Jump to content

Նոր Կեանք (հանդէս, Նոր Նախիջեւան)

Նոր Կեանք
Տեսակ պարբերաթերթ
Լեզու հայերէն
Խմբագիր Արփիար Արփիարեան եւ Լեւոն Բաշալեան
Հիմնադրուած է 1898
Հիմնադիր Վերակազմյալ հնչյակյան կուսակցություն?
Գրասենեակ Լոնտոն, Միացեալ Թագաւորութիւն

«Նոր կեանք», գրական, քաղաքական կիսամսեայ հանդէս։ Վերակազմեալ Հնչակեան կուսակցութեան հրատարակութիւն։

Լոյս տեսած է 1898-1902 թուականներուն Լոնտոնի մէջ։ Խմբագիրները եղած են Արփիար Արփիարեանը, Լեւոն Բաշալեան։ Ներկայացուցած է կուսակցութեան խնդիրներն ու նպատակները, ծանօթացուցած է հայերու կացութեանը Ռուսաստանի, Թուրքիոյ, Պարսկաստանի եւ այլուր։

Հանդէսը թարգմանաբար տպագրած է այլալեզու մամուլի՝ Հայկական հարցին նուիրուած յօդուածներ, անդրադարձած է Թուրքիայէն Արեւելեան Հայաստան հասած գաղթականներու ու որբերու ճակատագրերուն, որբերուն օգնելու կոչ ուղղել Ամերիկայի եւ Եւրոպայի երկիրներու հայութեան։ Տպագրած է նաեւ գեղարուեստական, պատմահայագիտական նիւթեր։

1902 թուականին միաւորուած է «Հնչակ» պարբերականին։

Այս յօդուածի կամ անոր բաժնի որոշակի հատուած վերցուած է «Հայ գրատպություն և գրքարվեստ» հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են՝ Քրիեյթիվ Քոմմոնս Նշում-Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։