Ռոպէր Ճէպէճեան

Ռոպէր Ճէպէճեան
Ծնած է 1909
Ծննդավայր Հալէպ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 26 Ապրիլ 2001(2001-04-26)
Մահուան վայր Հալէպ, Սուրիա
Մասնագիտութիւն ակնաբոյժ, հասարակական գործիչ, հրատարակիչ

Ռոպէր Ճէպէճեան, ակնաբոյժ, հասարակական գործիչ, հրատարակիչ: Ծնած է Հալէպ 1909 - մահացած է Հալէպ 2000:

Համալսարանական ուսումը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը ետքը ուսումը շարունակած է եւ մասնագիտացած է Ֆրանսայի մէջ:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ան որդին է հանրաճանաչ բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեանի:

Աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի բժշկական ճիւղը (1934): Աւարտելէ ետք համալսարանը մեկնած է Ֆրանսա մասնագիտանալու Էտուարտ Հէրրիոտի Լիոնի մէջ գտնուող հիւանդանոցէն ներս (Édouard-Herriot (19331934)), նոյնպէս Փարիզի տարբեր հիւանդանոցներուն մէջ:

1934 ին վերադարձած է Հալէպ գործելու իբրեւ ակնաբոյժ, սկիզբը աշխատած է իր հօր եւ մօրեղբոր Ֆիլիպ Յովնանեանի հետ իր աշխատավայրին մէջ, որ կը գտնուէր Ճատէդ խանտաքի (جادة الخندق) մէջ, մինչեւ 1948 թուական, ետքը փոխադրուած է Ճամիլիէ թաղամաս (حي الجميلية):

Գործերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռոպէր Ճէպէճեան մեծ դեր ունէր բժշկութեան զարգացման Հալէպի մէջ:

Յիշենք կարգ մը իր գործունէութիւներէն:

  • 1948-ին Հալէպի մէջ հիմնեց Ճէպէճեան ակնաբուժարանը (1971-էն Միջին արեւելքի աչքի հիւանդութիւներու գիտական կեդրոնը):
  • 1935-ին համաճարակներու ուսումնասիրութիւններ լէշամնիայի (leshamnia) շուրջ:
  • 1938-ին Սուրիոյ մէջ առաջինն է որ ուսումնասիրած է տրախոման, մշակած է տրախոման, աչքի մանրախտ (Trachoma) բուժման եղանակը:
  • 1940-ին մասնակցած է դպրոցական բժշկութեան ստուգումներուն գործընթացը հիմնելու աշխատանքին:
  • 1947-ին կատարած է աչքի եղջերապատուաստման վիրահատութիւն:
  • 1948-ին հիմնած է Աչազրկման Կանխարգելման Սուրիական Ընկերութիւնը, որու նախաձեռնութեամբ 1955-ին Հալէպի մէջ հիմնուեցաւ կոյրերու առաջին դպրոցը:
  • 1952-ին հիմնած է առաջին մասնագիտացուած ակնաբուժարանը, Համաշխարհային Առողջապահութեան Հիմնարկի աջակցութեամբ համարուեցաւ այս նպատակին ծառայող առաջին խորհրդաժողովը Սուրիոյ մէջ։
  • Ռոպէր Ճէպէճեանի եւ Լիոն Ասմարի նախաձեռնութեամբ Սուրիոյ կազմակերպութիւնը յաջողեցաւ դիմադրել կուրութեան արտօնութիւն ստանալ՝ կատարելու համարեղջերաթաղանթի պատուաստման գործողութիւնը՝ օգտագործելով մեռելներու աչքեր՝ մահացողի ընտանիքէն արտօնութիւն ստանալէ ետք. 10 Մայիս 1952-ին թողարկուած է թիւ (266)ով, երկրի նախագահի կողմէ հաստատուած եւ ստորագրուած օրէնքի համաձայն:
  • 1955-ին Զարեհ Գաբլանի հետ հիմնած է «Մարտիրոս Սարեանի նկարչական ակադեմիան:
  • 1968-1970-ին ղեկավարած է ՀԲԸՄ-ի Սուրիոյ մասնաճիւղը:
  • Ան նպաստած է Հալէպի մէջ առաջին օրինակելի կոյրերու դպրոցի ստեղծման, որը անուանուած է Ապի Ալ-Ալաա Ալ-Մաարի (أبي العلاء المعري)ի յիշատակին, 1968-ին առաջին անգամ ըլլալով Սուրիոյ մէջ սկսաւ ուսուցանուիլ Պրէյլի գիրերի ձեւով, Գալուստ Կիւլպէնկեան հաստատութեան եւ Հալէպի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ կառուցուեցաւ նոր կեդրոնը:
  • 1970-ին Ռ. Ճէպէճեան ստացաւ բժշկական փիլիսոփայութեան տոքթորա Երեւանի բժշկական ակադեմիայէն, աչքի մանրախտ (Trachoma) բուժման եղանակ առաջարկելէ ետք:

Արուեստի գործերէն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իր արուեստի կեանքի առաջին ուսուցիչն էր հռչակաւոր Հալէպահայ արուեստագէտ Արմէսը: Ճէպէճեան ազդուած էր Արմէսի գործերով: Իրենք ծանօթացած էին Ֆրանսայի մէջ:

Նոյնպէս ծանօթացած էր Հալէպահայ արուեստագէտ Քարզուի հետ:

1972-ին իր առաջին ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Հալէպի ազգային թանգարանէն ներս, 1984-ին իր երկրորդ ցուցահանդէսը նոյն ցուցասրահէն ներս եւ այս մէկը անուանուած էր Սիրուն Քեսապ ( كسب الجميلة ):

Նպաստեց Մարտիրոս Սարեանի ակադեմիայի կառուցման գործընթացին:

Ճէպէճեանի ամենայայտնի արտայայտիչ նկարներէն է «ակնաքօղի գործողութենէ ետք», որը նկարած է 1965-ին: Ան երկու հիւանդի պատկերն էր, որոնք անցուցած էին այս գործողութիւնը: Պատկերին մէջ ակնյայտ է մէկ հիւանդին աչքերը ցցուն եւ մեծ, իսկ միւսին աջ աչքին վրայ սպիտակ կապ՝ ձախ աչքին ծիածանաթաղանթը սպիտակ, որը նշան է հիւանդութեան. այս պատկերը յաճախ օգտագործուած է ակնաբոյժներու ժողովներուն:

Մահը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

26 Ապրիլ 2001-ին մահացաւ հռչակաւոր բժիշկ եւ արուեստագէտ Ռոպէր Ճէպէճեանը Հալէպի մէջ 92 տարեկանին բաւական ծաւալուն օգուտ ձգելով մարդկութեան:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]