Jump to content

Ձուկեր

Ձուկեր
Ձուկեր
Գիտական դասակարգութիւն
Թագաւորութիւն Կենդանիներ
Տիպ Քորտաւորներ
Կարգ Ձուկեր
Լատիներէն անուանում
Pisces



Դասակարգումը
Ուիքիցեղերու մէջ


Պատկերներ
Ուիքիպահեստի մէջ




Ոսկորային ձուկի կմախքը

Ձուկեր (անգլերէն՝ Pisces), ջուրերուն մէջ ապրող լողակաւոր, ողնաւոր, թեփամորթ, պաղարիւն, ձուածին, գլուխը սրածայր, պոչը լայն ու տափակ, հոտառութիւնը զօրեղ կենդանիներու սեռ մը[1]:

Կ'ապրին ծովերու, ովկիանոսներու, գետերու եւ լիճերու մէջ։

Կը շնչեն խռիկներու միջոցով, զարգացումը կ'ընթանայ ջուրին մէջ։

Ձուկերուն վերնադասը բաժնուած է երկուքի՝ կռճիկային եւ ոսկորային։

Կռճիկային ձուկերու դասին կը պատկանին շնաձուկերու եւ կատուաձուկերու կարգերը, իսկ ոսկորային ձուկերու դասը կը բաժնուի չորս ենթադասերու՝ ճառագայթալողակներ, վրձնալողակներ, կռճիկաոսկորայիններ եւ երկշնչաւորներ։

Մարմինին Կառուցուածքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ձուկերուն մարմինը կողմերէն սեղմուած է եւ ունի շրջհոսելի ձեւ։

Անիկա կազմուած է իրարու միացած երեք անշարժ բաժիններէ՝ գլուխ, իրան եւ պոչ։

Գլխուն սահմանը խռիկային ճեղքերը կամ կափարիչներն են, իսկ իրանին եւ պոչին սահմանը՝ յետանցքը։

Թեփուկները պատուած են վերնամաշկի բազմաթիւ գեղձերով, որոնց մէջ արտադրուած լորձունքը կը մեղմացնէ ջուրին հետ շփման ուժը եւ մաշկը կը պաշտպանէ մանրէներէն։

Իւրաքանչիւր թեփուկ առջեւի ծայրով մխրճուած է մաշկին մէջ, իսկ ետեւի մասով նստած է յաջորդ թեփուկին վրայ։

Թեփուկները ձուկերու աճին զուգընթաց կը մեծնան։ Թեփուկներով կարելի է որոշել ձուկերուն տարիքը։

Ձուկերու մարմինին վերջնամասը լողակներն են։

Կուրծքի եւ փորի զոյգ լողակները ջուրին մէջ կը կատարեն հետեւեալ դերերը՝

  • մարմինի պահպանում,
  • դանդաղ տեղաշարժ,
  • կանգ առնել,
  • շրջադարձ կատարել եւ հաւասարակշռութիւն, մասնաւորապէս՝ ջուրի խոր շերտեր իջնելու եւ բարձրանալու պարտականութիւն։
Ձուկերու մարսողութեան, արտազատական եւ սեռական համակարգերը:

Մէջքի եւ ենթապոչային (յետանցքի) լողակները կը կատարեն ղեկի եւ տեղաշարժման գործողութիւնը։

Ձուկերուն գլխուն վրայ կը գտնուին աչքերը, որոնք չունին կոպեր, իսկ աչքերուն առջեւ՝ քթանցքները։

Ձուկերը ունին հովանաւորող գունաւորում՝ մէջքի կողմը մութ գոյն ունի, որուն շնորհիւ ջուրին յատակին կը դառնան աննկատ։

Յատկութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Ձուկը հարուստ է օմեկա-3 թթուներով, որոնք շատ օգտակար են ուղեղին համար եւ կ'օգնեն պայքարելու տարիքային փոփոխութիւններու, օդի ապականումի եւ այլ անբարենպաստ գործօններու դէմ։
  • Իւղոտ ձուկ (սաղմոն, սարտին, իշխան եւ թունաձուկ) ուտելը կարեւոր է սիրտի հիւանդութիւններու կանխարգիլման համար։
  • Ձուկը կ՛'օգնէ բարելաւելու քունի որակը եւ տեւողութիւնը:
  • Սննդականոնին մէջ ձուկի նեռառումը կ'օգնէ յաղթահարելու ընկճախտը։
  • Ձուկը կրնայ օգնել պայքարելու «արթրիտ»ի ախտանիշներուն դէմ[2]։

Ձուկը իբրեւ սննդամթերք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ձուկը մեծ տեղ կը գրաւէ աշխարհի գրեթէ բոլոր ժողովուրդներու սննդակարգին մէջ։ Սննդային արժէքով ան կրնայ իր տեղը զիջիլ մսեղէնին եւ աւելի դիւրամարս է։

Մասնագէտները կը յանձնարարեն ձուկ ուտել շաբաթական առնուազն երկու անգամ:

Ձուկերու սպառում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սառած ձուկը չի կորսնցներ իր բնասպիտները, կենսանիւթերն ու հանքայինները: Ինչ կը վերաբերի օմեկա 3-ին, անիկա կրնայ տուժել ժամանակի ընթացքին, բայց` շատ չնչին տոկոսով մը:

Սառած ձուկին սպառումի պայմանաժամը 3-6 ամիսը պէտք չէ անցնի[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]