Արմաշու Դպրեվանք

Արմաշու Դպրեվանք, հոգեւոր բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն։

Արմաշ գաւառակ մըն էր, որ Նիկոմիդիոյ հիւսիսարեւլքը կը գտնուէր։ 1920ին ունէր 300 տնւոր հայ, մօտաւորապէս 1500 բնակչութիւն, 220 աշակերտ ՝երկսեռ Նարեկեան Վարժարնին մէջ։

Էջմիածնէ եկած նուիրակներու ջանքերով Արմաշու վանքը հիմնուած է իր նպատակները ուխտաւորական հաստատելու։

Արմաշ կը հիմնուի 1611 թուականին ուսումնարան, ուխտաւորական յարկաբաժիններ եւ մատենադարան։ Մի քանի տարի ետք յետոյ հրդեհ մը կը պատահի։ 18րդ դարուն Արմաշու Չարխափան վանքին ձեռագիրներ ժողուած են։ 1786 թուականին կարուցուած է մատենադարանի յատուկ շէնք մը։ 19րդ վերջաւորութեան, Չաքըր Հասանի արշաւանքի ժամանակ ոչնչացուեցան վանքին բոլոր ձեռագիրերը։ 1809ին կը վերակառուցուի վանական դպրոցը։ 1863ին Ս. Ստեփաննոս Արք. Մաղաքեանի վանահայրութեան օրով կ՛ունենայ տպարան մը, ուրկէ կը հրատարակուի «Յոյս» հանդէսը։  

1889-ին, Մաղաքիա Արք. Օրմանեան կը նշանակուի Արմաշու վանահայրի շնորհիւ։ Դպրեվանքը ասկէ յետոյ ուղղակի կը կապուի Պոլսոյ Պատրիարքութեան ու պաշտօնական անունով կը կոչուի «Եկեղեցական Վարժարան Պատրրիարքութեան Կ. Պոլսոյ»։

Կը գործադրէր վեց տարուան ոսում մը։Աշակերտները առաջին տարուան աւարտին դպիր, երրորդէն յետոյ սարկաւագ, իսկ վեցերորդորդէն ետք աբեղայ կը ձեռնադրուէին։ Առաջին երեք  տարին երկրորդական ուսման բոլոր դասերը ունէր կրօնագիտութեան կողքին եւ այս բաժինը լրացնողները վարժապետութեան կամ քահանայութեան համար բաւարար ուսում առած կը համարուէին։ Աշակերներու թիւը 1896-1914ին հասած էր շուրջ 300ի։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Ազգ. Կեդրոնական վարժարանի դասագիրք, Պոլիս։