Jump to content

Նեմրութ

Նեմրութ
Եւոնեսքոյի Համաշխարհային Ժառանգութեան Յուշարձան
Տեսակ լեռ
Երկիր  Թուրքիա
Վարչատարածքային միաւոր Ատըյաման
Լեռնաշղթայ Հայկական Տաւրոս
Բարձրութիւնը ծովու մակարդակէն 2150 մեթր
Յարաբերական
բարձրութիւն
2134 մ․
Մակերես 11 հեկտար
Նեմրութ լերան քարայծ
Առիւծ պահակը, նկարուած արեւելեան հարթակի հիւսիս-արեւելեան անկիւնէն

Նեմրութ լեռ, (թրք․՝ Nemrut Dağı, քրտերէն՝ Çiyayê Nemrûdê , յուն․՝ Νεμρούτ կամ Νεμρώδ)․ 2134 մ․ բարձրութեամբ, մաս կը կազմէ Հայկական Տաւրոսեան լեռնաշղթային եւ կը գտնուի Պատմական Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ միջեւ։  Նեմրութ լեռը կ՛ իշխէ Եփրատին հովիտին, Քեահթա Kâhta եւ Ատըյաման Adıyaman քաղաքներուն վրայ։   Լեռը նշանաւոր կը դառնայ երբ անոր գագաթին արեւելեան եւ արեւմտեան արհեստական դամբարանադաշտերուն վրայ ԺԹ․ դարուն (1881), կը յայտնաբերուի պաշտամունքային փառահեղ սրբավայր համալիրը՝ Կոմմագէնի Անտիոքոս Ա․ Երուանդունի թագաւորի (Հելլենիստական շրջան) կառուցած դամբարանաբլուր-սրբավայրը։  Վայրը, 1987-էն ներառնուած է Եունեսքոյի Համաշխարհային Ժառանգութեան ցանկին մէջ։   1988-ին թրքական պետութիւնը լեռը «Ազգային պուրակ» կը հռչակէ։

Հակիրճ տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անտիոքոս Ա․ (կամ՝ Ատիոխոս Ἀντίοχος) Կոմմագէնի Երուանդունի թագաւորը (Ք․Ա․ 69-38), ծանօթ իբրեւ «Անտիոքոս Աստուածը, Արդար, Վսեմ, Հռոմէացիներուն բարեկամ եւ յունասէր» (Ἀντίοχος ὁ Θεὸς Δίκαιος Ἐπιφανὴς Φιλορωμαῖος Φιλέλλην), Նեմրութ լերան գագաթին արեւելեան եւ արեւմտեան արհեստական դամբարանադաշտերուն վրայ պաշտամունքի յուշարձաններ կը կառուցէ իր դամբարանին համար։ 

Պաշտամունքի յուշարձան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Նկար․ ժամադիտութեան առիւծ քանդակ

Կոնաձեւ արհեստական դամբարանաբլուրը կառուցուած է մանր քարերով, առանց շաղախի եւ ունի 50 մ․ բարձրութիւն։  Անոր արեւելեան եւ արեւմտեան կողմերը կանգնեցուած են (ներկայիս աւերակ, կործանուած վիճակի մէջ) մօտաւորապէս 8 մ․ բարձրութեամբ նոյնանման բարձրաքանդակ արձանաշարքեր եւ կոթողներ, որոնք կը պատկերացնեն յաջորդաբար, աստուածներ՝  Արամազդ, Անահիտ, Միհր, Տիր,Վահագն ու Կոմմագէնի երկրին դիցուհին, արքան՝ Անտիոքոս Ա․ եւ անոր նախնիները, թագաւորութեան զինանշանները՝ առիւծ եւ արծիւ, ինչպէս նաեւ Անտիոքոս Ա․ թագաւորի ժամադիտութիւնը՝ առիւծի քանդակով:

Յուշարձանախումբի կեդրոնական մասին տեղ կը գրաւեն հինգ մարդակերպ արձաններ, նստած քարաշէն գահերու վրայ (արձաններոը այժմ տապալած են): Կեդրոնը, Արամազդի արձանն է, 9 մ․ բարձրութեամբ։   Անոր աջ կողմը Անահիտ դիցուհիին արձանն է, իսկ ձախ կողմը Միհր աստուծոյ արձանը։   Կեդրոնական այս երեք արձանները կը ներկայացնեն երեք գերագոյն աստուածները:   Անոնց մէկ կողմը կանգնած է սրբավայրը կառուցող Անտիոքոս Ա․ թագաւորը եւ միւս կողմը՝ քաջութեան աստուած Վահագնը:  Թագաւորը կը ներկայացուի հայկական Տիգրանեան թագով։  Յունալեզու արձանագրութիւնները կը վկայեն, որ Կոմագէնի թագաւորական տունը կը սէրի Երուանդունիներէն եւ որ Կոմմագէնին Ք․Ա․ 4-րդ դարէն մինչեւ 1-ին դար Հայաստանի մաս կազմած է։ Երկու հարթակներուն արձանագրութիւնները նոյնն են։

Հայեացք դէպի Հայկական Բարձրաւանդակ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հետաքրքրական է թէ արեւելեան դամբարանադաշտի յուշարձանները արեւելքի կէտէն 30 աստիճանով շեղուած են դէպի հիւսիս․ այն կէտէն է որ արեւը կը ծագի Անտիոքոս Ա․-ի ծննդեան օրը՝ 7 Յուլիսին։ Ինչպէս նաեւ արեւելեան հարթակէն ուղղահայեաց նշմարուող Հայկական լեռնաշխարհի բարձրագոյն կէտը՝ Մեծ Մասիսի գագաթը:

Տօնախմբութիւններուն համար, շինուած էր յատուկ սալայատակ ճանապարհ։ Այժմ, լերան 1500 մ․ բարձրութենէն, ուղեւորները գագաթին պաշտամունքի վայրերը կը հասնին քալելով յատուկ փայտաշէն ճանապարհէ մը եւ վերջին 40-50 մ․՝ հին սալայատակ ճանապարհէն։

Նեմրութ լերան լանջին կը գտնուի Արսեմիա (Արշամաշատ) հնագիտական վայրը. Արսեմիա Αρσάμεια եղած է մայրաքաղաք ու հոն գտնուած են Անտիոքոս Ա․-ի պալատին աւերակները, ինչպէս նաեւ Երուանդունի արքաներու դամբարանը։

Վերելք դէպի Նեմրութ լերան պաշտամունքի համալիրը, 26 Յունիս 2015, վաղ առաւօտեան ժամերուն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պաշտամունքի համալիրը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արսեմիայի (Արշամաշատ) հնագիտական վայր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7]

Հայոց Պատմութիւն - Է․ Կարգերու, Երուանդ Փամպուքեան, Վլադիմիր Բարխուդարեան, Պէյրութ 1998

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Նեմրութ լերան արձանները (ֆր.)