Նաքսոս (յուն․՝ Νάξος), Քիքլատես կղզեխումբին (Էգէական ծով, Յունաստան) ամենամեծ կղզին է։ Անոր արեւելքը գտնուող Բարոս կղզիէն զայն կը բաժնէ 5 ծովային մղոն լայնքով նեղուց մը։ Բիրէայի նաւահանգիստէն հեռաւորութիւնն է 103 ծովային մղոն։ Մայրաքաղաքն է Հորա կամ Նաքսոս։ Զարգացած են գիւղատնտեսութիւնը, ձկնորսութիւնը եւ զբօսաշրջիկութիւնը։
Քիքլատես կղզեխումբին ամենաբարեբեր եւ տարածութեամբ ամենամեծ կղզին է՝ 429,79 քմ²։ Ծովեզրն է 148 քլ․։ Բնակչութիւնը 12 726 հոգի կը հաշուէ։
Կանանչապատ կղզի է շնորհիւ անհամար ակերուն եւ ջուրի հոսանքներուն․ Քիքլատեսի կղզիներէն ամենականանչը։ Կղզին հիւսիսէն դէպի հարաւ կը ճեղքէ Զաս կամ Տրիօ լեռնաշղթան, որուն ամենաբարձր գագաթն է Տիա կամ Զա (1․002 մ․)։ Լեռնաշղթային մնացեալ գագաթներն են՝ հիւսիսէն հարաւ կարգով․ Քացոփրինոս (422 մ․), Անաթեմաթիսդրիա (778 մ․), Քորոնոս (997 մ․), Մավրովունի (869 մ․), Զա (1002 մ․), Քավալարիս (521 մ․) եւ Վիղլաթուրի (418 մ․)։ Լեռնաշղթային արեւելեան լանջերը դարվար են, իսկ արեւմտեան լանջերը մեղմ թեքում ունին դէպի մշակուած դաշտեր եւ բնակուած շրջաններ։
Գլխաւոր հրուանդաններն են Սթավրոս, Մուցունաս, Փանորմոս, Քաթոմերիաս, Քուրուփաս, Փարթենոս, Փրոքոփիոս, Մուկրի, Ղայթանի եւ Էմիլիանոս։
Նաքսոս նշանաւոր է մարմար քարով եւ զմռնիտ emery հանքանիւթով։ Անասնաբուծութիւնը, գիւղատնտեսութիւնը, ձկնորսութիւնը, հանքագուրծութիւնն եւ զբօսաշրջիկութիւնը տնտեսութեան գլխաւոր աղբիւրներն են։
Նաքսոս հարուստ բուսականութիւն եւ կենդանական աշխարհ ունեցած է ժամանակին։ Մինչեւ ԺԷ․ դարուն, կ՛ ապրէին եղնիկներ եւ բաւական ճախիճներ կային ուր օձաձուկեր կ՛ որսային։
Զեւս՝ աստուածներուն աստուածը, ըստ հին յոյներուն հակառակ անոր թէ ծնած է Կրետէ, մանկութիւնն ու պատանութիւնը անցուցած է Նաքսոս․ իր անունը առած լերան վրայ՝ Զաս։
Նաքսոս, Թիսէաս Արիատնին կը լքէ․ Արիատնի նախապէս, Կրետէ, Թիսէասին օգնած էր որպէսզի Մինոթավրոսը սպաննէ։
Սթելիտայի շրջանը կատարուած հնագիտական պեղումները կը հաստատեն թէ Նաքսոս բնակուած է Հին Քարէ դարու շրջանէն(Ք․Ա․ 80000 – 130000)։ Բնակութեան հետքեր գտնուած են նաեւ Միջին Քարէ Դարու ժամանակաշրջանէն (Ք․Ա․ 9-րդ հազարամեակ)՝ Րո՜ս շրջան։
Արդի մարդու բնակութեան հետքերը (Ք․Ա․ 5-րդ / 4-րդ հազարամեակ) բացայայտ են կղզիին տարածքին։ Նաքսոս Արխայիքի Քիքլատեան քաղաքակրթութեան կեդրոնը եղած է․ կը սկսի Ք․Ա․ 5500-ին ու կը բարգաւաճի Ք․Ա․ 3000-ին։ Այդ կը փաստեն Նաքսոս քաղաքին հիւսիսը գտնուող Կրոդա շրջանը եղած հնագիտական պեղումները, ինչպէս նաեւ Ֆիլոթի լերան լանջին համանուն գիւղին մօտը յայտնաբերուած Զաս քարայրը։ Առաջին բնակիչները եղած են Թրակեանցիները եւ Փելասղիները։
Նաքսոս մեծ դեր կ՛ ունենայ Քիքլատեան մշակոյթի զարգացման մէջ։ Կը զարգանան նաւագնացութիւնը, պղինձի գործածութիւնը, բրուտագործութիւնը եւ մարմարի գործարկութիւնը։ Կղզիին տարածքին յայտնաբերուած են Քիքլատեան մշակոյթի անհամար իրեր․ պատկերիկներ, կաւարձանիկներ, խոհանոցի իրեր, փորագրուած պատկերացումներ։ Յայտնաբերուած իրերը կը ցուցադրուին Նաքսոսի Հնագիտական եւ Աթէնքի Հնագիտական Ազգային թանգարաններուն մէջ, իսկ փոքր մաս մըն ալ Աբիրանթոյի հնագիտական թանգարանը (Աբիրանթոս․ Նաքսոսի լեռնային գիւղ)։
Ք․Ա․ 8-րդ դարուն, Տիլոս կրօնական կեդրոն է․ հոն կը գտնուի Աբոլոնասին տաճարը։ Ք․Ա․ 8-րդ դարէն մինչեւ Ք․Ա․ 5-րդ դարը Նաքսոս կը տիրանայ Աբոլոնաս տաճարին։ Յոնիացիներ (Իոնես) կղզին կը հաստատուին։ Ք․Ա․ 735-ին Նաքսոս Հալքիտիսներուն հետ կը հիմնեն Սիչիլիոյ տարածքին յունական առաջին գաղթօճախը՝ Նաքսոս։
Ք․Ա․ 466-ին կը ստիպուի Աթէնեան Դաշինքին մաս կազմել․ կը քանդուի եւ կը հրկիզուի Աթէնքի նաւատորմիղին կողմէն։ Տնտեսապէս կը քայքայուի։ Այնուհետեւ Նաքսոսի պատմութիւնը կը հետեւի Քիքլատեսի պատմութեան․ 1207-ին Վենետիկցիներուն գերիշխանութեան շրջանին կը հիմնուի «Նաքսոսի Կոմսութիւն»ը։
Ըստ տեղական արձանագրութիւններուն եւ վկայութիւններուն, հայերը Նաքսոս կղզին եղած են ԺԷ․ դարուն։ Անոնց թիւը 1624-ին 38 էր, իսկ ԺԸ․ դարուն՝ 25։ Տեղական վարչական արձանագրութիւններուն մէջ կան հայ բնակիչներու անուններ, ինչպէս օրինակ՝ Հաճը Արմենիս, Հաճը Արթին, Գէորգ, որոնք եղած են ոսկերիչ, դերձակ, կօշկակար, խոհարար, փռապան, ատաղձագործ եւ պղինձի դարբին։ Անոնք հոն նաեւ ունեցած են մատուռ մը։
Փոքր Ասիոյ աղետէն ետք, փոքրաթիւ հայեր յոյն գաղթականներու հետ կղզին կ՛ապաստանին։ Անոնք կարճ ժամանակ ետք Աթէնք եւ Փիրէա կը հաստատուին, ուր արդէն ապաստանած էին մեծ թիւով հայեր։[2]
Նաքսոս կղզիին մայր քաղաքը կը կոչուի Հորա* կամ Նաքսոս։ Կղզին ունի բազմաթիւ լեռնային եւ ծովափնեայ գիւղեր, ինչպէս օրինակ՝ Ֆիլոթի, Աբիրանթոս, Քորոնոս, Հալքի, Վիվլոս, Այիոս Արսենիոս, Մելանես, եւայլն․։ Ամբողջ կղզին մաս կը կազմէ Նաքսոս եւ Փոքր Քիքլատես քաղաքապետութեան, որուն կեդրոնն է Նաքսոս կամ Հորա։
Հորա․ յունական կղզիներու մայր գիւղին կամ քաղաքին տրուած անուն, որ կ՛ ընկերակցի տուեալ գիւղին կամ քաղաքին բուն անունին (մայրաքաղաքի իմաստ ունի)։