Բեթղեհէմ

Քաղաք
Բեթղեհէմ
արաբերէն՝ بيت لحم
Երկիր  Պաղեստին[1]
Տարածութիւն 30 քմ²
ԲԾՄ 775 մեթր
Կլիմայ Միջերկրածովեան կլիմա
Պաշտօնական լեզու Արաբերէն
Բնակչութիւն 36 000 մարդ (2019)[2]
Ժամային գօտի UTC+2 եւ UTC+3։00
Հեռախօսային ցուցանիշ 2
Պաշտօնական կայքէջ bethlehem-city.org

Բեթղեհէմ (արաբերէն՝ بيت لحم‎, ասորերէն՝ ܒܝܬ ܠܚܡ, եբր.՝ בֵּית לֶחֶם‎, յուն․՝ Βηθλεὲμ, լատ.՝ Bethleem, Պէյթ-Լեղեմ, բառացի՝ Հացի տուն[3],, բառացի՝ Միսի տուն), քաղաք Պաղեստինեան Կառավարութեան ներքոյ գտնուող արեւմտեան ափին։

Բեթղեհէմը Յուդայի բարձրավանդակի քաղաքներէն է, կը գտնուի Երուսաղէմէն 8 քմ. հարաւ-արեւմուտք: Բնակչութիւնը կը հաշուէ մօտ 25,000 մարդ[4][5]: Բեթղեհեմ նահանգի մայրաքաղաքն է: Բեթղեհէմը աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն մէկն է: Հիմնադրուած է մօտաւորապէս Ք.Ա. 17-16 դարերուն: Այն նախ եւ առաջ յայտնի է իբրեւ Յիսուս Քրիստոսի ծննդավայր: Միքիա մարգարէն կը քարոզէ, որ Բեթղեհէմը պիտի ըլլայ Մեսիայի ծննդավայրը։

Բնակչութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տարի Բնակչութիւն
2019 36 000 մարդ [2]

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2-րդ դարուն Բեթղեհէմի մէջ հռոմէա-հրէական երկրորդ պատերազմէն ետք, հռոմէական կայսր Ատրիանոսի օրօք Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան այրին մէջ Ատոնիսին նուիրուած տաճար կառուցուեցաւ: 3-րդ դարու կէսերուն Բեթղեհէմ այցելած քրիստոնեայ աստուածաբան Օրոկինեսը Աղեքսանդրիայէն վրդովմունքով գրած է հեթանոսական տաճարի եւ թէ ինչպէս էին հեթանոսները կը սգային Ատոնիսի մահը ուղիղ Քրիստոսի ծննդեան այրին մէջ դրուած արձանին մօտ: Տաճարը կանգուն մնաց մինչեւ առաջին քրիստոնեայ կայսր Կոստանդինոսի մայր սուրբ Հեղինէին՝ Պաղեստին կատարած ուխտագնացութիւնը: 326 թուականին այդ հեթանոսական տաճարին փոխարէն կառուցուեցաւ քրիստոնէական եկեղեցի:

Սամարացիներուն ապստամբութեան ժամանակ Սուրբ Ծննդեան տաճարն քանդուեցաւ, բայց Յուստինիանոս Մեծի կողմէ 529 թուականի ապստամբութեան ճնշումէն ետք, այն վերականգնուեցաւ եւ ընդարձակուեցաւ: 614 թուականին պարսիկները քաղաքը գրաւեցին, սակայն Եկեղեցի չմտան: 637 թուականին Բեթղեհէմը գրաւուեցաւ մուսուլմանական բանակին կողմէ, սակայն անոնց երկրորդ խալիֆ Օմար Իպն Խաթթապը Եկեղեցին ձգեց քրիստոնէաներուն[6]:

Դարեր շարունակ Սուրբ Երկիրը կը գտնուէր մուսուլմանական տիրապետութեան տակ: Երուսաղէմը, Բեթղեհէմը եւ Նազարէթը ազատագրելու համար 1095 թուականին Հռոմի Պապ Ուրպան 2-րդի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ առաջին Խաչակրաց արշաւանքը. 1099 թուականին խաչակիրներն ազատագրեցին Երուսաղէմը եւ քրիստոնեաներուն համար ամենասուրբ երեք քաղաքները՝ Երուսաղէմը, Բեթղեհէմը եւ Նազարէթը, մտան Երուսաղեմեան թագաւորութեան կազմին մէջ, որ գոյատեւեց մինչեւ 1291 թուական:

1517 թուականէն մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմ Բեթղեհէմը, Երուսաղեմը եւ ողջ Սուրբ Երկիրը կը գտնուէին Օսմանեան կայսրութեան մէջ։ Մի քանի բացառութիւններ հաշուի չառնելով՝ քաղաքները միշտ բաց եղած քրիստոնեայ ուխտաւորներու առջեւ: Սակայն Սուրբ Երկիր տանող ճամբաներն անվտանգ չէին եւ շատ մը ուխտաւորներ կը մահանէին ուխտատեղի չհասած։ 1867 թուականի տուեալներով Բեթղեհէմն ունէր 3-4 հազար բնակչութիւն՝ հիմնականին մէջ օրթոտոքսներ, կաթոլիկներ, հայեր, նաեւ՝ 300 մուսուլմաններ:

Բեթղեհէմի Հայերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բեթղեհէմիեւ Երուսաղեմի հայերը բնակութիւն հաստատած են քրիստոնէութեան տարածման առաջին դարերէն: Բեթղեհէմի Սուրբ Ծննդեան Տաճարին մէջ ի շարս յոյներու ու լատիններու՝ իր ներկայութիւնն ունի նաեւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին։ Սուրբ Ծննդեան տաճարը կառուցուած է այն այրի վրայ, ուր ծնաւ Յիսուս Քրիստոս:

Բացի ընդհանուր սրբատեղիներէ, միայն հայերուն կը պատկանի եկեղեցւոյ հիւսիսայի թեւը, ինչպէս նաեւ պատարագամատոյց երկու սեղան: Յիսուսի Ծննդեան վայրին մէջ կը գտնուի Պատարագի սեղան մը, որ հայերուն ու յոյներուն կը պատկանի. անոնք անոր վրայ ամէն օր յաջորդաբար Պատարագ կը մատուցեն:

Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան տաճարին սիւնազարդ մեծ գաւիթի գեղաքանդակ փայտէ դուռը պատրաստած են հայ վարպետներ 1227-ին՝ Կիլիկեան Հայաստանի Հեթում Ա. թագաւորի ժամանակ։ Ըստ աւանդութեան՝ տաճարին սիւներէն մէկուն վրայ կը մատնանշուի Գրիգոր Լուսաւորիչի խաչը։ Ս. Ծննդեան տաճարին կից կը գտնուին Բեթղեհէմի հայկական Ս. Ծննդեան վանքն ու Ս. Աստուածածին եկեղեցին։

Քրիստոսի Ծննդեան եկեղեցին հայ մատենագրութեան մէջ առաջին եւ միակ յիշատակութիւնը Մովսէս Կաղանկատուացիի (7 դար) «Պատմութիւն Աղուանից» խորագրով աշխատութեան մէջ է: Կաղանկատուացիի մէջբերած յիշատակութիւնը հաւանաբար 4-րդ կամ 5-րդ դարու ուխտաւորի մը ուղեգրութենէն վերցուած է:

Բեթղեհէմի մէջ Սուրբ Ծննդեան եկեղեցւոյ կից գոյութիւն ունեցած է նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան սեփականութիւնը հանդիսացող վանք մը, ուր կարելի է մտնել Տաճարի Հայոց դռնէն:

Եկեղեցւոյ հայրերէն Բեթղեհէմի հայկական եկեղեցւոյ մասին առաջին վկայութիւնը ձգած է Սուրբ Հերոնիմոսը (331-420): Ան այնտեղ հիմնած է դպրատուն կամ համալսարան, որ կը գտնուէր հայոց վանքին վարի հատուածին վրայ։ Այս փաստը կը վկայէ, որ Հերոնիմոսի օրերէն իսկ (4-րդ դար) հիմնարկուած եւ հաստատուած էր Հայոց վանքը, զոր ժամանակի ընթացքին ալ աւելի ընդարձակուած էլ:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. archINFORM — 1994.
  2. 2,0 2,1 http://www.bethlehem-city.org/en/index-16.php?Mid=NTg=#.U0A780WIy-k
  3. назван так за плодородие окрестных земель, граничивших с иудейской пустын ей: Вифлеем // Библейская энциклопедия Брокгауза
  4. Amara, 1999, p. 18.
  5. Brynen, 2000, p. 202.
  6. "History and Mithology of Bethlehem"