Jump to content

Նասիմ Նիքոլաս Թալէպ

Նասիմ Նիքոլաս Թալէպ
անգլերէն՝ Nassim Nicholas Taleb
Ծննդեան անուն արաբերէն՝ نسيم نكولا طالب
Ծնած է 12 Սեպտեմբեր 1960(1960-09-12) (63 տարեկան)
Ծննդավայր Ամիուն, Հիւսիսային Լիբանան, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ազգութիւն Անտիոքեան յոյներ[1]
Կրօնք Յունական ուղղափառ եկեղեցի
Ուսումնավայր Փարիզի Համալսարան
Փարիզ Դոֆին համալսարան?
Ուորթոնի դպրոց?
Մասաչուսեթսի համալսարան Ամհերստում?
Grand Lycée Franco-Libanais?
Ազդուած է Քարլ Փոփեր
Երկեր/Գլխաւոր գործ Սեւ կարապը, Fooled by Randomness?, The Bed of Procrustes?, Antifragile? եւ Skin in the Game?
Մասնագիտութիւն փիլիսոփայ, ակնարկագիր, թուաբանագէտ, գրագէտ, համալսարանի դասախօս, տնտեսագէտ, վիճակագրագետ
Աշխատավայր Նիւ Եորք Համալսարան
Մասաչուսեթսի համալսարան Ամհերստում?
Նյու Յորքի համալսարանի պոլիտեխնիկական ինստիտուտ?
Ծնողներ հայր՝ Najib Taleb?[2], մայր՝ Minerva Ghosn?
Կայքէջ fooledbyrandomness.com(անգլերէն)[3]

Նասիմ Նիքոլաս Թալէպ (12 Սեպտեմբեր 1960(1960-09-12), Ամիուն, Հիւսիսային Լիբանան, Լիբանան), իմաստասէր, ուսողագիր, ապագայատես, գիրքերու հեղինակ եւ ձեռներէց[4], Նիւ Եորքի համալսարանի դասախօս[5]։

Կենսագրական գիծեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Լիբանան: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն անոր ընտանիքը հեռացած է երկրէն. Թալէպները քաղաքական նշանաւոր ընտանիք են Լիբանանի մէջ, ուստի հեռացման պատճառներէն մէկը նաեւ այդ էր:

Համալսարանական ուսում ստանալէ ետք Թալէպ սկսած է ուսումնասիրել պատահական իրադարձութիւններու ազդեցութիւնը տնտեսութեան եւ սակարաններու առեւտուրի վրայ, ինչպէս նաեւ ածանցեալ գանձատրական գործիքներով առեւտուրի ձեւերը:

Իր կանխատեսումներուն շնորհիւ Թալէպ քանի մը միլիոն տոլար վաստկած է 2007-2008 թուականներու համաշխարհային գանձատրական ճգնաժամի ժամանակ:

Գիտնականը 2023-ի Դեկտեմբերի առաջին երկու օրը այցելած է Երեւան եւ եղած է «Գիտութեան եւ գործարարութեան օրեր 2023» համաժողովի պատուաւոր հիւրը:

Հայերէնի թարգմանուած գիրքերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թալէպի գիրքերէն հինգը «Անտարես» հրատարակչութիւնը «Կողբ» հիմնադրամի հետ համագործակցութեամբ թարգմանած է հայերէնի: Հինգ գիրքերը կը կազմեն հեղինակին «INCERTO» շարքը եւ բոլորն ալ համաշխարհային մեծ վաճառքներ ունեցած են:

Թալէպ անգլերէն կը գրէ, քանի որ դպրոցական ուսումի մէկ մասն ու համալսարանական ուսումը ստացած է ԱՄՆ-ի մէջ: Այդ գիրքերուն խմբագիրը, ի դէպ, Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանն է[5]: Թալէպեան շարքի ամենայայտնին «Սեւ կարապը» գիրքն է[4]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]