Jump to content

Սուրբ Ծնունդ

(Վերայղուած է Ս. Ծնունդ-էն)

Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդ (Հայ առաքելական եկեղեցւոյ համար՝ Ս. Ծնունդ եւ Աստուածայայտնութիւն, (յունարէն՝ Ή κατά σάρκα Γέννησις τού Κυρίου καί Θεού καί Σωτήρος ημών Ιησού Χριστού), քրիստոնէական գլխաւոր տօներէն մէկը:

Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը
Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը
Հովիւներուն այցելութիւնը

Քրիստոսի ծննդեան ժամանակաշրջանին Իսրայէլ կը գտնուէր Հռոմէական կայսրութեան իշխանութեան տակ: Օգոստոս կայսեր հրամանագիրով կայսրութեան տարածքին մարդահամար մը կը սկսի, ըստ որուն, իւրաքանչիւր անձ պէտք էր գրանցուէր իր ծննդավայրին մէջ, ուստի, Յովսէփ եւ Մարիամ Բեթղեհէմ կու գան եւ տեղի չգոյութեան պատճառով քարայրին մէջ կը գիշերեն: Նոյն գիշեր կը ծնի աշխարհի Փրկիչը` Յիսուս[1]: Ս. Ծննդեան վկաները կը դառնան մօտակայ հովիւները, որոնք հրեշտակներէն կը տեղեկանան Փրկիչին ծնունդը:

Յովսէփ ալ՝ Գալիլեայէն, Նազարէթ քաղաքէն, բարձրացաւ դէպի Հրէաստան՝ Դաւիթի քաղաքը, որ Բեթղեհէմ կը կոչուի (քանի ինք Դաւիթի տունէն եւ գերդաստանէն էր),

արձանագրուելու Մարիամին հետ, որ իր նշանածն էր ու յղի էր: Երբ անոնք հոն էին՝ անոր ծնանելու օրերը լրացան. եւ իր անդրանիկ որդին ծնաւ, խանձարուրով փաթթեց զայն ու մսուրին մէջ պառկեցուց, որովհետեւ իջեւանին մէջ տեղ չկար իրենց: Այդ երկրամասը դաշտաբնակ հովիւներ կային, որոնք իրենց հօտերը կը պահպանէին գիշերուան մէջ: Եւ ահա՛ Տիրոջ հրեշտակը անոնց վրայ հասաւ, Տիրոջ փառքը անոնց շուրջը փայլեցաւ, ու սաստիկ վախցան: Բայց հրեշտակը ըսաւ անոնց. «Մի՛ վախնաք, որովհետեւ ահա՛ ես մեծ ուրախութեան աւետիս մը կու տամ ձեզի, որ ամբողջ ժողովուրդին պիտի ըլլայ. այսօր՝ Դաւիթի քաղաքին մէջ՝ Փրկիչ մը ծնաւ ձեզի, որ Օծեալ Տէրն է: Եւ սա՛ ձեզի նշան մը պիտի ըլլայ. երախայ մը պիտի գտնէք՝ խանձարուրով փաթթուած ու մսուրի մէջ պառկած»: Յանկարծ այդ հրեշտակին հետ երկնային զօրքերու բազմութիւն մը եղաւ, որոնք Աստուած կը գովաբանէին եւ կ՚ըսէին. «Ամենաբարձր վայրերուն մէջ՝ Աստուծոյ փա՜ռք, երկրի վրայ՝ խաղաղութի՜ւն, մարդոց մէջ՝ բարեացակամութի՜ւն»: Երբ հրեշտակները երկինք վերցուեցան անոնցմէ, հովիւները ըսին իրարու. «Եկէ՛ք, երթա՛նք մինչեւ Բեթղեհէմ, ու տեսնե՛նք թէ ի՛նչ է այս եղած բանը՝ որ Տէրը գիտցուց մեզի»: Ուստի գացին աճապարելով, եւ գտան Մարիամն ու Յովսէփը, եւ մսուրին մէջ պառկած երախան:


Այնուհետեւ արեւելքէն մոգեր կու գան` հետեւելով երկինքին վրայ փայլող աստղին: Անոնք ընծաներ կը մատուցեն Յիսուսին, որոնք իրենց հոգեւոր խորհուրդը ունէին.

  1. Ոսկին թագաւորներուն կը մատուցուէր, անիկա կը խորհրդանշէ Յիսուսի երկնային թագաւորութիւնը:
  2. Կնդրուկը խունկի ամէնէն անուշահոտ տեսակն է, որ Քրիստոսի նուիրելը կը խորհրդանշէ իր քահանայապետ ըլլալը:
  3. Զմուռսը անուշահոտ նիւթ է, որմով կը պատէին մահացածներու մարմինը եւ կը խորհրդանշէ Յիսուսի մահը:

Քրիստոս երբ երեսուն տարեկան կ'ըլլայ եւ Յորդանան գետին մէջ կը մկրտուի, այն ատեն տեղի կ'ունենայ երկրորդ աստուածայայտնութիւնը:

Հայ Առաքելական Եկեղեցին Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնը կը նշէ 6 Յունուարին[2]։

Կաթողիկէ եկեղեցին այս տօնը կը նշէ 25 Դեկտեմբերին[2]։

Մինչեւ Դ. դար, բոլոր քրիստոնեաները Ս. Ծնունդը նշած են 6 Յունուարին։ Սակայն քրիստոնէութեան ընդունումէն անմիջապէս ետք, հռոմէացիները կը շարունակէին հեթանոսական տօներ նշել։ 25 ‎Դեկտեմբերին մեծ շուքով կը նշուէր արեւու դիցին՝ Միհրին (Միթրա, Մհեր), պաշտամունքին նուիրուած տօնը։ Հեթանոսական աւանդութիւնները խափանելու համար, 336-ին Հռոմի եկեղեցին 25 Դեկտեմբերը պաշտօնապէս կը հռչակէ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան օրը։ Հետագային Ասորիքի եւ գրեթէ ամբողջ արեւելքի մէջ Քրիստոսի Ծննդեան տօնին օրը կը փոխադրուի 25 Դեկտեմբերին, իսկ 6 Յունուարը կը մնայ իբրեւ Տիրոջ Աստուածայայտնութեան եւ Մկրտութեան օրը։

Հնագոյն աւանդութեան եւ աւետարանական հաշուարկներուն հաւատարիմ կը մնայ միայն Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցին՝ 6 Յունուարին միասնաբար նշելով Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօները։

Ըստ Հայ եկեղեցւոյ՝ Ս. Ծննդեան նախորդող մէկ շաբաթը պահոց շրջան է։ 30 Դեկտեմբերէն մինչեւ 5 Յունուարի գիշերը մարդիկ պահք կը պահեն։ Այդ ընթացքին կ'օգտագործուի բացառապէս բուսական ծագում ունեցող սնունդ։

Հայոց հին տոմարին համաձայն՝ Նոր Տարին կը նշուէր 1 Նաւասարդին, այսինքն 11 Օգոստոսին, որ չէր զուգադիպեր պահքին։ Հետագային՝ տոմարական նոր հաշուարկի ներմուծմամբ, Նոր Տարին կը սկսին տօնել 31 Դեկտեմբերին, որ կը զուգադիպի քրիստոնէական մեծագոյն տօնին՝ Ս. Ծննդեան նախընթաց պահքին։

Պահեցողները պահոց շրջանէն դուրս կու գան 5 Յունուարի երեկոյեան, երբ եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցուի Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ եւ կը տրուի Ս. Ծննդեան աւետիսը։ Մարդիկ զիրար կ'ողջունեն «Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ, Ձեզի Մեզի Մեծ Աւետիս» ըսելով։

Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնը կը սկսի 5 Յունուարի երեկոյեան, որովհետեւ եկեղեցական օրը կը փոխուի երեկոյեան ժամերգութենէն ետք՝ ժամը 5:00-ին։ Բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը։

Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ տարին ընդամէնը երկու անգամ կը մատուցուի՝ Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօներուն։ Ճրագալոյց կը նշանակէ ճրագ (մոմ) լուցանել, այսինքն՝ վառել։ Այդ օրը երեկոյեան մարդիկ եկեղեցւոյ մէջ վառած ճրագները իրենց հետ տուն կը տանին, որ կը խորհրդանշէ աստուածային լոյս, եկեղեցւոյ օրհնութիւն։

Ճրագալոյցը կը խորհրդանշէ բեթղեհեմեան աստղին լոյսը, որ առաջնորդեց մոգերը դէպի Յիսուս Մանուկը[3][4]։

Սուրբ Էջմիածին
Սուրբ Էջմիածին

Ս. Ծննդեան այլ արարողութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճար
  • 6 Յունուարին, Ս. Ծննդեան Ս. Պատարագէն ետք, կը կատարուի Ջրօրհնէքը, որ կը խորհրդանշէ Յորդանան գետին մէջ Քրիստոսի մկրտութիւնը։ Խաչով եւ Սրբալոյս Միւռոնով օրհնուած հրաշագործ ջուրը կը բաժնուի ժողովուրդին՝ բժշկուելու հոգեւոր եւ մարմնաւոր հիւանդութիւններէ[3]։
Յիսուս Քրիստոսի Մկրտութիւնը

Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւններու շարքին կը կատարուի նաեւ Տնօրհնէքի արարողութիւնը։ Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօներէն ետք, մարդիկ հոգեւորականներ կը հրաւիրեն իրենց տուները կամ աշխատավայրերը՝ տօնին կենարար աւետիսը եւ աստուածային օրհնութիւնը ստանալու նպատակով։

Տնօրհնէք կը կատարուի նաեւ, երբ տան մէջ խաղաղութիւնը կը խախտի կամ կը զգացուի գերբնական ուժերու ներկայութիւնը[3]։

  • 7 Յունուարին, ինչպէս եւ բոլոր տաղաւար (մեծ, գլխաւոր) տօներուն յաջորդող օրերուն, հանգուցեալներու յիշատակութեան օրն է Մեռելոցը։ Ս. Պատարագէն ետք, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք մարդիկ կ'այցելեն իրենց հարազատներուն շիրիմները[3]։
  • Ս. Ծննդեան տօնին հանդիսութիւնները կ'աւարտին 13 Յունուարին՝ Տիրոջ Անուանակոչութեամբ, որ նուիրուած է Յիսուս Մանուկին տաճար ընծայուելուն 8-րդ օրուան, թլփատելու եւ անուանակոչելու յիշատակին։ Այս շրջանը կը կոչուի «Ծննդեան ութօրէք»:

Ս. Ծնունդը առաջին տաղաւար տօնն է:

Տաղաւար կը կոչուին Ս. Ծնունդի, Ս. Յարութեան, Վարդավառի, Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի եւ Վերացման խաչի տօները:

Հին կտակարանին մէջ հրեաները մեծ արարողութեամբ կը տօնէին Տաղաւարահարաց տօնը, որ նոյնինքն աշնանային բերքահաւաքի տօնն է եւ կը կատարուի եօթներորդ ամսուան 15-րդ օրը եւ կը տեւէ եօթը օր (Ղեւտ. 23: 33-43):

Տաղաւարահարաց տօնը կը յիշատակուի նաեւ Նոր կտակարանին մէջ, Յիսուսի ուսուցումներուն ժամանակ: Այդ օրերուն հրեաները եօթը օր կ'ապրէին վրաններու (տաղաւարներու) տակ: Անոնք ողջակէզ կը մատուցէին` իբրեւ երախտագիտութիւն Աստուծոյ պարգեւած բարիքներուն: Կ'ենթադրուի, որ տաղաւար անուանումը  յառաջացած է հոնկէ եւ գործածական դարձած է քրիստոնէական մեծ տէրունի տօներուն համար: Ս. Ծնունդը նաեւ Աստուածայայտնութեան տօն կը կոչուի, որովհետեւ Աստուծոյ փառքը յայտնուեցաւ մարդոց մէջ:

Ս. Ծնունդի Աւանդական Ուտելիքները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տօնական սեղանին վրայ պարտադիր ձուկ պէտք է ըլլար` խաշած, տապկուած կամ խմորի մէջ փաթթուած ու եփած:

Ս. Ծնունդի կերակուրներու ցանկին մէջ մեծ կարեւորութիւն ունէին նաեւ չոր միրգերով եւ ընկուզեղէնով պատրաստուած կերակուրները, բրինձով եւ չամիչով եղինձը: Բրինձը կը խորհրդանշէր մարդկութիւնը, իսկ չամիչը` այն ընտրեալները, զորս Աստուած ընտրեց իր գործը շարունակելու համար:

Հայկական Ծնունդի սեղանը կը ճոխանար նաեւ կաղամբով պատրաստուած լիցքով (տոլմայով), չոր բանջարեղէններով պատրաստուած ապուրով, որ «մայրամաճաշ» կը կոչուէր, ինչպէս նաեւ այդ օրուան համար խնամուած եւ տօնին նախօրեակին մորթուած խոյի, ոչխարի կամ հորթի միսով[5]:

Ծնունդի ուտելիքներէն ամէնէն տարածուածը «տարի» կոչուած քաղցր գաթան էր, որ կը բաժնուէր 12 մասերու` ըստ տարուան 12 ամիսներուն:

Ս. Ծնունդի սեղանին ոգելից ըմպելիներ չկային, սակայն կարմիր գինին արտօնուած էր, քանի որ անիկա Քրիստոսի արիւնը կը խորհրդանշէր: Իսկ Եւրոպացիք, յատկապէս ֆրանսացիներն ու իտալացիները Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի սեղաններէն անպակաս կ'ընեն տաք գինին[6]:

Հայկական սովորութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հին ատեն, երբ եկեղեցական արարողութիւնը կ'աւարտէր, եկեցեցւոյ դպիրները իրենց դպրապետին ընկերակցութեամբ կ'այցելէին տուները` «Աւետիս» երգելու համար:

Մելքոն, Գասպար եւ Պաղտասար, Աւետիս,

Այսօր տօն է Սուրբ ծննդեան, աւետիս, եփէ, մայրի՛կ, եփէ թանէլի փիլաֆ հիմա պապան կու գայ, անօթի ծարաւ, պապային պաստօնը տունը մնացեր, Սոֆիային աչքը դուռը մնացեր…:


Այս ձեւով ամէն տունէ կը ստանային քանի մը ղուրուշ եւ կամ այլ նուէրներ:

Նոյն երգերը կ'երգէին նաեւ թաղի երիտասարդներն ու պատանիները: Տանտիկինները պայուսակները կը լեցնէին հաւկիթով, իւղով, պտուղներով եւ զանազան նուէրներով:

Ծննդեան օրը նաեւ Մելքոն, Գասպար, Պաղտասար, Էմմանուէլ, Մանուէլ, Նազարէթ, Նազար եւ Աւետիս անունը կրող տղամարդոց անուան տօնն է: Անոնց բոլորին տուներուն սեղանները այդ օրը ճոխ կ'ըլլային, ու տան մէջ հիւրընկալութիւն ու խրախճանք տեղի կ'ունենար:

Սուրբ Ծնունդը հայկական տարբեր շրջանակներու մէջ կը կոչուէր նաեւ պզտիկ զատիկ: Ընդունուած սովորութեան համաձայն, Ծննդեան տօնին տան փոքրերը իրենց սորված քանի մը երգերուն համար եւ «Մելքոն, Գասպար եւ Պաղտասար, Աւետիս» երգելով` նուէրներ կը ստանային իրենց մեծերէն: Տօնին առիթով բոլոր մանուկները նոր պարեգօտ-զգեստ, գդակ, կօշիկ կը հագուէին, որ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէր իրենց:

ժողովուրդին մէջ տարածուած աւետիսներէն էր նաեւ`

Ձեր հեռաւորք գային շուտով, աւետիս,

Եւ ձեր ոչխարն` հոտերով, աւետիս,

Կարսան ձեր լցուի գինով, աւետիս,

Եւ տունը ձեր` շէն բարիքով, Աւետիս…:
- [7]


Մովսէս Խորհենացիի Ս. Ծննդեան օրհնութեան շարականը, աւանդաբար, դարեր շարունակ կը հնչէ ու կ'աւետէ մեծ ուրախութեամբ Քրիստոսի ծնունդը եւ յայտնութիւնը:

Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի,

Որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ,

Հովիւքն երգեն ընդ հրեշտակս`

Տան Աւետիս աշխարհի:

Ծնաւ նոր արքայ

Ի Բեթղեհէմ քաղաքի,

Որդիք մարդկան, օրհնեցէ՛ք,

Զի վասն մեր մարմնացաւ:

Անբաւելին երկնի եւ երկրի

Ի խանձարուրս պատեցաւ,

Ոչ մեկնելով ի Հօրէ`

Ի սուրբ այրին բազմեցաւ:

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

ՄԵԶԻ ԵՒ ՁԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

[8]:

Ս․ Ծնունդի Աւետում

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]