Նուագարաններ
Նուագարաններ (Instruments): Նուագելու համար պատրաստուած տարբեր ձեւի եւ ծաւալի յատուկ գործիքներ:
Անոնց զարգացումը ընթացած է երաժշտութեան, կատարողական արուեստի եւ նուագարանաշինութեան վարպետութեան զարգացման զուգահեռ:
Հնագոյն նուագարանները պատրաստուած էին քարէ, ոսկորէ, փայտէ, կաշիէ եւ կաւէ: Ժամանակի ընթացքին այդ նուագարաններու մէկ մասը դադրած է գործածութենէ, մէկ մասն ալ ցարդ պահպանուած է նախնական ձեւով. օրինակ՝ կայրակը, եղջիւրը եւայլն: Բազմաթիւ ուրիշ նուագարաններ ալ աստիճանաբար կատարելագործուելով յաջողութեամբ կը գործածուին մեր օրերուն:
Իւրաքանչիւր ժողովուրդ ստեղծած է իր ինքնապիտ նուագարանները, սակայն երբեմն միեւնոյն նուագարաններ տարբեր ժողովուրդներու քով տարբեր անուններ կրնան ունենալ:
15-րդ դարէն սկսած են կազմաւորուիլ արհեստավարժ նուագարանները, որոնք ունին համեմատաբար բարդ կառուցուածք եւ արտայայտչական աւելի հարուստ հնարաւորութիւններ:
Նուագարաններու Դասակարգ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ձայնը կը յառաջանայ որեւէ առաձգական մարմինի թրթռացումէն, որ փոխանցուելով օդի մասնիկներուն, կը տարածուի ու կը հասնի մեր ականջը: Նուագարաններու պարագային այդ առաձգական մարմինը կրնայ ըլլալ ձգուած լարը, ձգուած կաշին, կամ փողի մէջ գտնուող օդի սիւնը եւայլն: Ձայնարտադրումի այս սկզբունքն ալ կը հանդիսանայ նուագարաններու դասակարգի հիմքը՝ լարային, փողային (փչողական), ստեղնային, հարուածային, ելեկտրական եւ ելեկտրոնային:
Լարային Նուագարաններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լարային նուագարաններ (Les Cordes, The Strings) հնչեցնելու համար թրթռացումի մէջ կը դրուին լարեր: Լարերու թրթիռ կարելի է յառաջացնել լարին հարուածելով, մատի կսմիթով, հարիչով եւ աղեղը լարին վրայէն սահեցնելով:
Ըստ հնչեցման ձեւին՝ լարային նուագարանները կը բաժնուին երկու խումբի՝
1. Կսմիթայիններով (Pince, Plucked)- տաւիղ, թառ, սազ, քանոն, ուտ, Guitar, Balalaika, Mandolin, եւայլն.
2. Աղեղնայիններով (Les Arches, The bows)- ջութակ (Violin), ջութ (Alto, Viola), թաւջութակ (violoncello , Cello), բամբթաւջութակ (Contrebasse, Double Bass), քամանչա, քամանի եւայլն: Լարային նուագարանները ունին խմբային եւ մենակատարային գործածութիւն:
Փողային նուագարաններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փողային նուագարաններու հնչիւնի արտադրումը կը կատարուի փողին մէջ գտնուող օդի սիւնի թրթռացումներու շնորհիւ:
Փողային նուագարանները մաս կը կազմեն Symphonique, Jazz, Էսթրատային նուագախումբերու կազմին: Այդ նուագարաններով կը կազմեն նաեւ փողային նուագախումբեր եւ տարբեր համոյթներ՝ քառեակներ, հնգեակներ եւայլն: Անոնք կը գործածուին նաեւ որպէս մենակատարային նուագարաններ:
Փողային նուագարանները կը բաժնուին երկու խումբի՝ փայտեայ փողային եւ պղնձեայ փողային:
Ժամանակակից փողային նուագարանները, բացի պղինձէ եւ փայտէ, կը պատրաստուին նաեւ այլ նիւթերէ՝ ապակիէ, տարբեր մետաղներէ եւ արհեստական տարբեր նիւթերէ:
Փայտեայ փողային նուագարաններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փայտեայ փողային նուագարանները ըստ հնչեցման ձեւի կը բաժնուին երկու խումբի՝ սուլող եւ լեզուակային:
Սուլող փողային նուագարաններու պարագային օդի սիւնի թրթռացումները կը յառաջանան, երբ փչելու հետեւանքով օդի հոսանքը ուժեղ կը դպչի յատուկ անցքի կարծր եզրին, օրինակ՝ բլուլը, սրինգի ընտանիքին պատկանող տեսակները եւայլն:
Լեզուակային փողային նուագարաններու օդի սիւնին թրթռացումները կը յառաջանան պիպիչի թրթռացումներու հետեւանքով՝ Hautbois , Basson, տուտուկ, զուռնա եւայլն:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւր՝ Երաժշտութիւն Պատմութիւն եւ Տեսութիւն, Նարդուհի Էքիզեան-Մարկոսեան, Պէյրութ 2007, էջ 87-90