Քանոն

Հայկական քանոն

Քանոն, լարային կսմիթային նուագարան: Անիկա կը նուագեն բութ մատի եւ ցուցամատի նուրբ ու ճկուն շարժումներով:

Նկարագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իրանը՝ 30-90 սմ, լայնքը՝ 30-40 սմ սեղանաձեւ, իրարու ամրացած առանձին փայտերէ (ծիրանենիի, ընկուզենիի, հաճարենիի եւ չինարի), որուն վրայի արձագանգը ուժեղացնող տախտակին երկու երրորդը լորենիի կամ եղեւինի փայտէ կ'ըլլայ, մէկ երրորդը՝ թաղանթապատ, որ փուչիկէ կը կազմուի (եզան լաւ մշակուած, այծի, ոչխարի կամ գառնուկի կաշիէ)։ Ունի 24-26 եռակի լարեր, գլխաւորաբար՝ աղիքէ։ Քանոնի լարերուն թիւը յաճախ փոփոխական է, կարելի է հանդիպիլ եօթանասուներկու, եօթանասունհինգ, նոյնիսկ՝ եօթանասունութ լարերով քանոններու։ Կը նուագեն մատներուն անցուած մատնոցի մը մէջ դրուած կնտնտոցով (հարիչով)։ Ժամանակին քանոնը կը նուագէին միայն տղամարդիկ, հետագային անիկա կը դառնայ կանանց սիրելի գործիքը: Լարուածքը մաժոր յարաձայնային շարքով է, «Ռէ» ձայնային աստիճանով եւ գլխաւորաբար երեք ութնակ հնչիւնածաւալով: Շարժական յատուկ բռնակներու միջոցով ամէն լարախումբի համար երկու առանձին բռնակ կայ: Բանալիի մը օգնութեամբ կէս աստիճան կը բարձրացնեն կամ կը նուազեցնեն նուագելու ընթացքին, ձախ ձեռքով: Քանոնը կը նուագեն ծունկերու վրայ, ձախ ոտքը աջին վրայ դրած, միաձայն, երկձայն եւ բազմաձայն հնչողութեամբ, անիկա մենակատարային եւ «անսամպլային» նուագարան մըն է[1]:

Քանոնի պատմութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տարբեր նուագարաններ, ներառեալ՝ քանոն ներկայացնող հայկական մանրանկար՝ ԺԶ. դարու ձեռագիրէ մը վերցուած: Աշխարհի տարածքին պահպանուած քանոնի ամէնէն հին նկարը:

Միջագետքի մէջ, շումերական պետութեան ժամանակաշրջանին, կը ծագի լարային-հարուածային սանթուր նուագարանը, որ շուտով կը տարածուի Իրանի, Հայաստանի եւ Ասորիքի մէջ, հասնելով մինչեւ Միջին Արեւելք։ Սանթուրը տարբեր ժողովուրդներու մէջ տարածուելով կ'անցնի զարգացման եւ կատարելագործման տարբեր ուղիներ՝ հիմք դնելով նուագարանի տարատեսակներուն։

Սակայն սանթուրի զարգացումը հիմք կը հանդիսանայ նաեւ շարք մը այլ նուագարաններու ստեղծման, որոնք կառուցուածքի, արտաքին տեսքով թէեւ որոշ ընդհանրութիւններ ունին սանթուրին հետ, սակայն արդէն ձեւաւորուած նոր նուագարաններ էին, որոնք հետագայ դարերուն կ'անցնին կատարելագործման ուրոյն ուղիներ։ Այդպիսի նուագարաններէն մէկը քանոնն է։

Ըստ առասպելական տուեալներու, քանոնի նախատիպերու հանդիպած են Ք.Ա. 2-րդ հազարամեակին՝ հեռաւոր եւ մերձաւոր արեւելքի մէջ:

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Քանոն Երաժշտական գործիք»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-07-16-ին։ արտագրուած է՝ 2021-07-16 

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]