընկճել բնակչութիւնը: Բոլոր ռազմական գործողութիւնները ներգրաւուած են նաեւ ԽՍՀՄ 4-րդ բանակի 23-րդ բաժանմունքի (Կիրովապատի մէջ տեղակայուած) սպաներուն: Իսկ Շուշիի ռազմական գործողութեան անմիջապէս նախորդած է 29 Ապրիլ 1992-ին Ստեփանակերտի մատոյցներուն մէջ տեղի ունեցած մարտը: Արցախի ԻՊՈւ-ի աշխուժ գործողութիւններուն սպասող թշնամին հոգեբանական լարուած իրավիճակին մէջ կորսնցուցած է հաւասարակշռութիւնը եւ նախայարձակ եղած է: Կասեցնելով հակառակորդին յառաջխաղացքը եւ կենդանի ուժին մեծ կորուստներ պատճառելով՝ հայ մարտիկները յաջողութեամբ ետ մղած են բոլոր գրոհները: Այս մէկը Շուշիէն ու Ջանհասանէն ձեռնարկած թշնամիին ցամաքային վերջին յարձակումն էր:

Այդպիսով, Ազրպէյճանի կողմէն սանձազերծուած պատերազմը նոր թափ ու ծաւալներ ընդունած էր: Ազրպէյճանական կողմը առաջինը կիրարկած էր մարտական ծանր միջոցներ, այդ թիւին մէջ՝ Տ–72 թնդանօթներ, «Կրատ» ռմբակոծման կեդրոններ: Արցախի ԻՊՈւ թուապէս ու սպառազինութեամբ գերակշռող թշնամիին արժանի հակահարուած հասցուցած են, ոչ միայն պաշտպանելով հանրապետութեան սահմանները, այլեւ վնասազերծելով Ազրպէյճանի ռազմական յենակէտերը: Գարնանային պատերազմաշրջանի կէսերուն Արցախի մէջ թշնամիին գլխաւոր զինադաշտը շարունակած է մնալ Շուշին, որու հետ ռազմավարական գիծ կը կազմէին Քէօսալար, Ջանհասան, Կարագեաւ գիւղերը:

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Շուշիի ազատագրումը կը դառնար պարտադրուած անհրաժեշտութիւն. Անոր համար առկայ էին տնտեսական ու ռազմական բոլոր նախադրեալները:

Շուշիի ազատագրում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շուշիի ազատագրման գործողութեան նախապատրաստումը կատարուած է քանի մը փուլերով՝ դիւանագիտական, լրատուաքարոզչական եւ ռազմական: 8 Մայիս 1992-ին, ժամը 2:30-ին ԻՊՈւ շուրջ 1200 մարտիկներէ կազմուած գրոհային չորս խումբեր ձեռնամուխ եղած են իր ուժով զիրենք գերազանցող թշնամին ջախջախելու Շուշիի եւ Ստեփանակերտի շրջակայ յենակէտերուն մէջ: Մարտական գործողութիւնները ծաւալած են «26»-ի (հիւսիսային), Շոշի (արեւելեան), Լաչինի (հարաւային) եւ Ջանհասան-Քէօսալարի (հիւսիսարեւմտեան) ուղղութիւններով:

Ռազմական գործողութեան մանրակրկիտ նախապատրաստութեան, հմուտ ղեկավարման, բոլոր աստիճաններու հրամանատարներու հնարամիտ փոխհամագործակցութեան, հայ ազատամարտիկներու վճռական գործողութիւններու շնորհիւ, երկու օրուան մէջ, յաջողած է ճնշել թշնամիին դիմադրութիւնը եւ ազատագրել ռազմավարական տեսակէտէն կարեւոր Շուշի քաղաքը: Շուշիի ազատագրմամբ հնարաւոր կը դառնար նաեւ Լաչինի ռազմագործողութիւնը՝ Արցախի շրջափակման օղակի ճեղքումը (տես Լաչինի մարդասիրական միջանցքի բացումը):

Շուշիի ազատագրումը վերջնականապէս հողմացրիւ ըրած է քանակով ու միջոցներով գերակշռող թշնամին սեփական ուժերով յաղթելու անհնար առասպելը: Միւս կողմէն, բարոյահոգեբանական խորտակիչ հարուած հասցուցած է հակառակորդին, որ այդպէս ալ հետագայ մարտական գործողութիւններու ամբողջ ընթացքին չկրցաւ յաղթահարել պարտուածի բարդոյթը:

Շուշիի յաղթանակը հիմք հանդիսացած է ԻՊՈւ ջոկատները Արցախի Հանրապետութեան ՊԲ-ի վերակազմաւորելու նախապատրաստութեան համար: Շուշիի ռազմահանգրուանի կորուստէն ետք, թշնամին մեծ ուժերով ու միջոցներով յարձակումներ ձեռնարկած է Արցախի Հանրապետութեան սահմաններու քանի մը հատուածներուն մէջ: 10 Մայիսին, յարձակում սկսած է Աղդամ - Ասկերան - Ստեփանակերտ ռազմավարական գիծով: Մասնաւորապէս, Աղդամի յենակետէն գրոհած է Սառնաղբիւր, Արանզամին, Փրջամալ, Նախիջեւանիկ, Դահրազ գիւղերը եւ ժամանակաւորապէս գրաւած այդ բնակավայրերը: Տակաւին, 8 Մայիսին, Ասկերանի շրջանի Ջանհասան_Քէօսալար գիւղերու վրայ յարձակումէն ԻՊՈւ հրամանատարութեան ուշադրութիւնը շեղելու մտադրութեամբ, թշնամին գրոհած էր Քարագլուխը: Պահակակէտերուն մէջ գտնուող Նորագիւղի վաշտի մարտիկները եւ անոնց օգնութեան հասած Սարդարաշէնի եւ Խնձրիստանի ինքնապաշտպանական ջոկատները, զգալի կորուստներ պատճառելով, ստիպած են որ թշնամին ձգէ Արցախի սահմանները ու հեռանայ: 10 Մայիսին, վերստին յարձակման անցած հակառակորդը որոշակի յաջողութեան հասած է Սառնաղբիւրի մէջ: Ասկերանի պաշտպանական շրջանի ուժերը երեկոյեան ձեռնարկած սրընթաց հակագրոհով ազատագրած են ինչպէս Սառնաղբիւրը, այնպէս ալ վերոյիշեալ գիւղերը եւ թշնամին դուրս մղած Արցախի տարածքէն՝ խափանելով Շուշի հասնելու անոր ծրագիրներու իրականացումը: 10 Մայիսին, իրավիճակը կտրուկ դարձած է նաեւ Մարտակերտի մէջ: Վեց միաւորներու աջակցութեամբ յարձակման ենթարկուած ու գրաւուած է Մարաղան, 1 թնդանօթի ու 3 ՀՄՄ-ի ուղեկցութեամբ՝ Չայլուն: Մինչ Չայլուի մէջ յամառ մարտեր կ՝ ընթանային, ստացուած պահեստազօրի ու մարտական միջոցառումներու օգնութեամբ, հայ մարտիկները 12 Մայիսին ազատագրած են Մարաղանը: 11 Մայիսի երեկոյեան Շուշիի մէջ դիրքերը ամրապնդելէ եւ Արցախի սահմաններու քանի մը հատուածներուն մէջ թշնամիին յարձակումները ետ մղելէ ետք, ԻՊՈւ նախաձեռնած են Բերդաձորի ռազմական գործողութեան: 12 Մայիսին, վերահսկողութեան տակ առնուած է Զառըսլի գիւղը, քանի որ ԻՊՈւ շտապը գործնական տեղեկութիւններ ստացած էր հակառակորդին յարձակման անցնելու մտադրութեան մասին: ԻՊՈւ ստորաբաժանումները յուսալիօրէն փակած են դէպի Շուշի թշնամիին հնարաւոր սողանցքերը: Լիսագոր - Զառըսլու ուղեհատուածը նախօրօք ականապատուած էր: 13 Մայիսին, թշնամին մարտական զօրքն ու հետեւակը յարձակման անցած էր՝ Զառըսլին ներխուժելու նպատակով, սակայն ականի վրայ թնդանօթը պայթած է, զրահամեքենան նռնականետով խոցուած եւ կանխուած է հետագայ այլ միջոցառումներու յառաջխաղացքը: Ծայր առած է փոխադարձ հրաձգութիւն, որու ընթացքին կորսնցնելով շուրջ 40 զինուոր՝ հակառակորդը նահանջած է: Լիսագոր-Բերդաձոր գիծով ռազմական գործողութիւնը սկսած է հիմնականին երկու ուղղութիւններով՝ խճուղիի աջ ու ձախ կողմերով եւ Ջանհասան_ Քէօսալար գիւղերէն: Ճնշելով հակառակորդին դիմադրութիւնը միայն 2 գիւղի մէջ՝ վերահսկողութեան տակ առնուած է Շուշիի շուրջ 17 գիւղերը: Այնուհետեւ հարուածային զօրախումբերը դուրս եկած են Լիսագորէն աջ եւ ձախ ինկած բարձունքները, որոնցմէ յատկապէս հեռուստաաշտարակի բարձունքի գրաւումը կանխորոշուած է յենակէտի վերածուած այդ բնակավայրի հետագայ ճակատագիրը: Լիսագոր - Մեծշէն - Հինշէն գիծով յարձակումը շարունակած են Ակնաղբիւրի, Աւետարանոցի, Շոշի, Սղնախի, ՀՀԴ վաշտերը եւ այլ ստորաբաժանումներ, որոնք ալ ազատագրած են Բերդաձորի ենթաշրջանի գիւղերը: 18 Մայիսի առաւօտեան, հրետանային նախապատրաստութենէն ետք, ԻՊՈւ կազմաւորումները յարձակման անցած են Լաչինի ուղղութեամբ եւ վերահսկողութեան տակ առած զայն:

Լաչինէն ԻՊՈւ կամաւորները դուրս եկած են ՀՀ սահմանը, միաժամանակ հետապնդած Քէլբաջարի ու Կուպաթլուի ուղղութեամբ նահանջող թշնամին: Այդպիսով մաքառող Արցախը անմիջական ցամաքային կապ հաստատած է Հայաստանի հետ, որ կը նշանակէր կեանքի ճամբու բացումը, արհեստականօրէն մասնատուած ժողովուրդի երկու հատուածներու գործնական վերամիաւորումը: Լաչինի մէջ կրած պարտութիւնը աւելի սրած է Ազրպէյճանի ներքաղաքական լարուածութիւնը եւ միջազգային հանրութիւնը կանգնեցուցած է փաստի մը առջեւ՝ ստիպելով վերատեսութեան ենթարկել արցախեան հիմնախնդիրին վերաբերեալ առկայ մօտեցումները: Հայկական կողմին այս ակնառու յաջողութիւններուն հետեւած է պարտադրուած կարճատեւ զինադադար, որ սակայն խախտած է 1992-ի Մայիսի վերջերուն ու Յունիսի սկիզբներուն, երբ Ռուսաստան Ազրպէյճանի յանձնած է մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք (մօտաւոր տուեալներով 150 թնդանօթ, 120 ՀՄՄ, 170 զրահափոխադրիչ, շուրջ 150 ականանետ, 90 զենիթահրետանային կեդրոններ, ՍՈւ-25 եւ ՄԻԳ տեսակի ինքնաթիռներ): Միաժամանակ, Ազրպէյճանի մէջ տեղակայուած ռուսական բանակի զօրամասերու զինուորներու ու սպաներու համար ստեղծուած են որպէս վարձկան մարտական գործողութիւններուն մասնակցելու բոլոր պայմանները: Այդ բոլորը Ազրպէյճանի հնարաւորութիւն տուած է որոշակիօրէն փոխել իրավիճակը արցախեան ռազմաճակատին վրայ: Յունիս 1992-ի առաջին տասնօրեակին նկատելիօրէն աշխուժացած են հակառակորդին գործողութիւնները Արցախի Հանրապետութեան սահմանագիծի ամբողջ երկայնքով. բնակավայրերու հրթիռահրետակոծութիւններուն զուգահեռ՝ ուժեր եւ միջոցներ կեդրոնացուած են արցախա-Ազրպէյճանական զինուած կազմաւորումներու շփման գիծին մէջ: 2 Յունիս 1992-ին Ազրպէյճանական բանակը Քէլբաջարէն ուշադրութիւն շեղող յարձակում սկսած է: 12 Յունիսի օրուան երկրորդ կիսուն, Արցախի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ կուտակուած կազմաւորումները մեծաքանակ զրահները, հրետանիի եւ ռազմաօդային ուժերու աջակցութեամբ, հսկայածաւալ յարձակում ձեռնարկած են ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքով: Ճնշման ծանրութեան կեդրոնը տեղափոխուած է յատկապէս դէպի Ասկերանի, Մարտակերտի, ապա եւ Շահումեանի շրջաններու ուղղութիւններով: Ասկերանի ճակատին, հակառակորդը յարձակած է Ասկերան աւանի, Խանապատի ու Նախիջեւանիկի ուղղութիւններով: Յարձակման նախորդած է ուժգին հրթիռահրետանային նախապատրաստութիւնը. կրակի տակ պահելով յատկապէս Խոջալու-Ասկերան խճուղին եւ պաշտպաններուն թիկունքէն օգնութիւնը խափանելու նպատակով՝ ՍՈւ–24-ով ռմբակոծած են Նորագիւղ, Խանապատ գիւղերը, Ասկերան աւանը եւ ԻՊՈւ մարտիկներու պաշտպանական դիրքերը: Հակառակորդը մարտի նետած է մեծաթիւ կենդանի ուժ եւ միջոցներ (շուրջ 20 միաւոր զրահներ, այդ թիւին՝ թնդանօթներ): Միայն մէկ հատուածի մէջ հակառակորդի գերակշիռ ուժերուն դէմ յաջողած է ճեղքել պաշտպանական գիծը եւ գրաւել Սառնաղբիւր, Արանզամին, Փրջամալ, Նախիջեւանի եւ Դահրազ գիւղերը: Այսուհանդերձ, ԻՊՈւ մարտիկները յաջողած են կասեցնել թշնամիին մեծաթիւ ուժերու յառաջխաղացքը դէպի Ստեփանակերտ: Աղդամ-Ասկերան մայրուղին հսկող 4-րդ պահակակէտին՝ հակառակորդը գրոհած է 2 թնդանօթի եւ 1 ՀՄՄ-ի, իսկ Խանապատի վրայ՝ մէկական թնդանօթի ու ՀՄՄ-ի աջակցութեամբ: Թշնամին յաջողած է գրաւել 4-րդ պահակակէտը: Հայ մարտիկները դիմադրութիւնը շարունակած են երկրորդ բնագիծէն: Այլեւս նահանջելու տեղ չկար, ետեւը Ասկերանն էր, Ստեփանակերտը: Օգնութեան կը հասնին ԻՊՈւ 2-րդ եւ 4-րդ, Քեաթուկի եւ Նորագիւղի վաշտերը: Ճիշդ Ժամանակին, հայկական ուժերու տեղադրած ականներու վրայ կը պայթէին հակառակորդին երկու ծանր թնդանօթները, կը զարնուի նաեւ մէկ ՀՄՄ–2: Անկէ ետք, հակառակորդին յարձակման թափը կը կոտրի, յառաջխաղացքը կը կասեցուի: 13 Յունիսի առաւօտեան, հայ մարտիկները հակայարձակման կ'անցնին, կը վերստանան 4-րդ պահակակէտը, եւ թշնամին ետ կը շպրտեն Ասկերան_Ստեփանակերտի կեդրոնական ուղղութենէն: Արցախի Հանրապետութեան ԳԽ նախագահութեան եւ Նախարարներու խորհուրդի համատեղ որոշումով՝ 20 Յունիս 1992-ին հանրապետութեան տարածքին կը յայտարարուի մասնակի զօրահաւաք: Զօրակոչի ենթակայ էին 18-էն 40 տարեկան զինուորները եւ զինակոչիկները, մինչեւ 50 տարեկան սպաները, յատուկ պատրաստութիւն ունեցող 19-էն 30 տարեկան կանայք: 23 Յունիսին Ազրպէյճանական կողմը գրոհած էր Մարտակերտ քաղաքը՝ Մատաղիսի, Կարմիրաւանի եւ Ներքին Հոռաթաղի ուղղութիւններով: Դժուար էր դիմագրաւել հակառակորդին գերակշիռ ուժերուն: Այսուհանդերձ, 25 Յունիսին, կասեցնելով թշնամիին յառաջխաղացքը, ԻՊՈւ կազմաւորումները հակայարձակման անցած են եւ ազատագրած Կարմիրաւան ու Քաջաւան գիւղերը, իսկ յաջորդ օրը, «աքցանի» մէջ առնելով վերստին յարձակման անցած թշնամին, մարդուժի ու ռազմամթերքի զգալի կորուստներ պատճառելով անոր, դուրս մղած են Մատաղիսէն:

Մարտակերտի ճակատին ձեռնարկուած հակայարձակումներուն շնորհիւ, նկատի առնուած են դրութիւն կայունացնող միտումներ: Սակայն ԻՊՈւ հրամանատարութեան ուշադրութիւնը Մարտակերտի ճակատէն շեղելու եւ այնտեղ վճռական յաջողութեան հասնելու նպատակով, ազրպէյճանցիները յարձակողական գործողութիւններ ծաւալած են Ասկերանի շրջանին մէջ եւ կրցած են գրաւել քանի մը պահակակէտեր: Մարտունիի մէջ թշնամին մօտեցած է Ճարտար եւ Մաճկալաշէն գիւղերուն, ներխուժած՝ Կարմիր Շուկայ: Հայ մարտիկները 28 Յունիսին, Մ. Մելքոնեանի ընդհանուր ղեկավարութեամբ, ետ մղած են թշնամին, որու շնորհիւ վերջ դրած են պաշտպանական գիծը գոնէ մէկ ուղղութեամբ ճեղքելու անոր ցանկութեան: Այդ յաղթանակը ինքնավստահութեան նոր լիցք հաղորդած է ազատամարտիկներուն, հակառակորդը խոցելու հնարաւորութիւնը վերստին դարձած է առարկայական: 28 Յունիսին թշնամին, Հատրութի շրջանին մէջ գրաւելով Հողեր եւ Տող գիւղերու պահակակէտերը, ներխուժած է Տողի գինեգործարան եւ չորս քմ. Խորաց գիւղի տարածքին մէջ: Հայ մարտիկները յաջողած են թշնամին ետ մղել եւ երեկոյեան ազատագրել բոլոր պահակակէտերը՝ բացի Ձորէն: Այս ճակատներուն մէջ ԻՊՈւ մարտիկներու յաջող դիմադրութիւնը, խափանելով ազրպէյճանական հրամանատարութեան ծրագիրներու իրագործումը նպաստաւոր պայմաններ ստեղծած է Մարտակերտի մէջ հսկայծաւալ հակայարձակման համար: Սակայն 29 Յունիսին, Լենինաւանի, Չայլուի, Ջրաբերդի բարձունքներու ուղղութեամբ ձեռնարկուած հակայարձակումը ձախողած է: Նոյնը կատարուած է նաեւ հակայարձակման գլխաւոր՝ Մարտակերտի ուղղութեան մէջ: Հարուածի գլխաւոր ուղղութիւններուն մէջ ուժերը վերախմբաւորելով եւ միջոցներու գերակշռութիւն ստեղծելով՝ Արցախի ԻՊՈւ ստորաբաժանումները Մարտակերտի մէջ անցած են հակայարձակման:11 Յուլիսին, կէսօրէ ետք, շարժած են Ջանյաթաղ, Գիւլաթաղ եւ Մանիքլիի գիւղերու ուղղութեամբ: 12 Յուլիսին արդէն Ջանյաթաղ, Գիւլաթաղ, Մեհմանա եւ Կուսապատ գիւղերը անցած են հայ ազատամարտիկներու վերահսկողութեան տակ: Անոնցմէ ետք, անոնք դիրքեր գրաւած են Կուսապատ-Տրմբոն գօտիին մէջ, որ ազատագրման ժամանակ տիրացած են հակառակորդին վեց միաւոր զրահներուն եւ 1 «Կրատ» կայանին, սպաննուած են ազրպէյճանական քանի մը տասնեակ զինուորներ: ԻՊՈւ ստորաբաժանումները 14 Յուլիսի երեկոյեան անցած են Թարթառի ձախափնեակը, դժուարին մարտերով ազատագրած՝ Չափար գիւղն ու ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող Գետաւանի կամուրջը, միաժամանակ յաջողած է մօտենալ Սարսանգի ջրամբարին: 14 Յուլիսին, թշնամին յարձակած է Կուսապատի բարձունքին մէջ տեղաւորուած ԻՊՈւ պահակակէտին վրայ: Հայկական ջոկատը արժանի հակահարուածով ետ մղած է անոր գրոհը եւ 15 Յուլիսի գիշերը վերագրաւած է Սարսանգի հիտրոհանգոյցի ամբարտակը: Նոյն օրը ազրպէյճանցիները հարկադրուած ձգած են նաեւ Գետաւան գիւղը՝ կրելով մարդուժի եւ զինամթերքի նոր կորուստներ: 16 Յուլիսին, առաւօտեան Արցախի ԻՊՈւ ստորաբաժանումները լայնածաւալ յարձակում ձեռնարկած են Ներքին Հոռաթաղ, Մեծշէն եւ Մոխրաթաղ գիւղերու ուղղութեամբ: Կատաղի մարտերէն ետք, հայ մարտիկները ազատագրած են ռազմավարական կարեւոր նշանակութեան քանի մը բարձունքներ: 20 Յուլիսի երեկոյեան, հայ մարտիկները ազատագրած են նաեւ Մարտակերտի Մաղաւուզ եւ Զագլիկ գիւղերը՝ վերահսկողութեան տակ պահելով Սարսանքի ջրամբարի ամբողջ աւազանը:

Այսպիսով, Արցախի ԻՊՈւ ստորաբաժանումներու յուլիսեան հակայարձակման արդիւնքին մէջ, Մարտակերտի մեծ մասը ազատագրուած է: 12 Օգոստոսին, թշնամիին Թարթառի եւ Քէլբաջարի միաւորները միաժամանակ յարձակման անցած են Մարտակերտի ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքով: Այդ փուլին մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունեցած է Վազգէն Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ կազմաւորուած «Արծիւ-մահապարտներ» կամաւորական գումարտակի մասնակցութիւնը ռազմական գործողութիւններուն մէջ: Ռազմական գործողութիւններու հետագայ ընթացքը ցոյց տուաւ, որ Արցախի ԻՊՈւ-ի, բանակային ենթակառոյցներու ու ծառայութիւններու ձեւաւորման, կեդրոնացուած հրամանատարութեան ու շտապներու համակարգուած աշխատանքը ճիշդ ժամանակին էր եւ զինուորներու համընդհանուր հերոսութեան ու տոկունութեան հետ վճռորոշ դեր խաղացած էր: Արդէն զգալի էր նաեւ թիկունքի աջակցութիւնը: 15 Ապրիլ 1995-էն մինչեւ 1 Նոյեմբերի նորոգման վերականգնողական յենակէտի անձնակազմը նորոգած է մեծ թիւով S–72 թնդանօթներ, ՀՄՄ-ներ, հակաօդային պաշտպանութեան զինամթերք եւ այլ միջոցներ:

1992 Մայիս-Հոկտեմբեր ամիսներուն ԻՊՈւ մարտիկները ոչնչացուցած են 1 ՍՈւ–24, 2 ՍՈւ–24 Ռ, 1 ՍՈւ–25, 2 ՄԻԳ–25 ինքնաթիռներ, 5 ՄԻ–24 եւ 3 ՄԻ–8 ուղղաթիռներ: Հակաօդային պաշտպանութեան անձնակազմի այդ գործողութիւններուն շնորհիւ կասեցուած են թշնամիին նշանառու հարուածները ԻՊՈւ-ի դիրքերուն եւ խաղաղ բնակավայրերուն մէջ: Նոյեմբեր ամսուան մարտերուն, սպառելով յառաջխաղացքի հնարաւորութիւնները Մարտակերտի մէջ՝ Դեկտեմբերին հակառակորդը փոխած է հարուածի ուղղութիւնները՝ նպատակ ունենալով յաջողութեան հասնիլ Մարտունիի, Լաչինի, Հատրութի եւ նոյնիսկ ՀՀ Զանգեզուրի մէջ: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Արցախի ԻՊՈւ հրամանատարութիւնը Մարտունիի ՊՇ ստորաբաժանումներու աշխուժ զօրաշարժերով ստիպած է հակառակորդին մեծ ուժեր կեդրոնացնել Ժտանովի, Ֆիզուլիի մէջ՝ շեղելով անոր ուշադրութիւնը գլխաւոր հարուածի՝ Մարտակերտի ուղղութիւնէն:

Այսպիսով, 1992-ի վերջը փաստօրէն թշնամին սպառած էր իր յարձակողական հնարաւորութիւնները, ստեղծուած էր ուժերու հաւասարակշռութիւն:

1993-ի հայկական լայնածաւալ յառաջխաղացքը եւ Արցախի ամբողջական ազատագրումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախապատրաստուելով ձմեռնային պատերազմաշրջանին՝ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը զինամթերքով, սպառազինութեան, նիւթական պաշարներու գերակշռութիւն ստեղծած են ռազմաճակատին վրայ եւ Յունուար 1993-ին, յարձակողական գործողութիւններ ծաւալած են Մարտակերտի, Ասկերանի, Մարտունիի, ինչպէս նաեւ Լաչինի ուղղութիւններով: Յունուարեան մարտերու ընթացքին, Արցախի ԻՊՈւ ստորաբաժանումները, կայծակնային եւ ուժգին հակահարուածներ հասցնելով, կասեցուցած են քանի մը անգամ գերակշռող հակառակորդին ճնշումը եւ անառիկ պահած վերահսկողութեան տակ առնուած դիրքերը: Այս առումով աչքի ինկած են յատկապէս Ասկերանի եւ Մարտակերտի ՊՇ-ներու մարտիկները, Լաչինի միջանցքի, Կիչանի, Փառուխի, «Ուրիանա» լերան դիրքերու պաշտպանները: Թշնամին կորսնցուցած է հետեւակի 2 գումարտակ, 7 թնդանօթ, հինգ ՀՄՄ, չորս ռազմական ինքնաթիռ եւ մէկ մարտական ուղղաթիռ, մարտադաշտի մէջ ձգած մեծ քանակութեամբ հրազէն, զինամթերք եւ այլ նիւթական պաշարներ: 1993-ի Փետրուար-Մարտ ամիսներուն, Արցախի ԻՊՈւ մարտական գործողութիւնները ծաւալած են Մարտակերտի տարածքի ազատագրման եւ Ազրպէյճանի ԶՈւ Լաչին_քէլբաջարեան խմբաւորման ջախջախման նպատակով: Ռազմական գործողութեան յաջորդ փուլը Մարտակերտի արեւմտեան մասի ազատագրումն էր: Մարտակերտի, Մարտունիի եւ Շուշիի ՊՇ-ներու կողմէն համատեղ տեղի ունեցած կայծակնային ռազմական գործողութիւնը աւարտած է Ազրպէյճանի ԶՈւ Լաչին-քելբաջարեան խմբաւորման ջախջախումով. ազատագրուած են երկու տասնեակէ աւելի գիւղեր, վերցուած՝ զէնք ու զինամթերք եւ սարքեր: Օմարի լեռնանցքին վրայ սահմանուած է կայուն վերահսկողութիւն:

ԻՊՈւ Ապրիլ 1993-ի սկիզբը աւարտելով քէլբաջարեան ռազմագործողութիւնը՝ ձեռնամուխ եղած են նոր մարտական գործողութիւններու: Աղտամի ռազմակեդրոններու ոչնչացման նախապատրաստական մարտերու ժամանակ, 12 Յունիս 1993-ին, Մարզիլու գիւղին մէջ զոհուած է Մոնթէ Մելքոնեանը: 12 Յունիսին, երկրորդ, երրորդ, հինգերորդ ՊՇ-ներու եւ Կեդրոնական եզրակացութեան զօրամասերը, չորրորդ ՊՇ-ի քանի մը ստորաբաժանումներ սկսած են Մարտակերտի եւ շրջանի բռնագրաւուած մասերու ազատագրման շտապ գործողութիւնը: Ընկճելով հակառակորդին երրորդ հրաձգային, ներքին զօրքերու եւ թնդանօթային զօրամասերու յամառ դիմադրութիւնը, յաղթահարելով համատարած ականադաշտերը եւ չէզոքացնելով օդին մէջ անոր ունեցած բացարձակ առաւելութիւնը՝ հայկական ստորաբաժանումները Աղտամի ուղղութեան մէջ գրաւած են մարտավարական նշանակութեան կարեւոր բարձունքներ եւ դուրս եկած Աղտամ_Մարտակերտ մայրուղիի բնագիծը: Թշնամին, զգալի կորուստներ կրելով Մարզիլլիի, Խրամորթ, Փափրաւենդ գիւղերու մէջ, ստիպուած էր ռազմաճակատի Կուպաթլուի, Ճապրայիլի եւ Մարտակերտի ուղղութիւններէն այստեղ տեղափոխած մարդուժ եւ զինուժ՝ անոր հետ իսկ բարենպաստ պայմաններ ստեղծելով Մարտակերտի լեռնային մասի ուղղութեամբ հակայարձակման անցնելու համար: Այդ ուղղութեամբ տեւական ու դաժան մարտերէն ետք, 26 Յունիս 1993-ին, ազատագրուած են Մարտակերտի հեռուստաաշտարակի եւ «Փուշկենեալ» բարձունքները: Նոյն օրը չորրորդ ՊՇ-ի զօրամասերը մտած են Մարտակերտ, որմով փաստօրէն աւարտած է մարտակերտեան ռազմագործողութիւնը: Երրորդ, հինգերորդ, վեցերորդ ՊՇ-ներու զօրամասերը անցած են տիրապետող բարձունքներու, մասնաւորապէս Ետտիխրման, Պոզթաղ լեռներու, Պոյահմէտլի, Փափրաւենդ, Թազախաչինեալ, Աղտարա լեռնաշղթայէն երկարող գիծին եւ հիմնական ճանապարհներու պաշտպանութեան: Մարտակերտի ազատագրումը ունեցած է ոչ միայն ռազմաքաղաքական կարեւոր նշանակութիւն, այլեւ հնարաւորութիւն ստեղծած է՝ վնասազերծելու Աղտամի հզօր ռազմակեդրոնները: Միւս կողմէն, տեղական ուժերով տեղի ունեցած ռազմագործողութիւններու շնորհիւ Հատրութի մէջ ազատագրուած են Նորաշէնը, Այգեստանը եւայլն, վերահսկողութեան տակ առնուած ենշրջակայքին մէջ տիրապետող բարձունքներ եւ ոչնչացուած թշնամիին՝ Հատրութն ու շրջակայ բնակավայրերը հրետակոծող ռազմակեդրոնները:

Աղտամի ազատագրումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղտամը թշնամիին ամէնէն վտանգաւոր ռազմական յենադաշտն էր Արցախ ներխուժելու համար, միւս կողմէն, ամէնէն հզօր հրաձգութեան դիրքերէն մէկն էր, ուր Ազրպէյճանցիները ժամանակին տիրացած էին խորհրդային բանակի զինամթերքի մեծ քանակութեամբ պահեստներուն: Հակառակորդը, բազմապատկելով Աղտամի մէջ կեդրոնացած սպառազինութիւնը ու մարդուժը, մեծ թափով նախապատրաստուած էր վերսկսելու յարձակումը Ասկերան - Ստեփանակերտի ուղղութեամբ: Աղտամի եւ անոր շրջակայքին մէջ գտնուող հրաձգութեան դիրքերու ճնշման ռազմական գործողութիւնները սկսած են 4 Յուլիս 1993-ին: ԻՊՈւ եւ ՊՇ ստորաբաժանումներու՝ հարաւէն 2-րդ ՊՇ, հարաւ-արեւմուտքէն 3-րդ ՊՇ եւ հիւսիս-արեւմուտքէն 6-րդ ՊՇ ստորաբաժանումներու գործողութիւնները յաջողութեամբ պսակուած են եւ 23 Յուլիսին, Աղտամ վերահսկողութեան տակ դրուած է (տես Աղտամի ռազմական յենակէտի վնասազերծման ռազմական գործողութիւն 1993): Աղտամի ռազմագործողութեան արդիւնքին մէջ վերացած է Ստեփանակերտին սպառնացող մշտական վտանգը, մայրաքաղաքի ու շրջակայ գիւղերու բնակիչները ազատած են հեռահար հրթիռահրետակոծութիւններէն, թշնամիին ստացած է ռազմական ու բարոյահոգեբանական մեծ հարուած, որովհետեւ Աղտամը ինքնաշարժի ճամբաներու եւ երկաթուղիներու մեծ հանգոյց էր, այնտեղ էր նաեւ հանրապետական նշանակութեան օդակայանը: Այդ հաղորդակցութեան կարեւոր միջոցներէն զրկուիլը կաթուածահար կ՝ ընէր ոչ միայն Արցախի արեւելեան, այլեւ հարաւային սահմաններու տարածքով կեդրոնացած թշնամիին խմբաւորումներու գործողութիւններն ու թիկունքի ապահովումը: Հետեւաբար պատահական չէր, որ այդ պարտութիւնէն ետք Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը դիմեց Արցախի ղեկավարութեան՝ զինադադարի խնդրանքով: Ազրպէյճանը առաջին անգամ դիմեց Արցախի Հանրապետութեան հետ ուղղակի շփումներու: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ թշնամիին յարձակման միակ հնարաւորութիւնը օդուժն էր, սակայն Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի ՀՕՊ-ի կատարելագործուած միջոցներու առկայութիւնն ու հակաօդայիններու մասնագիտական վարպետութիւնը կաշկանդած են թշնամի գործողութիւնները նաեւ օդին մէջ: Կորսուածը ետ բերելու նպատակով Ազրպէյճանական հրամանատարութիւնը հարուածի հիմնական ծանրութիւնը փոխադրած է հարաւ արեւելեան եւ հարաւային ճակատ՝ Ֆիզուլիի, Ճապրայիլի, Կուպաթլուի եւ Զանգելանի ուղղութիւններով: Թշնամին աշխուժացած էր նաեւ Հատրութի ՊՇ ուղղութեամբ, որ պայմանաւորուած էր այստեղ Ազրպէյճանական մեծաքանակ ուժերու առկայութեամբ եւ հետագայ կեդրոնացմամբ, ինչպէս նաեւ հայկական ուժերու պաշտպանութեան ճակատային գիծի տարածքով:

Արցախի ԻՊՈւ հրամանատարութիւնը իր հերթին շահագրգռուած էր Հատրութի շրջանին մէջ պաշտպանական մարտերով հիւծել թշնամիին հարուածային խմբաւորումները, անցնիլ վճռական հակայարձակման ու լուծել հարաւ արեւելեան ու հարաւային սահմաններու, ինչպէս նաեւ Լաչինի մարդասիրական միջանցքի անվտանգութեան խնդիրը: Հատրութի շրջանի ազատագրման, Ֆիզուլիի, Ճապրայիլի, Կուպաթլուի շրջաններու ռազմական դիրքերուն ճնշման օգոստոսեան ռազմագործողութիւնը ռազմաքաղաքական մեծ նշանակութիւն ունեցած էր: Վերացուած է Արցախի արեւելեան ու հարաւային սահմաններու, ինչպէս նաեւ Ստեփանակերտ-Գորիս ինքնաշաժի մայր ճամբաներուն սպառնացող մշտական սպառնալիքը, անվտանգ դարձած են Ֆիզուլիի, Ճապրայիլի, Կուպաթլուի վտանգաւոր ռազմակայանները, ջախջախիչ պարտութեան մատնուած են այդ շրջաններուն մէջ կուտակուած թշնամիին խմբաւորումները, Արցախի շուրջ ընդլայնուած է անվտանգութեան գօտին եւ ԻՊՈւ հաստատուած են նպաստաւոր բնագիծերուն մէջ: Հատրութէն հարաւ Արցախի ԻՊՈւ ստորաբաժանումները շարունակելով հետապնդած են հակառակորդը՝ գրեթէ հասած են մինչեւ Իրանի սահմանը: 24 Հոկտեմբեր 1993-ին արցախեան զինուած կազմաւորումներու քանի մը ուղղութիւններով սկսած հակայարձակումը պսակուած է նոր յաջողութեամբ, ճնշած են Հորադիզի երկաթուղային հանգոյցի հրաձգութեան դիրքերը, որմով, փաստօրէն, Ազրպէյճանէն մեկուսացուած են Զանգելանը եւ Ճապրայիլի ու Կուպաթլուի՝ տակաւին չազատագրուած ռազմական յենակէտերը: Թշնամիին Հորադիզ_Կուպաթլու_Զանգելանի զօրախումբի ջախջախման ռազմագործողութիւնը աւարտին հասած է 1 Նոյեմբերին, երբ Արցախի ԻՊՈւ մարտիկները իրենց վերահսկողութիւնը հաստատած են Զանգելան կեդրոնի եւ ռազմական յենակէտերու վերածուած մօտակայ բնակավայրերու նկատմամբ: Առաջին, երկրորդ, վեցերորդ ՊՇ եւ կեդրոնական ենթակայութեան ստորաբաժանումներու փոխ-համագործակցուած գործողութիւնները յաջողութեամբ պսակուած են ռազմաճակատի ամբողջ տարածքով: Սահմանամերձ գօտիի հարաւ արեւելեան, հարաւային եւ հարաւ արեւմտեան հատուածներուն մէջ թշնամիին ռազմական դիրքերուն պարտադրուած ու անհրաժեշտ վնասազերծումը լիովին չէզոքացած է դէպի Արցախ ներխուժելու, ինչպէս նաեւ խաղաղ բնակավայրերու ռմբակոծումներու վտանգը:

18 Փետրուար 1994-ին Քէլբաջարի հիւսիսային մասի եւ Օմարի բարձրադիր լեռնանցքի ազատագրումը կարեւոր նշանակութիւն ունեցած է Մարտակերտի ազատագրական մարտեր մղող ՊԲ ստորաբաժանումներու թիկունքը ապահովելու առումով: Վերահսկողութիւն սահմանուած է Օմարի ռազմավարական կարեւորութեան լեռնանցքի վրայ, գլխովին ջախջախուած է այդ ուղղութեամբ ամիսներէ ի վեր կուտակուած թշնամիին զինուժը, շարքէն հանուած կամ առգրաւուած են մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք, այդ թիւին մէջ՝ թրքական արտադրութեան սպառազէն: Օմարի ռազմագործողութեան յաջող ելքը կանխորոշած է նաեւ հիւսիսային ռազմաճակատին մէջ ՊԲ ստորաբաժանումներու յառաջխաղացման յաջողութիւնը: Ընդհանուր առմամբ, Փետրուարին, թշնամին կորսնցուցած է աւելի քան երկու տասնեակ միաւոր զինամթերք եւ շուրջ 1000 զինուոր ու սպայ: 28 Փետրուարին 1994-ին եւ 1 Մարտին, Երեւան ու Պաքու ժամանած են Ռուսաստանի պաշտպանութեան փոխնախարար, գնդապետ Գ. Քոնտրատեւը եւ յատուկ յանձնարարութիւններու գծով դեսպան Վ. Կազիմիրովը՝ աջակցելու 18 Փետրուար 1994-ի ՀՀ-ի, Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ զինադադարի մասին ձեռք բերուած համաձայնութեան իրականացման: Այս գծով, 1 Մարտին, ՊԲ զօրամասերն ու ստորաբաժանումները զինադադարի հրաման ստացած են։ 1994-ի գարնանային պատերազմաշրջանի լայնածաւալ շտապ ռազմագործողութիւններու արդիւնքին մէջ, երկուստեք մեծաքանակ մարդկային, իսկ Ազրպէյճանի համար նաեւ տարածքային կորուստները անհնար դարձուցած են պատերազմի շարունակումը: Առաւել եւս, Մարտակերտի ու Աղտամի շրջաններուն մէջ ՊԲ սրընթաց հակայարձակման եւ թշնամիին՝ Արցախի սահմանակից վերջին ռազմահանգրուանի՝ Միրպաշիրի կորստեան սպառնալիքի տակ, Ազրպէյճանի մէջ հասունցած է նաեւ ներքաղաքական նոր ճգնաժամ, որ ստիպած է թշնամիին հաշտուիլ ու համակերպիլ ստեղծուած իրավիճակին հետ:  

Զինադադարի հաստատում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ակնյայտ էր, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ, ազրպէյճանական կողմը այլեւս չէր կրնար իր թուական ու ռազմական կարողութիւններով ճակատիլ: Հետեւաբար, հասունացած էր զինադադարի հաստատման պահը, որ ալ ճիշդ ժամանակին բնորոշեց Ռուսաստանը: Վերջինս, միտում ունենալով չէզոքացնել շարք մը երկիրներու շահագրգիռ միջամտութեան ու իր «ազդեցութեան գօտի» ներթափանցման փորձերը, առանց նախապայմաններու ու քաղաքական հարցերու արծարծման, վճռական քայլեր ձեռնարկեց զինադադար հաստատելու ուղղութեամբ: Անոր զուգահեռ, Ռուսաստան առաջին հերթին նպատակ կը հետապնդէր իր միջազգային վարքանիշը վերականգնել Անդրկովկասի մէջ։

Տակաւին,5 Մայիսին, Բիշքեկի մէջ Խրխզիստանի, Ռուսաստանի եւ ԱՊՀ միջ-խորհրդարանական խորհրդաժողովի միջնորդութեամբ՝ Ազրպէյճանի, Արցախի եւ Հայաստանի խորհրդարաններու ղեկավարները ստորագրած են համաձայնագիր մը, ըստ որուն զինադադարի որոշումը վերջնականացած է: Բիշքեկեան համաձայնագրութեան Ազրպէյճան միացած է աւելի ուշ՝ 8 Մայիսին: Ռուսաստանի միջնորդութեամբ զինդադարի վերաբերեալ համաձայնագիրը ՀՀ, Արցախի եւ ԱՀ պաշտպանութեան գերատեսչութիւնները ստորագրած են 11 Մայիսին: Համաձայնագիրը ի զօրու եղած է 12 Մայիսին: Ազրպէյճանի կողմէ բիշքեկեան համաձայնութեան խափանումէն ետք, այս աշխատանքներուն միջամտած է ՌԴ պաշտպանութեան նախարար՝ Պ. Գրաչովը, նպատակ ունենալով դադրեցնել զինուած հակամարտութիւնը՝ մնացած հարցերու լուծումը ձգելով քաղաքագէտներուն: 16 Մայիս 1994-ին, Մոսկուայի մէջ հանդիպելով ՀՀ պաշտպանութեան նախարար՝ Ս. Սարգսեանի, ՀՀ պետնախարար Վ. Սարգսեանի, Արցախի ՊԲ հրամանատար Ս. Պապաեանի եւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Մ. Մահմետովի հետ՝ ան առաջարկած է 17 Մայիսին, 00 ժամուն զինադադար յայտարարել: Այս մէկը մեծ դժուարութեամբ ընդունած է նաեւ Ազրպէյճան եւ մէկ ամիս ետք տուած իր համաձայնութիւնը: Մոսկուայի մէջ հաստատուած զինադադարի համաձայնագիրով դադրած են պատերազմական գործողութիւնները, եւ սկսած է Արցախեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւններու փուլը: ՂԱՊ-ը տեղի ունեցած է համայն հայութեան՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի ռազմական կարողութիւններու՝ մարդկային ուժի, նիւթական եւ այլ միջոցներու լայնածաւալ օգտագործումով, ինչպէս նաեւ բարեկամ երկիրներու, միջազգային յառաջադէմ հասարակութեան բարոյական ու հոգեբանական մշտական աջակցութեամբ: ՂԱՊ-ի յաղթական աւարտէն ետք, Ազրպէյճանի իշխանութիւնները ստիպուած, որոշ ժամանակ հրաժարեցան հակամարտութեան հիմնախնդիրը ռազմական ճանապարհով լուծելու քաղաքական գիծէն: Արցախի տարածքին շուրջ ստեղծուած է որոշ անվտանգութեան գօտի, որ թոյլ կու տայ Արցախի ազգաբնակչութեան անվտանգութիւնը ապահովելէ բացի, երկրին մէջ ծաւալած նաեւ բնականոն կենսական ու ընկերա-տնտեսական գործունէութիւն:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. United States Institute of Peace. Nagorno-Karabakh: Searching for a Solution. Foreword Archived 2009-05-27 at the Wayback Machine.
  2. United States Institute of Peace. Sovereignty after Empire. Self-Determination Movements in the Former Soviet Union. Hopes and Disappointments: Case Studies Archived 2008-12-01 at the Wayback Machine.
  3. Human Rights Watch. Playing the "Communal Card". Communal Violence and Human Rights
  4. Human Rights Watch. The former Soviet Union. Human Rights Developments
  5. Kalli Raptis, Hellenic Foundation for European and Foreign Policy. Nagorno-Karabakh and the Eurasian Transport Corridor Archived 2011-07-16 at the Wayback Machine., p. 6.

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]