Jump to content

Տիլոս

Կղզի
Տիլոս
յուն․՝ Δήλος
Տիլոս
Երկիր  Յունաստան
Տարածութիւն 350,64 հեկտար
ԲԾՄ 112 մեթր
Բնակչութիւն 24 մարդ (2011)[1]
Կը գտնուի ափին Էգէական Ծով
Փոստային ցուցանիշ 846 00

Տիլոս (յուն․՝ Δήλος), Էգէական Ծովուն Քիքլատես կղզեխումբին արեւելեան կողմի կղզիակ։ 1990-ին կը յայտարարուի Եունեսքոյի Համաշխարհային Ժառանգութեան Յուշարձան։ Կը գտնուի Սիրոսին արեւելքը, Ռինիա կղզիին արեւմուտքը։ Հնադարին համբաւ ունեցած է իբրեւ Արտեմիս եւ Ափոլոնաս աստուածներուն ծննդավայր։

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տիլոս կը գտնուի Նաքսոս կղզիին հիւսիս-արեւմուտքը, Փարոս կղզիին հիւսիսը, Սերիֆոսի եւ Սիֆնոսի հիւսիս-արեւելքը, Սիրոսէն 17 ծովային մղոն արեւելք եւ Միքոնոսէն 2 մղոն հարաւ-արեւմուտք։ 

Տիլես (յոգնակի) անունը կը բնորոշէ Տիլոս եւ անոր հիւսի-արեւմուտքի դրացի Ռինիա ամայի կղզին՝  Փոքրիկ Տիլոս (Տիլոս), իսկ Մեծ Տիլոս (Ռինիա)։  Հին քարտէսներուն մէջ կը հանդիպինք «Sdiles» անունին, որ աղաւաղումն է «εις Δήλες» (իս Տիլես) եւ կամ «στις Δήλες» (սթիս Տիլես) ասուածքին։

Տիլոսի իւրայատուկ դիրքին շնորհիւ՝ բարձրունքներէն կը տեսնուին վերոնշեալ կղզիները, հին աշխարհագէտները տուած են Քիքլատես անունը Էգէական ծովուն կեդրոնը գտնուող կղզիներու համալիրին։ 

Քինթոս լեռ

Անոր երկայնքին կը ճեղքէ բլուրներու շարք մը։  Կղզիին կեդրոնը, կը գտնուի ամենաբարձր լեռը՝ Քինթոս 115 մ․, որուն արեւմտեան լանջին կը տարածուի Տիլոսի միակ հովիտը, ուր հնադարին կը զարգանան սրբավայրը, հին քաղաքը եւ հին արուեստական «սուրբ լիճ»ը։

Կղզիին արեւալոյսը Յունաստանի ամենամեծերէն կը համարուի։  Շրջանը փչող զօրաւոր հիւսիսային քամիները կը հայթայթեն մինչեւ 30 մղոն հասնող բացառիկ տեսանելիութիւն մը։

Քինթոս լեռէն նկարուած․ կ՛ երեւի Միքոնոս

Հնագիտական պեղումներէն ի յայտ եկած է թէ Տիլոս բնակուած է նախապատմական եւ նախայունական շրջաններէն, մասնաւորաբար Նոր Քարէ Ժամանակաշրջանին` Ք․Ա․ 3200 (նախաքիքլատեան մշակոյթ)։ 

Քինթոս լերան գագաթէն նկարուած․ կ՛ երեւի Ռինիա

Նոր Քարէ Ժամանակաշրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այդ ժամանակաշրջանէն յայտնաբերուած են նաւաշինութեան, ձկնորսութեան եւ առեւտուրի հետքեր․ նիւթեր եւ իրեր՝ շեղբեր, ճանկեր, քարէ փշրիչներ, կարասներու կտորներ, եւայլն։  Հնագիտական պեղումները մէջտեղ բերած են շէնքերու եւ Քինթոս լեռան գագաթին վրայ հնագոյն բնակավայրի հետքեր։ Ինչպէս նաեւ Միոասեան եւ Միկինեան ժամանակաշրջաններէն զանազան նիւթեր։

Ըստ Թուքիտիտիսին, առաջին բնակիչները Քարես/ներ (Քարես՝ յոգնակի) եղած պէտք է ըլլան։  Իսկ նորագոյն շրջանին կատարուած պեղումներէն, հանգէտներ (ինչպէս օրինակ՝ դանեացի Chr. Būnkenberg «Antiquitéw prémycéniehnew» (1897),  յոյն Խրիստոս Ցունդաս Χρήστος Τσούντας «Κυκλαδικά» Քիքլադիքա (1898), Տ․ Փիփաս Δ. Πίππας  (1924), Գոստանտինոս Ռոմէոս Κωνσταντίνος Ρωμαίος «Οι Κάρες της Δήλου και η αρχαιολογική έρευνα του Θουκυδίδου» Տիլոսի Քարես/ները եւ Թուքիտիտիսին հնագիտական պեղումները (1928)) իրենց գործորուն ընդմէջէն փաստերով կը հակադարձեն թէ առաջին բնակիչները վաղահաս հին յոյներ եղած են։

Իրոտոթոս (Հերոտոսոս) իր արձանագորութիւններուն մէջ Տիլոսի առաջին բնակիչներ կը նկատէ Փելասղիները, որոնք հետագային կը կոչուին Իոնես (Յոնիացիներ)։

Վաղահաս յունական ժամանակաշրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք․Ա․ 17-րդ դարուն Տիլոս կը հաստատուին Միկինացիները։  Տիլոս կը սկսի սրբավայր դառնալ։ Երբ շրջանը Յոնիացիները կը հաստատուին, Տիլոս կրօնական կեդրոն կը դառնայ։

Պարսկական պատերազմներու աւարտին, Ք․Ա․478-ին, Աթէնքի նախաձեռնութեամբ կը հիմնուի Տիլոսեան Դաշնադրութիւնը՝ յունական քաղաք-պետութիւններու միջեւ պայմանագիր։ Տիլոս դաշնադրութեան կեդրոնը կը հանդիսանայ։ Անոր գանձը հոն կը պահուէր մինչեւ Ք․Ա․454, երբ Փերիքլիս զայն Աթէնք կը փոխադրէ։

Պելոպոնեսեան Պատերազմին սկզբնական շրջանին երբ աթենացիներուն համար պատերազմը լաւ չէր ընթանար, Աթենացիները կը պարտադրեն Տիլոսի մաքրագործումը, կը վճռեն թէ ոչինչ պիտի ծնի կամ մեռնի կղզիին վրայ։ Իսկ Ք․Ա․ 422-ին կը վտարեն բնակիչները, որոնք կը հաստատուին Փոքր Ասիոյ Ատրամիդիօ շրջանը։[2]

Պարսկական պատերազմներու վերջաւորութեան՝ Ք․Ա․ 478, կը ստեղծուի Տիլոսեան Դաշինքը, Աթէնքի գլխաւորութեամբ։  Մինչեւ Ք․Ա․ 454, Տիլոս կը պահպանուէր դաշինքին դրամագլուխը․ Փերիքլիս զայն Աթէնք կը փոխադրէ[3]։

Տիլոս, նաւակայքը

Հելլենիստական եւ Հռոմէական շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք․Ա․314-ին Մակետոնացիները[4] կղզին անկախ կը յայատարարեն։  Մինչեւ Ք․Ա․ 166 կղզին կը բարգաւաճի եւ առեւտուրի կարեւոր կեդրոն կը հանդիսանայ։ Իսկ հռոմէական շրջանին, Տիլոս կը վերածուի անկախ նաւահանգիստի եւ առեւտրականներ ու նաւատէրեր հոն կը հաստատուին։  Այդ ժամանակաշրջանին կղզին կը բնակի 30 000 հոգի։  Սակայն Պոնտոսի Միհրդատ թագաւորը կ՛ անտեսէ անոր սրբավայրի նկարագիրը եւ Ք․Ա․ 88-ին կը յարձակի եւ կը կողոպտէ կղզին։  Իսկ Ք․Ա․ 69-ին ծովահէններ իրենց յարձակումներով կը կողոպտեն եւ կը քանդեն կղզին։  Տիլոս չդիմանալով շարունակական յարձակումներուն՝ մինչեւ Ը․ եւ Թ․ դարերուն, կը ճանչնայ տնտեսական անկում եւ կ՛ ամայանայ։  Անոր աւերակներուն քարերուն մեծ մասը շինութեան համար կ՛օգտագործուին դրացի կղզիներու բնակիչներէն։

Տիլոսի Հնագիտական Թանգարանը

Նորագոյն շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ԺԹ․ դարավերջերուն՝ 1873-ին,  կը սկսին հնագիտական պեղումները, որոնք կը յայտնաբերեն Տիլոսին պատմութիւնը։   Կը շարունակուին պարբերաբար հնագիտական պեղումները․ գլխաւորներն են՝ 19041914, 19581975։

1904-ին կը կառուցուի Տիլոսի Հնագիտական թանգարանը։ 1931-ին եւ 1972-ին հաւելեալ բաժանումներ կը կառուցուին։  

Ժողովրդակագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ 2011-ի մարդահամարին 24 բնակիչ կը հաշուէ, որոնք հնագիտական վայրին եւ թանգարանին պաշտօնեաներն են՝ պահակներ եւ վարչական։

Տիլոսի արեւմուտքի մասը կը գտնուի պզտիկ նաւակայքը սպասարկելու համար զբօսանաւակները, որոնք այցելուներ կը բերեն հնագիտական վայրը։

Նկարներ Տիլոս կղզիի հնավայրէն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

[5] [6] [7] [8] [9] [10]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Իսթորիէ պատմութիւններ Իրոտոթոս, գիրք Զ (Z), 95-․․․(յունարէն)
  2. Օմիրոս Հոմերոս․ Տիլեցի (Տիլոս) Ափոլոնասին․ ամբողջ բանաստեղծութիւնը(յունարէն)
  3. Ատրամիդիօ(յունարէն)