Քամանչա
Քամանչա | |
---|---|
| |
Որակաւորում | necked lute? եւ աղեղնավոր լարային երաժշտական գործիք? |
Հորնբոսթել-Զաքսի հանմակարգ | 321.32 |
Քամանչա, (հին պարսկերենի մէջ kamānča, որ ծագած է kamān (աղեղ, կնտկնտոց) բառէն), տարածուած է Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն՝ որոշ տեղական առանձնայատկութիւններով: Լարային-աղեղնաւոր նուագարան է: Տարածուած է Իրանի, Հայաստանի, Վրաստանի, Ատրպէյճանի, Յունաստանի, Տաղստանի եւ այլ երկիրներու մէջ։ Քամանչան Արեւելքի մէջ աւանդական երաժշտութեան համոյթներուն պարտադիր ընդգրկուոող նուագարան է: Սակայն գեղեցիկ, փափուկ թեմբրի եւ արուեստագիտական բազմազան հնարաւորութիւններու շնորհիւ ան կը գործածուի նաեւ որպէս մենանուագային գործիք:
Անուանումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կարսի մէջ այս նուագարանը կ'անուանէին ճանուր: Ագուլիսի եւ իր շրջակայքի մէջ կ'ըսէին «ճնկըռ», բայց ամէնէն շատ ան յայտնի է «քամանչա» անունով: «Քամանչա» անուանումը կը համարուի պարսկական կամ արաբական: 7-րդ դարուն, երբ արաբները կ'արշաւեն Հայաստան, ապա կը գրաւեն այն, չկարողանալով ազդել տեղի մշակոյթի վրայ, ընդունեցին հայ մշակոյթի ազդեցութիւնները: Սովորաբար այդպէս կ'ըլլայ, որ գրաւեալներու մշակոյթը կը գերազանցէ գրաւողներու մշակոյթին: Այսպէսով, արաբները ազդեցութիւն ունեցան միայն շարք մը նուագարաններու անուանափոխութեան գործին մէջ։ Օրինակ ճնարը կամ վինը հնագոյն ժամանակներէն յայտնի էր Հայաստանի մէջ եւ ունէր լայն գործածութիւն: Այդ մասին յիշատակութիւն կայ նաեւ Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութեան» մէջ։ Անցնելով պատմական ճանապարհ, ճնարը անուանափոխուեցաւ՝ ստանալով «սազ» անունը, որով ալ հասաւ մեր օրերը: «Քամանչա» բառը թարգմանաբար կը նշանակէ քնար՝ ոտքի վրայ։ Մէկ կողմ թողնելով գործիքի ծագումնաբանութեան խնդիրը, առաւել կարեւոր է, թէ տուեալ նուագարանը ի՛նչ ինքնատիպ բովանդակութիւն եւ զարգացում ունեցեր է որեւէ ժողոուրդի մշակութային կեանքին մէջ, եւ ժողովուրդը ինչպէ՛ս զարգացուցած է զայն:
Կառուցուածքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քամանչայի իրանը գնդաձեւ է՝ ծածկուած թաղանթային մեմբրանով։ Կլոր կոթէն իրանի միջով կ'անցնի մետաղեայ կաղապարաձող, որ նուագարանի համար կը ծառայէ նաեւ որպէս «ոտք»։ Ունի ուղիղ ձգուած վզիկ: Ան կը միանայ գլխիկին՝ չորս լայնակի ականջներով: Կը նուագեն ծունկի վրայ ուղղաձիգ բռնած դիրքով՝ փայտեայ բարակ աղեղով՝ վրան ձիու պոչի ձգուած մազերով։ Քամանչայի նախնական ձեւը ունեցեր է մէկ լար: ՅԵտոյ նուագարանը դարձեր է երեք լարանի, որ ամենագործածականն էր։ Աւելի ուշ, 1909 թուականին, քամանչայի պատմութեան մէջ առաջին անգամ աւելցաւ չորրորդ լարը՝ վիրթուոզ քամանչահար, արեւելեան երաժշտութեան տեսաբան Սաշա Օգանեզաշվիլու (Ալեքսանտր Արշակի Օհանեան) շնորհիւ: 1920-40-ական թուականներուն Վարդան Բունին ստեղծեց կվինթային լարուածքով քամանչաներու ընտանիքը՝ Փրիմա, ալթ, պաս եւ կոնտրպաս, որոնք ան կը գործածէր իր՝ Երեւանի «Արեւելեան վերակառուցուած սիմֆոնիք նուագախումբ»ին մէջ։ Աւելի ուշ՝ 1978 թուականին, երգահան Աւետ Տէրտէրեանը իր 5-րդ սիմֆոնիային մէջ հնչեցուց քամանչայի մենանուագը, որ կարծես երկխօսութիւն ըլլար մարդու եւ արարիչի միջեւ: Իսկ երգահան Ռուբէն Ալթունեանի «Անտունի» ստեղծագործութեան մէջ քամանչայի հնչիւնները գերած են ունկնդիրին՝ միահիւսելով անցեալն ու նոր ժամանակները:
Յայտնի է նաեւ ԽՍՀՄ-ի մէջ համերգներով լայնօրէն շրջագայած քամանչահարներու հնգեակը, որոնք կը նուագէին տարբեր մեծութեան նուագարաններ։ Հայ իրականութեան մեջ առանձնացած են քամանչայի նուագի միջազգային ճանաչում վայելած խոշոր վիրտուոզներ, որոնցմէ են՝ Ս․ Օգանեզաշվիլին եւ Լ․ Կարախանեանը։
Պարսկական քամանչան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պարսկական քամանչան կը համարուի այսօր տարբեր ժողովուրդներու մօտ տարածուած բոլոր տարբերակներու նախատիպը: Պարսկական քամանչայի արտաքին տեսքի եւ կառուցուածքի յստակ նկարագիրը կը հանդիպի արդէն 15-րդ դարու ձեռագիրներուն մէջ։ Իսկ առաւել վաղ յիշատակութիւնները կը վերաբերին 13-րդ դարուն: Կոթը ուղիղ է, իսկ դեկան՝ օձի կամ ձկան բարակ կաշիէն կամ ալ՝ ցուլի միզապարկէն: Աղեղը կը պատրաստուի ձիու պոչի մազերէն: Դասական քամանչան ունի երեք լար՝ կվարտային լարուածքով: Կը հանդիպինք նաեւ երկու կամ չորս լարանի քամանչայի՝ այլ լարուածքով: Կոթի վրայ լաթեր չկան: Պարսկական քամանչան նուագում են՝ նուագարանի ոտքը ծունկին յենած, սակայն որոշ երաժիշտներ կը նախընտրեն նուագել առանց ոտքի, գործիքի իրանը բռնելով ծունկներով:
Հայկական քամանչան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քամանչայի ամենահին պատկերը կը գտնուի Հայաստանի մէջ՝ միջնադարեան մայրաքաղաք Դուինի պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուած գաւաթի մը վրայ. պատկերուած է գուսանը՝ քամանչան ձեռքին: Գաւաթի վրայ պատկերուած քամանչայի ուղղահայեաց երեք գիծերը հիմք կու տան ենթադրելու, որ նուագարանը ոչ թէ պարզունակ, այլ ձեւաւորուած քամանչայի դասական օրինակ է: Քանի որ գուսանները, անոնցմէ յետոյ ալ՝ աշուղները երգելով կը մատուցէին վիպական ու քնարական ստեղծագործութիւններ, ուստի անոնք չէին կրնար գործածել փողային նուագարաններ: Անոնց հարկաւոր էր այնպիսի նուագարան, որ թոյլ կու տար երգել եւ կը ձայնակցէր երգին: Այդ առումով խիստ յարմար էին լարային նուագարանները: Հայոց պատմիչները կը յիշատակեն այդ կարգի նուագարաններու քանի մը անուն, որոնցմէ մէկն ալ քամանչան է:
Քամանչահար գուսանի պատկերով գաւաթը, որ յայտնաբերուած է Դուինի մէջ, թուագրուած է 9-10-րդ դարերուն, ինչ որ կը համարուի բաւականին հազուադէպ հանդիպող երեւոյթ: Նուագարանը գործածուեր է այդ ժամանակներուն, սակայն այդ պատկերները համատարած կը հանդիպին աւելի ուշ շրջանի աղբիւրներուն մէջ՝ սկսած 12-13-րդ դարերէն: Հայաստանի մէջ դարեր շարունակ պատրաստուեր եւ գործածուեր են քամանչայի երեք եւ չորս լարանի տարբերակները, որոնք կարող էին ունենալ երկար կամ կարճ իրան: Հայաստանի մէջ քամանչայի տարատեսակներու պատկերները կան բազմաթիւ ձեռագիր մատեաններու մէջ, այնպէս ալ մեծ թիւով տապանաքարերու ու վանքերու պատերու վրայ:
Ուշագրաւ է Հայաստանի Հացառատ գիւղի 15-17-րդ դարերու դամբարանի գտածոն, ուր շքեղ հարսանեկան տեսարան պատկերուած է. հարսի եւ փեսայի կողքին կան բազմաթիւ նուագածուներ՝ իրենց նուագարաններով՝ սազով, քամանչայով, գալարափողով, եղեգնափողով, քանոնով, շեփորով եւ դափով: Հայկական աղբիւրներէն քամանչայի պատկեր պահպանուած է նաեւ Մոկսի մէջ գտնուած 16-րդ դարու Աւետարանին մէջ, ուր քամանչան ներկայացուած է որպէս համոյթային անսամպլային նուագարան՝ դափի եւ զուռնայի հետ: Արտաքին տեսքով ան շատ նման է դուինեան գտածոյին. կարճ ոտք, ուղիղ աղեղ եւ նուագելու՝ բարձրացրած դաստակ: Նմանատիպ աղեղի պատկեր պահպանուած է նաեւ բանաստեղծ, նկարիչ՝ Նաղաշ Յովնաթանի մօտ:
Հայաստանի մէջ կանայք նոյնպէս նուագեր են քամանչա: Այդ մասին կը վկայէ Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ պահպանուող 19-րդ դարու անյայտ նկարիչի կտաւը: Պատկերուած է ազնուական միջավայրի մէջ քամանչա նուագող վեհաշուք երիտասարդ կին մը:
Սայաթ Նովայի աւանդը աշուղական արուեստի մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայ աշուղական արուեստի գագաթը աշուղ Սայաթ Նովան է, որ հին օրերէն աւանդուած աւանդոյթները զարգացուց՝ դնելով նոր բարձունքի մը վրայ։ Ըստ տաղաչափական առանձնայատկութիւններու՝ Սայաթ Նովայի խաղերու մէջ կը հանդիպին աշուղական բազմապիսի ու բարդ չափերով յօրինուած գործեր՝ թեճնիսներ կամ բառախաղեր, ղազալիներ կամ գազելներ, պեյթ ու տուպեյթներ, պայաթիներ, այբբենականներ, ուչլամաներ կամ երիցս կրկնութիւններ, որոնք ցոյց կու տան, որ ան աշուղական արուստի գերազանց գիտակ եղած է։ Խաղերէն շատերու մեղեդիները, ցաւօք, այսօր մոռցուած են եւ առմիշտ կորած։ Սայաթ Նովան հայ եւ վրաց աշուղական բանաստեղծութեան մէջ մեծ յեղաշրջում կատարած է մասնաւորապէս լեզուի առումով. ըստ էութեան՝ իրմով կը սկսի մայրենի լեզուով խաղը հայ եւ վրաց իրականութեան մէջ։
Սայաթ Նովան նաեւ առաջինն է, որ յօրիներ ու երգեր է վրացական խաղեր՝ օգտագործելով պարսկական բանաստեղծութեան ձեւերը. այս նորարարութեան համար հրաւիրուեր է պալատ եւ նշանակուեր Կախեթի վրաց թագաւոր Հերակլ II-ի սազանդար։ Շուրջ տասը տարի բանաստեղծը հաղորդակցեր է պալատական միջավայրին հետ՝ յաճախակի Թիֆլիսէն անցնելով Թելաւ։ Ան երգեր, ուրախացուցեր է մարդկանց, փառաբաներ արդարութիւնն ու ազնուութիւնը, դատապարտեր կեղծիքն ու քծնանքը, ստորութիւնն ու նենգութիւնը, հասարակական ու բարոյական արատները՝ մշտապէս բարձր պահելով իր արժանապատուութիւնը։ Սայաթ Նովայի կեանքը խաղաղ չէ անցեր. դաւադրութիւններ ըրած են անոր դէմ, հեռացնել տուած են պալատէն։
Սայաթ Նովան կոչումով աշուղ է, իր խաղերուն ստանձներ է հնազանդ սիրահարի դերը եւ յանուն նուիրական ու անապակ սիրոյ պատրաստ է տանիլ ամէն զրկանք։ Իր ճոխ երգացանկին մէջ Սայաթ Նովան կարող չէր չանդրադառնալ իր սիրելի նուագարանին՝ քամանչային, որ եղեր է իր կեանքի եւ ստեղծագործութեան անբաժան ուղեկիցը: Եւ ինչպէս որ իր բազում երգերով ան կը գովերգէր սիրեցեալին, սիրոյ զգացմունքը, այնպէս ալ երգով ան իր զգացմունքներու արտայայտիչը դարձած քամանչայի գեղեցիկ, պատկերաւոր ու արտայայտիչ գովքը հիւսեր է:
«Քամանչա» երգին մէջ ան այս նուագարանը կը համարէ արուեսստի խորհրդանիշ: Սա ոչ միայն քամանչայի գովքն է, այլեւ մարդ-արուեստ փոխյարաբերութեան գեղագիտական իմաստաւորումը: Առաջին տողէն սկսեալ՝ «Ամէն սազի մէջըն գոված դուն թամամ դասն իս, քամանչա», որոշ սայաթնովագէտներ կը գտնեն, որ պէտք է հասկնալ այնպէս, որ քամանչան բոլոր նուագարաններէն տասնապատիկ լաւն է: Բացի այն գովերգելէն, կը նկարագրէ ատոր բոլոր մասերը ու կ'ըսէ, որ արժէր ատոնք շինել ոսկիէ, արծաթէ, փղոսկրէ եւ թանկարժէք քարերէն: Նաեւ գեղեցիկ կերպով կը նկարագրուի ատոր նուագի թողած ազդեցութիւնը մարդու վրայ. «Շատ տխուր սիրտ կու խնդացնիս, կու կըտրիս հիվընտի դողն»: Սայաթ Նովան նաեւ կը վկայէ, որ ինքն ալ նուագելով կը վեհանայ, բարձրանալով աշխարհէն ու մարդկային թուլութիւններէն վեր այլ մակարդակի մը, մանաւանդ երբ կը լսէ, թէ ինչպէս ունկնդիրները նուագողի գովքը կ'ընեն: