Ռոմանթիզմ

Ռոմանթիզմ, Վիպապաշտութիւն , Անգլ.՝ (Romanticism) գրական հոսանք, որ յայտնուած է Եւրոպայի մէջ 18-րդ դարու վերջերուն, եւ իր ծաղկումը հասած է մինչեւ 19-րդ դար։ Այդ ժամանակաշրջանին արուեստի ու գրականութեան ներկայացուցիչները իրենց ստեղծագործութիւններուն մէջ կը ձգտէին ընդգծել եւ ցոյց տալ կատարեալ ու իտէալական կերպարը, որ կը հակադրէր իսկական վիճակը։
Վիպապաշտ գրականութիւնը իր մէջ կը կրէ գրողին ցանկութիւնը, երազանքը եւ ճիշդ ատոր համար ալ յաճախ գրողի երեւակայութիւնը կը հակադրուի կեանքի իրական փաստերուն: Անոնք կը սիրեն իրենց երկերը կառուցանել կեանքի սուր հակադրութիւններու վրայ։ Մէկ կողմէ՝ իտէալական հերոսներ, ազնուութեան եւ քաջութեան մարմնացում, միւս կողմէ վատութեան եւ վախկոտութեան տիպարներ[1]:
Վիպապաշտական գրուածքներու լեզուն ընդհանրապէս յուզական է եւ հռետորական. - բացականչութիւններ, մակդիրներ, փոխաբերութիւններ: Նկարագրութիւնները խորհրդանշական են, քան՝ իրական. - Լուսին, զեփիւռ, առուակ, սոխակ եւ այլն: Անոնց ոճը յուզիչ է:
Եւրոպայի մէջ վիպապաշտները ուզեցին խորտակել դասականներուն գծած սահմանները գրականութեան մէջ, անկաշկանդ ազատութիւն տալով մանաւանդ քնարերգական բանաստեղծութեան: Անոնք յեղափոխութիւն առաջ բերին դասական ձեւերու, ոճերու եւ կանոններուն մէջ։ Դասականները կը հետեւէին Յոյն եւ Լատին հին հեղինակներու օրինակին: Վիպապաշտները անտեսեցին այդ օրինակները եւ ստեղծեցին գրական նոր սեռեր, նոր ոճ, նոր ճաշակ[2]:
Անոնք իտէալն ու երազը հակադրեցին իրականութեան: Շրջապատը գտնելով գռեհիկ, զայն ներկայացուցին գորշ գոյներով եւ ուզեցին սրբագրել եւ գեղեցկացնել: Կեանքի մէջ իրենց չգտածը՝ աշխատեցան լրացնել երեւակայութեան ուժով:
Վիպապաշտական ժամանակաշրջանին ստեղծագործած են շատ մը աշխարհահռչակ արձակագիրներ եւ բանաստեղծներ, օրինակ՝ Եոհան Ուոլֆկանկ Վոն Կյոթը (Գերմանիա), Ճորճ Կորտըն Պայրոնը (Անգլիա), Էտկար Ալլան Փօն (ԱՄՆ), Ֆրետերիք Շոբենը (Լեհաստան) եւ ուրիշներ:
Վիպապաշտութիւնը եւ Հայ գրականութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Զարթոնքի շրջանին ստեղծագործող հեղինակներուն մեծ մասը վիպապաշտ էին: Անոնք կը համարէին թէ հայոց կեանքի պայմանները բարեփոխման կարօտը ունին եւ կ'որոնէին նորը, իտէալականը, գեղեցիկը եւ զարգացման արժանին:
Վիպապաշտները կը ստեղծեն երեւակայական եւ փքփքքելի պատկերներ: Ցանկալին կը նկարագրուի իրականի պէս, օրինակ՝ Ռաֆֆիի «Կայծեր» վէպը:
Ռաֆֆիին համար գրողը մարգարէ է, որ կը նախատեսէ չծնած ամենափոքրիկ նախանշանները: Ճշմարիտ բանաստեղծը, գիտէ անցեալը, գիտէ ներկան, եւ ապագան:
Համեւրոպական այս շարժումը իր անդրադարձը ունեցաւ նաեւ 1850-ական թուականներէն սկսեալ Հայ կեանքին մէջ ալ եւ իր դրօշմը դրաւ 19-րդ դարու մեր գրականութեան վրայ:
Արեւմտահայոց մօտ հայր Ղեւոնդ Ալիշանն էր առաջինը, որ վիպապաշտութեան ուժեղ ազդեցութեան տակ՝ գրեց հռետորական ոճով հայրենասիրական բանաստեղծութիւններ: Արեւելահայոց մէջ՝ Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»ն ծայրէ ծայր լեցուն է վիպապաշտական յատկանիշերով: Վիպապաշտութեան գրական հոսանքէն ազդուեցան Ռափայէլ Պատկանեանի, Սմբատ Շահազիզ եւ Ռաֆֆի:
Արեւմտահայ եւ Արեւելահայ մեր գրականութեան զարթօնքը սկսաւ վիպապաշտներուն խոր ազդեցութեան տակ:Հետեւանք էր, որովհետեւ ազգային զգացումներու, գրական խանդավառութիւնները, ժողովրդասիրութեան առաջին պոռթկումներու շրջանն էր։ Հայ հոգին կը փշրէր իր շղթաները եւ նոր լեզուով ու նոր ոգիով կը վերածնէր ազատ ընթացք տալով իր ճնշուած զգացումներուն:
Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Վիպապաշտ ժամանակաշրջանի ստեղծագործութիւններ՝
-
Ֆրանսիսքօ Կոյա, The Third of May 1808, 1814
-
Թիտոր Կերիքալթ, The Raft of the Medusa, 1819
-
Էժեն Տելաքրոքս, Liberty Leading the People 1830
-
Ճ. Թերներ, The Fighting Téméraire tugged to her last Berth to be broken up, 1839
Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- ↑ Casey Christopher (October 30, 2008)։ «"Grecian Grandeurs and the Rude Wasting of Old Time": Britain, the Elgin Marbles, and Post-Revolutionary Hellenism»։ Foundations. Volume III, Number 1։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ May 13, 2009-ին։ արտագրուած է՝ 2014-05-14
- ↑ Encyclopædia Britannica։ «''Romanticism''. Retrieved 30 January 2008, from Encyclopædia Britannica Online»։ Britannica.com։ արտագրուած է՝ 2010-08-24Կաղապար:Deadlink
Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- Արդի Հայ Գրականութիւն - Զարթոնքի Շրջան, Ա. Հատոր, Մուշեղ Իշխան, 1850 - 1885, Պէյրութ, էջ 349 - 350: