Նիկողայոս Թաշճեան

Նիկողայոս Թաշճեան
Ծնած է 17 Յունիս 1841(1841-06-17)
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս[1][2]
Մահացած է 9 Սեպտեմբեր 1885(1885-09-09)[1][2] (44 տարեկանին)
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս[1][2]
Մասնագիտութիւն երաժշտագէտ, երգահան, երաժշտության ուսուցիչ
Աշխատավայր «Քնար Հայկական»[1][2]
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին?[1][2]

Նիկողայոս Թաշճեան (17 Յունիս 1841(1841-06-17), Կոստանդնուպոլիս[1][2] - 9 Սեպտեմբեր 1885(1885-09-09)[1][2], Կոստանդնուպոլիս[1][2]), երաժշտագէտ, երգահան ու մանկավարժ։

Կեանք եւ գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իր նախնական ուսումը առած է Խասգիւղի Ներսէսեան Վարժարանը, ուր աշակերտած է Գրիգոր Երանեանին, որ իր առջեւ բացած է ընդարձակ ասպարէզ մը ուսումնասիրութեան եւրոպական երաժշտութեան. Նշմարներ ալ տուած է հայկական երաժշտութեան մասին։

Նիկողայոս եւս դաստիարակած է երաժշտութիւնը նոյն վարժարանին մէջ եւ հանդիսացած Կոստանդնուպոլսոյ Մայր Եկեղեցւոյ երաժշտապետը եւ երգչախումբին խմբավարը, 1879-էն ի վեր։

Հեղինակած է բազմաթիւ հայրենասիրական երգեր, որոնցմէ ոմանք Եկմալեանի եւ Կոմիտաս Վարդապետի կողմէ բազմաձայնի վերածուած են երգչախումբի համար։

Զանազան շահեկան յօդուածներ ալ գրած է պոլսահայ մամուլի կարգ մը թերթերու մէջ[3]. իր կարեւոր գրութիւններէն մին է Դասագիրք եկեղեցական ձայնագրութեան հայոց հատորը, զոր հրատարակած է 1874-ին. այս գրքին մէջ, նախ կը բացատրէ Համբարձում Պապա Լիմոնճեանի նօթագրութիւնը եւ անոր ընտրած համակարգը, ապա ամփոփ կերպով ներկայացուցած է հայ երաժշտութեան բնոյթը եւ անոր հիմնական դրութիւնը, տալով նաեւ հակիրճ պատմականը հայ երաժշտութեան։

Թաշճեանի մատուցած մեծագոյն ծառայութիւնը հայ երաժշտութեան` հոգեւոր երգերու եւ շարականներու ձայնագրութիւնն է արդի նօթագրութեամբ, ջանալով պահել հին խազերու իմաստն ու տարողութիւնը։ Երբ 19-րդ դարու վերջաւորութեան` բոլորովին կորսուած է հին հայակակն խազերու բանալին եւ այլեւս չէ գտնուած որեւէ մէկը, որ կարենար զանոնք ճշգրտօրէն երգել, զանազան հեղինակներ փորձած են որքան կարելի էր հարազատ կերպով թարգմանել արդի երաժշտական նօթաներով հայկական հին խազերը. լաւագողն յաջողութիւնը գտած է Լիմոնճեանը։ Անոր հետեւելով` Թաշճեան հրատարակած է Էջմիածնի մէջ, 1874-ին, Ձայնագրեալ երգեցողութիւնք Սրբոյ Պատարագի հատորը, եւ անմիջապէս ետքը` 1875-ին, Ձայնագրեալ Շարականք հոգեւոր երգոց Հայաստանեայցը, ինչպէս նաեւ 1877-ին[4], Երգք ձայնագրեալք ի ժամագրոց Հայաստանեայց Սուրբ Եկեղեցւոյ հատորը[5]։

Մէկը միւսէն արժէքաւոր այս գրքերը յաջողած են փրկել հայ հոգեւոր երգերն ու շարականները կորուստէ եւ հանդիսացած՝ շղթայի այն օղակը, որ յաջողած է կանգուն պահել ու զարգացնել հայ մշակոյթի եւ հոգեւորականութեան մեծագոյն կոթողներէն մին, որ է հայ հոգեւոր երաժշտութիւնը։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]