Գաբրիէլ Հրեշտակապետ
Գաբրիէլ հրեշտակապետ, հրեշտակ յուդայականութեան (եբր.՝ גַּבְרִיאֵל), քրիստոնէութեան (յուն․՝ Αρχάγγελος Γαβριήλ) եւ իսլամութեանն (արաբերէն՝ جبريل, Ջիբրիլ) մեջ։
Գաբրիէլ (եբր. Գավրիէլ) անունը կը նշանակէ «Աստւածը իմ ուժն է»[1]։ Միայն երեք հրեշտակներ հրեշտակապետ կոչուած են՝ Միքայէլ Հրեշտակապետը, Գաբրիէլ Հրեշտակապետը եւ Ռաֆայէլ Հրեշտակապետը։
Երկնային զօրք կամ երկնային էակներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երկնային զօրք կամ երկնային էակներ արտայայտութեամբ կ'ակնարկուի հրեշտակներուն։ Հրեշտակ եբրայերէն կը նշանակէ պատգամաւոր, պատգամաբեր, դեսպան։ Հրեշտակները նախքան մարդոց եւ միւս էակներուն արարումը, ստեղծուած իմանալի, այսինքն` հոգեւոր, աննիւթական, ուրեմն եւ` նիւթական աչքի համար անտեսանելի արարածներ են, որոնք սակայն կարողութիւն ունին, սովորաբար մարդկային կերպարանք առնելով, տեսանելի դառնալու մարդոց։
Իբրեւ լուսեղէն էակներ՝ ըստ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ միջնադարեան վարդապետներուն, ստեղծուած են արարչութեան առաջին օրը` մշտնջենական լոյսին ստեղծման հետ միասին: Հրեշտակները անմահ են, հրեղէն, լուսեղէն, այսինքն՝ աննիւթական լոյսէն կազմուած, թիւով` բազմաբիւր («հազարք հազարաց եւ բիւրք բիւրոց», բնութեամբ բարի, մաքուր (սուրբ), կը բնակին նիւթական երկինքէն տարբեր` «հոգեւոր» կամ «լուսեղէն» կոչուող երկինքին մէջ:
Հրեշտակները սպասաւոր հոգիներ են, որոնք ստեղծուած են ծառայելու Արարիչին եւ մարդկութեան. անոնք մշտապէս կը փառաբանեն Արարիչը, իսկ մարդոց անտեսանելիօրէն կ'օգնեն` նպատակ ունենալով վերջիններուն փրկութիւնը[2]։ Ըստ Գրիգոր Տաթեւացիի՝ իւրաքանչիւր մարդ ունի իր պահապան հրեշտակը, որ իրեն կը տրուի երբ տակաւին մօր որովայնին մէջ կ'ըլլայ ան, երբ կը ստանայ բանական հոգին։ Պահապան հրեշտակը մարդուն կ'ուղեկցի անոր ողջ կեանքին ընթացքին եւ անտեսանելիօրէն կ'օգնէ անոր։
Գաբրիէլի հիմնական պարտականութիւնն է բարի լուր եւ գիտելիքներ փոխանցելը: Աստուածաշունչը զինք կը նկատէ ողջ մարդկութեան հիմնական խնամակալը: Ս. հրեշտակ Գաբրիէլը ներկայացուած է պատկերակով, որ կը պաշտպանէ ուղղափառ հաւատացեալները:
Գաբրիէլ բարձր դիրք ունեցող հրեշտակ է, որու ծառայութիւնը սերտօրէն կ'առնչուի երկնային «գաւիթի»ն հետ: Աստուած զինք «կ'ուղարկէր», որ յատուկ տեղեկութիւններ յայտնէր իր երկրային ծառաներուն։ Գաբրիէլ Տիրոջ կարեւորագոյն որոշումներն ու տնօրինութիւնները իրագործող անմիջական պաշտօնեան է։ Ան գիտէ Տիրոջ բոլոր գաղտնիքները: Գաբրիէլ հրեշտակապետը Փրկիչին գալստեան առնչուող խորհուրդները մարգարէներուն կը բացահայտէ եւ կը մեկնաբանէ անոնց տեսիլքները, ինչպէս՝ յայտնուելով Դանիէլ մարգարէին՝ կը մեկնէ վերջինիս տեսիլքը, կը յայտնուի Զաքարիա քահանային՝ Յովհաննէս Մկրտիչին հօրը եւ կը յայտնէ անոր որդիին ծնունդը: Ան կը դառնայ Քրիստոսի փրկագործութեան վկան եւ մասնակիցը՝ երբ կը յայտնուի Ս. կոյս Մարիամին՝ աւետելով Փրկիչին ծնունդը[3]։
Եկեղեցւոյ հայրերուն հաւաստիացումով՝ թէ՛ Գաբրիէլ եւ թէ՛ Միքայէլ հրեշտակապետերը կը կանգնին Աստուծոյ առջեւ, իսկ Ռաֆայէլը վեր կը հանէ մարդոց աղօթքները,«կը մտնէ Ս.եւ փառաւոր Աստուծոյ քով եւ կը մատուցէ Անոր:
Գաբրիէլ Հրեշտակապետը՝ սրբապատկերներուն մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սրբապատկերներուն մէջ Գաբրիէլ կը ներկայանայ ձեռքը՝ հայելի մը, որ կը խորհրդանշէ Տիրոջ գործերուն եւ միտքերուն իմաստը ամբողջութեամբ փոխանցելը:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Архангел Гавриэль»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-12-03-ին։ արտագրուած է՝ 2012-11-27
- ↑ Գաբրիէլ Հրեշտակապետ
- ↑ «Հրեշտակապետեր»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-11-10-ին։ արտագրուած է՝ 2019-11-10
|
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ս.Գիրք, (Ծննդ. Ա.,3),(Դան. Է. 10, Յայտ. Ե. 10),(Դան. Ը 16, Թ. 21),(Ղկ. 1:19, 26)