Jump to content

Եւրոպական Միութեան Արդարադատութեան Դատարան

Եւրոպական Միութեան Արդարադատութեան Դատարան

եւրոպական Միութեան Արդարադատութեան Դատարան (ֆր. Cour de Justice de l'Union Européenne (CJUE) անգլ.՝Court of Justice of the European Union), առաջ Եւրոպական Համայնքներուն Արդարադատութեան Դատարան, Եւրոմիութեան 7 հիմնարկութիւններէն մէկն է։ Երեք ատեաններէ կազմուած է` Արդարութեան Դատարանը, Ընդհանուր Դատարանը եւ Հանրային Ծառայութեան Դատարանը։

Աթոռը եւ ատեանները Լիւքսէմպուրկ կը գտնուին։

Դատարանը կը հսկէ Եւրոպական Միութեան օրէնքներու լաւ կիրարկութեան եւ անոնց մեկնութեան միաձեւութեան։ Այս նպատակով կը ստուգէ ԵՄ-ն հիմնարկութիւններուն կանոնադրութիւններու օրինականութիւնը եւ վճիռ կ‘արձակէ դաշնագիրներէն ելած անդամ երկիրներուն պարտականութիւններուն գործադրելու վերաբերեալ: Նաեւ կը մեկնաբանէ ԵՄ-ին օրէնքները ազգային դատաւորներուն խնդրանքին հիման վրայ:

Կառոյց եւ կազմակերպութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արդարութեան Դատարան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կազմակերպութիւնը հետեւեալն է` 28 դատախազներ, որմէ 1 նախագահ եւ 8 սենեակի նախագահներ, 11 ընդհանուր փաստաբաններ եւ 1 դատարանի դիւանատուն։ Դատախազները ընտրուած էն 6 տարուայ համար երկիրներու կառավարութիւններու կողմէ եւ կրնան վերընտրուիլ։

Ընդհանուր Դատարան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամէն երկիր նուազագոյնը 1 դատախազ ունի (2016-ին 38 դատախազներ էին) 6 տարուան համար (վերընտրելի է)։ 3 տարին անգամ մը կ'ընտրեն իրենց նախագահը եւ 6 տարուան համար դատարանի դիւանատունը։

Հանրային Ծառայութեան Դատարան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եւրոպական Միութեան Խորհրդարանը կ'ընտրէ 7 դատախազներ՝ 6 տարուան համար (վերընտրելի է), որոնք կ'ընտրեն դատարանի դիւանատունը։

Դատարանը հիմնադրուած է 1952-ին։

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]