Jump to content

Սրինգ

Սրինգը սնամէջ փող մըն է՝ երկու կողմէն բաց։ Կը պատրաստուի ոսկորէ, եղէգէ, փայտէ, մետաղէ եւ տարբեր կերպընկալէ խողովակներէ։ Ժամանակակից սրինգը ունի ութ ձայնանցք երեսի մասին եւ մէկը՝ հակառակ կողմէն։ Կը նուագեն թեք դիրքով (ըստ կատարողին յարմարութեան՝ աջակողմեան եւ ձախակողմեան)։ Առաւելապէս մենակատարային նուագարան մըն է, թէեւ կարելի է օգտագործել նաեւ անսամպլներու մէջ։ Սրինգով կը կատարուին հովուական մեղեդիներ, երգեր եւ պարեղանակներ[1]։

Ամէնէն հին սրինգին մասին տեսակէտեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կարելի չէ որոշել, թէ նախամարդը ե՛րբ սկսած է նուագել: Յայտնաբերուած ամէնէն հին երաժշտական գործիքը շուրջ 22 սմ երկարութեամբ անգղի ոսկորէ շինուած սրինգ մըն է, որ 42- 44 հազար տարեկան է: Այդ ոսկորին վրայի գծիկները կը թելադրեն, որ չափումներ կատարուած են օդանցքերը բանալէ առաջ: Այսինքն շինողը ունէր ժառանգուած փորձառութիւն մը: Ուրեմն այդ ամէնէն հին սրինգը չէր: Երկրորդ եւ աւելի հիմնական նկատողութիւնը այն է, որ անցքերու դասաւորումը բոլորովին տարբեր է, օրինակ,  արաբական «Հուսէյնի» սրինգէն: Երկու նուագարանները իրենց կարգին տարբեր են հայկական տուտուկէն: Այս կը նշանակէ, որ տարբեր մշակոյթներ տարբեր ժամանակներու մէջ ունեցած են տարբեր ձայնաշարեր: Դաշնամուրի ներկայ ձայնաշարը ձեւաչափ դարձած է 1917-ին, Կոմիտասի լռութենէն երկու տարի ետք միայն: Կարելի չէ քարէ դարու սրինգի երաժշտութիւնը ճշգրտօրէն արձանագրել ներկայ նոթագրութեամբ: Կարելի է արդ վերարտադրել մօտաւորապէս[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Հայ ժողովրդական նուագարաններ։ Երեւան: «Կոմիտաս»։ 2008։ ISBN 978-99941-853-2-0 
  2. Սրինգի մասին տեսակէտեր