Տիգրանակերտ (Արցախ)

Բնակավայր
Տիգրանակերտ
Երկիր Արցախ
Ժամային գօտի UTC+4։00
Պաշտօնական կայքէջ tigranakert.am(հայ.)
Տիգրանակերտի պեղուած միջնաբերդը (հատուած)
Տիգրանակերտի պազիլիք եկեղեցւոյ շուրջի թաղամասին համայնապատկերը

Տիգրանակերտ, պատմական հայկական քաղաք Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտ շրջանի հարաւ-արեւելքը, Խաչէն գետի աջ ափին։ Կառուցուած է Ք.ա. 1-ին դարուն հայոց Տիգրան Մեծ արքային կողմէ, որ նորաստեղծ հայկական կայսրութեան մէջ հիմնած էր իր անունը կրող չորս քաղաք։

Արցախի Տիգրանակերտի մասին յիշատակած են Է. դարու պատմիչներ Սեբէոսը եւ Մովսէս Կաղանկատուացին։ Անիկա իբրեւ բնակավայր գոյութիւն ունեցած է մինչեւ ուշ միջնադար եւ գտնուած է Խաչէնի իշխանութեան տարածքին մէջ։ Այս շրջանի Խաչէնագետի ներքին հովիտը կոչուած է Տիգրանակերտի դաշտ։ Տեղացի ժողովուրդը պահպանած էր «Տկռակերտ» անուանաձեւը։

Խորհրդային շրջանին Տիգրանակերտ կը գտնուէր Աղտամի շրջանի տարածքին, որ ազատագրուած է Արցախեան պատերազմի ատեն հայկական զինուած ուժերուն կողմէ։

Տիգրանակերտի որոշ մասը յայտնաբերուած է 2005-ին։ Անիկա կը գտնուի Վանքասար անունով սարի եւ «Արքաներու աղբիւր» կոչուած աղբիւրին մօտակայքը։ Տիգրանակերտի դիմաց՝ Խաչէնագետի ձախ ափին նկատուած են մէկ այլ հնավայրի մը հետքերը։

Պեղումներու իբրեւ արդիւնք յայտնաբերուած են մոզայիք ապակիի բեկորներ։ Տիգրանակերտի տարածքին հնագէտները գտած են նաեւ ջնարակապատ խեցեղէնի մեծ հաւաքածոյ՝ տարբեր բոյսերու եւ թռչուններու պատկերներ[1]։

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]