Ջերմուկ (քաղաք)
Բնակավայր | |||
---|---|---|---|
Ջերմուկ | |||
| |||
Երկիր | Հայաստան | ||
Տարածութիւն | 55,14 քմ² | ||
ԲԾՄ | 2080 մեթր | ||
Պաշտօնական լեզու | հայերէն | ||
Բնակչութիւն | 4070 մարդ (2021)[1] | ||
Ժամային գօտի | UTC+4։00 | ||
Փոստային ցուցանիշ | 3701–3704 | ||
Պաշտօնական կայքէջ | jermuk.am | ||
Ջերմուկ, քաղաք Հայաստանի Վայոց Ձորի մարզին մէջ, մարզկեդրոնէն 50 քմ հիւսիս-արեւելք, Արփա գետի ակունքին։ Հայաստանի երեք առողջարանային քաղաքներէն մէկն է։ Կը գտնուի Երեւանէն 173 քմ հեռաւորութեան վրայ։[2]
Ջերմուկ նախկին հայկական Ջերմուկ գիւղին տեղը կառուցուած է։ Հետագային անիկա օտարեկրացիներու կողմէ աւերուած է եւ անոր փոխարէն նոր գիւղ մը կառուցած են, որ թարգմանաբար կոչած են Իստիսու։ Ջերմուկ վերանուանուած է 1924-ին։
Քաղաքին կը պատկանի նաեւ 3 քմ հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Կեչուտ գիւղը։[2]
Աւանդապատումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հրաշք Ջուրը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աւանդավէպի մը համաձայն, ժամանակին, երբ մարդու ապրուստի հիմնական միջոցը որսորդութիւնն էր, այս կուսական անտառները զանազան որսատեսակներով լեցուն էին։ Օր մը, փորձառու որսորդ մը կը նետահարէ մատղաշ եղնիկ մը։ Վիրաւոր եղնիկը մեծ ճիգերով, վերջին ուժերը հաւաքած, կը սկսի փախչիլ։ Որսորդը կրնկակոխ կը հետապնդէ զինք։ Ոտքերը հազիւ քարշ տալով, եղնիկը կը հասնի Ջերմուկի հանքային աղբիւրներուն, կը նետուի ջուրը եւ... ո՜վ հրաշք, ջուրէն դուրս կու գայ բոլորովին առողջ ու ապաքինած եւ անմիջապէս կ'անհետանայ անտառին խորը։ Կեանքին մէջ ամէն ինչ տեսած փորձառու որսորդը կ'ապշի սովորական ջուրին կատարած հրաշքէն, եւ այդ օրէն սկսեալ «Ջերմուկ» ջուրին համբաւը կը տարածուի աշխարհէ-աշխարհ, իսկ հրաշք ջուրին գաղտնիքը մարդոց հասցուցած եղնիկը կը դառնայ ժողովուրդին սիրելին ու Ջերմուկի խորհրդանիշը։[3]
Ջրահարսի Վարսերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շուրջ 70 մեթր բարձրութենէն Արփայի կիրճը գահավիժող բնութեան այս հրաշալիքը, որ թափած վարսեր կը յիշեցնէ, ժողովուրդը անուանած է «ջրահարսի վարսեր» եւ անոր մասին հիւսած է երկրորդ աւանդութիւն մը։
Ժամանակին, այսօրուան ջրվէժին տեղ, անդնդախոր ժայռերու ծերպին կը գտնուէր իշխանի մը ամրոցը, որ ունէր գեղեցկուհի դուստր մը։ Իշխանուհիին ձեռքը խնդրելու կու գային աշխարհի տարբեր ծայրերէն, սակայն ան կը մերժէր բոլորը, որովհետեւ իր սիրտը կը պատկանէր հովիւի մը երիտասարդ, քաջարի ու գեղեցիկ որդւոյն։ Ամէն օր, կէս գիշերէն ետք, ամրոցին իր ննջարանին լուսամուտէն դեռատի իշխանուհին դէպի ձոր կը նետէր երկար պարանի մը ծայրը, որմով հովիւին որդին խոր կիրճէն կը բարձրանար սիրեցեալին քով։
Իշխանը շուտով կը տեղեկանայ՝ կը զայրանայ եւ կ'անիծէ դուստրը. եթէ անգամ մըն ալ հանդիպի հովիւին որդւոյն, թող ջրահարս դառնայ ու ջուրէն երբեք դուրս չգայ։ Սակայն դեռատի սիրահարներուն ոչինչ արգելք կը հանդիսանայ. գեղեցկուհին պարանի փոխարէն ժայռին բարձունքէն կը կախէ իր երկար ու գեղեցիկ վարսերը։ Սակայն նոյն ակնթարթին կը կատարուի հօր դաժան անէծքը. գեղեցկուհին կը դառնայ ջրահարս, իսկ կիրճ թափող անոր գեղեցիկ վարսերը կը դառնան հրաշագեղ ջրվէժ մը, զորս ժողովուրդը կ'անուանէ «ջրահարսի վարսեր»[4]:
Աշխարհագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քաղաքը շրջափակուած է 2500-3000 մեթր բարձրութեան հասնող լեռնաշղթաներով, իսկ հարաւ-արեւմտքը Արփայի գեղատեսիլ կիրճն է։
Արփայի մէջ թափող վտակի գետաբերանին քով յառաջացած է քանի մը տասնեակ մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող հանքային ջրվէժ մը։ Նշանաւոր է յատկապէս Արփայի աջ եւ ձախ ափերուն գտնուող՝ թիւով 36 բուժիչ տաք աղբիւրներով՝ ջերմուկներով։ Շրջակայքին կան նաեւ «Նարզան» տիպի ջուր, բուժիչ ցեխ եւ ապակիի հումք։[5]
Ջերմուկը անտառապատ է։ Անտառին մէկ մասը տնկած են 1980-1990-ական թուականներուն։[2]
Կլիմայ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ունի լեռնային կլիմայ։ Ամառը զով է, ձմեռը՝ երկարատեւ եւ ձիւնառատ։ Արեւափայլի տեւողութեան կը կազմէ տարեկան 2300 ժամ։ Օդին օրական միջին ջերմաստիճանը Ջերմուկին մէջ կը կազմէ՝ գարնան՝ +0.4°C, ամրան՝ +15.3°C, աշնան՝ + 4.9°C, ձմրան՝ -9°C։ Յունուարին միջին ջերմաստիճանը –9°C է, նուազագոյնը՝ –35°C, Յուլիսին՝ 18°C, առաւելագոյնը՝ 32°C, տարեկան տեղումները՝ շուրջ 800 մմ, յարաբերական խոնաւութիւնը՝ 45-48%, արեւափայլքի տեւողութիւնը՝ 2340 ժ։[6]
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ջերմուկ կը գտնուի անտառոտ լեռներու գիրկին մէջ, ծովու մակերեւոյթէն 2080 մեթր բարձրութեան վրայ, պզտիկ սարահարթի մը մէջ, որ երկու մասի կը բաժնուի Արփա գետին գեղատեսիլ կիրճով։ Բնակավայրը սկսած է յիշատակուիլ ԺԳ. դարէն՝ պատմիչ Ստեփանոս Օրբելեանի «Պատմութիւն Նահանգին Սիսական» աշխատութեան մէջ։ Սակայն քաղաքին տարածքին մէջ գտնուող հին կիկլոպեան ամրոցին (կառոյց, որ կազմուած է տաշուած քարի մեծ բեկորներէ, առանց միացնող շաղախի) եւ Ը. դարու եկեղեցւոյ աւերակները ու մնացորդները կը խօսին այն մասին, որ հանքային ջուրերու ակունքներուն քով գտնուող Ջերմուկ բնակավայրը գոյութիւն ունեցած է շատ վաղուց։[2]
Ջերմուկին կազդուրիչ հանքային ջուրերը վաղուց կ'օգտագործուէին ինչպէս հասարակ ժողովուրդին, այնպէս ալ Սիւնեաց Իշխաններուն կողմէ՝ զանազան հիւանդութիւններու բուժման նպատակով։ Այդ մասին կը վկայեն միջնադարուն կառուցուած լողաւազանին մնացորդները, որոնք վերակառուցուած եւ վերականգնած են 1860-ական թուականներուն ցարական պրիստաւ Գէորգ Խանագեանին կողմէ, եւ ներկայիս ալ ժողովուրդին կողմէ լողաւազանը կոչուած է «Պրիստաւի գիոլ»։ Հակառակ պատմական հարուստ անցեալին, այսօրուան նոր քաղաքին հիմքը կը դրուի միայն 1940-ին՝ առաջին առողջարանին կառուցման աւարտով։
Հետագայ տարիներուն Ջերմուկը կառուցուած ու կառուցապատուած է, ստեղծուած են բոլոր հնարաւորութիւնները ինչպէս բնակչութեան, այնպէս ալ հանգստացողներու աշխուժ հանգիստի, առողջութեան վերականգնման եւ զբօսաշրջութեան համար։
1967-ին քաղաքը ձեռք կը բերէ հանրապետական նշանակութեան քաղաքի, իսկ 1970-ին՝ համամիութենական նշանակութեան առողջարանի կարգավիճակ։
1980-ականներուն քաղաքը ունէր շուրջ 10,000 բնակիչ, շուրջ 2000 մահճակալով առողջարաններ պանդոկներու ցանց՝ աշխուժ հանգիստի եւ բուժման համար նախատեսուած բոլոր ենթակառոյցներով ու ծառայութիւններով։ Զանազան պատճառներով առողջարանային քաղաքին աշխուժ կեանքը 1990-ականներէն մեծ տեղատուութիւն կ'ապրի եւ կը սկսի աշխուժանալ 1990-ական թուականներուն վերջերը։
Վարչական տարածքը՝ շուրջ 5,5 հազար հեքթար է։ Երեւանի հետ կապուած է երկու ճամբաներով, որոնցմէ «Ջերմուկ-Երասխ-Երեւան» մայրուղին աւելի կարճ է եւ կը կազմէ շուրջ 170 քմ։ Քաղաքը «Երեւան-Գորիս-Ստեփանակերտ» մայրուղիէն կը գտնուի 24 քմ. հեռաւորութեան վրայ։
Ջերմուկը ոչ միայն բազմաթիւ աւանդավէպերու բնաշխարհ է, այլեւ քաղաքին ու մերձակայքին մէջ սփռուած են բազմաթիւ պատմամշակութային յուշարձաններ ու տեսարժան կառոյցներ, արկածախնդրութեան սիրահար զբօսաշրջիկներուն համար գոյութիւն ունին բազմաթիւ անդնդախոր ձորեր ու բարձր ժայռեր, քարանձաւներ ու որսատեղիներ (Արփա-Սեւան փապուղի, Կեչուտի ջրամբար, Գնդեվանք, Վարդանի քար, Գլաձորի միջնադարեան համալսարան, Նորավանքի համալիր եւ այլն) հարուստ բացօթեայ թանգարան մը։ Յատկապէս գեղեցիկ է ջերմուկեան ձիւնառատ, փափուկ եւ արեւոտ ձմեռը։ Հարկ է նշել, որ արեւոտ ու պայծառ օրերու քանակով քաղաքը նախկին միութենական առողջարաններու մէջ կը զբաղեցնէր առաջին տեղերէն մէկը։ Ձմեռնային հանգիստի, բուժման եւ մարզաձեւերու համար բարենպաստ կլիմայական ու բնական պայմաններու առկայութիւնը միշտ դէպի առողջարանային քաղաք կը հրաւիրէ ձմեռնային հանգիստի սիրահարները։
1967-էն հանրապետական ենթակայութեան եւ 1970-էն միութենական առողջարաններու կարգը դասուած քաղաք առողջարանը այսօր հանգստացողներուն ու զբօսաշրջիկներուն կ'առաջարկէ շուրջ 2000 մահճակալով առողջարաններու, հիւրանոցներու, պանդոկներու, համաբուժարաններու, ըմպելասրահի, լողաւազաններու, մարզահրապարակներու, թատրոնի, սնունդի եւ սրճարաններու ծառայութիւնները։[5]
Բնակչութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1988-1989 թուականներուն Ազրպէյճանցիները կ'արտագաղթեն Ազրպէյճան՝ Ազրպէյճանի մէջ սկսած հայկական կոտորածներուն պատճառով։ 1988-ին հոն կը բնակին Պաքուէն, Սումկայիթէն, Մինգեչաուրէն, Պարթայէն եւ Նախիջեւանէն բռնագաղթուած շուրջ 1154 հայ։[2]
Ջերմուկին ազգաբնակչութեան փոփոխութիւնը[7].
Տարի | 1959 | 1968 | 1980 | 1989 | 2001 | 2004 | 2015 |
---|---|---|---|---|---|---|---|
Բնակիչ | 2063 | 3700 | 5492 | 9014 | 5394 | 6400 | 4400 |
Տնտեսութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քաղաքին մէջ կան վաճառականական կեդրոններ, որոնցմէ ամէնէն մեծը «Ջերմուկ» հանքային ջուրերու գործարանն է (1949), քարահանքեր, ՀԷԿ, պանիրի գործարան, կը գործէ նաեւ բազմայարկ հիւրանոց մը։
Ջերմուկի գործարանը տարեկան կ'արտադրէ քանի մը տասնեակ միլիոն շիշ Ջերմուկ։ Գործարանին հանքային ջուրը նաեւ կ'արտահանուի։[2]
Առողջարաններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ջերմուկի մէջ յայտնաբերուած հին աւազանի մնացորդները կը վկայեն, որ միջին դարերուն բուժման նպատակներով մարդիկ օգտուած են ջերմուկներէն։
Հին աւազանը կարգաւորուած է ԺԹ. դարու երկրորդ կիսուն, երբ Ջերմուկը կը ներառուի Երեւանի նահանգին Շարուր-Դարալագիազի գաւառին մէջ։ Այդ օրերուն է, որ ժողովուրդը Ջերմուկը կոչած է Պրիստաւի լիճ։
Հանքային ջուրերու ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին 1925, 1938 եւ 1939 թուականներուն։ Առողջարանին, հանքային աղբիւրներուն եւ առողջարանային բուժման գիտական հիմնաւորման գործին մէջ մեծ դեր կը խաղան Լ. Յովհաննիսեանը, Ա. Մելիք-Ադամեանը, Ա. Յակոբեանը, Գ. Աղաճանեանը եւ ուրիշներ։ Ջերմուկի բուժիչ յատկութեան հիմնական գործօններն են՝ կլիման եւ հանքային ջուրերը։ Վերջիններէն հետազօտութեամբ առաջինը կը զբաղի Գ. Վոսկոբոյնիկովը (1830), համակարգուած հետազօտութիւնները սկսած են 1925-էն (Կ. Ն. Պաֆենհոլց), իսկ հորատման եւ շահագործման աշխատանքները՝ 1938-էն (Ա. Պ. Դեմիոխին)։ Լոգանքի առաջին շէնքը կառուցուած է 1940-ին։ Անիկա ունէր 12 մահճակալ։ 1982-ի տուեալներով կը գործէ 7 հանքաղբիւր՝ 3-ը աջափնեայ սարահարթին մէջ, 4-ը՝ Արփայի ձորին մէջ, 17 մեթր/վայրկեան մշտական ջրապաշարներով։
Հանքային ջուրերը կը դասաւորուին՝ հետեւեալ քիմիական բաղադրութեամբ[6]․
°C
Ջերմուկի ջուրերը քիմիական կազմով կը նմանին Ժելեգնովոդսկի եւ Կառլովի Վարիի հանքային ջուրերուն։ Առողջարանային բուժման համալիրը կ'ընդգրկէ հանքային տաք ջուրի ներքին եւ արտաքին օգտագործումը, բուժական սնունդը, մարմնամարզութիւնը, քայլաբուժութիւնը, կլիմայական եւ մարձումի կազդուրման (ֆիզիոթերափի) միջոցառումները, դեղորայքային բուժումը եւ առողջարանային բաժինը։
Ջերմուկի մէջ կը բուժուին ստամոքսաղիքային համակարգի (ստամոքսի խոցեր, ստամոքսի եւ 12-մատնեայ աղիքի խոցեր), լեարդի, լեղուղիներու, ենթաստամոքսային գեղձի, յենաշարժական սարքերու, ծայրամասային նեարդային համակարգի, կնախտաբանութեան հիւանդութիւններով եւ նիւթափոխանակութեան խանգարումներով (շաքարախտ, միզային համակարգի հիւանդութիւններ) տառապողները։[6]
1950-ականներուն մեծ թափ կը ստանայ առողջարանային շինարարութիւնը։ 1967-ին առողջարանային բաժինը կ'օժտուի 1100 մահճակալով, 1970-ին՝ 1500, իսկ 1980-ին՝ 5000 մահճակալէ աւելի։ Կը սկսին գործել գիշերօթիկներ, լոգանքի ընդարձակ եւ յարմարաւէտ շէնքեր, ըմպելի ջուրի շքեղ եւ սիւնազարդ տաղաւար, բազմայարկ հիւրանոցներ, հիւանդանոց եւ մանկական հիմնարկներ։[2]
Այժմ Ջերմուկի մէջ կը գործեն հետեւեալ առողջարաններն ու հիւրանոցները՝
- «Արմենիա» առողջարան
- «Օլիմպիա» առողջարան
- «Ջերմուկ աշխարհ» առողջարան
- «Թուրիս» առողջարան
- «Գլաձոր» առողջարան
- «Արարատ» առողջարան
- «Հայաթ Փլէյս Ջերմուկ» հիւրանոց
- «Նայիրի» հիւրանոց
- «Վերոնա» հիւրանոց
- «Անուշ» հիւրանոց
- «Լայֆ» հիւրանոց
- «Եւմարի» հիւրանոց
- «Քասքատ» հիւրանոց
- «Անի» հիւրանոց
Մշակոյթ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ջերմուկի մէջ կը գործէ Հայաստանի ազգային պատկերասրահի Ջերմուկի մասնաճիւղը, որ հիմնադրուած է1972-ին, ուր կը ցուցադրուին կերպարուեստի հայ վարպետներու՝ Մարտիրոս Սարեանի, Արա Սարգիսեանի, Սարգիս Մուրատեանի, Արա Յարութիւնեանի, Կալենց ամուսիններու, Յակոբ Յակոբեանի, Ռուտոլֆ Խաչատուրեանի եւ այլ գեղանկարչական եւ քանդակագործական աշխատանքները։ Պարբերաբար կը փոխուին ցուցանմուշները եւ կը կազմակերպուին անհատական ցուցահանդէսներ։[5]
Քաղաքաշինութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ջերմուկի առաջին յատակագիծը կազմուած է 1945-ին (ճարտարապետ՝ Պ. Միսիրեան), 1952-ին՝ երկրորդը (ճարտարապետ Փ. Մանուկեան), վերամշակուած է՝ 1960-1962 թուականնեդուն, որուն հետ սկսած է Ջերմուկի կառուցապատման նոր հանգրուանը։
Արփայի կիրճին վրայ կառուցուած մեծ կամուրջը (1975) հնարաւորութիւն կու տայ բնակելի շինարարութիւնը կեդրոնացնել ձորի ձախափնեակին մէջ (երկու փոքր շրջաններ 6000 եւ 9000 բնակիչի համար, Կեչուտ գիւղի նոր թաղամասը)։
Առողջավայրին կառուցապատման մէջ աշխուժ դեր կը կատարեն թիւ 1 առողջարանը (1962, ճարտարապետ՝ Է. Տիգրանեան), թիւ 2 առողջարանը (1963), ըմպելասրահը (1966) եւ լողարաններու շէնքը (1969, երեքն ալ ճարտարապետ՝ Գ. Թամանեան), առողջապահութեան նախարարութեան ընդունարանը (1952, ճարտարապետ Մ. Գրիգորեան) եւ անոր չորրորդ վարչութեան առողջարանը, հիւրանոցները (առաջինը՝ ճարտարապետ Յ. Յակոբեան, նորը՝ Զ. Բախշինեան), 1980-ական թուականներուն կառոյցներէն՝ Հայկական աթոմակայանի առողջարանը (ճարտարապետ Մ. Միքայէլեան եւ Ս. Ումեթեան), ՀԱՄԽ-ի առողջարանը (ճարտարապետ Մ.Միքայէլեան) եւ Ջերմուկի հանրային-մարզական համալիրը (ճարտարապետ Մ. Միքայէլեան), Արփա-Սեւան համալիրին գլխաւոր ջրամբարը՝ ափին տեղադրուած հանգրուանային շէնքերով։[6]
Պատմամշակութային Կառոյցներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արփայի վերին հոսանքին կիրճերուն մէջ կը գտնուին քարայրներու համալիրը (պրոնզէ դարու ժամանակէն), Ս. Յովհաննէս եկեղեցին, «Թուխ Մանուկ» եւ Ս. Գէորգ մատուռները։
Ջերմուկի անտառային կածանին մէջ կը գտնուի ֆետայիներուն նուիրուած արձաններ, որոնց հեղինակն է քանդակագործ Յովհաննէս Մուրատեանը։
-
Աղբիւր Սերոբի քանդակը Ջերմուկի մէջ
-
Արաբոյի քանդակը Ջերմուկի մէջ
-
Սօսէի քանդակը Ջերմուկի մէջ
-
Նիկոլ Դումանի քանդակը Ջերմուկի մէջ
-
Հրայր Դժոխքի քանդակը Ջերմուկի մէջ
-
Մախլուտոյի քանդակը Ջերմուկի մէջ
Մարզական
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ջերմուկը իր աշխուժ մասնակցութիւնը ունի ճատրակի բազմաթիւ առաջնութիւններու եւ յուշամրցաշարքերու կազմակերպման մէջ, որոնցմէ մէկ քանին դարձած են բարի աւանդոյթ։
2006-էն սկսեալ Ջերմուկի մէջ կը կազմակերպուին ճատրակի միջազգային պատանեկան մրցաշարքերը։
2007-էն սկսեալ Ջերմուկի մէջ կը կազմակերպուին շարք մը միջազգային մրցաշարքեր եւ առաջնութիւններ, ներառեալ՝ Կարէն Ասրեանի անուան միջազգային յուշամրցաշարքը։[5]
Ջերմուկի Ճոպանուղին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ջերմուկի ճոպանուղին կառուցուած է 2007-ին աշնան աւստրիական "Leitner" կազմակերպութեան կողմէ։
Ճոպանուղիին երկարութիւնը 1000 մեթր է։ Վարի եւ վերի յենասիւներուն միջեւ եղած բարձրութեան տարբերութիւնը 400 մեթր է։ Ամէնէն բարձր կէտը կը գտնուի 2480 մեթր բարձրութեան վրայ, ուր կը գործէ ճաշարան-սրճարան մը։ Ունի երկու ճոպանուղի։ Առաջինին երկայնքը 1450 մեթր է, երկրորդինը՝ 1550։ Տեղերու թիւը՝ 200։ Վարի մասը կը գործէ սահատախտակներու եւ դահուկներու վարձոյթի կէտ մը, սրճարան մը եւ կարատուն մը։[5]
Քոյր Քաղաքներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ֆրանսա Սան Ռաֆայէլ, Ֆրանսա
27 Սեպտեմբեր 1997-ին կնքուած պայմանագիրի մը համաձայն Ջերմուկը եւ ֆրանսական Սան-Ռաֆայէլ քաղաքները կը համարուին քոյր-քաղաքներ։ - Կաղապար:Country data Չեխիա 2013-ին Ջերմուկի եւ Չեխիոյ Կարլովի Վարի քաղաքներուն միջեւ կը ստորագրուի համագործակցութեան յուշագիր մը։
- Կաղապար:Country data Ղազախստան 2013-ին Ջերմուկի եւ Ղազախստանի Շուչինսկ քաղաքները կը ստորագրեն համագործակցութեան յուշագիր մը։
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Երազանքներու կամարը եւ Վարդան Մամիկոնեանի անձեռակերտ կիսանդրին-բնութեան յուշարձաններ
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ https://armstat.am/file/doc/99527783.pdf
- ↑ 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 2,5 2,6 «Հայաստանի եւ յարակից շրջաններու տեղանուններու բառարան», հտ 4, էջ 402
- ↑ «Եղնիկի առասպելը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2014 Մայիսի 31
- ↑ «Ջրահարսի վարսեր»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-06-06-ին։ արտագրուած է՝ 31 Մայիս 2014
- ↑ 5,0 5,1 5,2 5,3 5,4 «Ջերմուկ»։ արտագրուած է՝ 5 Յունիս 2014[permanent dead link]
- ↑ 6,0 6,1 6,2 6,3 «Հայկական Սովետական Հանրագիտարան, հտ 9, էջ 509»։ արտագրուած է՝ 10 Յունիս 2014
- ↑ «Հայաստանի հանրապետության բնակավայրերի բառարան, էջ 169»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-09-12-ին։ արտագրուած է՝ 30 Մայիս 2014
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Յակոբեան Թ. Խ., Սովետական Հայաստանի քաղաքները, Ե., 1977
- ԱղաճանԵան Գ. Ի., Թոփչեան ժ. Ս., Հայաստանի առողջարանները եւ առողջավայրերը, Ե., 1968
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
|