Ռեթէոս Պէրպէրեան

Ռեթէոս Պէրպէրեան
Ծնած է 10 Հոկտեմբեր 1848
Ծննդավայր Կ. Պոլիս
Մահացած է 6 Ապրիլ 1907
Մահուան վայր Սկիւտար, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Ներսէսեան վարժարան
Մասնագիտութիւն Մանկավարժ, լրագրող, գրող, բանաստեղծ, տնտեսագէտ եւ հրապարակախօս
Աշխատավայր Պէրպէրեան Վարժարան
Երկրագունտ
Վարած պաշտօններ տնօրէն
Երեխաներ Օննիկ Պէրպէրեան, Շահան Ռ. Պէրպէրեան եւ Մաննիկ Պէրպէրեան

Ռեթէոս Պէրպէրեան (10 Հոկտեմբեր 1848, Խասգիւղ (Կ. Պոլիս) - 6 Ապրիլ 1907, Կ. Պոլիս), հայ գրող, մանկավարժ, բանաստեղծ, հրապարակախօս, տնտեսագէտ եւ թարգմանիչ, Պէրպէրեան վարժարանի հիմնադիր[2]։ Նշանաբանը եղած է․ «Առանց կրթութեան չկայ կեանք, չկայ երջանկութիւն»[3]։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է 1851-ին, Խասգիւղ, Պոլիս․ հայրը՝ սափրիչ Յակոբ, մայրը՝ Աննա։ Թաղի Ներսէսեան վարժարանին մէջ ստացած է իր նախակրթութիւնը, որ զարգացուցած Եւրոպական լեզուներու սերտողութեամբ՝ Պոլսոյ օտար վարժարաններու մէջ, բայց յատկապէս ինքնազարգացման։ Կանուխ տարիքէն դրսեւորած է մանկավարժական իր կոչումին ուղղութեամբ նուիրում։ 16 տարեկանին արդէն սկսած է անձնական դասեր տալ բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ իր տարեկիցներուն։ Հազիւ 25 տարեկան, 1876-ին կը ձեռնարկէ նախ Քաղկեդոնի (Գատըգիւղ), ապա Սկիւտարի մէջ սեփական վարժարանի հիմնումին։ Իր անունով կոչուած Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը բառին բուն իմաստով սերնդակերտումի օճախ դարձած է արեւմտահայ իրականութեան մէջ, ներգրաւելով ոչ միայն Պոլսոյ, այլեւ գաւառներու նորահաս սերունդը գիշերօթիկի իր բաժնով։

Սիամանթոյի, Վահան Թէքէեանի եւ Լեւոն Բաշալեանի տարողութեամբ բանաստեղծ ու մտաւորական մեծութիւններ հասցուցած Պէրպէրեան վարժարանը ի սկզբանէ եղած է դաստիարակչական մեծ կոչումի տէր հաստատութիւն։ Մինչեւ 1907-ի իր մահը, Ռէթէոս Պէրպէրեան վարած է իր պաշտօնը իբրեւ վարժարանին տնօրէնը եւ ուսուցչապետ։

Գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պերպերեանի բանաստեղծությունները («Առաջին Տերեւները», 1877, «Խոհք Եւ Յուշք», 1904 ժողովածուներ) կը կրեն ֆրանսական ռոմանթիզմի, մասնաւորապէս Լամարթինի ազդեցութիւնը։ Վերջինիս շարք մը բանաստեղծութիւնները թարգմանած է հայերէնի («Մահ Սոկրատա», «Լիճ» եւայլն)։ Անդրանիկ բանաստեղծութիւնները հիմնականօրէն սիրոյ եւ բնութեան երգեր են, որոնց մէջ կը գերակշռէ փիլիսոփայական խոհը։ Լեզուն գրաբար է կամ գրաբարախառն։

Պէրպէրեանի մանկավարժական ձեռնարկներուն մէջ («Դաստիարակի մը Խօսքերը», 1901, «Դպրոց եւ Դպրութիւն», 1907 եւ այլ) կը դրսեւորուին գեղեցիկի, բարիի, ճշմարտութեան սկզբունքները, որոնց դիրքերէն ան կոչ ըրած է ծառայել ժողովրդին, հրաժարիլ սերտողական մեթոտներէն, դասաւանդումը դարձնել հետաքրքիր եւ ուսանելի, ժամանակի յառաջդիմական պահանջներուն համապատասխան՝ ուսուցիչներ պատրաստել ազգին համար։ Պէրպէրեան կնոջ կրթութիւնը համարած է բարիք՝ շեշտելով այն կարծիքը, որ կինն ընտանիքի հիմքն է, իսկ ընտանիքը՝ հասարակութեան յենարանը։ Ըստ Պէրպէրեանի՝ բարոյական դաստիարակութեան ամենազօրեղ միջոցը դաստիարակի անձնական օրինակն է։

Մանկավարժական գործունէութեան առընթեր Պէրպէրեան աշխուժօրէն ներգրաւուած է հրապարակախօսական բնագաւառէն եւ հասարակական կեանքէն ներս, գրի առած է հրապարակախօսական-փիլիսոփայական գործեր։

Հանդէս է եկած նաեւ Հրաչեայ կեղծանունով[4]։

Ստեղծագործութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Փողը, 1872
  • Առաջին տերեւները, Կ. Պոլիս, 1877
  • Առաջին քոնֆերանսը, 1880
  • Յայտնի զուարճանքները, 1880
  • Թշուառութիւն եւ բախտ, 1880
  • Քաղաքատնտեսութիւն, 1883
  • Ֆրանսերէն-Հայերէն Թարգմանչական Գիրք, 1885
  • Դաստիարակի մը խօսքերը, Վիեննա, 1901
  • Մտքեր եւ յիշողութիւններ, 1903
  • Դպրոց եւ գրականութիւն, 1907[5]

Ծանօթագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'huiMaisons-Alfort: 2021. — P. 105–106. — ISBN 978-2-905686-93-0
  2. «Քրմապետ Մը` Իմաստասիրութեան Մեհեանին Մէջ (Յիշելով Անմահանուն Դաստիարակ Շահան Ռ. Պէրպէրեանը)»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2019-08-29։ արտագրուած է՝ 2019-10-29 
  3. Ռեթէոս Պէրպէրեան. Հայ Մտքի ԵւՀոգիի Մեծանուն Մշակը
  4. Ով ով է. Հայեր. Կենսագրական հանրագիտարան, հատոր երկրորդ, Երեւան, 2007 
  5. Ռեթէոս Յ. Պէրպէրեան

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «19-րդ Դարու Հայ Մեծ Դէմքեր», Պետրոս Կարապետեան, Կ․ Պոլիս 1933։

Արտաքին Յղումեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]