Jump to content

Լեւոն Պալեան

Լեւոն Պալեան
Հայ ճարտարապետ
Ծնած է 1855-ին
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս
Մահացած է 11 Դեկտեմբեր 1925(1925-12-11) (70 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզ
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն հայ
Ուսումնավայր Սենտ Բարբի քոլեջ?
Մասնագիտութիւն ճարտարապետ
Գործունէութիւն Ճարտարապետ
Ծնողներ հայր՝ Նիկողայոս Պալեան

Լեւոն Նիկողոս Պալեան (Լեւոն Պէյ Պալեան, 29 օգոստոս 1855, Կոստանդնուպոլիս - 11 Դեկտեմբեր 1925, Փարիզ), հայ ճարտարապետ։ Նիկողոս Պալեանի որդին։

Լեւոն Պալեանը ծնած է Կոստանդնուպոլիս։ Աւարտած է Փարիզի կերպարուեստի բարձրագոյն պետական դպրոցի ճարտարապետական բաժինը։ Աւարտելէն ետք, վերադարձած է Կ.Պոլիս եւ աշխատակցած է իր հօրեղբօր՝ Սարգիս Պալեանին։

Անոր ունեցած արուեստը նոր երեւոյթ էր 18-19-րդ դարերու Թուրքիոյ գեղարուեստական կեանքին մէջ։ Հիմնուելով բիւզանդական ճարտարապետութեան, Սինանի կառուցողական նորարարութիւններուն եւ հայկական ճարտարապետական աւանդներուն վրայ, նաեւ ուսումնասիրելով արեւմտեան ճարտարապետութեան մէջ յառաջացած ոճերը, ստեղծած է տեղական գեղագիտական պահանջքէն թելադրուած կառոյցներ[1][2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին Յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]