Jump to content

Կելիեկիւզան

Գիւղ
Կելիեկիւզան
Երկիր  Թուրքիա

Կելիեկիւզան (Ընկուզաձոր, այժմ թրքերէն` Ճեւիզլիտերէ (Cevizlidere)), Արեւմտեան Հայաստանի գիւղերէն, որ կը գտնուի Բաղէշի (Պիթլիս) նահանգի Շատախի գաւառակին մէջ, Մուշ քաղաքէն 20-22 քմ հարաւ-արեւմուտք, Անտոք լերան փէշերուն, Շենիկ եւ Սեմալ գիւղերու մօտ։

գիւղը իր պատմական, աշխարհագրական, ռազմական ու մանաւանդ ազատագրական պայքարի մէջ ունեցած է մեծ դերակատարութիւն:

Անուան ստուգաբանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիւղին անունը եւ կը նշանակէ ընկուզենիներու պուրակ: Կելիեկիւզանը հարուստ եղած է ընկուզենիներով: Գիւղին անունը արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն գրուած եւ հնչուած է տարբեր-տարբեր ձեւերով, օրինակ` Կելիեկուզան, Գելիեգուզան, Գալէ կուզան, Գեալեգուզան, Գալիեգոզան, Գելի, Գելիգոզան, Գելիգուզան, Գելիեկուզան, Գիլեգուզան, Գուղ Կելեյկիւզան, Կելիկուզան:

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կելիեկիւզանն իր վարչական տարածքով սահմանակից էր հիւսիսէն` Շենիկ, հիւսիս-արեւելքէն` Սեմալ, հարաւ-արեւմուտքէն` Տալուորիկ, արեւմուտքէն` Իշխանաձոր հայկական գիւղերուն, իսկ հիւսիս-արեւմուտքէն` Վասլնի, Պերեշ քրտական փոքրիկ գիւղերուն:

Կելիեկիւզանի տարածքը անհարթ էր ու լեռնային: Գիւղին մէջ սկիզբ կ'առնէ Խուլփի վտակ Կուս գետակը:

Տարածքի լեռնային ըլլալու հանգամանքի պատճառով տուները իրարմէ հեռու կառուցուած էին` առանձին բարձունքներու վրայ: Այդ պատճառով ալ բնակիչներուն համար գիւղը պաշտպանական լաւ հնարաւորութիւններ ընձեռած է:

Կելիեկիւզանն ունեցած է 17 թաղ` Խարձնգոմ, Տաւըրնի, Ղարիբջան, Մխիթար, Մզէրսան, Հոսըլներ, Հիւսէյնցիք, Խազոյի Մզրէ, Կավըրտիք, Դօհոլնին, Ռաշըքներ, Ամբարներ, Խոշոքներ, Մերկեր, Հարմոյի գոմեր, Փալի գոմեր, Ալուչաք, բուն գիւղ1[1]:

1881-ին գիւղը ունեցած է 413, իսկ 1890-ականներուն 1000 հայ բնակիչ:

Ներկայիս հոն կ'ապրին շուրջ 500 հոգի եւ հիմնականին մէջ կը զբաղին գիւղատնտեսական աշխատանքներով[2]:

Պատմամշակութային կառոյցներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կելիեկիւզանը ունեցած է մէկ հայկական եկեղեցի` Սուրբ Կարմրաւոր եւ՝ աւերուած բերդ ամրոց մը:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Երգի Մը Պատմութիւնը. «Կելիեկիւզան Տուման Է» Սրտառուչ Երգին Անժամանցելի Պատգամը – ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ – ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ‏»։ արտագրուած է՝ 2023-04-10 
  2. «Զովասարը՝ Գողտրիկ Գիւղ Մը»։ ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ (en-GB)։ 2022-08-04։ արտագրուած է՝ 2023-04-10 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։