Jump to content

Արաբօ

Արաբօ
Ծննդեան անուն Ստեփանոս Մխիթարեան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Արաբօ և Առաքել
Ծնած է 1863[1][2]
Ծննդավայր Կուռթեր, Օսմանեան Կայսրութիւն[2]
Մահացած է 1893[1][2]
Մահուան վայր Խնուս, Էրզրումի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[1][2]
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ և հանրային գործիչ

Արաբօ (1863[1][2], Կուռթեր, Օսմանեան Կայսրութիւն[2] - 1893[1][2], Խնուս, Էրզրումի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2]), ծնած է Ստեփանոս Մխիթարեան անունով, նաեւ ճանչցուած է Առաքել անունով։ 19-րդ դարուն եղած է յայտնի հայ ֆետայի (ազատամարտիկ), առաջին ֆետայիներէն[3]։

Արաբօ յաճախած է Առաքելոց վանքի դպրանոցը, Մուշի մէջ։ 1880 թուականի վերջերէն, ան առաջնորդած է հայկական խումբեր Սասունի եւ Տարօնի մէջ։ Ինքնապաշտպանութեան նպատակով կազմակերպած է զինուած խումբ, որուն մաս կը կազմէին Ալիզռնանցի Լեւոնը, Գոմերցի Յովիկը, Գալշոյի Մանուկը, Բերդակի Ներսոն, Մխօ Շահէնը, Կարսեցի Հակէն, Գէորգ Չաւուշը[4]։

1892-ին ձերբակալուած է թրքական իշխանութիւններու կողմէ, դատապարտուած է 15 տարի ազատազրկման, սակայն փախելով բանտէն վերադարձած է ֆետայական գործունէութեան։

Մուշի մէջ կազմակերպած եւ գլխաւորած է հայկական առաջին հայդուկային խումբերէն մէկը։ Պայքարած է սուլթանական բռնապետութեան ազգային ճնշումներուն եւ սոցիալական կեղեքումներուն դէմ։ Տարօնի հայութիւնը պաշտպանած է թուրք պաշտօնեաներու եւ քուրտ ցեղապետերու հարստահարութիւններէն։ 1889 թուականէն՝ բազմիցս այցելած է Կովկաս։

1892 թուականին Թիֆլիսի մէջ մասնակցած է ՀՅԴ կուսակցութեան առաջին ընդհանուր ժողովին։ 1893 թուականի գարնան, Սասունի ապստամբնուն օգնելու նպատակով Արաբ»ն 16 հոգինոց լաւ զինուած խումբով Կարսի մարզէն կ'անցնի ռուս-թուրքական սահմանը, ուղղութիւն վերցնելով Խնուս-Մուշ։ Ճանապարհին՝ Ղոզլուի սարերուն մէջ քուրտերուն հետ կռիւի ժամանակ կը սպաննուի Արաբոյի զինակից Ալիզռնանցի Լեւոնը։ Արաբօն իր հետ վերցնելին մէջ՝ Մուշի եւ Խնուսի միջեւ, դարձեալ կը բախուի քուրտերու հետ։ Կռուի ընթացքին կը սպաննուին Արաբոյի զինակիցներ՝ Պուլկարը, խնուսցի Մելքոնը, մշեցի Աւօն եւ Մարտօն։ Արաբօն եւ ախալցխացի Վարդանը մեծ քաջութիւն կը դրսեւորեն, բայց անոնց բոլոր ջանքերը՝ ճեղքելու թշնամիի օղակն ու հասնելու հանդիպակաց լեռները՝ կ'անցնին ապարդիւն։ Արաբօն եւ Վարդանը նոյնպէս կը զոհուին այդ կռիւին

Արաբօ սպաննուած է 1893 թուականին, քիւրտ հրոսակախումբերու դէմ մղուած ճակատամարտին ընդացքին, Խնուսէն Մուշ ճամբում վրայ։

Ժողովուրդը երգեր է հյուսել Արաբոյի մասին, գովերգել նրա խիզախութիւնը[5]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]