Հայ երաժշտական մշակոյթը ԺԹ. դարուն

Հայ երաժշտական մշակոյթը ԺԹ. դարուն, հայ երաժշտութեան զարգացման նոր դարաշրջան, երբ սկիզբ կը դրուի ժողովրդային ստեղծագործութեան հաւաքման եւ ուսումնասիրութեան, կը հիմնադրուին ազգային յօրինողական դպրոցը եւ երաժշտագիտութիւնը, ինչպէս նաեւ օփերային եւ սենեկային կատարողական արուեստները: Այդ շրջանին կ'իրագործուի անցումը միաձայնային երաժշտական արուեստէն դէպի բազմաձայնայինը, երաժշտական ասպարէզը կը սկսին գրաւել Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ երաժշտանոցներուն մէջ կրթութիւն ստացած ստեղծագործողներն ու կատարողները:

Արեւելահայ երաժշտական մշակոյթը ԺԹ. դարուն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1828-ին Հայաստանի Արեւելեան Նահանգները կը կցուին Ռուսիոյ, իսկ Արեւմտեան Հայաստան կը մնայ Թուրքիոյ իշխանութեան տակ:

Արեւելահայերը հնարաւորութիւն կ'ունենան մօտէն առնչուելու ռուս յառաջադէմ գրականութեան ու արուեստին հետ եւ Ռուսիոյ միջոցով ծանօթանալու արեւմտեան երաժշտական աւանդոյթներուն:

Հայ երաժշտական մշակոյթը ԺԹ. դարու առաջին կիսուն ինչպէս եւ նախորդ դարերուն կը շարունակէր զարգանալ ժողովրդային, աշուղական եւ հոգեւոր ճիւղերով: Այդ ժամանակաշրջանի յատկանշական իրադարձութիւնը հայկական երաժշտագրութեան ստեղծումն էր, զոր կ'իրագործէ Համբարձում Լիմոնճեանը 1813-1815 թուականներուն, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ:

ԺԹ. դարու առաջին կիսուն Արեւելեան Հայաստանի մէջ կազմակերպուած երաժշտական կեանք չկար, ոչ ալ արհեստավարժ երաժշտահաններ եւ կատարողներ կային: Հայ երաժշտական կենցաղին մէջ տիրապետողը ժողովրդային եւ աշուղական երաժշտութիւնն էր:

Ըստ 1828-ի վիճակագրական տուեալներուն՝ Հայաստանի մէջ երաժիշտներուն ընդհանուր թիւը 96 էր, իսկ Երեւանի մէջ կար միայն 12 երաժիշտ: Այդ երաժիշտները զուռնա եւ տուտուկ նուագողներ կամ շրջիկ աշուղներ էին, որոնք սիրուած էին ժողովուրդին կողմէ եւ մեծ ազդեցութիւն ունէին անոր վրայ:

Արեւելահայ Աշուղական Արուեստը ԺԹ. դարուն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քամանչա
Քամանչա

երկու հզօր ազդեցութեան տակ կը ձեւաւորուին բազմաթիւ աշուղներ, որոնք իրենց երգերով կը հարստացնեն հայրենի աշուղական արուեստը: Այդ աշուղներուն կը պատկանին՝ Շիրինը (1827-1856), Թուրինջը (1792-1877), Իվանը (1800-1864), Ազբար Ադամը (1816-1844), Քեանհանը (1820-1886), Միսքին-Բուռջին (1810-1847), Զարգիարը (1824-1874) եւ ուրիշներ: Այս աշուղները ապրած ու աշխատած են Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանէն դուրս: Աշուղական երգերը ունէին բարոյախօսական եւ անարդարութիւնները քննադատող բովանդակութիւն, սակայն երգերուն մեծամասնութիւնը սիրային էր:

ԺԹ. Դարու Նուագարանները Արեւելահայաստանի մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ԺԹ. դարու առաջին կիսուն ժողովրդային նուագարաններէն տարածուած էին՝ զուռնան, տուտուկը, թառը, քամանչան (քաման, քամանի), սրինգը, քանոնը, սանթուրը, սազը եւ այլ նուագարաններ:

1828-ին ռուսական զինուորական փողային նուագախումբերուն մուտքը Հայաստան կը նպաստէ փողային նուագարաններու տարածման, եւ անոր շնորհիւ ի յայտ կու գան հայ անուանի երաժիշտ-կատարողներ: Այս նկատառումով ալ առաջին նուագախումբերը Հայաստանի մէջ կը հանդիսանան փողային նուագախումբերը:

ԺԹ. դարու կէսէն Հայաստան մուտք կը գործեն նաեւ եւրոպական նուագարանները՝ դաշնամուրը (դաշնակը), ջութակը, կիթառը, եւ այլն իսկ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ իր հաստատուն տեղը կը գրաւէ երգեհոնը:

Արեւմտահայ երաժշտական մշակոյթը ԺԹ. դարուն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արեւմտահայերու մշակութային կեանքին կեդրոնը Կոստանդնուպոլիսն էր, ուր զգալի աշխատանք կը կատարուէր գրականութեան եւ արուեստի զարգացման ուղղութեամբ: Երաժշտական ասպարէզին մէջ ԺԹ. դարու առաջին կէսը կը յատկանշուի հայկական երաժշտագրութեան ստեղծումով:

Հայ հոգեւոր երաժշտութիւնը ԺԹ. դարուն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միջնադարեան խազային համակարգին անկումէն ետք հայ հոգեւոր երաժշտութիւնը կ'ենթարկուէր օտար ազդեցութիւններու եւ յաճախ նոյնիսկ անճանաչելի կը դառնար: Հոգեւոր երգերու կատարողները՝ դպիրներն ու տիրացուները, ըստ իրենց քմահաճոյքին առատօրէն կը գործածէին տաճկական երաժշտութեան բնորոշ բազմաթիւ ձայնազարդեր եւ յունական երաժշտութեան ռնգային երգեցողութիւնը:

Հոգեւոր երգերը հետագայ աղաւաղումներէ եւ կորուստէ փրրկելու համար անհրաժեշտ էր երաժշտագրել զանոնք: Նախապայման էր ստեղծել հայկական երաժշտագրութեան այնպիսի համակարգ մը, որ կապուած ըլլալով հին խազային համակարգին աւանդոյթներուն հետ, միաժամանակ յենէր եւրոպական երաժշտագրութեան վրայ:

Այս հարցին լուծումը կը գտնէ պոլսահայ տաղանդաւոր երաժիշտ Համբարձում Լիմոնճեանը 1813-1815 թուականներուն:

Ան կը գործէ խազերուն ձեւերը եւ անունները, իսկ եւրոպական երաժշտագրութենէն կը գործածէ եօթը հիմնական հնչիւններուն թիւը եւ հնչիւններուն խմբաւորումը՝ ութեակներով: Այս համակարգը կը կոչուի հայկական երաժշտագրութեան համակարգ, կամ Լիմոնճեանի համակարգ, որ մօտաւորապէս մէկ դար մեծ տարածում կ'ունենայ եւ պարտադիր մաս կը կազմէ դպրոցական ծրագիրներուն:

Շնորհիւ Լիմոնճեանի համակարգին, մեծ քանակութեամբ հոգեւոր եւ ժողովրդային երգեր եւ եղանակներ կը փրկուին կորուստէ եւ այլափոխումներէ: Սակայն այս համակարգին հնարաւորութիւնները բաւական սահմանափակ էին, որովհետեւ անիկա ստեղծուած էր միաձայն երաժշտութեան համար եւ կը կիրարկուէր մեծ մասամբ երգային երաժշտութեան պարագային:

Հետագային, երբ հայ երաժշտութեան մէջ մուտք կը գործէ բազմաձայնութիւնը, այդ համակարգը այլեւս չի բաւարարեր նոր պահանջները եւ ան իր տեղը կը զիջի եւրոպական երաժշտագրութեան, որ իր հնարաւորութիւններով անհամեմատ կատարեալ էր:

ԺԹ. դարու երկրորդ կիսուն կատարուած իրագործումները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ԺԹ. դարու երկրորդ կիսուն Կոստանդնուպոլսոյ մէջ անձնուէր գործունէութիւն կը ծաւալէին երաժիշտներ Արիստակէս Յովհաննիսեանը (1812-1879), Գաբրիէլ Երանեանը (1827-1862), Նիկողայոս Թաշճեանը (1837-1898) եւ շատ ուրիշներ, որոնք հիմնելով տարբեր պարբերաթերթեր, կը հրատարակէին հայ եւ արեւելեան երաժշտութիւն, կը կազմակերպէին դասախօսութիւններ եւ անվճար «սիմֆոնիք» համերգներ: Ստեղծուած էր «Նաում» երաժշտական թատրոնը, Արեւելեան թատրոնը եւ օփերեթային թատրոնը: Արեւմտահայերու երաժշտական կեանքին մէջ մեծ դեր ունեցած է նաեւ Սինանեան ընտանիքը, որուն անդամները տարիներ շարունակ նուագախումբով համերգներ տուած են՝ կատարելով եւրոպական եւ հայ երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններ:

Սինանեան Երաժշտական տոհմի աւագ ներկայացուցիչը՝ Գրիգոր Սինանեանը, իր օրերուն նշանաւոր արհեստավարժ երաժիշտներէն էր: Ան Պոլսոյ մէջ 1861-ին ստեղծած է եօթը երաժիշտներէ կազմուած հայկական նուագախումբ մը, որուն թիւը ընդարձակուելով 1888-ին կը հասնի քառասունի: Ան հիմնած է նաեւ եւրոպական օրինակով առաջին երաժշտական անձնական դպրոցներէն մէկը, որ գործած է կէս դար: Սինանեաններու նուագախումբին նուագացանկը ընդգրկած է հայկական, թրքական եւ յունական երգեր եւ պարեղանակներ, հատուածներ ֆրանսական օփերեթներէ եւ իտալական օփերաներէ, իսկ հետագային նաեւ՝ Պեթհովընի, Մոցարթի, Չուխաճեանի եւ այլ երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններէն:

Սինանեաններու ընտանիքը տուած է տարբեր սերունդներու տաղանդաւոր երաժիշտներ, որոնք կատարողական բարձր մակարդակ ունենալով, մեծ յաջողութեամբ ելոյթներ ունեցած են Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ:

Տիգրան Չուխաճեան առաջին հայ եւ ընդհանրապէս Արեւելքի մէջ առաջին երաժշտահանն է, որ իր երաժշտական բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած էր Իտալիոյ մէջ:

1864-ին, լիցքաւորուած, յառաջադէմ գաղափարներով եւ մասնագիտական խոր գիտելիքներով, Չուխաճեան Միլանոյէն կը վերադառնայ Կ.Պոլիս: Ան խումբ մը հայ տաղանդաւոր երաժիշտներու եւ մտաւորականներու հետ կը լծուի հասարակական գործունէութեան՝ միաժամանակ կատարելով ստեղծագործական բեղուն աշխատանք:

Չուխաճեան ստեղծած է երգեր եւ ռոմանսներ, նուագարանային եւ «սիմֆոնիք» ստեղծագործութիւններ, սակայն իր տաղանդը լիարժէք դրսեւորուած է օփերայի եւ օփերեթի ասպարէզին մէջ: Ան հեղինակն է առաջին հայկական օփերային՝ «Արշակ Բ.»ին, որ բացառիկ յաջողութեամբ բեմադրուած է 1945-ին , Երեւանի Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի պետական թատրոնին մէջ: Իսկ Չուխաճեանի օփերեթները՝ «Արիֆի խարդախութիւնը», «Քէօսէ Քէհիա»-ն եւ «Լէպլէպճի Հոր-հոր աղա»ն մեծ համբաւ, ճանաչում եւ ժողովրդականութիւն բերած են հեղինակին Թուրքիոյ, Անդրկովկասի, Եգիպտոսի, Պալքաններու եւ արեւմտեան այլ երկիրներու մէջ:

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Երաժշտութիւն Պատմութիւն եւ Տեսութիւն, Նարդուհի Էքիզեան-Մարկոսեան,Պէյրութ 2007, էջ 125-133