Մուշեղ Եպս. Սերոբեան
Մուշեղ Եպս. Սերոբեան | |
---|---|
Ծնած է | 1869 |
Ծննդավայր | Նիքոմետիա, Եալովա, Թուրքիա |
Մահացած է | 1951 |
Մասնագիտութիւն | հանրային գործիչ |
Ստորագրութիւն![]() |
Թաւատառ գրութիւն (աւազանի անունով՝ Արտաշէս, 1869, Նիքոմետիա, Եալովա, Թուրքիա - 1951), եկեղեցական եւ հասարակական գործիչ, պատմաբան։ Հնչակեան կուսակցութեան հիմնադիրներէն։
Կենսագրական գիծեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Իզմիտի (Նիկոմեդիա) Ասլանպէկ գիւղը: Նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք, փոքր հասակէն յարած է ֆետայական շարժումնին, յատկապէս Հնչակեան կուսակցութեան միջոցով:
1889-ին ընդունուած է Արմաշի դպրեվանք, որ այդ տարիներուն հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութեան առումով եռուն դարբնոցի մը վերածուած է եւ հասցուցած բազմաթիւ բազմահմուտ հոգեւորականներ եւ նուիրեալ ազգային ու հասարակական գործիչներ: Մուշեղ Սերոբեանը Արմաշի առաջին շրջանաւարտներէն մէկը կը համարուի:
Արմաշի մէջ աշակերտած է Մաղաքիա Օրմանեան Սրբազանին, որ իր «Խոհք եւ խօսք» գիրքի «Արմաշական դպրեվանքցիներ» գլուխին տակ, Մուշեղ Սերոբեանին այսպէս նկարագրած է.
![]() |
Աւազանի անունով Արտաշէս, Ասլանպէկցի. բացման օրերուն ներկաներէն մին եւ առաջին շրջանի եօթներէն մին։ Աւարտաճառի նիւթը առաւ Նարեկացիի Աղօթամատեանը։․․․ - Մաղաքիա Արք․ Օրմանեան
|
![]() |
1892-ին ձեռնադրուած է սարկաւագ:
1895-ին ձեռնադրուած եւ օծուած է կուսակրօն քահանայ, ստանալով Մուշեղ անունը:
Գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կուսակրօն քահանայ դառնալէ ետք, Օրմանեան Պատրիարքը զինք Զմիւռնիա ղրկած է, տեղւոյն առաջնորդին որպէս օգնական: Սերոբեան Զմիւռնիոյ մէջ ծառայած է երկու տարի:
Իր յախուռն, ըմբոստ, նուիրեալ եւ կազմակերպողի ընդունակութիւններով օժտուած ըլլալու հանգամանքներուն շնորհիւ, Պոլսոյ Պատրիարքական խառն ժողովը յարմար կը նկատէ զինք Արաբկիր ղրկել, ու աւերուած համայնք մը գոյութիւն ունեցած էր, շուրջ 10 հազար հայ բնակիչներով:
1897-ին Օրմեանեան Պատրիարքէն ստացած է ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանը, եւ նոյն տարւոյն սեպտեմբերին մեկնած է Արաբկիր՝ որպէս առաջնորդական տեղապահ: Կարճ ժամանակ մը ծառայելէ ետք, դարձած է սիրելի տեղի բնակչութեան, որով եւ դարձած է անոնց առաջնորդը եւ ծառայած Արաբկիրի մէջ շուրջ վեց տարի:
Արաբկիրի մէջ ծառայած տարիներուն, Հնչակեան կուսակցութեան տեղի վերակազմեալ մասնաճիւղը Սերոբեանը եւս ներառած են իրենց շարքերէն ներս:
Նկատի ունենալով իր խրոխտ նկարագիրը, Օրմանեան Պատրիարքը զինք Արաբկիրէն Պոլիս կանչած է, վստահելով անոր Պոլսոյ մի քանի եկեղեցիներու քարոզիչի պաշտօնը:
Որոշ ժամանակ մը Պոլիս մնալէ ետք, Ատանա քաղաքի գաւառական ժողովը Սերոբեանը ընտրած է իբրեւ առաջնորդ Ատանայի հայոց: Ստանալով Սիսի Կաթողիկոսութեան համաձայնութիւնը, միաժամանակ Օսմանեան կայսրութեան արտաքին գործոց նախարար՝ Գաբրիէլ Նորատունկեանի միջամտութեամբ, դարձած է Ատանայի թեմի առաջնորդ:
Ատանայի առաջնորդութեան տարիներունենթարկուած է հալածանքներու՝ իր յախուռն բնաւորութեան պատճառով:
1906-ի Հոկտեմբերին, Սիսի մէջ, ձեռամբ Սահակ Խապայեան Կաթողիկոսին եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում կը ստանայ եւ դարձեալ կը վերադառնայ Ատանա:
1908-ի Օսմանեան Սահմանդարութեան հռչակումէն ետք, մեկնած է Եգիպտոս, ուր այդ ժամանակ կը գործէր կայուն հայկական գաղութ մը, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) գործունէութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Պօղոս Նուպար փաշայի: Եգիպտոսի մէջ Սերոբեան Եպիսկոպոս հանդիպումներ ունեցած է եւ հանգանակութիւններ կատարած է, Ատանայի մէջ դպրոցներ կառուցելու համար: Սակայն 31 Մարտ 1909-ին, լուրը ստացած է՝ Ատանայի դէպքերուն կապակցութեամբ: Ճամբայ ելած է՝ հասնելու իր ժողովուրդին: Մերսին հասնելէ ետք զինք արգիլած են Կիլիկիա մուտք գործել եւ ստիպուած վերադարձած է Եգիպտոս:
Հասկնալէ ետք, որ այլեւս ինք պիտի չկարենար Կիլիկիա վերադառնալ ու շարունակէր իր հոգեւոր ծառայութիւնը, որոշ ժամանակ մը Եգիպտոս մնալէ ետք, մեկնիած է Կիպրոս ու գործունէութիւն ծաւալած է այնտեղ:
Լառնագայի մէջ եգիպտահայ մի քանի բարերարներու աջակցութեամբ դպրոց մը հիմնած է, որ սկիզբը իր անունով՝ «Մուշեղեան ազգային վարժարան» կոչուած է, իսկ աւելի ուշ ստացած՝ «Նարեկ» անունը:
Մէկ տարի Լառնագա մնալէ ու վարժարանի կրթական գործերը կարգի դնելէ ետք անցած է Անգլիա։ Ան Մանչեսթըրի մէջ ծանօթացած է հայ գործարարներու, որոնք քաջալերած են զինք մեկնելու Ամերիկա եւ սկսելու իրենց աջակցութեամբ հրատարակչական գործունէութիւն։
Ֆրեզնոյի մէջ Սերոբեան հիմնած է տպարան մը ու նորակազմ գաղութին համար դարձած է ծխական հովիւ:
1910-ին, Պոսթընի մէջ հրատարակած է «Ատանայի դէպքերը եւ պատասխանատուները» աշխատութիւնը, ուր մանրամասնօրէն ներկայացուցած է տեղւոյն արարքները:
1910-ին Ֆրեզնոյի մէջ հիմը դրած է ՀԲԸՄ-ի առաջին մասնաճիւղին եւ աշխատանք տարած՝ այլ շրջաններու մէջ ալ Բարեգործականի համար մասնաճիւղեր հիմնել: Սերոբեան մեծապէս նպաստած է Բարեգործականի գործունէութեան:
1911 թուականի Յուլիսին, իբրեւ Ամերիկայի թեմի առաջնորդական տեղապահ, Մուշեղ Եպիսկոպոսը Քալիֆորնիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնարկէքը կատարած է: Մէկ տարի ետք նոյն եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս դպրոց մը եւ Կիրակնօրեան վարժարան մը բացուած է: Մուշեղ Սերոբեանի ջանքերով, 1927-ին Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը առանձին թեմի վերածուած եւ մտած է Մայր Աթոռի ենթակայութեան տակ:
Բարեգործականին կողմէ Մուշեղ Սրբազանը ղրկուած է Արեւելեան Ամերիկա, ուր նաեւ Բարեգործականին համար մասնաճիւղեր բացած է:
1913-ին, Եգիպտոսի մէջ կազմուած է Ազգային պաշտպանութեան կոմիտէն եւ Մուշեղ Սերոբեանէն խնդրած են վերադառնալ Եգիպտոս: Սրբազանը անմիջապէս վերադարձած է: Վերադարձին անցած է Եւրոպայէն ու Ռուսաստանէն, որպէսզի նպաստէ կովկասահայութեան ծրագիրին:
Յետեղեռնեան տարիներուն գործունէութիւն ծաւալած է Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ[1]։
Ազգային պատուիրակութիւնը, 1917-ին, զինք հրաւիրած է Ֆրանսա, ուր Պօղոս Նուպար փաշա որոշած էր զինք ուղարկել Իրաք՝ օժանդակելու որբահաւաքի ծրագիրներուն եւ դառնալու Պաղտատի առաջնորդ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրամանագրով դարձած է արքեպիսկոպոս ու ստանձնած է Պաղտատի հայոց թեմի առաջնորդի պաշտօնը 1918-ի Մարտին[2]։
Տարի մը ետք, գացած է Ատանա որբախնամի առաքելութեամբ, վերադարձին արգիլած են իր մուտքը Իրաք՝ անգլիական իշխանութիւններուն կողմէ։ Վերադարձած է Կիլիկիա ու դարձած է Խապայեան Կաթողիկոսի աջակիցը՝ դարձեալ ստանձնելով Ատանայի թեմակալ առաջնորդութիւնը։
1920-ի Յունուարին գումարուած է Ազգային համագումարի լիակատար նիստ, ուր Սերոբեան ներկայացուցած է իր պատրաստած տեղեկագիրը։
Իբրեւ եկեղեցական՝ այլեւս Սերոբեան թեմակալ պաշտօն ստանձնելով չէ զբաղած, այլ ամէն ջանք ըրած է ցիրուցան հայութեան համար կրթական օճախներ հիմնել ու մանաւանդ զարկ տալ Բարեգործականի մասնաճիւղերու կազմութեան[1]:
Երկեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Դիտումներ եւ դատումներ», Պէյրութ, 1932, 301 էջ։
- «Իրականութեան լոյսին տակ», Գահիրէ, 1926, 87 էջ։
- «Հայկական հարցը եւ անոր փուլերը», Պէյրութ, 1937, 207 էջ։
- «Մեր պայքարը հայ ազատագրութեան ուղիով», Գահիրէ, 1948, 385 էջ։
- «Հայաստանի անկախութեան առթիւ», Գահիրէ, 1950, 90 էջ։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 «ՄՈՒՇԵՂ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՍԵՐՈԲԵԱՆ (1869-1951)»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2024-04-22
- ↑ «1638-2018. 380-ամեակ Իրաքահայ թեմի»։ ՆՈՐ ՕՐ (hy-AM)։ 2019-11-28։ արտագրուած է՝ 2024-04-22
Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։ ![]() |