Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի Խմբագրաթոն
14-16 եւ 21-23 Յունիս
Սիրելի խմբագիրներ,
Այս ամսուան խմբագրաթոնը կը նուիրենք իւրաքանչիւրիս նախընտրած կամ նախասիրած նիւթերը բովանդակող յօդուածներուն ե՛ւ արդէն իսկ խմբագրուած յօդուածներուն բարելաւումին։
Ուիքիփետիա ազատ հանրագիտարանին մէջ մեզմէ իւրաքանչիւրին ազատութիւն տրուած է նիւթի ընտրութեան՝ օտար եւ հայ դէմքեր, դէպքեր, զանազան մասնագիտութիւններ, ասպարէզներ եւ երեւոյթներ, գրելու այս բոլորին մասին արեւմտահայերէնով․ սակայն միշտ յիշենք, որ տարբեր աղբիւրներու նշումով պէտք է հաստատենք գրութեան ստոյգ ըլլաը:
Եկէ՛ք գրենք 1 կամ 2 նիւթ, եւ մեր գրած յօդուածը հարստացնենք՝ ապահովելով աղբիւրներն ու նկարները։ Միասնական աշխատանքով բարելաւենք նաեւ՝ լեզուական ու բովանդակային կարիք ունեցող յօդուածները։
Խմբագրաթոնը տեղի պիտի ունենայ երկու շաբաթավերջերուն (14-էն16 եւ 21-էն 23 Յունիս)։ Անցնինք աշխատանքի ու երկու շաբաթավերջերուն բոլորս միասին խմբագրենք՝ քաջ գիտակցելով, որ իւրաքանչիւր ներդրում կարեւոր է։