Jump to content

Փողային նուագարաններ

Փողային երաժշտական նուագարաններ, երաժշտական գործիքներ, որոնք փայտէ, մետաղէ կամ այլ կառոյցի ու ձեւի փողեր են, ուր երաժշտական ձայնը կը յառաջանայ փողին մէջ հաւաքուած օդին տատանման իբրեւ արդիւնք։ Փողային գործիքին «ձայնի»ն աստիճանը կախեալ է անոր չափէն[1]:

Օդի տատանման յաճախականութիւնը կարելի է փոխել երկու տարբերակով.

  • Օդի հոսանքին ուժգին մղումով գործիքին մէջ օդը կը բաժնուի երկու, երեք կամ չորս մասերու, որուն իբրեւ հետեւանք կը հնչէ ոչ թէ հիմնական աստիճանը, այլեւ՝ հնչերանգային տարբերակը ։
  • Երաժիշտը իր մատներով օդի հոսանքին երկայնքը կը մեծցնէ կամ կը փոքրացնէ յատուկ փականներով կամ բանալիներով [2]։

Փողային գործիքներուն դասակարգումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փողային գործիքները աւանդաբար կը բաժնուին երկու հիմնական խումբերու` պղնձեայ եւ փայտեայ։ Այս դասակարգումը պատմականօրէն պայմանաւորուած է այն նիւթով, որ կիրարկուած է գործիքին պատրաստման համար, սակայն ներկայիս անիկա պայմանաւորուած է գործիքներու հնչիւնական արտաբերմամբ։ Այսպէս` ֆէյտան փայտեայ գործիք մըն է, բայց կրնայ պատրաստուիլ նաեւ մետաղէ եւ նոյնիսկ ապակիէ, հոպոյը եւ Քլարինեթը կրնան պատրաստուիլ կերպընկալէ եւ տարատեսակ այլ նիւթերէ, իսկ սաքսոֆոնը, որ միշտ մետաղէ կը պատրաստուի, փայտեայ գործիք կը համարուի։ Պղնձեայ համարուող որոշ գործիքներ կրնան պատրաստուիլ արծաթէ կամ այլ մետաղներէ[3]։

Փողային գործիքներու առանձին տարատեսակ կը համարուին ստեղնային փողային գործիքները, որոնք կը պարունակեն տարատեսակ խողովակներ, ինչպէս՝ երգեհոնը:

Փայտեայ փողային գործիքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փայտեայ կը կոչուին փողային այն գործիքները, որոնցմով նուագելը կը հիմնուի բացուածքներու միջոցով օդի հոսանքին կարճացման վրայ։ Բացուածքները կը գտնուին գործիքին արտաքին կողմը` իրարմէ որոշ հեռաւորութեան վրայ[4]։

Այս գործիքներու զարգացման վաղ փուլերուն անոնք պատրաստուած են բացառապէս փայտէ, որմէ ալ ստացած են իրենց անուանումը։ Այդ տեսակի ժամանակակէ որոշ գործիքներ, օրինակ` ֆլէյտան, արդէն գրեթէ փայտէ չի պատրաստուիր, իսկ այլ գործիքներու պատրաստման համար կը կիրարկուին այլ նիւթեր եւս։

Պղնձեայ փողային գործիքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պղնձեայ կը կոչուին այն փողային գործիքները, որոնցմով նուագելու սկզբունքը ներշնչուող օդին հոսանքը կամ շրթունքներուն ձեւը փոխելով նոր հնչիւններ կը ստացուին[5][6]։ Այս պարագային փականներ չեն օգտագործուիր, որուն պատճառով գործիքները ունակ են արտադրելու բնական հնչողութեան ոչ մեծ քանակութեամբ հնչիւններ, սակայն այդ մեքենականութեան յայտնաբերման հետ (1830-ական թուականներուն) պղնձեայ գործիքներուն հասու կ'ըլլայ կորճային (chromatic) հնչիւնաշարքը։ Անկէ ետք անոնք կը դառնան դասական երաժշտութեան լիարժէք գործիքներ։ Աւագափողի պարագային կորճային ձայն ստանալու համար կը կիրարկուի շարժուն փողը։

Իբրեւ կանոն, այս գործիքները կը պատրաստուին մետաղէ` արոյր, պղինձ, հազուադէպօրէն` արծաթ, սակայն միջնադարէն մեզի հասած որոշ գործիքներ, որոնք հնչիւններ կ'արձակեն այս եղանակով, պատրաստուած են փայտէ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Փողային երաժշտական նուագարաններ[permanent dead link]
  2. Baines, Anthony (1961). Musical Instruments Through the Ages. Harmondsworth: Pelican.
  3. Coltman, John W. (1971). "Effect of material on flute tone quality". Journal of the Acoustical Society of America. 49: 520–523. doi:10.1121/1.1912381.
  4. Wolfe, Joe. "Clarinet Acoustics: an Introduction". University of New South Wales. Retrieved 2010-12-12.
  5. Wolfe, Joe. "Brass Instrument (Lip Reed) Acoustics: an Introduction". University of New South Wales. Retrieved 2010-12-12.
  6. Benade, Arthur H. (1990). Fundamentals of Musical Acoustics. p. 391.