Jump to content

Հրաչ Զարդարեան

Հրաչ Զարդարեան
Ծնած է 15 Յունուար 1897(1897-01-15)
Ծննդավայր Մեզիրէ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 30 Նոյեմբեր 1986(1986-11-30) (89 տարեկանին)
Մահուան վայր Ֆրանսա
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն և  Ֆրանսա[1]
Ազգութիւն Հայ[2]
Ուսումնավայր Ներսիսեան դպրոց, Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան, Փարիզի համալսարանի բժշկութեան բաժանմունք, Ազգային Կեդրոնական Վարժարան և Սեն Լուի Լիսէ ( lycée Saint-Louis)
Մասնագիտութիւն գրագէտ, թարգմանիչ, Խմբագիր, հանրային գործիչ և ատամնաբուժ
Ծնողներ հայր՝ Ռուբէն Զարդարեան

Հրաչ Զարդարեան (15 Յունուար 1897(1897-01-15), Մեզիրէ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 30 Նոյեմբեր 1986(1986-11-30), Ֆրանսա), հայ գրող, թարգմանիչ, խմբագիր, հանրային-քաղաքական գործիչ։

Ծնած է Խարբերդ:

Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ՝ գրագէտ Ռուբէն Զարդարեանի անդրանիկ որդին եղած է։

Մանուկ տարիքէն հետեւած է հօր աստանդական կեանքին՝ Իզմիր, Մանիսա, Ֆիլիպէ (Պուլկարիա), Պոլիս, ուր զբաղած է ուսուցչութեամբ։

Ուսումը ստացած է Կարին, ուր երեք տարի մնացած է իբրեւ գիշերօթիկ աշակերտ Սանասարեան վարժարանին մէջ։ Երբ վարժարանը Սեբաստիա կը փոխադրուի, կը վերադառնայ Պոլիս, ուր Կեդրոնական վարժարանին մէջ կ'աշակերտէ Եղիշէ արք. Դուրեանին, Մելքոն Կիւրճեանին (Հրանդ), Ինտրային, Ռ. Զարդարեանին, Գարեգին Խաժակին, Լեւոն Շանթին եւ ուրիշներու։

1915-ին, երբ պիտի լրացնէր Կեդրոնականի ընթացքը, հօր տարագրութեան խռովայոյզ օրերուն, կը հարկադրուի մօր եւ եղբայրներուն հետ անցնիլ նախ Պալքաններ, ապա Հարաւային Կովկաս, ուր յաջորդաբար կը յաճախէ Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանը, Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանը եւ Երեւանի Թեմական դպրոցը, ուրկէ կը ստանայ աւարտականի իր վկայականը։

1917-ին կ'անցնի Փարիզ, ուր յաջորդաբար կը հետեւի Սորպոնի գրականութեան դասընթացքներուն, քաղաքական եւ բարոյական գիտութեանց համալսարանին, եւ վերջապէս՝ բժշկական վարժարանին։ Որոշ մասնակցութիւն կը բերէ փարիզահայ գրական նոր շարժման։

Այնուհետեւ կը հաստատուի Նիս (հարաւային Ֆրանսա

Թէ՛ բարձրագոյն ուսման հետեւելու շրջանին եւ թէ՛ իբրեւ ատամնաբուժ աշխատելու ընթացքին, Հրաչ Զարդարեան նուիրումով փարած է գրական-ստեղծագործական իր կոչման[3]։

1920-ականներուն, կանոնաւորապէս կ'աշխատակցի նորաստեղծ «Հայրենիք» ամսագիրին, որուն էջերուն մէջ լոյս կը տեսնեն իր առաջին պատմուածքներն ու նորավէպերը։ Շաւարշ Միսաքեան եղած ըլլալով Ռուբէն Զարդարեանի մտերիմն ու գործակիցը, Հրաչ Զարդարեան կ'ունենայ յատուկ կապուածութիւն եւ տասնամեակներ շարունակ յօդուածներով կանոնաւորաբար կ'աշխատակցի «Յառաջ»ին, միաժամանակ լոյս ընծայելով պատմուածքներ եւ իմաստասիրական էջեր։ Կ'աշխատակցի նաեւ փարիզեան «Կեանք եւ Արուեստ» ու «Զուարթնոց» ամսագիրներուն։

Զարդարեանի գրական վաստակը, բացի երկու վէպերէն՝ «Մեր կեանքը» (1934) եւ «Որբացող մարդիկ» (1954-ին), գումարն է երկարաշունչ բազմաթիւ պատմուածքներու, որոնք ցրուած են գրական հանդէսներու, թերթերու, նաեւ անտիպ կարգ մը հատորներու մէջ։ Վէպերուն եւ պատմուածքներուն մէջ ներկայացուցած է ֆրանսահայերու կեանքը[4]: Հրատարակած է նաեւ բարոյական եւ գրական խորհրդածութիւններու հատոր մը՝ «Ժամանակ Եւ խորհուրդք իւր» (1955):

Հրաչ Զարդարեան խոհուն մտաւորականի իր ներաշխարհով եւ պարզ ու գեղեցիկ իր գրիչով սփիւռքեան կերպարները դիպուկ ուրուագծող եւ անոնց ներաշխարհը վերծանող գործեր ժառանգ կը ձգէ հայ նոր գրականութեան։

Հրաչ Զարդարեան պաշտամունքի հասնող աստիճան սէր ու գուրգուրանք ունէր Հայաստանի նկատմամբ, բայց խորհրդային կարգերը վերապահութեամբ ընկալելու եւ գաղափարական քննադատութեան ենթարկելու իր վարքագիծը պատճառ դարձած են, որ հայրենի ընթերցողը ուշ ծանօթանայ անոր գրական վաստակին։ Միայն 1983-ին պաշտօնապէս արտօնուած է, որ Հրաչ Զարդարեան ներկայացուի հայրենի ընթերցողին, երբ լոյս լոյս կը տեսնէ անոր ստեղծագործութիւններու ժողովածուն՝ «Մեր կեանքը» խորագիրով։

  • Դար Մը Գրականութիւն, Մինաս Թէօլէօլեան, Բ. հատոր, Նիւ Եորք, 1982, էջ 148-150:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]