Jump to content

Սակրատա Ֆամիլիա

Սակրատա Ֆամիլիա

Հիմնական տեղեկութիւններ
Ճարտարապետական նկարագրութիւն
Առանձնայատկութիւններ

Սակրատա Ֆամիլիա (սպ.՝ Basílica y Templo Expiatorio de la Sagrada Familia), Պարսելոնայի, Սպանիա, աշխարհահռչակ Սակրատա Ֆամիլիա տաճարը, որուն կառուցումը պիտի աւարտի 2026 թուականին՝ կառուցման մեկնարկէն 144 տարի վերջ:

Հակառակ անոր, որ եկեղեցւոյ կառուցումը աւարտին հասած չէ, անիկա արդէն ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ [1]։ 7 Նոյեմբեր 2010-ին, Հռոմի Պապ Պենետիկտոս ԺԶ-ն պաշտօնապէս օծած է մայր տաճարը[2][3][4]։

Սակրատա Ֆամիլիա տաճարի կառուցումը սկսած է 1882 թուականին՝ Անթոնի Կաուտիի նախագիծով: Այս ամբողջ ընթացքին տաճարը կիսակառոյց մնացած է: Ըստ նախագիծի՝ կառոյցը պէտք է ըլլար խաչի նման, այսինքն՝ քառաթեւ եւ պէտք է ունենար երեք ճակատային մաս՝ Քրիստոսի կեանքի կարեւորագոյն հատուածներու պատկերներով՝ ծնունդը, կեանքը, Յուդայի դաւաճանութիւնն ու մատնութիւնը, Տիրոջ խաչուիլն ու յարութիւնը։ Կաուտիի կենդանութեան օրօք կառուցուած է միայն առաջինը։

2024 թուակականի Մարտին, Սպանացի ճարտարապետ Անթոնի Կաուտիի գլուխգործոցը աւարտին հասցնելու նպատակով, ստեղծուած է կազմակերպութիւն։ Կազմակերպութեան նախագահ Էսթիւ Քամփս յայտարարած է, որ կառուցման աւարտը կը համընկնի ճարտարապետի մահուան 100-ամեակին։

Էսթիւ Քամփսի խօսքով՝ իրենք ունին գումար եւ անհրաժեշտ նիւթեր՝ շէնքը, ներառեալ Յիսուս Քրիստոսին նուիրուած 172.5 մեթրնոց կեդրոնական աշտարակը, որ Սակրատա Ֆամիլիան կը դարձնէ Պարսելոնայի ամենաբարձր շէնքը, աւարտին հասցնելու համար:

Թէեւ շէնքը աւարտին հասցնել կը նախատեսուի մինչեւ 2026 թուականը, քանդակներու եւ տեքորաթիւ մանրամասնութիւններու եւ դէպի գլխաւոր մուտքը տանող սանդուխի վրայ աշխատանքները կը նախատեսուին շարունակել մինչեւ 2034 թուական[5]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. [1], , UNESCO World Heritage Centre, accessed 14-11-2010
  2. Drummer Alexander (2010 թ․ հուլիսի 23)։ «Pontiff to Proclaim Gaudí's Church a Basilica»։ ZENIT։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018 թ․ դեկտեմբերի 25-ին։ արտագրուած է՝ 2010 թ․ նոյեմբերի 7 
  3. «The Pope Consecrates The Church Of The Sagrada Familia»։ Vatican City: Vatican Information Service։ 2010 թ․ նոյեմբերի 7։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010 թ․ նոյեմբերի 11-ին։ արտագրուած է՝ 2010 թ․ նոյեմբերի 11 
  4. Delaney, Sarah (2010 թ․ մարտի 4)։ «Pope to visit Santiago de Compostela, Barcelona in November»։ Catholic News Service։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010 թ․ ապրիլի 7-ին։ արտագրուած է՝ 2010 թ․ հուլիսի 7 
  5. «ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ ՏԱՃԱՐԸ Կ՚ԱՒԱՐՏԻ 2026-ԻՆ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2024-06-15