Jump to content

Լեղուց

Լեղուցը կամ լեղապարկը (gallbladder) տանձի ձեւով մկանային պարկանման օրկան մըն է, որ կը ծառայէ մաղձի (bile) կուտակման: Ան ունի մօտաւորապէս 8 սմ. երկարութիւն եւ 45 կրամ ծանրութիւն: Լեղուցը կը գտնուի լեարդին յատակը: Ան ունի վիզի նման նեղ վերին բաժին մը եւ լայն պարկանման վարի բաժին մը: Վիզը անմիջական կապակցութեան մէջ է լեարդին հետ: Լեղուցը ունի իր ծորանը (duct), որ կը կոչուի լեղուցածորան (cystic duct): Անիկա կը միանայ լեարդի միացեալ ծորանին (common bile duct) եւ երկուքը միասին կը կազմեն մաղձածորանը (bile duct), որ ունի 7-10 սմ. երկարութիւն: Մաղձածորանը կը միանայ շարոյրի (pancrease) ծորանին հետ եւ երկուքը միասին կը բացուին տասներկումատնեայ աղիքին (duodenum) մէջ:

Լեարդը կ'արտադրէ օրական 500-600 մլ. մաղձ: Անիկա կանաչ-դեղին հեղուկ մըն է, որ կը պարունակէ ջուր, մաղձային աղեր (bile salts), մաղձային ներկեր (bile pigments) քոլեսթերոլ, bilirubin եւ բնասպիտներ (proteins):

Լեղուցը կ'ամբարէ եւ կը խտացնէ լեարդէն եկած մաղձը: Կերակուր ուտելէ ետք եւ կերակրագնդակի (bolus) ստամոքս հասնելէ ետք լեղուցը կը կծկուի եւ կը մղէ իր մէջ կուտակուած մաղձը դէպի լեղուցածորան: Մաղձը կը շարունակէ իր ճամբան եւ խարնուելով շարոյրէն եկած հիւթին հետ, կը հոսի տասներկումատնեայ աղիքին մէջ։ Լեղուցէն մաղձի արտահոսքը կը զօրանայ երբ ստամոքս հասած սննդանիւթերը հարուստ են ճարպերով: Կերակուր չուտելու պարագային, այսինքն՝ ծոմապահութեան ընթացքին, մաղձը կը կուտակուի լեղուցին մէջ:

Մաղձային աղերը տասներկումատնեայ աղիքին մէջ կը գործեն հոն գտնուած ճարպերու վրայ եւ տեղի կ'ունենայ անոնց տարրալուծումը եւ ներծծումը: Մաղձային ներկերը կը մնան աղիքներու մէջ։ Անոնք չեն ներծծուիր, եւ կարտահանուին կղկղանքին (feces) հետ տալով անոր կանաչ-դեղին գունաւորում մը:

Մաղձը ունի նաեւ երկրորդական պարտականութիւն մը: Անիկա լեարդին մէջ կը նպաստէ թոյներու, ցպիկներու (bacteria) եւ ժահրերու (virus) մաքրագործումին:

Մաղձին մեծ մասը՝ մօտաւորապէս 90 տոկոսը, կը ներծծուի բարակ աղիքին մէջ եւ կը վերադառնայ լեարդ: Այս շրջանը կը պատահի օրական 10-12 անգամ:

Հիւանդութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մաղձի անբաւարարութեամբ տեղի կ'ունենայ ճարպերու անմարսողութիւն եւ հետեւաբար՝ կրթալ, փքուածութիւն եւ A, D, E, K կենսանիւթերու անբաւարարութիւն:

Լեղուցը կը յայտնուի երկու հիմնական հիւանդութիւններով՝ լեղուցի քարեր եւ լեղուցի բորբոքում-լեղատապ (cholecystitis):

Լեղուցի քարերուն 85 տոկոսը կազմուած են քոլեսթերոլէ: Կիներ, գէր անձեր, տարեցներ եւ շաքարախտաւորներ առաւել հակամէտ են ունենալու լեղուցի քարեր: Լեղուցի քարերը ունին երկու գունաւորում՝ սեւ եւ սրճագոյն: Սեւ քարերը կազմուած են կիրէ, bilirubinate-է, calcium bilirubinate-է եւ կիրաղերէ (calcium salts), որոնք կ'ըլլան պզտիկ եւ կարծր: Անոնք կը պատահին առաւելաբար ալքոլ գործածողներու, երկարատեւ արիւնալուծումի (hemolysis) հարցեր ունեցողներու եւ տարեցներու մօտ: Սրճագոյն քարերը կ'ըլլան կակուղ-սահուն եւ կազմուած bilirubinate-է եւ ճարպային թթուներէ (fatty acids):

Լեղուցի քարերը կը մեծնան տարեկան մօտաւորապէս 1-2 մմ.: Քարի մը ծաւալումը եւ ախտանշաններու սկսիլը կը տեւէ 5-20 տարի: Քարերուն մեծամասնութիւնը կը կազմուի լեղուցին մէջ, սակայն յաճախ սրճագոյն քարերը կը կազմուին լեղուցածորանին մէջ:

լեղուցի քարերը կազմուած կ՛ըլլան նաեւ մարմնին մէջ կուտակուած հանքային նիւթերու եւ լեղուցին արտադրած մաղձին խառնուրդով: Զանոնք կարելի է լեղուցէն դուրս հանել վիրահատութեամբ կամ չէզոքացնել՝ լէյզըրով[1]:

Լեղուցի բորբոքում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լեղուցի քարերը կը կազմուին մաղձի խտացումով եւ կարծրացումով: Սակայն յստակ չէ անոնց կազմութեան ճշգրիտ դրդապատճառները: Մէկ կամ մէկէ աւելի քարեր կրնան կազմուիլ զանազան չափերով: Քարերուն մեծամասնութիւնը ինքնաբերաբար լեղուցէն դուրս կը մղուին եւ անցնելով լեղուցածորանէն ու մաղձածորանէն, կը հասնին տասներկումատնեայ աղիք: Մնացեալ քարերը կրնան մնալ լեղուցին մէջ երկար ժամանակ առանց ախտանշանի կամ կը յառաջացնեն երկու բարդութիւններ՝ լեղուցածորանի եւ կամ մաղձածորանի խցում ու լեղուցի բորբոքում:

Ծորաններու խցում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծորաններու անակնկալ խցումով կը սկսի ուժգին նոպայական խթացաւ (colicy pain) մը՝ փորի աջ կողմի եւ վերի բաժինին մէջ, որ կը սաստկանայ 15-60 վայրկեանի մէջ եւ կը մնայ այս վիճակի մէջ մի քանի ժամեր: Ցաւը կրնայ կրկնուիլ յաջորդ օրերուն եւ կամ բնաւ տեղի չունենալ:

Երկարատեւ խցումով լեղուցը կը բորբոքի եւ տեղի կ'ունենայ լեղատապ (cholecystitis): Յաճախ քարը կ'անցնի ծորանէն եւ ցաւը կ'անյետանայ բոլորովին: Լեղուցածորանի եւ մաղձածորանի խցումով մաղձը կը կուտակուի լեղուցին մէջ եւ լեղուցը կը ծաւալի ու կը բորբոքի: Այս բոլորին հետեւանքով անհատը կ'ունենայ որոշ ախտանշաններ, ինչպէս՝ բարձր ջերմ, սուր ցաւ, անմարսողութիւն, ուրուածութիւն, ախորժակի նուազում, նողկանք եւ փսխունք:

Լեղուցի քարերու եւ բորբոքումի ախտաճանաչումը կը կատարուի լեղուցի գունաւոր նկարահանումով, (cholecystography ), անդրձայնային (ultrasound), համակարգչային (CT Scan) եւ մաքնիսարձագանգային նկարահանումներով (MRI):

Լեղուցի քարերու դարմանումը կը պահանջէ վիրաբուժական միջոցառում, այսինքն՝ լեղուցի վիրահատում, ուր լեղուցին հետ կ'արտահանուին նաեւ լեղուցի քարերը:

Լեղուցի բորբոքումը կրնայ անցողակի ըլլալ եւ անիկա կը դարմանուի դեղերով: Սակայն բորբոքումի կրկնութիւններու պարագային լեղուցի վիրահատումը պարտաւորիչ կը դառնայ:

Լեղուցի սուր եւ կրկնուող բորբոքումը կրնայ պատճառ դառնալ շարոյրի բորբոքումին (pancreatitis), որ շատ լուրջ կացութիւն մը կը ստեղծէ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • «Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, 28 Մարտ 2014: